Ինչո՞ւ սփիւռքի տարի

Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս

Փոքր ներածականով մը պիտի սկսիմ յօդուածներու այս շարքը, որովհետեւ սփիւռքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մեզի պարտադրուած արտագաղթ` ցեղասպանութեան եւ ապա այլ երկիրներու քաղաքական եւ տնտեսական անկայուն պայմաններու հետեւանքով  յառաջացած երեւոյթ:

Արտագաղթը համաշխարհային խնդիր է անկասկած: Ճիշտ է որ մարդիկ միշտ ալ ցանկութիւն ունին տեղաշարժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հետեւանքները մեր նորանկախ հայրենիքին համար, ա՛յդ է մեր մտահոգութեան կորիզը: Որովհետեւ՝ բոլոր անոնք որոնք Հայաստանէն կը մեկնին Ռուսաստան, ընդհանրապէս վերադառնալու ցանկութեամբ կը մեկնին, թէեւ մեծ մասամբ չեն վերադառնար զանազան պատճառներով , սակայն բոլոր անոնք, որոնք եւրոպական եւ արեւմտեան երկիրներ կը մեկնին, անկասկած որ մշտական բնակութիւն հաստատելու երազանքով կ’երթան: Փաստ՝ մեր նորահաստատ գաղութները Եւրոպայի մէջ եւ այլուր:

Արտագաղթ միշտ ալ տեղի ունեցած է թէ՛ համայնավար տիրապետութեան տարիներուն, եւ թէ՛ Երրորդ Հանրապետութեան անկախութեան տարիներուն:  1970-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու Լաութընպըրկ Բարեփոխում (Senator Frank Lautenberg Amendment) կոչուած օրէնքի թոյլտուութենէն օգտուելով (իրականութեան մէջ այդ օրէնքը պատրաստուած էր սովետաբնակ հրեաներու համար, որոնք որպէս թէ կը «հալածուէին» իրենց երկրին մէջ) մեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը թողուցին հայրենիքը, եւ կարաւանները շարան առ շարան հասան մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներ, կազմելով նորանոր գաղութներ անոր Արեւելեան ափերէն մինչեւ Արեւմտեան ափերը:

Արտագաղթողներուն մեծամասնութիւնը 1946-47 տարիներու ընթացքին Հայաստան ներգաղթողներն էին եւ կամ անոնց զաւակները, որոնք արեան գնով իրենց բաժինը բերած էին հայրենիքի կերտումին: Տակաւ առ տակաւ այս խումբին միացան նաեւ խնամիական կապեր ունեցող բնիկ Հայաստանցիներ: Զարմանալին ա՛յն է, որ այդ տարիներուն ո՛չ Հայրենիքէն ներս եւ ո՛չ ալ սփիւռքի տարածքին՝ մեր Նուիրապետական Աթոռները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու աւանդական կուսակցութիւնները ահազանգ հնչեցուցին առաջքը առնելու համար այս ահաւոր աղէտին:

Որքան ալ ըսենք որ արտագաղթը բնական երեւոյթ մըն է ժողովուրդներու մօտ, մեր պարագային ան մահացու հարուած է մեր դատին եւ մեր գոյութենական պայքարին, որովհետեւ մեր մտահոգութեան կորիզն է՝ գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժի արտահոսքը դէպի հիւրընկալ երկիրներ:  Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Մեր դարաւոր թշնամիները գիտակցելով այս իրողութեան, ամենայն լռութեամբ կը սպասեն հայաթափումի այս ահաւոր եղեռնագործութեան, նա՛մանաւանդ վերջին սահմռկեցուցիչ 44 օրեայ  պատերազմի կորուստէն ետք:

Ճիշդ է որ Հայաստանէն արտագաղթի հիմնական պատճառները բազում են եւ այլազան – անգործութիւն, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային անարդարութիւն, խտրականութիւն, նպաստաւոր բնակարաններու չգոյութիւն, եւ կարելի է շարքը երկարել – բայց այս բոլորէն վեր եւ անդին ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը հանդէպ իր ապագայի բոլոր երազներու իրականացման օրրանին՝ Հայրենիքին եւ մանաւանդ առաւել տխուր՝ հաւատքը իր Մայր Եկեղեցւոյ արդարամտութեան նկատմամբ, որ երբեք չդատապարտեց եւ տակաւին չի՛ դատապարտեր կատարուած անիրաւութիւններն ու անարդարութիւնները: Ի՞նչ կարելի է սպասել իր երազը կորսնցուցած ժողովուրդէն:

Արդեօք իրաւունք չունի՞նք ըսելու որ զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ նախապատուութիւն տուած ենք միշտ մեր անհատական շահերուն թէ՛ մեր քաղաքական եւ թէ եկեղեցական կեանքին մէջ: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունինք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը:  Մեզի կը պակսին հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը: Ահաւասիկ այս բոլորին գիտակցութիւնը ունենալով հանդերձ սփիւռքի ղեկավարութիւնը ձեռնածալ մնաց, չպատրաստեց երկարաժամկէտ ծրագիրներ եւ ահա այսօր յանկարծ իր թմբիրէն արթնցողի նման կը յիշէ որ սփիւռք մը կայ, որ վաղուց մաշումի, գունաթափութեան եւ ինքնութեան կորուստի ճանապարհին էր: ՈՒ՞Ր ԷՐ ՀԵՌԱՏԵՍ ՄԵՐ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ…

Անկասկած որ Արամ Կաթողիկոս լուրջ պատճառներ ունի մտահոգուելու սփիւռքի մասին, թէեւ ուշացած: Սփիւռքի մաշումը սկսած է 50 երկար տարիներէ իվեր, նա՛մանաւանդ լիբանանեան քաղացիական պատերազմի օրհասական օրերէն: Ժողովուրդը մնաց անտէր-անտիրական եւ ո’վ որ առիթը գտաւ, գաղթականութեան ցուպը ձեռքին հեռացաւ առանց ետեւ նայելու: Այդ դժբախտ եւ դաժան տարիներուն ի՞նչ երկարաժամկէտ ծրագիրներ պատրաստեցին այդ օրերու հոգեւոր եւ աշխարհիկ «ղեկավարները» որպէսզի հայութիւնը պահէին Լիբանանի մէջ, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը արեւմտահայեր էին, այսինքն ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդի մը զաւակներն ու թոռները: Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունաթափիլ անկասկած, բայց ինչո՞ւ….եւ ին՞չ են պատճառները:

1.- Քաղաքական անկիւնադարձային եւ ճգնաժամային իրավիճակներ

Ընկերային եւ տնտեսական պայմանները, որոնք յառաջ եկան Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներէն, շարունակուեցան եւ երբեք իրենց աւարտին չհասան, որովհետեւ՝   ի պատիւ երկրի իրերայաջորդ ձախող ղեվարութիւներու «հասուն» քաղաքականութեան, երկիրը պահեցին անդադար ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ, ուր իրենց խոշոր բաժինը բերին տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս գերհզօր պետութիւններ։ Այլ խօսքով, Լիբանան խաղաքարտ մըն էր Միջին-արեւելեան քաղաքական մեծ հաշիւներուն մէջ: Եւ այս բոլորի ընթացքին մեր ղեկավարութիւնը մնած լուսանցքային եւ անկարող, նոյն ատեն սառնութեամբ եւ անտարբերութեամբ դիտեց լիբանանահայութեան նօսրացումը:

Այս բոլորէն ետք, այսինքն անհեռատես հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարութեան ձախողութենէն ետք, ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել որ սփիւռքը անտարբեր չըլլայ ինքն իր նկատմամբ, յուսախաբ չըլլայ Հայաստանի նկատմամբ, եւ յատկապէս` վերջին քանի մը տարիներուն, Արցախի պատերազմէն ետք: Այո’, երիտասարդութիւնը ո’չ թէ  սկսած է հեռանալ մեր կեանքէն, մեր հաւաքական կեանքէն, մեր կառոյցներէն, այլ ընհահառակը դառնութեամբ դիտելէ ետք «ղեկավարութեան» անհեռատես քաղաքականութիւնը, չի փափաքիր ո’չ մէկ ձեւով ինքզինք կապուած զգալ իր ազգային-մշակութային ակունքներուն եւ ճիշդ անոր համար սովորական, բնական կը նկատէ օտարին ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ :

Ինքնութեան պահպանումի մասին բեմերէն արտասանած մեր ճառերն ու հռետորական խօսքերը պարզապէս շրթնային ծառայութիւններ են, ամբոխները խանդավառելու եւ ծափահարութիւններ խլելու: Ո’չ ոք մտածեց թէ ու՛ր կերթայ սփիւռքը:

(Շար. Ա.)

2. ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Ժամանակը հասած է որ բեմերէն արտասանած մեր ճառերն ու հռետորական խօսքերը այսուհետեւ չըլլան պարզապէս շրթնային ծառայութիւններ՝ ամբոխները խանդավառելու եւ ծափահարութիւններ խլելու, այլ լծուինք գործնական աշխատանքի, անձնուրաց լուրջ աշխատանքի, ո’չ այնպէս ինչպէս կը գործէինք անցեալին՝ խնամիական, բարեկամական եւ կուսակցական հաշիւներով, որովհետեւ մեր ակնկալածէն աւելի են մեր ժողովուրդի բազմաշերտ կարիքները, ազգային, մշակութային եւ կրթական բնագաւառներէն ներս: Ժամանակը հասած է թօթափելու մեր ստրկամիտ հոգեբանութիւնը անտարբերութեան եւ համակերպելու եղած հակականոնական  անարդարութիւններու հետ, որոնք այսքան երկա՜ր տարիներ մեզ անջատուած պահեցին մեր արմատներէն:

Անկասկած որ տխուր է պատկերը ամէնուրեք, որովհետեւ մեր գաղութները կը ղեկավարուին փոքրաթիւ, իրենք զիրենք մենաշնորհեալ կարծող անհատներով, որոնք ընդհանրապէս կը նշանակուին այդ պաշտօնին՝ կա՛մ զիրենք հովանաւորող կազմակերպութենէն եւ կամ կաթողիկոսներէն: Դժբախտաբար բոլոր գաղութներու ընտրութիւնները ընդհանրապէս հակականոնական են, որովհետեւ կը կատարուին առանց ժողովուրդի ստուար մասնակցութեան: Հետեւաբար ժողովուրդը կը զրկուի իր կամքը արտայայտելու հնարաւորութենէն, որուն որպէս արդիւնք՝ կը հեռանայ իր Մայր Եկեղեցիէն:

 Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ անոր առընթերակից բոլոր բարեսիրական եւ կրթական հաստատութիւնները պարտին դուրս գալ փակ հիմնարկ մը ըլլալու հոգեբանութենէն եւ ըլլան թափանցիկ հաստատութիւններ, կառչած ըլլալով օրէնքի իւրանքանչիւր տառին եւ տրամադրութեան: Ժողովուրդը որ ինքնին Եկեղեցին է, պէտք է յստակ կերպով հասկնայ, թէ իր անտարբերութեամբ՝ միայն կը նպաստէ բոլոր անոնց, որոնք իրարու մէջ կը բաժնեն «ղեկավարութեան» պաշտօնները, եւ որոնք երբեք չեն նպաստեր ազգային ոգիի ծաղկումին եւ կարգ մը Թեմեր կը պահեն պառակտեալ երկու առաջնորդարաններով ի նպաստ իրենց կազմակերպութեան եւ երբեմն ալ անհատական շահերուն:

Ահաւասիկ ճիշդ այ’ս է պատճառը որ Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը մօտեցնել Եկեղեցիին՝ անսահմանափակ մասնակցութեան իրաւունքներով, եւ զայն վերադարձնել ժողովուրդին, որ նոյն ինքն Եկեղեցին է: Հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց ըլլալու հանգամանքին ու անբասիր եկեղեցականներու բացակայութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրած են ազգային ահաւոր ուծացումի առաջ:

Տխուր իրողութիւն է յիշատակել, որ այս բարոյական փլուզումին աղիտաւոր հետեւանքներուն բերումով է որ մեր եկեղեցականները կը զբաղին «բիզնէս»ներով: Ո՞վ կրնայ յայտարարել այսօր, որ Հայց. Եկեղեցին պէտք չունի բարեկարգուած եկեղեցականութեան մը, որ գիտակից է իր կոչումին: Արդարամիտ եւ նուիրեալ եկեղեցականութիւն պատրաստելու կարիքը միշտ ալ շեշտուած է մեր ժողովուրդին կողմէ: Աւա՜ղ, սակայն, «ձուկը գլուխէն հոտած է եւ հասած պոչին», ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ, եւ մենք ձեռնածալ կը դիտենք այս բոլորը՝ սառն անտարբերութեամբ: Վերջին յիսունամեակին, դժբախտաբար, ականատես եւ ականջալուր եղանք միայն ու միայն շրթնային ծառայութեան, որ կը նմանի ծովու ալիքներու փրփուրին, որ պահ մը միայն մեզ կը խանդավառէ իր գեղեցկութեամբ, ինչպէս արտասանուած շքեղ խօսքերն ու նախադասութիւնները:

Չեմ կարծեր որ որեւէ հայու մտքին մէջ կասկած կայ որ կազմակերպչական աշխատանքը պէտք է սկսի եկեղեցիէն, հոն ուր փտախտը վերածուած է ճահիճի, հոն ուր կորսուած է սիրոյ հասկացողութիւնը, հոն ուր կորսուած է կարեկցութեան իմացողութիւնը, հոն ուր կորսուած է աւետարանային պատգամի սերտողութիւններն ու առաքելութիւնը:

Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող եւ տագնապեցնող ամենալուրջ հարցերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն մասին միայն կը խօսուի եւ ո’չ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի զայն կեանքի կոչելու: Բոլորս գիտենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գանձարանը: Ուստի՝ աններելի կը գտնենք մեր այսօրուան «ղեկավարութեան» անտարբերութիւնն ու ենթակայութիւնը:

Մեր ժողովուրդի առջեւ ցցուող արգելքները բազմաթիւ են, որոնք յաճախ դիտաւորեալ կերպով ստեղծուած են մեր կեանքը բարդացնելու համար: Սակայն մեզի կը պակսին այդ խոչընդոտները յաղթահարելու կամքն ու կորովը եւ ընկղմած ենք համատարած անտարբերութեան մէջ, որովհետեւ դադրած ենք հաւատալէ, որ Եկեղեցին էական դեր ունի կատարելիք մեր ազգային կեանքին մէջ:

Վերջին հարիւրամեակի քաղաքական հալածանքները, տեղահանութիւններն ու գաղթական կեանքը՝ իրենց կազմալուծիչ ազդեցութիւնն ու դրոշմը բերին մեր ժողովուրդի ընդհանուր աշխարհայեացքին վրայ, մասնաւորաբար Արեւմտեան աշխարհի մէջ, ուր ազգովին կլանուեցանք նոր բարքերու յորձանուտին մէջ: Պայմաններու բերումով, մեր ազգային կեանքին մէջ յառաջ եկած այս փոփոխութիւնները նոր հանգրուանի մը առջեւ դրին Հայ ժողովուրդի ընկերային-հասարակական կեանքը, մասնաւորաբար գաղթավայրերու մէջ, ուր ամբողջութեամբ ենթարկուեցանք միջավայրի պայմաններուն, երբեմն ալ մեր աւանդութիւններուն հակոտնեայ սկզբունքներու, ստեղծելով այնպիսի պայմաններ՝ ուր եղծուեցան մեր ազգային բոլոր սկզբունքներն ու նկարագիրը:

Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարենք, թէ բացորոշ վարանք մը կայ կարգ մը պատասխանատու մարդոց մօտ, ներառեալ մեր բոլոր կազմակերպութիւնները անխտիր՝ ազգային-եկեղեցական սահմանադրական կարգերը անխախտ պահելու, եւ մասնաւորաբար սանձելու բաձրաստիճան եկեղեցականներու ակներեւ յաւակնութիւններն ու յոխորտանքները, եւ պարտադրել որ մնան անոնք իրենց կոչումին թելադրած պարկեշտութեան մէջ: Ինչո՞ւ չեն սանձեր… որովհետեւ կազմակերպութեանց հաշւոյն կու գայ որ այդ դժբախտ եւ տխուր իրողութիւնը շարունակուի եւ իրենք կարենան գործել եւ շահագործել ի հաշիւ իրենց կազմակերպութեան եւ նաեւ անհատական շահերուն: Հայց. Եկեղեցւոյ բարձրագոյն գործադիր իշխանութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է Հայ Ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն հանդէպ:

Հոն ուր օրէնք չկայ, այնտեղ կայ կամապաշտութիւն եւ անտառային օրէնք, որոնց հետեւանքով կը կորսնցնենք ժողովուրդը լսելու մեր ունակութիւնը՝ յաղթահարելու համար անոր անտարբերութիւնը, նամանաւանդ մեր նորահաս երիտասարդներուն, որոնք ականատես եւ ականջալուր վկաներն են մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին ուծացման եւ սնանկութեան: Ու այս բոլորէն ետք կարելի՞ է ակնկալել որ մեր եկեղեցւոյ աթոռները թափուր չըլլան: Հետեւաբար՝ մեր գլխաւոր հարցադրումը պիտի ըլլլայ, Ի՞նչ պէտք է ընենք հաւատացեալը, նա՛մանաւանդ երիտասարդ սերունդը, մօտեցնելու Եկեղեցւոյ.

(Շար. Բ.)

 

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like