Արտասահմանեան Ազգային Ժողով

Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, Մարտ 2022

Կա՞յ մեր մէջ անձ մը, որ կրնայ յայտարարել թէ ինք հողային պահանջ չունի, ի՛նչ կուսակցութեան եւ կամ յարանուանութեան ալ պատկանի ան, որովհետեւ թշնամին խտրութիւն չդրաւ իր ահաբեկումին, կողոպուտին, բռնաբարութեանց եւ անողոք ջարդին մէջ: Հետեւաբար, մենք ալ իրաւունք չունինք բաժանուելու մեր կողոպտուած արդար իրաւունքին յաջողութեան հասնելու ճիգին մէջ:

Բայց ինչպէ՞ս մեր ոյժերը ի մի հաւաքել ու կազմակերպել, զանոնք արդիւնագործել եւ ցեղին ի նպաստ ծառայեցնել,–ահա այս է էականն ու հրամայական հարցը, որ պէտք է խորհրդածութեան առարկան դառնայ իւրաքանչիւր ողջմիտ հայուն: Պատասխանատուութեան խոշոր բաժինը կը ծանրանայ այն հաստատութեանց վրայ, որոնք եկեղեցական, բարեգործական ու քաղաքական (Հայ Դատ) գործերը անկեղծօրէն առաջնորդելու կոչուած են, որոնց ոյժն ու աղբիւրը նոյն ինքն Հայ Ժողովուրդն է: Եւ այս բոլորը՝ հեռու հատուածական, անհատական եւ շահադիտական բոլոր ախորժակներէ:

Ժամանակն է որ այսուհետեւ անյիշաչարութեամբ մոռնանք մեր բոլոր անցեալի տարակարծութիւններն ու վէճերը եւ լծուինք համազգային լուրջ աշխատանքի, որովհետեւ բոլորս ալ նոյն հայրենազրկութեան հետեւանքներէն կը տառապինք: Ցեղասպանութեան 100-ամեակը հրամայական պարտականութիւն թողուց մեր բոլորին վրայ, մտածելու ապագայի մասին եւ պատրաստելու յստակ, մեկին, եւ անբեկանելի ծրագիրներ:

Մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակները, որոնց առաջինները եղան մեր ազգային ղեկավարներն ու մտաւորականները, անժամանցելի արիւնաթաթախ կտակ մը թողուցին մեզի՝ համազգային մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մեր հայկական դատը, որ կրնայ իր լրումին հասնիլ միայն կեդրոնական ներկայացուցչական մարմնի մը կողմէ, զոր կարելի է կոչել Արտասահմանեան Ազգային Ժողով, որ պիտի արտայայտէ հաւաքական կամք եւ կորով:

Անշուշտ թէ իւրաքանչիւր սփիւռքեան գաղութ ունի իր «առաջնորդարանը» երբեմն ալ «առաջնորդարանները», իրենց յարակից մարմիններով—հոգաբարձութիւն, տիկնանց միութիւն, բարեսիրական, կրթասիրաց միութիւններ, հայրենակցական միութիւններ, որոնք տեղական բնոյթ եւ հանգամանք ունին եւ չեն զբաղիր ու պէտք չէ զբաղին քաղաքական գործունէութեամբ, որովհետեւ, տեղական հանգամանք ունենալով, չեն կրնար ազգը ներկայացնել, նկատի ունենալով նաեւ այլ յարանուանութիւններու պատկանող մեր եղբայրներն ու քոյրերը:

Հետեւաբար՝ համազգային քաղաքականութեամբ զբաղելու կեդրոնական մարմնի մը կարիքը անժամանցելի է, որ պիտի կարողանայ ներկայացնել՝ մասնաւորաբար Սփիւռքի հայութեան մեծամասնութիւնը, գիտակից պատրաստուած ղեկավարութեամբ, օժտուած նիւթական եւ բարոյական բոլոր կարողութիւններով, պահանջատիրութեան մեր դատը յառաջ տանելու համար քաղաքական բոլոր ճակատներու վրայ. դատական-իրաւաբանական, բանասիրական, եւ այլն:

Այս յայտարարութեամբ չենք փափաքիր երբեք անտեսել Սփիւռքի անհրաժեշտ գործակցութիւնը Հայաստանի պետութեան ղեկավարութեան հետ, ներկայիս ինչ որ ալ ըլլայ անոր արտասահմանեան քաղաքականութիւնը: Ի վերջոյ, որպէս մէկ անդամը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, անիկա ենթակայ է միջազգային օրէնքի, եւ ատոր համաձայն որոշ պարտաւորութիւններ ունի որպէս պետութիւն, նամանաւանդ՝ խոր գիտակցութիւն ունինք որ կախեալ է ան Ռուսաստանի դարաւոր կովկասեան քաղաքականութեան հաշիւներէն:

Գիտակցելով հանդերձ վերեւ յիշատակուած իրողութեան, Սփիւռքը իր ձայնը ունի ու պէտք է ունենայ, եւ ո’չ մէկ կազմակերպութիւն կամ անհատ իրաւունք ունի իւրովի եւ առանձինն ներկայացուցչական բերանը ըլլալու սփիւռքահայութեան:  Կազմակերպութիւններ եւ սրտցաւ ազգայիններ, պարկեշտ հայեր իրենց ուրոյն գնահատելի տեղը ունին մեր հասարակական-ընկերային կեանքին մէջ, եւ երբեք պիտի չփափաքէինք ստորագնահատել եւ անտեսել  անոնց աշխատանքը, սակայն երբ հարցը կը վերաբերի համազգային պահանջատիրութեան, լրջօրէն պէտք է մտածել հաւաքական աշխատանքի եւ մտածողութեան մասին, որ կրնայ յաջողիլ միայն ներկայացուցչական մէկ ձայնով:

Ցեղասպանութիւնը Հայ ժողովուրդին համար քաղաքական խորք ունի, որովհետեւ մագնիսի պէս կրնայ համախմբել նոյնիսկ իր արմատները մոռցած հայութիւնը: Գերազանց է անոր ոյժը՝ համախմբելու Հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերն ու հոսանքները: Ցեղասպանութիւնը կարեւոր դեր խաղացած է նաեւ սնուցանելու ազգայնական ոգի, որուն մարմնաւորումը տեսանք Ղարաբաղեան շարժման մէջ:

Անվիճելի իրականութիւն է այն իրողութիւնը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային իրաւունքի հարց է այսօր, եւ անհիմն են բոլոր այն պնդումները  թէ Թուրք կառավարութեան գործած անմարդկային ոճրագործ արարքները բացառապէս Թուրքիայի ներքին գործն են: Գերպետութիւններ, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր մեկնելով իրենց քաղաքական շահերէն, կը խուսափին պատասխանատուութիւն ստանձնելէ, մոռնալով մարդկային բարոյականութեան բոլոր սկզբունքները, եթէ անշուշտ մնացած է մարդկային բարոյականութիւն այս նիւթականացած աշխարհին մէջ: Վերջին օրինակն ալ տեսանք 44-օրեայ Արցախեան պատերազմին:

Մինչեւ այսօր սփիւռքեան մեր բոլոր ջանքերը կ’իրականանան առանձին կազմակերպութիւններու միջոցաւ, որովհետեւ սփիւռքը չունի պետական կառոյց եւ ճիշդ ատոր համար սփիւռքեան դիւանագիտութիւնը ո’չ միայն այլազան ու բազմատեսակ է, այլ եւ յաճախ հակասական եւ իրերամերժ:  Ահաւասիկ հոս է որ կարիքը կը զգացուի կեդրոնացեալ մարմնի մը, որ կարենայ համադրել բոլոր աշխատանքները, համագործակցութեամբ Հայաստանի ղեկավարութեան, եւ ներկայանալ որպէս մէկ ճակատ, աւելի զինուած ու զօրաւոր՝ միջազգային դիւանագիտական հարթակին վրայ:

Նկատի ունենալով որ միջազգային դիւանագիտութիւնը բազմաճիւղ եւ բազմերես է, հարկ է մշակել կարեւոր յստակ ծրագիրներ: Օրինակի համար, հնարաւոր բոլոր միջոցներով աշխարհին ներկայացնել Հայկական Հարցի եւ Ցեղասպանութեան ամբողջական էութիւնը, կանխարգիլելու համար նորերը եւ ապահովել համախոհներ եւ համագործակիցներ:  Եւ այս բոլորէն վեր ստեղծել այնպիսի դիւանագիտական աշխատանք, որ կարենանք չէզոքացնել թուրքական հակահայ քարոզչութիւնը որ կ’աղաւաղէ հայուն դիմագիծն ու պատմութիւնը, եւ ապահովենք թուրք գիտակից անձնաւորութիւններ, որոնք ճշմարտութիւնը տեսնելով՝ ունին քաջութիւնը դատապարտելու թուրքական պետութեան ազգային քաղաքականութիւնը:

Երկու կարեւոր այլ ազդակներ կարիքը ունին նաեւ այս համազգային կեդրոնական մարմնին:   Առաջին, նկատի ունենալով «ճերմակ ջարդը», որ լրջօրէն կը սպառնայ Հայ սփիւռքին, անհրաժեշտ է կազմակերպել գոյատեւումի զօրաւոր կռուաններ, որոնք պիտի կարենան դանդաղեցնել չարիքը: Երկրորդ, այս միութեան աշխատանքը պիտի ըլլայ արդար եւ համոզիչ քարոզչութիւն, որպէսզի համասփիւռ հայեր ներգաղթեն Հայաստան եւ Արցախ, իրողութիւն մը, որ մինչեւ այսօր ձախողած է: Սփիւռքեան ներկայ վիճակը, ինքնին բաւական է որ լրջօրէն մտածենք միասնական աշխատանքի մասին, որովհետեւ` ՄԷԿ Է հասարակաց թշնամին, ՄԷԿ է մեր պայքարը,  եւ՝ ՄԷԿ պէտք է ըլլայ մեր ձայնը:

Շար. Ե. 20 Մարտ 2022

Սփիւռք-Հայաստան Յարաբերութիւններ

Երեւան մայրաքաղաքի մէջ տարիներ առաջ տեղի ունեցաւ «փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրով Հայաստան-Սփիւռք հերթական վեցերորդ համահայկական համաժողովը: Երբեք պիտի չուզէինք յայտարարել որ անմիջական շտապ գործնական լուծումներ կ’ակնկալէինք այս համաժողովէն, ընդհակառակը՝ նման ակնկալութիւն մը մեզ ահաւաոր յուսախաբութեան պիտի մատնէր: Սակայն եւ այնպէս մխիթարական է ընդհանուր երեւոյթը, որովհետեւ նման համաժողովներ կ’ըլլան պատեհ առիթներ  փոխադարձ «ճանաչողութեան» եւ անկասկած «քարոզչական» նկարահանումներու:

Նման համաժողովի գլխաւոր նպատակներէն գերագոյնը պէտք է ըլլայ համադրել եւ համախմբել հայրենիքի եւ սփիւռքի ներոյժը, հայութեան գոյատեւման եւ պահպանման ի խնդիր: Մեր խօսքը ֆիզիքական մերձեցումի մասին չէ, այլ անհրաժեշտ է ստեղծել մարդկային բարոյական արժէքներու եւ սկզբունքներու ներդաշնակութիւն եւ համակարգում: Հայաստան թէ’ սփիւռք կը ղեկավարուին նոր ժամանակներու «օլիկարխներով» եւ ամիրաներով, որոնք կը կարծեն մենաշնորհեալները ըլլալ հայ ժողովուրդին: Ո’չ Հայրենի պետութինը եւ ո’չ ալ սփիւռքի ղեկավարութիւնը քաջութիւնը ունին երթալու դէպի ժողովուրդ եւ խօսելու անոր հետ ազգային վեհ ընբռնումներու եւ սկզբունքներու մասին եւ զիրենք մասնակից դարձնելու հայապահպանման ծրագիրներու մշակման եւ գործադրութեան:

Երբեք ժխտական պէտք չէ նկատել յանդգնող շինիչ մեր քննադատութիւնը, որ ապահովաբար անհանգստացուցիչ է: Ո’չ բամբասանք է եւ ո’չ ալ ցեխարձակում, ընդհակառակը՝ քննադատելու կարողութիւնը առաքինութիւն է մեր կարծիքով: Կը քննադատենք, որովհետեւ մտահոգ ենք մեր ազգի ապագայով, որովհետեւ քաջատեղեակ ենք մեր ազգային նաւաբեկեալ կեանքի մակընթացութիւններուն եւ հետեւաբար համատարած անտարբերութիւնն ու յուսալքումը կ’անհանգստացնէ մեզ մղելով առողջ քննադատութեան, որովհետեւ կարելի չէ սառնարիւն դիտել այս բոլորը երբ բարելաւման եւ բարօրութեան, նամանաւանդ մարդկային տարրական իրաւունքներու վերականգնումի եւ փոխադարձ յարգանքի կարիք կայ, որովհետեւ անոնց բացակայութիւնը դարձած է ընկերային չարիք մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ:

Ինչպէ՞ս չքննադատել, երբ որպէս անհատ եւ ազգ ենթարկուած ենք ինքնութեան կորուստի: Չենք կրնար անտարբեր մնալ հաշտուելով այն տկարամիտներուն հետ, որոնք վարժ են յայտարարելու թէ «ելք չկայ. այսպէս եկած է եւ այսպէս ալ պիտի շարունակուի»:  Ընդհակառակը՝ պէտք է քննադատել առանց վախնալու, որովհետեւ կայ թերացումներ մեր ազգային կեանքին մէջ, կայ պաշտօններու եւ դիրքերու չարաշահում, կան մարդկային բարոյական արժէքներու հանդէպ արհամարհանք, որովհետեւ տիրած են ամէնուրեք փառասիրութիւնը, ընչաքաղցութիւնը, եսասիրութիւնը, անպատասխանատուութիւնը եւ անբարոյութիւնը՝ իր ամբողջական իմաստով:

Համասփիւռ հայութիւնը շատ լուրջ խնդիրներ ունի, զորս կարելի չէ լուծել համաժողովներով, տօնախմբութիւններով, շնորհահանդէսներով եւ շքանշաններու տեղի-անտեղի «առատ» բաշխումով: Ամենահրատապ առաջին խնդիրը պէտք է նկատել ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ, որովհետեւ հայաթափումը կը շարունակուի ահազանգային համեմատութեամբ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ինքնասպանութիւն, եւ ժամանակն է որ լրջօրէն մտածենք հայրենահանման ոճիրին սրբագրութեան մասին:

Յաճախ կը լսենք՝ որ հայրենի կառավարութեան համար առաջնահերթ խնդիր է ներգաղթ իրականացնելը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ լօզունգի եւ բաղձանքի սահմաններուն մէջ: Սփիւռքահայերուս համար ալ տակաւին յստակ չեղաւ թէ ներգաղթ կազմակերպելու ցանկութիւնը արդեօք հրապարակ նետուած է արտագաղթողներուն տեղը լեցնելո՞ւ համար, թէ՞ իսկապէս խոր հաւատքով եւ համոզումով ազգահաւաքման մեծ աշխատանք կը տարուի հայրենիքը նոր աւիւնով եւ նոր ոյժերով զօրացնելու համար:

Հայրենադարձութիւնը միայն քարոզախօսութեամբ չի՛ կրնար իրականանալ, յայտարարելով թէ Հայաստանն է ապրելու յարմարագոյն եւ ճիշդ վայրը, հեռու այլասերման վտանգէն: Ինչպէս յաճախ յայտարարած ենք այլ առիթներով, թէ «Արի Տուն» յայտարարողը՝ նաեւ տուն-տե՛ղ կը պատրաստէ: Անհրաժեշտ է նախ ստեղծել խոր համոզում եւ ի գործ դնել լիակատար աջակցութիւն, գաղթող հայրենակիցներուն համար պատրաստելով նպաստաւոր պայմաններ եւ կեանքի ու գործի ապահովութիւն՝ զերծ ամէն տեսակի խտրականութենէ: Դժբախտաբար անցեալին՝ հայրենի պետութիւնը իր աւագանիով, զբաղած էր տարբեր խնդիրներով, որոնցմէ  կարեւորագոյններն էին՝ իշխանութեան պահպանումը եւ անոր  ժառանգականութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական շահերու սեփականացումը:

Մէկդի թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Այս ճգնաժամային անմխիթար վիճակէն դուրս գալու համար ձեռնարկենք ու ապահովենք այնպիսի տնտեսական առինքնող պայմաններ, որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը, մեր աշխատոյժը չհեռանայ երկրէն եւ սատարէ երկրի բարգաւաճման եւ բարօրութեան: Որքան ալ մտահոգ ենք այսօր մեր արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներով – շրջափակում եւ արցախեան հակամարտութիւն – մեր ապագան մեր երիտասարդներն են, այրեր, որոնք պիտի ըլլան հայրենիքի պաշտպան զինուորները եւ մեր քոյրերը պիտի ըլլան այդ զինուորները ծնող մայրերը:

Դժբախտաբար մեր ցաւը մեր տան մէջ է, այսինքն մեր միակ յոյս եւ ապաւէն՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ՆԵՐՍ Է: Երկիրը մօտ է արդէն ժողովրդագրական աղետալի վիճակի: Հայաստանի ներկայ եւ անցեալի իշխանութեանց տեսակէտը այն է, որ արտագաղթը համաշխարհային խնդիր է եւ մենք ալ անմասն չենք կրնար մնալ այս ընդհանուր երեւոյթէն: Ճիշտ է որ մարդիկ միշտ ալ ցանկութիւն ունին տեղաշարժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հետեւանքները մեր նորանկախ հայրենիքին համար՝ ահաւասիկ ա՛յդ է մեր մտահոգութիւնը, ա՛յդ է մեզ հիւծողն ու տառապեցնողը: Որովհետեւ՝ բոլոր անոնք որոնք Հայաստանէն կը մեկնին Ռուսաստան, ընդհանրապէս վերադառնալու ցանկութեամբ կը մեկնին – թէեւ մեծ մասամբ չեն վերադառնար զանազան պատճառներով -, սակայն բոլոր անոնք որոնք եւրոպական երկիրներ կը մեկնին, անկասկած որ մշտական բնակութիւն հաստատելու երազանքով կ’երթան: Փաստ՝ մեր նորահաստատ գաղութները Եւրոպայի մէջ:

Զարմանալին ա՛յն է, որ այդ տարիներուն ո՛չ Հայրենիքէն ներս եւ ո՛չ ալ Սփիւռքի տարածքին՝ մեր Նուիրապետական Աթոռները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները ահազանգ հնչեցուցին առաջքը առնելու համար այս ահաւոր աղէտին: Հետեւաբար հարց կու տանք. հիմա՞ արթնցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս որ հայրենիքը կը պարպուի…

Որքան ալ ըսենք որ արտագաղթը բնական երեւոյթ մըն է ժողովուրդներու մօտ, մեր պարագային՝ ան մահացու հարուած է մեր դատին եւ մեր գոյութենական պայքարին, որովհետեւ մեր մտահոգութեան կորիզն է՝ գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժի արտահոսքը դէպի հիւրընկալ երկիրներ:  Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով՝ կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Մեր դարաւոր թշնամիները գիտակցելով այս իրողութեան, ամենայն լռութեամբ կը սպասեն հայաթափումի այս ահաւոր եղեռնագործութեան լրումին…:

Հետեւաբար ի՞նչն է որ մեզ կրնայ փրկել այս ազգային գահավիժումէն: Կրկնենք անգամ մը եւս բոլոր անոնց համար, որոնք փակած են իրենց աչքերն ու ականջները:

Ահաւասիկ մեր առաջարկները.-

1.- Արդարութիւն. Վարձատրել բոլորը հաւասարապէս իրենց արժանիքներու համաձայն, եւ վե’րջ խնամիական, ազգականական եւ բարեկամական առաջնահերթութիւններու, որոնք կը խորտակեն ժողովուրդի հաւատքը հանդէպ հայրենի կառավարութեան:

2.- Կրթութիւն. Կարելի չափով ձրի եւ որակաւոր դարձնել բոլոր վարժարանները նամանաւանդ՝ առանց կաշառքի:

3.- Առողջապահութիւն. Չմերժել բոլոր անոնք, որոնք կարիքը ունին բժշկութեան եւ չեն կրնար ապահովագրութիւն գնել, դարձեալ առանց կողմնակի վճարումներու:

4.- Օրինականութիւն. Ո՛չ մէկ քաղաքացի, հաստատութիւն, կամ կազմակերպութիւն կրնայ նկատուիլ օրէնքէ վեր: Օրինականութեան բացակայութիւնը կը տանի մեզ անիշխանութեան եւ հեռու կը պահէ սփիւռքահայը, որ կ’ուզէ ներդրում կատարել հայրենիքէն ներս:

5.- Ապահովութիւն. Քաղաքացին պէտք է իմանայ թէ որպէս երկրին հարազատ զաւակը՝ ապահով է իր կեանքը, եւ ո՛չ ոք կրնայ խլել այդ իրաւունքը իրմէ: Յաճախակիօրէն պատահող սպաննութիւնները, որոնց մասին կը կարդանք մամուլին մէջ, կը սարսափեցնեն մեզ…:

6,- Սեփականութիւն. Աշխուժացնել գործօններ, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իր արժանավայել բնակարանը ունենայ: Ժողովուրդը պէտք չէ պահել տնազուրկ մուրացկանի հոգեվիճակին մէջ:

7.- Գիւղատնտեսութիւն. Զարգացնել եւ երաշխաւորել գիւղացիի հարազատ քրտնաթոր աշխատանքը: Գիւղն է որ կը պահէ քաղաքը:

Վերեւ յիշատակուած առաջարկները հայրենի պետութեան  ընկերային պարտաւորութիւնը ըլլալէն զատ՝ խորապէս ե՛ն նաեւ Եկեղեցւոյ կոչումէն բխող կրօնաբարոյական, մարդասիրական ծառայութեան պարտաւորութիւն մը: Միայն այս գաղափարականով կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել մեր դարաշրջանի բոլոր մարտահրաւէրները, ինչ ալ ըլլան մեր դրացի երկիրներու ներգաղթի քաղաքականութիւնը, հայրենիքի շրջափակումը եւ այլ քաղաքական եւ ընկերային ազդակներ:

Հայրենի պետական այրերուն եւ անոնց շուրջ թաւալող արբանեակային շրջանակներուն՝ մեղմ ասած՝ անկուշտ ընչաքաղցութիւնն ու անտարբերութիւնը արտագաղթի օրէ օր խորացող վտանգին հանդէպ՝ դատապարտելի է ըստ ամենայնի:  Նոյնքան դատապարտելի են նաեւ հայ ժողովուրդի առաջնորդութիւնը վստահուած «պատասխանատու» երկու կաթողիկոսներու լօզունգային բարձրաձայն եւ ցուցադրական կոչերը՝ գործուող ահաւոր չարիքին հանդէպ, եւ կ՚աւաղեն «վա՜յ մեզ, վա՜յ մեզ»։

Ժամը հասած է ու չենք կրնար, եւ իրաւունք ալ չունինք, իրականութիւնը դիտել մեր մատներու արանքէն: Կրնա՞յ ըլլալ որ կորսնցուցած ենք տոկալու եւ պայքարելու բնազդը:  Պէտք է ցոյց տալ հաւաքական ներդաշնակ աշխատանք, կամք եւ համոզուած վճռակամութիւն հայրենիքը փրկելու համար: Անգամ մը եւս կ’արժէ այստեղ յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի սրտամորմոք խօսքերը. «Արտագաղթը հայրենիքից 1915 թուի ցեղասպանութիւնից յետոյ, ամենամեծ ոչ բնական աղէտն է… Նա մեր հողի կամաւոր զիջումն է Թուրքիայի»:

Խոր ցաւով կ’աձանագրենք, թէ հայրենաբնակ ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը հայրենիքի ղեկավարութեան նկատմամբ: Այդ պատճառով ալ պանդխտութեան ճամբան բռնողներուն թիւը հետզհետէ կը բազմանայ այսօր՝ հայրենիքը թողլով մեր արիւնարբու թշնամիին ճիրաններուն զոհ: Ամէն բանէ առաջ պէտք է հաւատք ներշնչել ժողովուրդին, տալով անոր տնտեսական եւ ընկերային ապահովութիւն՝ որպէսզի տէր կանգնի իր հայրենիքին:

Ժամանակն է վերարժեւորելու մեր սկզբունքներն ու մարդկային արժանապատուութիւնը: Անսասան հաւատքով ու կորովով պարտաւոր ենք հետամուտ ըլլալ որ բարոյական արժէքները վերականգնուին հայրենիքէն ներս:

Եկէք պահ մը ազգովին լրջօրէն մտածենք առանց զգացական մօտեցումներու, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հայրենիքին վիճակը: Ականատեսներու վկայութեամբ, Հայաստանի գիւղերը դատարկուած են երիտասարդ բնակիչներէ, իսկ մնացող ծերունիները, անկարող են հողը մշակելու: Հողին կապուած քիչ թիւով ընտանիքներ եթէ մնացին` գիւղը պահպանելու նուիրական տրամադրութեամբ՝ անոնց ալ չտրամադրուեցաւ հարկ եղած պետական օժանդակութիւնը: Լեռնային եւ դաշտային շրջաններու մէջ գիւղական կեանքը մնացած է անհրապոյր եւ տխուր: Ինքնասպանութիւնը կը շարունակուի եւ Հայաստան կը դատարկուի իր բնիկ ժողովուրդէն, ժողովուրդն ալ, դժբախտաբար, օրապահիկ մը ապահովելու արժանապատիւ միջոցներու չգոյութեան հետեւանքով մոռացութեան տուած է իր հայրենասիրութիւնը…ինչպէ՞ս մեղադրել:

Սպառած են արդէն արդարացման բոլոր փորձերը` յատկապէս սփիւռքահայութեան կողմէ այս կենսական եւ սկզբունքային բարոյական հարցին նկատմամբ: Պէտք է տեսնել եւ բացայայտել ամէն ճշմարտութիւն, եթէ բան մը կ’ուզենք փոխել եւ շտկել մեր հաւաքական մտածողութեան մէջ: Անգամ մը արդէն դառնապէս պարտադրաբար վճարեցինք մէկուկէս միլիոն հայերու ոչնչացումին-հեռացումին գինը. պատմութիւնը չկրկնե՛նք այս անգամ՝ մե՛ր իսկ ինքնասպանութեամբ:

Վերջ

ՍՐՏԱԳԻՆ ԿՈՉ ԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔ ՓՐԿԵՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆԸ
Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like