ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՇԵՄԻՆ
Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 30 Դեկտեմբեր 2020
Այս օրերուն, երբ մեր հայրենիքի եղբայրներն ու քոյրերը տնտեսական-հասարակական, ընկերային տագնապներէ կ’անցնին, երբ մեր լիբանանահայ, սուրիահայ եւ իրաքահայ եղբայրներն ու քոյրերը օրհասական կացութեան մէջ կը մաքառին իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար, ինչպէս նաեւ՝ երբ ա՛յլ յարանուանութեանց հաւատացեալներ Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ կը խողխողուին յանուն քրիստոնէութեան, ո՞ւր են մեր «քաջարի» հովուապետները՝ արդարութիւն պահանջելու յանուն իրենց անիրաւուած ժողովուրդին աստուածապարգեւ տարրական իրաւունքներուն, նամանաւանդ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններէն ներս, ղարաբաղեան պատերազմի արիւնոտ արհաւաիրքներէն ետք:
Մտէ՛ք ժողովուրդին մէջ կարեկցութեամբ, մխիթարեցէ՛ք նահատակ հերոսներուն հարազատները, ձեռք երկարեցէ՛ք կարօտեալներուն, նամանաւանդ հաշմանդամ դարձած հերոսներուն, իրենց հայրենի օճախներէն բռնի արտաքսուածներուն, եւ թող ձեր աղքատութեան ուխտը առաջնորդէ ձեզ ձեր նիւթական յանձնառութեանց մէջ, քանզի հոն ուր ձեր գանձն է՝ հո՛ն է նաեւ ձեր սիրտը: Ձեր գանձը ձեր ժողովուրդն է, եւ ժողովուրդը՝ Եկեղեցին:
Եկեղեցին կենդանի է եւ աշխոյժ երբ կենսունակութիւն կայ անոր ներսը, երբ կը քալէ ժամանակին հետ նա՛մանաւանդ ճգնաժամային այս օրերուն՝ ապահով եւ ինքնավստահ քայլերով, երբ իր ժողովուրդին հետ է եւ կ՛առաջնորդէ զայն նոր մարտահրաւէրներու պահանջներուն եւ ժողովուրդին հոգեւոր պէտքերուն համեմատ: Ո՞ւր է մեր Եկեղեցին այսօր…: Աւա՜ղ…չկայ ան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, այլ կայ հոն` ուր նիւթական եւ տնտեսական շահեր կան միայն:
Հայց. Եկեղեցին քասանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց յստակ կեցուածք մը ունենալու համար անհրաժեշտ է որ ունենայ լուսաւոր մտատիպար եկեղեցականներ, հոգեւոր առաջնորդներ, մշակներ եւ Ո՛Չ թէ «օլիկարխ բիզնէսմէն»ներ, որոնք պիտի կարենան խանդավառել ժողովուրդի հոգեկան խոյանքները, անոր բարոյական սկզբունքներու իմացումը, եւ ամրապնդեն պատասխանատուութեան ոգին, նամանաւանդ յետ պատերազմեան այս օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը մաշեցնող եւ յուսահատ մթնոլորտի մէջ է իր վիրաւորուած արժանապատուութեամբ: Անհրաժեշտ է պահպանել երկրի անդորրութիւնը եւ փայփայել ամէն արժէք, գուրգուրալ եւ գնահատել զիրար յանուն մեր հայրենիքի վերաշխուժացման եւ ապագայի վերելքին: Եկեղեցին պարտաւոր է արթնցնել մեր ժողովուրդի իւրաքանչիւր անհատի մօտ օրուան զրկանքներուն հանդուրժելու կորովը եւ վաղուան ազատութեան անկորնչելի յոյսը, եւ, Առաքեալներու օրինակով՝ Ս. Հոգւոյ մխիթարութեան շունչը տանի հերոսներու հարազատներուն եւ կարեկցութիւն ցոյց տայ վիրաւոր մեր հերոս զինուորներուն:
Դժբախտաբար, ներկայի եկեղեցականները, մեծէն մինչեւ պզտիկ,—մասնաւորաբար անոնք որոնք եկեղեցին եւ եկեղեցականութեան ասպարէզը կը նկատեն լաւագոյն միջոց՝ հարստանալու համար, (բացառութիւնները միշտ յարգելի են), իրենց կենցաղով ու «բիզնես»-ի հոգեբանութեամբ նոր սերունդներուն մէջ ցամքեցուցած են հոգեկան հայեցողութեան, աննիւթականին եւ բարոյականին տենչացող ազնիւ խոյանքները, եւ խորտակած են անոնց ազնուատենչ իտէալները եկեղեցասիրութեան եւ հայրենասիրութեան: Մեր եկեղեցականները արդեօք մտահո՞գ են այս բոլորով, թէ՞ Պիղատոսի նման ձեռքերնին լուացած են:
Դարձեալ հարց կը ծագի մեր մտքին մէջ, թէ արդեօ՞ք Հայց. Եկեղեցին պիտի կարենայ վերստեղծել կորսուած ներդաշնակութիւնը իր հոգեւոր առաքելութեան: Ո՞ւր են այն եկեղեցականները որոնք պիտի ըլլան սիրոյ եւ խաղաղութեան առաքեալները, եւ որոնք պիտի կարենան խանդավառել մեր տառապեալ ժողովուրդի հոգեկան խոյանքները եւ բարոյական իմացումները: Առանց հաւատքի, առանց յոյսի եւ սիրոյ լոյսին՝ կեանքը տառապանքի շղթայ մըն է մարդկութեան վզին անցուած: Թէեւ ուշացած, բայց ժամանակն է որ Եկեղեցին աշխուժացնէ իր հոգեւոր առաքելութիւնը եւ զայն կենսագործէ իր ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ, եթէ մտահոգ է իր ժողովուրդի ապագայով, այլ խօսքով՝ Եկեղեցւոյ ապագայով: