Keghart.org, 11 Մայիս 2021
Յետ պատերազմեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքի քաոսային ու մշուշապատ պայմաններու տակ Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) ժողովուրդը կը պատրաստուի Ազգային Ժողովի (ԱԺ, խորհրդարան) արտահերթ ընտրութիւններուն: Բորբոքած են կիրքերը, նախկին երեք նախագահներու միջեւ նախաձեռնուած հանդիպումները որեւէ դրական արդիւնքի չհասան՝ հակառակ Ա. նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ջանքերուն, որպէսզի միասնական դաշինքով մը հրապարակ իջնեն: Ան յայտարարեց թէ ինք չի ցանկար վարչապետութեան ձգտիլ, բայց կը փորձէ համոզել ժողովուրդը որ ընտրէ աւելի ատակ եւ աւելի յստակ քաղաքական տեսլական ունեցող անձ մը: Անկէ ետք ձեւաւորուեցաւ Քոչարեան – ՀՅԴ – Վերածնուող Հայաստան «սրբազան դաշինք»ը: Ի դէպ նշենք, որ ՀՅԴ-ի վերնախաւը կրկին անգամ իր ճակատագիրը վստահած է ժողովուրդին մեծամասնութեան կողմէ ոճրագործ պիտակուած Քոչարեանին, հարազատ մնալով իր կուսակցական ռազմավարութեան՝ որեւէ գնով հասնիլ պետական պաշտօններու: Մինչեւ օրս կը շարունակուին կազմաւորուիլ նոր դաշինքներ, անջատումներ, միասնական արշաւներ: Նախընտարական քարոզարշաւին մէջ յարատեւօրէն կը լսուին փոխադարձ անարգանքներ, անհանդուրժողականութեան պոռթկումներ: Հայաստանի քաղաքական դաշտը կրկին հրաբուխի վրայ է:
Եւ այս բոլորի վրայ Ռուսաստանի Դաշնութեան (ՌԴ) արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լավրովը կը յայտնուի Երեւանի մէջ: Մարդիկ ինքնաբերաբար հարց կու տան՝ ի՞նչ ընելու համար: Կը շրջին զանազան կարծիքներ, գուշակութիւններ եւ կանխատեսումներ: Ոմանց կարծիքով պատահականօրէն ընտրուած չէր այցելութեան թուականը: Ուրիշներ կը պնդեն թէ իր այցելութեան գլխաւոր օրակարգն էր ՀՀ քաղաքական դաշտը համոզել որ ընտրութիւնները աւարտին Կրեմլինի՝ տարածաշրջանին մէջ նկրտումներուն լաւագոյնս սպասարկելու ունակ թեկնածուի ընտրութեամբ, երբ NATO-ն, ըստ երեւոյթին կը պատրաստուի ընդարձակելու գործողութիւններու դաշտը: Ուրեմն, ըստ անոնց, լաւագոյն թեկնածուն «Մոսկուայի իրենց մարդն է»՝ Ռոբերտ Քոչարեանը: Ուրիշներ ալ կը պնդեն՝ իբր թէ հրաժարեալ վարչապետն ալ վատ թեկնածու մը չէ, որովհետեւ անոր անձին մէջ կը տեսնեն թոյլ, յեղյեղուկ եւ աթոռատենչիկ փառամոլ մը:
Չենք կրնար արհամարհել այն փաստը, որ հակառակ Նիկոլ Փաշինեանի ժողովրդական թիկունքի զգալի անկումին՝ ան տակաւին կը վայելէ հաւանական քուէարկողներու 35-40 առ հարիւրին նեցուկը, առաւել՝ քարոզարշաւին անհրաժեշտ պետական եւ կարգ մը օլիգարխներու նիւթական ու զանգուածային լրատուութեանց կարեւոր աղբիւրներն ու լծակները: «Հրաժարեալ» վարչապետը կը վայելէ պահու թելադրանքէն ծնած առաւելութիւն մը՝ հազարաւորներ իրենց ձայները կրնան տալ իրեն՝ պարզապէս որպէսզի «նախկիններէն» ոչ ոք վերադառնայ իշխանութեան:
Հարց կը ծագի՝ յառաջիկային կայանալիք ընտրութիւնները որքանո՞վ պիտի ըլլան թափանցիկ, կամաւոր ընտրութեամբ, անաչառութեամբ եւ պետական միջամտութենէ հեռու (ընտրակեղծիք եւ այլն): Ներկայ պիտի ըլլա՞ն օտար դիտորդներ եւ անոնք ազատութիւնը պիտի ունենա՞ն հետեւելու ընտրութեան ընթացքին եւ ապա արտայայտելու իրենց դիտարկումներուն առարկայական եւ անաչառ տեղեկագիրը:
Այս ընտրութիւնները նոյնպէս պիտի առաջնորդուին ընտրական օրէնքի տրամադրութիւններով ու կանոններով, որոնք կը յատկանշուին սահմանափակումներով: Կը նշանակէ թէ կարգ մը անկախ թեկնածուներ առիթ պիտի չունենան յառաջադրուելու, եթէ այս կամ այն կուսակցութեան կողմէ առաջ չեն քաշուիր. ուրեմն կը գտնուինք անբնական եւ ոչ-դեմոկրատական կացութեան մը դէմ հանդիման: Տակաւին կայ նաեւ այլ կաշկանդում մը՝ երկքաղաքացի թեկնածուներու պարագան:
Նիկոլ Փաշինեան, Ռոբերտ Քոչարեան, Վահէ Գասպարեան
Հետաքրքրական է բաւական ժողովրդականութիւն վայելել սկսող «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ»ի պարագան (ԱԺԲ): Վերջիններս յառաջադրեցին իրենց թեկնածուն՝ բժիշկ Վահէ Գասպարեանը, որուն անձին վրայ ոչ մէկ բիծ տակաւին գտնուած է եւ աւելին՝ ան ամբողջ պատերազմի ընթացքին ռումբերու եւ արկերու պայթիւններու տակ զինուորի կեանքեր կը փրկէր՝ թիկունքին հրացան եւ ձեռքերուն մէջ բժշկական նշտրակ ու դեղօրայք: Հայաստանեան մամուլին եւ քարոզարշաւին մէջ սակայն առատօրէն կը շրջին այնպիսի տեղեկութիւններ ու ապատեղեկութիւններ, ըստ որոնց, ԱԺԲ-ն կը ներկայացուի կամ կը պիտակաւորուի որպէս «հակառուս», արեւմտամէտ, հետեւաբար խիստ անցանկալի ՌԴ-ի համար:
Բնականաբար կը ծագին կարգ մը վաւերական հարցումներ՝ եթէ Ռ. Քոչարեանի առաջնորդած ցանկի թեկնածուները քիչ հաւանականութիւն ունին ընտրուելու, ուրեմն ինքնաբերաբար այսօրուան «Իմ քայլականնե՞րը» պիտի վերադառնան, իսկ եթէ վերջիններս չկարողանան ընտրել նուազագոյն թիւով պատգամաւորներ յաջորդ վարչապետը որոշելու … կրկի՞ն նոր դատարկութիւն մը, քաո՞ս մը գուցէ…:
Ընտրազանգուածի քանի՞ տոկոսը պիտի ուզէ մասնակցիլ: Կարելի չէ արհամարհել չկողմնորոշուածներու կամ տատանուողներու թիւը, որոնց մէջ շատ շատեր ուշի ուշով կը հետեւին թէ մինչեւ վերջին օրերը ո՞ր թեկնածուն կրնայ շահիլ եւ ցուցադրաբար անոր քուէարկել …ապագայի ակնկալիքներով:
Այս պայմաններու տակ կարելի չէ անտեսել Կրեմլինի շտապողականութիւնը՝ մէկ վայրկեան առաջ վարչապետի ճգնաժամը լուծել՝ որքան շուտ այնքան լաւ, քանի ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմը աւելի գործօն թափանցումներու չէ սկսած:
Այս պահուն գուշակութիւններ ընելու հիմքերը կը պակսին, մէկ ամիսէն աւելի ժամանակ կայ մինչեւ արտահերթ ընտրութիւնները, որուն ընթացքին դեռ շատ ջուր պիտի հոսի: Հայրենիքի ներկայով եւ ապագայով յոյժ մտահոգ հայերուն կը մնայ մատները իրարու շփել, որ նախ դուրսէն կամ ներսէն դրդուած բախումներու ուղղութեամբ չընթանան ընտրութիւնները, երկրորդ՝ ի վերջոյ յաղթէ համախոհութիւնն ու փոխ-զիջողութիւնը: