«Քիչ մը ամէն բան». Variety Show

Hov-Man Band (1960-61) performing “Danse du feu” of Manuel de Falla

 

 

Մ. Գ., ԱՄՆ, 2 Յունուար 2023

Ականատեսի վկայութիւն.- 1959-1960 տարեշրջանով սկսաւ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի հասունացման շրջանս։ Տարի մը անցած էր միայն Լիբանանի քաղաքացիակա՞ն թէ՞ «եղբայրասպան» կռիւներէն (1957-1958) եւ տակաւին չէին չորցած հարիւրաւոր անմեղ զոհերու հարազատներուն արցունքները, մենք՝ համեստ թաղերու եւ արհեստաւոր ընտանիքներու զաւակներ, կը մտնէինք աշխարհաճանաչողութեան նոր հանգրուան մը։ Պատանեկութեան շրջանը թողած ետին՝ կը սկսէր հասունացման նոր շրջան մը։ Կեթթոյական միջավայրէ մը դուրս կու գայինք եւ կը յայտնուէինք աւելի լայն աշխարհի մը մէջ։ Մեր այս երթին մէջ ցնցող երեւոյթներ ունեցանք, որոնց մէջ անմոռանալի պիտի մնան «Քիչ մը ամէն բան» կոչուած տարեկան հանդիսութիւնները։

Վայրը մեր վարժարանին կից «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահն էր, կոկիկ 600 նստատեղիով մշակոյթի կեդրոն մը։ Եւ ահաւասիկ գարնան օր մը կը ծանուցուէր իր տեսակին մէջ եզակի ձեռնարկ մը, որուն կը մասնակցէին Լիբանանի հայկական երկրորդական բոլոր վարժարանները։ Այս կը նշանակէր՝ ՀԲԸՄ-Ռամկավար դպրոցներու աշակերտներուն հետ բեմ պիտի բարձրանային ՀՅԴ-ի «ամրոց» Նշան Փալանճեան ճեմարանը, Մխիթարեաններու վարժարանը, Հայ Աւետարանական Գոլեճը…։ Ո՞վ կրնար ըսել թէ ընդամէնը տարիուկէս առաջ «հնչակ-դաշնակի» արիւնալի օրեր էինք ունեցեր։ Անհաւատալի բան։ Մենք առաջին անգամ կը վայելէինք որակաւոր երգիծական ասմունք ու էլէկտրոնիկ կիթառով ու թմբուկով համերգ, սպանական կիթառ, դաշնօն (աքորտէոն) ու դաշնամուր. Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներն է», Շիրազի «Մարդկանց անունները» երգիծական ոտանաւորը ծափեր կը խլէին աշակերտներէն, նոյնիսկ խստամբեր, ծանր ակնոցներով տնօրէններէն եւ ուսուցիչներէն։ Ամիսներով խօսուեցաւ այս մասին։ Յաջորդ տարի կրկնուեցաւ, երրորդ եւ չորրորդ տարին՝ նոյնպէս…

Տօնախմբութիւն մըն էր, որ Պէյրութի դպոցներու աշակերտ-աշակերտուհիները իրարու քով կը բերէր մէկ յարկի տակ, ուր մենք կը մոռնայինք մեր «քաղաքական պատկանելիութիւնները»։

Այնուհետեւ յանկարծ դադրեցաւ։ Լսեցինք թէ՝ դադրեցուցին… Մեր քաղաքական ղեկավարներն ու տնօրէնները «ուրիշ հոտեր էին առեր»…։ Հակառակ ասոր «Քիչ մը ամէն բան»ի ոգին չմեռաւ, աւելի ճիշդը չկրցան մեռցնել մեր քաղքենի եւ հիւանդագինօրէն «զգուշաւոր» ղեկավարները։ Արդարեւ, եթէ «Քիչ մը ամէն բան»ը «զոհ» գնաց ինչ որ քաղաքական-կուսակցական նախապատւութիւններու, այնուամենայնիւ լիբանանահայ ուսանողութեան մէջ ծնունդ առած այս աննախադէպ շարժումներն ու հակադիր ճակատներէ եկած ուսանողութեան դրսեւորումները արտայայտուեցան այլ կերպ, ինչպէս՝ ուսանողութեան միջեւ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի յուշահանդէսներու նախապատրաստական աշխատանքներու տեսքով, ապա 1969-ին դարձեալ իր տեսակին մէջ եզակի «Երիտասարդ հայ»ի հրատարակութեամբ։ Քանի մը տարի չանցած նկատեցի թէ ՀԱՀԳԲ-ի «հոգեւոր հայրերէն» ոմանք նոյնպէս այս խմորումներէն յառաջացած էին…։

 Երբեւիցէ կրնա՞յ կրկնուիլ այսպիսի համա-հայկական կամ համա-ուսանողական շարժում մը, որ հեռու ըլլայ «աւանդական կուսակցութեանց» հսկողութենէն…։

Լիբանանահայ երբեմնի աշակերտերու արխիւէն

Ծրագիր-Կանոնագիր
«Քիչ մը ամէն բան» գեղարուեստական հանդէսի

«Քիչ մը ամէն բան» գեղարուեստական հանդէսը առաջին անգամ տեղի ունեցաւ 1960 Մայիսին՝ նախաձեռնութեամբ Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանի, մասնակցութեամբ՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի, Հայ Աւետարանական Գոլեճի, Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան Երկրորդական Վարժարաններու: Կատարուած ձեռնարկը, որ պսակումն էր Պէյրութի հայկական երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեան հաւաքական աշխատանքին, մասնակցող վարժարաններու տնօրէնութեանց կողմէ արժանացաւ քաջալեր գնահատանքի: 1961-ին եւ 1962-ին նոյն ձեռնարկը կրկնուեցաւ դառնալով մասամբ աւանդութիւն, ստեղծելով լայն եւ ուրախառիթ մթնոլորտ պէյրութահայ աշակերտութեան համար:

1962-ի «Քիչ մը ամէն բան»ի կազմակերպիչ յանձնախումբը, որ բաղկացած է Նշան Փալանճեան Ճեմարանի, Հայ Աւետարանական Գոլեճի, Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարաններու ներկայացուցիչներէն, պատրաստած է սոյն կարճ ծրագիր-կանոնագիրը, որպէսզի կանխած ըլլայ այն կարգ մը դժուարութիւնները, որոնց կրնան հանդիպիլ հետագայի կազմակերպիչ յանձնախումբերը:

ՅՕԴՈՒԱԾ 1.– ԱՆՈՒՆ
Ձեռնարկը կը կոչուի «Քիչ մը ամէն բան» միջդպրոցական գեղարուեստական հանդէս:
ՅՕԴՈՒԱԾ 2.– ՆՊԱՏԱԿ
«Քիչ մը ամէն բան» գեղարուեստական հանդէսին միջոցաւ, մշակութային գետնի վրայ՝ համագործակցութիւն ստեղծել պէյրութահայ երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեանց միջեւ:
ՅՕԴՈՒԱԾ 3.– ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութահայ հայկական երկրորդական վարժարանները առանց խտրութեան կրնան մասնակցիլ սոյն ձեռնարկին: Մասնակցող վարժարաններու աշակերտներէն դուրս ոչ ոք կրնայ մասնակցիլ:
ՅՕԴՈՒԱԾ 4.– ՀԱՍՈՅԹ
ա) Ձեռնարկին յաջողութեան համար իւրաքանչիւր դպրոց կը տրամադրէ պէտք եղած գումարին իրեն ինկած բաժինը որպէս դրամագլուխ:
բ) Հանդէսէն գոյացած գումարը կը նկատուի հասոյթ:
գ) Նուիրատուութիւնները կը դասուին հասոյթներու շարքին:
ՅՕԴՈՒԱԾ 5.– ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ա) Իւրաքանչիւր դպրոց կը ներկայացնէ նուազագոյնը երկու ներկայացուցիչ:
բ) Կազմակերպիչ յանձնախումբը իր առաջին ժողովին ընդհանուր քուէարկութեամբ կ’ընտրէ իր դիւանը որ կը բաղկանայ
1) Ատենապետէ
2) Քարտուղարէ
3) եւ Գանձապահէ
գ) Իւրաքանչիւր դպրոց քուէարկութեան ժամանակ կը ներկայացնէ մէկ քուէ:
դ) Յանձնախումբը ամէն շաբաթ կ’ունենայ իր խորհրդակցական ժողովները իր յարմար դատած օրերուն:
ե) Յանձախումբը պատասխանատու է ձեռնարկին պատրաստութեան բոլոր աշխատանքներուն:
զ) Իւրաքանչիւր դպրոցի ներկայացուցիչները պէտք է տեղեակ պահեն իրենց տնօրէնութիւնը տարուած աշխատանքներու մասին:
ՅՕԴՈՒԱԾ 6.– ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԻՒՆ
Վիճելի հարցերը քուէարկութեամբ կը լուծուին:
ՅՕԴՈՒԱԾ 7.– ՅԱՅՏԱԳԻՐ ԵՒ ՀԱՆԴԷՍ
ա) Յայտագիրը պէտք է ունենայ լուրջ եւ առաւելագոյն չափով հայկական բնոյթ:
բ) Հանդէսէն երկու շաբաթ առաջ յայտագիրը վերջնական ձեւի պէտք է բերուի:
գ) Իւրաքանչիւր դպրոց իր առանձին մասնակցութիւնը պէտք է բերէ հանդէսին:
դ) Հանդէսը կը փակուի հաւաքական արտայայտութեամբ մը:
ե) Հանդէսին տեւողութիւնը պէտք չէ անցնի երեք ժամը:
զ) Հանդէսին կարգադիր յանձնախումբը (20 հոգինոց) կը նշանակուի կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ.
1.– Բեմի պատասխանատու
2.– Դռներու պատասխանատու
3.– Սրահին հսկող պատասխանատու
4.– Լոյսերու ու վարագոյրներու պատասխանատու
է) «Հայկական ժամադրութիւն» չընել:
ՅՕԴՈՒԱԾ 8.– ՏՈՄՍԵՐ
ա) Տոմսերու գինը կ’որոշուի կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ:
բ) Իւրաքանչիւր դպրոց հաւասար կերպով կը սպառէ տոմսերը:
ՅՕԴՈՒԱԾ 9.– ՎԵՐՋԻՆ ԺՈՂՈՎ
Կազմակերպիչ յանձնախումբը իր վերջին խորհրդակցական ժողովի ընթացքին, որ տեղի կ’ունենայ հանդէսէն ետք, կը քննէ
ա) հասոյթի պարագան. իր յարմար տեսած լուծումը կը գտնէ:
բ) ընդհանուր հաւաքոյթի մը պարագան. հանդէսին մասնակցող դերակատարներուն եւ կարգադրիչ յանձնախումբին համար:
ՅՕԴՈՒԱԾ 10.– ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Ներկայ կանոնագիրը կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ նոր կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ: Նոր կազմակերպիչ յանձնախումբը պէտք է հսկէ սոյն կանոնագրին կէտ առ կէտ գործադրութեան:

Խմբագրական ծանօթութիւն.- Վերեւ նշուած «Ծրագիր-Կանոնագիր»ը վերահրատարակուած է Պէյրութի Յառաջ Գրական-հասարարական շաբաթաթերթէն (Ա. տարի, թիւ 9, 5 Դեկտեմբեր 1965, էջ 3) եւ առցանց առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ Keghart.org-ի մէջ: «Քիչ մը ամէն բան»ի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետութիւնը վարած են հետեւեալները. Վարդան Ուզունեան (1960), Ժիրայր Դանիէլեան (1961), Տիգրան Աբրահամեան (1962) եւ Յարութիւն (Արթօ) Նագուլեան (1963), որոնք աւագ դասարաններու աշակերտներ ըլլալով, եւ քաղաքական-կրթական հասկնալի պատճառներու բերումով գաղտնաբար կը մասնակցէին յառաջդիմական-ձախակողմեան միջոցառումներու, ինչպէս օրինակ «Գրական Շրջանակ»ի այլեւայլ աշխատանքներուն:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like