Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճէլըս, 25 Նոյեմբեր 2021
Անմիջապէս մեր մտքին մէջ կը ծագի ա’յն հարցումը թէ այս բարձրաստիճան եկեղեցականները ինչի՞ կը միանան, ի՞նչ հեղինակութեամբ եւ բարոյական ի՞նչ սկզբունքներու վրայ հիմանաւորուած կը կատարեն իրենց յատարարութիւնը: Վերլուծենք այս երեւոյթը աւելի պարզ դարձնելու համար մեր ընթերցողներուն:
Վերջին շաբաթներուն՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմերէն ներս ծառայող՝ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան նախկին անդամներ (նախկին կը կոչեմ որովհետեւ՝ այժմ անոնք կը նկատուին Մայր Աթոռի միաբաններ եպիսկոպոսական կարգ ստանալէ ետք) կը միացնեն իրենց բողոքի ձայնը այն դէպքի մասին, որ է « Կովերու պարտէզի» տարածքին հիւրանոց կառուցելու վարձակալութեան համաձայնագրի հարցը: Այս հերոս եպիսկոպոսները կուգան իրենց բողոքի ձայնը միաձնելու ա’յն 12 միաբաններուն (երկուքը արդէն հրաժարած են բողոքելէ) որոնք բողոքի նամակ մը ստորագրած էին յայտարարելով որ իրենք տեղեակ չեն պահուած այս որոշումի մասին որովհետեւ այս հարցը ո’չ Տնօրէն Ժողովի եւ ո’չ ալ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի քննարկման առարկայ եղած է եւ հետեւաբար՝ կատարուածը անօրինական է եւ հակառակ միաբանական կանոնագրութեան ոգիին եւ բովանդակութեան:

Որպէսզի մեր ընթերցողը աւելի մօտէն ճանչնայ կանոնագրութեան բովանդակութիւնը կը մէջբերենք զայն: Կանոն Միաբանական Ուխտի Յօդ. 67
« …. Մէկէն մինչեւ քսանհինգ տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը պիտի ստորագրուին նուազագոյն երեք անձերու կողմէ՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, Տեղապահի կամ Պատրիարքական Փոխանորդի), Լուսարարապետի, Տնօրէն Ժողովի ատենապետի եւ Կալուածոց տեսուչի կողմէ, իսկ քսանհինգէն առաւելագոյնը քառասունինը տարիներուն՝ նուազագոյնը երեք անձերու կողմէ՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, Տեղապահի կամ Պատրիարքական Փոխանորդի), Լուսարարապետի, Միաբանական Ժողովի ատենապետի եւ Տնօրէն Ժողովի ատենապետի կողմէ: Ասոնցմէ Պատրիարք Սրաբազան Հօր (կամ Տեղապահի), Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի ատենապետի ստորագրութիւնները պարտաւորիչ են»:
Թէեւ մենք վերապահօրէն կը «գնահատենք» վերեւ նշուած բարձրաստիճան եկեղեցականներուն մտահոգութիւնները եւ սակայն կը փափաքինք տեսնել այս բոլորը աւելի մեծ պատկերի մը մէջ: Ի վերջոյ իրենք ալ կը հաւատան եւ վկայեն իրենց յայտարարութեամբ, որ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը իր կալուածներով եւ մանաւանդ իր մշակութային գանձերով կը պատկանի հայ ժողովուրդին, որուն բարւօք պահպանութիւնը վստահուած է զինուորեալ միաբանութեան:
Հետեւաբար՝ հարց տանք մեր սրբազան հայրերուն.- Նոր՞ արթնցաք ձեր թմբիրէն: Ադեօ՞ք չէիք նկատած որ ամբողջ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին գահավիժումի մէջ է: Ուր՞ էիք մինչեւ հիմայ երբ Մայր Աթոռէն ներս վերջին 22 տարիներուն ամէն տեսակի կանոնագրային խախտումներ տեղի կունենային: Թարմացնելու համար ձեր յիշողութիւնը նշեմ մի քանին.-
1.- Տարիներ առաջ երբ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը, գլխաւորութեամբ Նուրհան Պատրիարք հօր, որուն անդամ կը հաւակնիք ըլլալ երբ որ ձեզի յարմար է, խնդրանք ներկայացուց Ամենայն Հայոց Գարգին Բ. Կաթողիկոսին որ իր երկու տարէց վարդապէտները, Սամուէլ եւ Պարէտ Ծ. Վարդապետները եպիսկոպոս ձեռնադրուին: Ո’չ ոք ակնկալեց որ անկախ Նուիրապետական Աթոռէ եկած խդրանք մը պիտի մերժուէր Կաթողիկոսին կողմէ ի՜նչ ի՜նչ հաշիւներով: Հիմայ հարց տամ անգամ մը եւս. ուր՞ էիք սրբազան հայրեր երբ ձեր աւագ եղբայրները զրկուեցան եպիկոպոս ըլլալու պատիւէն երբ անոնք՝ առաւել քան 50 երկար տարիներ ծառայած էին խորանին եւ ազգին: Ինչու՞ չի բողոքեցիք այս անարդարութեան եւ կանոնական խախտումին դէմ:
2.- երկար տարիներու գահակալութեան իր տարիներուն, Գարեգին Բ. Կաթողիկոս իր սուրը ճօճելով երիտասարդ կորովի միաբաններ զանազան պատճառներով, չըսելու համար յերիւրանքներով, կարգազուրկ հռչակեց աւելի քան 100 միաբաններ, որոնց գլուխ գործոցը 25 տարիներու ծառայութիւն ունեցող Մոսկուայի առաջնորդ՝ Տիրան արքեպիսկոպոսին հեռաձայնային կարգազրկումն էր (այս մասին շատ գրած եմ եւ մանրամասնելու հարկ չեմ տեսներ) ուր՞ էիք դուք կանոնագրութեամբ մտահոգուած եպիսկոպոսներդ: Չկրցա՞ք բողոքել կատարուած այս խոշոր կանոնագրային խախտումին դէմ, թէ կը վախնայիք որ կրնայիք կորսնցնել ձեր երերուն աթոռները: Կը յիշէ՞ք ձեր աւագ եղբօր՝ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքին բողոքի նամակը Գարգին Բ. Կաթողիկոսին այս առիթով: Կրնա՞յ ըլլալ որ յիշողութեան տկարութիւն ունիք:
3.- Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 22 տարիներու ընթացքին բազմիցս անգամ Գերագոյ Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներու փոփոխութիւններ տեղի ունեցան: Դուք շատ լաւ գիտէք որ այդ բոլորը հակականոնագրային են եւ այդ բոլորը կը կատարուին Կաթողիկոսի կամակատարութեամբ եկեղեցին վերածելով իր անձնական շահաբեր հաստատութեան: Հիմայ հարց տամ անգամ մը եւս. դուք շատ լաւ գիտէք որ Գերագոյն Ժողովի անդամ ընտրելու իրաւաունքը Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կը պատկանի (Ժողով մը որ տարիներէ ի վեր չէ գումարուած), հետեւաբար ինչու՞ չբողոքեցիք կանոնագրային այս խախտումներուն դէմ. Կը վախնա՞ք դահիճէն թէ ձեր աթոռներու սիրոյն չբացիք ձեր «բծախնդիր» բերանները:
4.- Խաժակ սրբազան՝ ձեր առաջնորդական տարիներուն Գարեգին Բ. Կաթողիկոս իրաւազրկեց թեմական առաջնորդները իրենց թեմերէն ներս քահանայ ձեռնադրելու իրաւունքէն, ինչ որ իւրաքանչիւր թեմական առաջնորդի արդար իրաւունքն էր. Դուք բողոքեցի՞ք այս անարդար եւ հակականոնական որոշումին դէմ. անշուշտ Ո’չ: Եւ տակաւին Թեմերէ ներս կանոնագրային փոփոխութիւններու սպառնալիքները, որուն ականատես եւ ականջալուր վկան եղաք ձեր թեմէն ներս. Բողոքեցի՞ք այս անօրինականութեան դէմ. Անշուշտ Ո’չ: Բարեբախտաբար քաջարի եւ ազնիւ աշխարհական ամերիկահայ հայորդիներ դիմադրեցին այս ոտնցքութեան դէմ եւ դուք ձեր երերուն Աթոռը պահելու համար լռեցիք:
5.- Սրբազան հայրեր, ինծի այնպէս կը թուի որ ձեր յիշողութիւնները փթացած են: Կրնամ շարքը երկարել բոլոր կանոնական խախտումներուն որոնք տեղի ունեցան վերջին 22 տարիներուն, բայց պիտի բաւարարուիմ օրինակ մը կամ վկայութիւն մը եւս յայտնելով: Կը յիշէ՞ք ձեր աւագ միաբանակից եղբայրը՝ Նորվան սրբազանը ինչպէս խայտառակուեցաւ փարիզի օդակայանին մէջ, ի ներկայութեան բարձրաստիճան հիւրերու եւ հոգեւորականաց դասուն: Տարիներու վաստակ ունեցող առաջնորդի մը հանդէպ ա’յս պիտի ըլլար Կաթողիկոսին վերաբերմունքը, այդ ալ անփառունակ քահանայի մը համար: Ի վերջոյ պէտք չէ՞ բացականչենք՝ ՀՈ ԵՐԹԱՍ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻ: Այս առիթով Նուրհան Պատրիարքին նամակը կը յիշէ՞ք: Եթէ արդար չէր Նուրհան Պատրիարքին անկեղծ պոռթկումը ինչու՞ չբողոքեցիք: Սա կը նշանակէ որ դուք համաձայն էիք Նուրհան Պատրիարքի բողոքի նամակին բայց անկարող զորավիգ կանգնելու ձեր «միաբանակից» եղբոր…անցնինք:
Հետեւաբար՝ մեր խնդրանքն ու յորդորը հետեւեալն է. Եթէ իսկապէս կուզէք որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին վերաշխուժանայ իր առաքելութեան մէջ, ցոյց տուէք ձեր բծխանդրութիւնը բոլոր կանոնական խախտումներու պարագային որպէսզի Եկեղեցին վերագտնէ իր հմայքը եւ մեր սիրելի ժողովուրդին յարգանքն ալ վերականգնուի եկեղեցականներու հանդէպ: Ձեր սգեմները չեն կրնար ձեզ փրկել, ձեր մարդկային ազնիւ, հեզ ու խոնարհ նկարագիրն է որ միայն կրնայ արժեցնել ձեր առաքելութիւնը եթէ իսկապէս կը հաւատաք անոր: