
Եթէ ամփոփելու ըլլանք, իրավիճակին հանգամանաց պատկերը հետեւեալն է՝ Նուրհան պատրիարք Հայոց վանքին կէսը ծախեց, մեր փառքը ապականեց եւ, կրնանք ըսել, մեր ամբողջ ապագան օտար ազգի մը կամ պետութեան մը յանձնեց:
Այժմ մենք պայմանագրի ամենակարեւոր իրականութեան առջեւ ենք:
27 Յուլիս 2023-ին Պարէտ Երէցեան Մայք Սարեանին հետ հարցազրոյցի ատեն ըսաւ. «Իսրայէլի Ներքին գործերու նախարարութեան ներկայացուցիչը այցելեց պատրիարքին: Պատրիարքարանին փաստաբանը հոն էր: Եւ ըսին. «Մենք կ’ուզենք երրորդ անձ մը, կամ անձ մը, որ պատրիարքին ստորագրութիւնը վաւերացնէ, կամ վկայէ, որ պատրիարքն ինքը ստորագրած է վրան» [1]:
Պարէտին վկայութեամբ (տե՛ս Մայք Սարեանին տրուած հարցազրոյցը), պատրիարքը ըսած է. «Հայր Պարէտը հոս է, ի՛նքը թող ըլլայ երրորդ անձը, թող ստորագրէ»:
Այստեղ ամենակարեւորն այն է, թէ ինչո՞ւ Իսրայէլի Ներքին գործերու նախարարութիւնը կու գայ եւ Նուրհան պատրիարքէն ստորագրութիւն մը եւս կը պահանջէ: Ինչո՞ւ Նուրհան պատրիարք, Պարէտ եւ փաստաբաններ չեն ըսեր Ներքին գործերու նախարարութեան ներկայացուցիչին. «Դուք ո՞վ էք: Մենք ստորագրեցինք պայմանագիրը Տանի Ռոթմանի՛ն հետ»: Այլ խօսքով՝ պատրիարքը, լուսարարապետը եւ պատրիարքէն նշանակեալ՝ ատենի կալուածոց տեսուչ Պարէտ Երէցեանը, չեն խնդրած կամ պահանջած իշխանութեան ներկայացուցիչէն (ո՛վ որ է), որ պետական իշխանութիւնը չմիջամտէ Հայոց պատրիարքարանի եւ Սրբոց Յակոբեանց վանքի ներքին հարցերուն:
Բոլորը գիտէին, որ Իսրայէլի կառավարութեան հետ է համաձայնագիրը: Իսրայէլի ներկայիս իշխանութիւնը, քաղաքական նկրտումներով տոգորուած, նպատակ դրած է Հայոց վանքը ձեռք ձգել, իսկ Տանի Ռոթման միայն ճակատ է: Սա շատ յստակ ցոյց կու տայ, թէ Իսրայէլի Ներքին գործերու նախարարութիւնն էր, որ վարագոյրին ետեւէն բանակցութիւններ կը վարէր պայմանագիրին շուրջ եւ ոչ թէ պարոն Տանի Ռոթմանը, որու մասին Պարէտ ըսաւ, թէ «շատ ազնիւ եւ քաղաքավար մարդ մըն է»:
Մինչեւ վերջին վայրկեանը Տանի Ռոթման չէր հաւատար, որ նման միակողմանի եւ հայոց այդչափ վնասակար պայմանագիր մը կրնայ յաջողցնել, զայն կնքել եւ հասցնել վաւերացման: Այն ատեն ան նոյնիսկ չունէր այն ընկերութիւնը, որուն անունով հետագային ստորագրեց պայմանագիրը, որով յաջորդ օրն անմիջապէս գրանցեց նորաստեղծ կազմակերպութիւն մը (XANA GARDENS organization) Պնէ Բրաքին մէջ:
Վանքի փաստաբաններուն ուղղակի պարտականութիւնն էր օր առաջ ստուգել այս անձին ինքնութիւնը ու անոր ընկերութեան որպիսութիւնը: Սակայն որեւէ պատշաճ իրաւաքննութիւն (Due Diligence) չեն ըրած: Անզգո՛յշ եւ անփո՛յթ գտնուած են:
Կասկած չունինք, որ այս «պայմանագիրը» հետագային պիտի դասաւանդուի աշխարհի իրաւաբանական համալսարաններուն մէջ որպէս Հայ Եկեղեցւոյ Երուսաղէմի հոգեւոր առաջնորդներու ծանծաղամտութեան եւ ապիկարութեան ապացոյց, կամ իբրեւ տիպար օրինակ, թէ ինչպէս հայ ազգը կորսնցուց իր պատմական երբեմնի փառքը:
Փոխանակ Տանի Ռոթմանի, «որուն Նուրհան պատրիարք համակրած եւ սիրած էր հանդիպումին առաջին կէս ժամուան ընթացքին», Իսրայէլի Ներքին գործոց նախարարութիւնը ըսած է Նուրհան պատրիարքին, որ իր ստորագրութիւնը բաւարար չէ: Նախարարութեան պահանջին վրայ է, որ Նուրհան պատրիարք իր անձնական շահերուն համար հրամայած է, որ փոփոխութիւններ ըլլան համաձայնագրին մէջ: Նուրհան պատրիարք շատ լաւ գիտէր, որ «Կովերու Պարտէզ»ի համաձայնագիրը համաձայնագիր մըն է Իսրայէլի իշխանութեան հետ, եւ աղէկ գիտցած է, թէ ինչի՛ վրայ կը ստորագրէ: Ան շատ լաւ գիտէր, որ հարցը քաղաքական է: Իսկ հիմա գիտցած է, որ իր ծրագիրն այլեւս չի յաջողիր գաղտնի պահել: Հիմա հասկցած է, որ իր ըրածը մեծ սխալ մըն էր, եւ կը փորձէ պատիժէն փախիլ, նման յունաց Իրենիոս պատրիարքին, ով փորձեց ճողոպրիլ, բայց չյաջողեցաւ:
Փաստաբաններ Եոսի Ավների եւ Մազեէն Գուբդի կատարեցին ինչ որ պահանջեց Իսրայէլի ՆԳՆ-ը եւ չպաշտպանեցին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Առաքելական Աթոռին շահերը:
Ես քաջատեղեակ եմ, որ նոյնիսկ Իսրայէլի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը տեղեակ էր եւ ան եւս ներգրաւուած էր այս հարցին: Երբ Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Էլի Քոհէնին հարցուցին այս խնդրին մասին, անոր դէմքին վրայ լայն ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ, եւ ան ոչինչ մեկնաբանեց:
Պարէտ ինքզինք կը կեղծէ՝ առանց անդրադառնալու, որ ինքն էր ըսողը, թէ ինք եւ պատրիարքը պարզապէս անմեղ «commercial deal» մը ստորագրեցին: Ան եւ պատրիարքը կ’ամբաստանեն եւ կը մեղադրեն պաղեստինցիներն ու յորդանանցիները, թէ անոնք խնդիրը հետագային քաղաքական հարցի վերածեցին: [2] Ի միջի այլոց, Երէցեան Մայք Սարեանին հետ հարցազրոյցին ատեն ըսաւ, որ ինք եւ Հայր Սամուէլ Աղոյեան պատրիարքին ըսած են, որ այս հարցը պէտք է Տնօրէն Ժողովին առջեւ բերուի, ինչը պատրիարքը մերժած է: Վերջը Հայր Սամուէլ ստորագրած է վկայութիւն մը, որ այս հարցը բերուած էր Տնօրէն Ժողովին առջեւ:
Եթէ Նուրհան պատրիարք իրականութիւնն ըսած ըլլար միաբանութեան, Տնօրէն Ժողովը պէտք չէ հրապարակէր այդ յայտարարութիւնը պաղեստինցիներուն եւ յորդանանցիներուն առած քայլին դէմ, որով Նուրհան պատրիարքի ճանաչումին հրամանագիրը (ֆերմանը) կը սառեցնէին 11 Մայիս 2023-ին: Նուրհան պատրիարք այս հարցը չբերաւ Տնօրէն Ժողովին առջեւ, որովհետեւ շատ լաւ գիտէր, որ Ժողովին անդամները զայն պիտի չվաւերացնէին:
Որո՞նք են իբրեւ պատրիարք Նուրհան Մանուկեանի այս աներեւակայելիօրէն անխելք, չափազանց ապուշ քայլին պատճառները:
Դիտարկենք այս մարդուն խօսքերը:
- «Պզտիկուց ծնողներս ինծի անտեսեցին: Տասներեք տարեկանիս ինծի Անթիլիասի դպրեվանքը նետեցին»:
- «Երբ փոքր էի, եղբայրս ինծի ապտակեց: Մինչեւ կեանքին վերջը հետը չի խօսեցայ»:
- «Ես ամեն բան պիտի ծախեմ եւ հայաստանցիներուն բան մը չպիտի ձգեմ»:
- «Եթէ ես չծախէի՝ հայաստանցիները պիտի ծախէին»:
- «Երանի՜ ձեզի: Դուք ամուսնացած էք եւ կին ունիք: Ես կին չունիմ»:
Երբ Նուրհան արքեպիսկոպոս պատրիարք ընտրուեցաւ, առաջին յիմար եւ անքաղաքավար բանը որ ըրաւ՝ համացանցին մէջ հրապարակեց կաթողիկոսին դէմ ծաղրական բաց նամակ մը, ցոյց տալով իր բարոյական մակարդակը, վրէժխնդրութիւնը եւ այն որ աղքատ մնացած է տակաւին: Ան իր շուրջի «բարեկամ»ներէն գովասանքներ ստացաւ. «Պռաւօ՜, Սրբազա՛ն, հիմա փաստեցիր, որ ջիղ ունիս»:
Այս խօսքերը խորին կապ ունին Նուրհան պատրիարքի վերաբերմունքին, ապրելակերպին եւ վարքին հետ:
Այս բոլորը մտային հիւանդ մարդու մը հոգեբանութիւն է:
Նուրհան պատրիարք անտեսեց իր հոգեկան առողջութեան համար մասնագէտի բուժումը, եւ փոխարէնը դիմեց ինքնաբուժման:
Տիկիններուն հազարաւոր տոլարներ արժող ադամանդէ մատանիներ կը նուիրէր, ի մասնաւորի այն տիկիններուն, որոնց հանդէպ ունենար երեւակայական համակրութիւն, յղացողական կապ մը, քանզի ինք կին չունէր: Ուրիշներուն ոսկի ժամացոյցներ կը նուիրէր… եւ այլն, եւ այլն: Այդ դրամներուն սկզբնաղբիւրը ո՞ւր է:
Պարէտ Մայք Սարեանի հետ ունեցած հարցազրոյցին ատեն ըսաւ, որ Տանի Ռոթման երեք անգամ զանգահարեց եւ ուզեց օգտակար ըլլալ, իսկ պատրիարքը մերժեց Տանիին: Շատ յստակ է, որ պատրիարքը կը գիտակցէր, որ Տանի Ռոթման զինք խաբեց եւ այս հարցը շատ արագ երեւան հանեց:
Շատ կարեւոր է, որ երկու միլիոն տոլարը, որ ստացեր է վանքը այս պայմանագիրին համար, պէտք է անմիջապէս վերադարձուի հոն ուրկէ որ եկեր է, եւ հարկ է սկսիլ մրցոյթի գործընթաց մը հայազգի գործարարներու եւ դրամարկուներու (investors) միջեւ:
Ակներեւ է, որ Նուրհան Մանուկեան չըսաւ ամբողջ ճշմարտութիւնը եւ չհամագործակցեցաւ ո՛չ միաբանութեան, ո՛չ համայնքին եւ ո՛չ ալ փաստահաւաք փաստաբաններուն հետ: Ան չտուաւ բոլոր տեղեկութիւնները, որովհետեւ կը վախնայ եւ կ’ամչնայ իր ըրածին համար եւ կը փորձէ իր շուկայական նախնադարեան խորամանկութեամբ ծածկել իր գործած ոճիրը Հայ Եկեղեցիին, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան եւ համայն հայ եւ քրիստոնեայ աշխարհին դէմ՝ միայն ու միայն իր անձնական հաճոյքին, առժամեայ զուարճանքին եւ ժամանակաւոր անձնական շահերուն ու հպարտութեան ախտին յագուրդ տալու համար:
Նուրհան պատրիարքին հրամանաւ՝ Հայր Կորիւն Պաղտասարեան Երուսաղէմ ժամանած փաստահաւաք իրաւաբաններուն հպանցիկ ցոյց տուած է ձախող համաձայնագիրը՝ էջերը արագ դարձնելով եւ կարճ բացատրութիւններ տալով: Հոն կը պակսէին կարեւոր էջերը, օրինակ՝ դրամական վճարումներու էջը: Այս իրողութիւններն ի հարկէ կասկածներ կ’առաջացնեն, որ Նուրհան Մանուկեան անկեղծ չէ գտնուած եւ ինչպէս ինքն իսկ կ’ըսէ՝ «խաղեր խաղցած է» եւ կը վախնայ որ ի յայտ բերուի ճշմարտութիւնը, որովհետեւ ինք շատ լաւ գիտէ իր ըրածը:
Այսօր Նուրհան Մանուկեան պարտուած եւ վիրաւորուած «կեներալ» մըն է:
Ինչպէս յայտնի է, պարտուած եւ դաւաճան «կեներալ» մը չի կրնար անգամ մը եւս իջնել պատերազմի դաշտը:
Մանուկեան խոստացեր էր, որ երկու ամիս վերջ ամեն ինչ պիտի շտկուի եւ այս հարցը պիտի լուծուի: Անցեալին նաեւ, դեռ Պարէտը «կարգալոյծ» ըլլալէն առաջ, Նուրհան պատրիարք խոստացած էր, որ ամեն բան մօտ օրէն պիտի վերջանայ, միամտաբար կարծելով, թէ իր դէմ ամեն հարց պիտի փակուի Պարէտ Երէցեան մը վտարելով:
Այդ երկու ամիս ժամկէտին մեծ մասը անցած է: Եթէ այս անգամ ալ ոչինչ փոխուի՝ կը նշանակէ, թէ կա՛մ Նուրհան Մանուկեան կը խաբէ, կա՛մ ոչինչ կրնայ ընել, կա՛մ (ինչպէս ըսաւ Պարէտ լրագրող Սագո Արեանի հետ վերջին հարցազրոյցին ատեն 21 Յուլիս 2023-ին), «Պատրիարքը կը մերժէ համաձայնագիրը ջնջել»: Հետեւաբար այդ է պատճառը, որ երեք անգամ մերժեց տեսնուիլ Տանի Ռոթմանի հետ այս հարցով (Երուսաղեմի Հայոց պատրիարքը մեծ ճնշումների տակ է) [3]:
Այս պարագային Նուրհան պատրիարք պէտք է մէկ կողմ քաշուի եւ վանքին ղեկավարումը յանձնէ աշխատասէր ու կարող միաբան հայրերու, որոնք համախորհուրդ եւ միասնաբար պիտի պատերազմին պատրիարքին գործած բոլոր ապօրինութիւններուն դէմ:
Լուսարարապետ Նուրհան 2013 թուականի Յունուարին պատրիարք ընտրուելէն քիչ ետք սկսաւ բռնապետի նման (dictatorial), ատելութեամբ, ոխակալութեամբ, վրէժխնդրութեամբ եւ անարդարօրէն կառավարել Սուրբ Աթոռը՝ չարաշահելով իր լիազօրութիւնները, խախտելով եւ ոտնակոխ ընելով անհատներու (ըլլայ հոգեւորական կամ աշխարհական) բոլոր իրաւունքները եւ մարդկային արժանապատւութեան տարրական սկզբունքները: Նուրհան պատրիարք անտեսեց եւ անարգեց Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան կանոնները: Հակառակ ազգային երկար ու ձիգ աւանդութեան՝ Հայոց վանքը եւ բոլոր կալուածները իր սեփականութիւնը սեպեց, պատրիարքութիւնը փորձեց կառավարել առանց Տնօրէն Ժողովի եւ միաբանութեան գիտութեան: Ան միաբաններուն ծաղրական ժպիտով կ’ըսէր «մենք եղբայրներ ենք»՝ յընթացս սկսելով Հայոց վանքին կալուածները ծախել: Այս ձեւով ան ի ցոյց դրաւ իր անձնական նպատակները, անյաջող ղեկավարումը եւ մարդկային յատկութեանց արգահատելի «մակարդակը»:
Այն ինչ, որ կ’ըսէ Պարէտ իր հարցազրոյցին մէջ, թէ «99 տարուայ վարձելը ընդունուած է», ճիշտ չէ:
- Երջանկայիշատակ Թորգոմ Մանուկեան պատրիարքին օրով ընդունուեցաւ յաւելեալ դրոյթ մը Միաբանութեան Կանոնադրութեան մէջ, որով հողատարածք մը 49 տարիէ աւելի վարձակալութեան չի տրուիր:
- Որեւէ կալուածական հարց պէտք է ներկայացուի Տնօրէն Ժողովի հաստատման:
- Եթէ վարձակալութիւնը մեծ հողամասի մը կը վերաբերի, ապա Ընդհանուր Միաբանական Ժողովը պէտք է զայն քննարկէ՝ հաստատելու համար:
- Հողամասին տուեալները պէտք է հրապարակուին եւ հողամասը աճուրդի դրուի՝ վստահ ըլլալու համար, որ Հայոց վանքը կը կատարէ լաւագոյն գործարքը:
Այստեղ կը ցանկամ յաւելել քանի մը կէտ:
Թորգոմ պատրիարքին ատեն, երբ գիտցուեցաւ, որ Յուսիկ եպիսկոպոս Պաղտասեան անհաւատարիմ գտնուեցաւ պատրիարքարանիս նկատմամբ, ինձմէ օգնութիւն խնդրեց [3]: Ես դիմեցի նշանաւոր իրաւաբան Առնոլտ Շփերին (Arnold Spaer), որ հօրս ընկերն էր Պաղեստինի բրիտանական հովանաւորութեան (British Mandate) շրջանին: Ան վերանայեցաւ այն պայմանագիրները, որ Յուսիկ եպիսկոպոս կնքեր էր պատրիարքին ստորագրութեամբ եւ Տնօրէն Ժողովին վաւերացմամբ: Պայմանագիրերուն մէջ փոփոխութիւններ կատարուեցան, անոնք կրճատուեցան մինչեւ 49 եւ 49 տարի, այսինքն ամենեւին ոչ այնպէս, ինչպէս Պարէտ ըսաւ, թէ «Թորգոմ պատրիարքին օրով կնքուած պայմանագիրները 99 տարով էին»:
Մենք պէտք է վերջ տանք ամբողջ հայութեան նկատմամբ Նուրհան պատրիարքի սպառնալիքներուն, խտրականութիւններուն եւ հալածանքներուն: Փաստաբանի միջոցաւ պէտք է գանգատ ներկայացուի ներկայ իշխանութեան, եւ փաստաբանը պէտք է տեղեկացնէ ամերիկեան դեսպանատունը:
Մէկ բողոքը կրնայ շատ բան չընել, բայց քանի մը բողոքներ կրնան շա՜տ բան ընել:
«Կովերու Պարտէզ»ին հարցով Նուրհան պատրիարքին դէմ մեր պայքարը պէտք է ըլլայ ոչ միայն Սուրբ Քաղաքին, այլ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, որպէս ԱՄՆ քաղաքացի Նուրհան Մանուկեանի դէմ, քանզի ան Հայոց վանքին դարերէ եւ հազարամեակներէ ի վեր շարունակուող, Աստուծոյ եւ Հայոց Եկեղեցւոյ վեհ պատմութիւնն ու փառքը փորձած է ապականել: Աստուած ո՛չ արասցէ որ յաջողի…
Ապագային աւելի մանրամասնութիւններ կը ներկայացնեմ:
Ցոլակ Մոմճեան
13 Օգոստոս 2023
Mailing Address: P. O. Box 19379, Jerusalem 97200
Tel: +972 2 5833994
Email: ahconsul@office–momjian.com
Տեսանիւթեր.
1} Father Baret Yeretsian Tonight with Mike Sarian,HorizonArmenianTV,https://www.youtube.com/watch?v=D7bNRY6vrR0
2a) https://www.jordannews.jo/Section-109/News/Jordan-Palestine-no-longer-recognize-Armenian-Patriarch-Nourhan-Manougian-28607
2b) https://gagrule.net/jordan–and–palestine–no–longer–recognize–armenian–patriarch–nourhan–manougian/
Note: If above link does not open, go to gagrule.net and in the search box write
“Jordan and Palestine no longer recognize Armenian Patriarch Nourhan Manougian”
2c) https://twitter.com/301arm/status/1657047977234399236
2d) https://www.newarab.com/news/pa-jordan-withdraw-recognition-armenian-patriarch
3) Երուսաղեմի Հայոց պատրիարքը մեծ ճնշումներու տակ է. 1in TV,
https://www.youtube.com/watch?v=MDv–gzwoYFw
1 comment
Mr. Momjian, thank you for a crystal clear narrative, for no better words, about the rats behind the potential collapse of centuries old Armenian community and properties in the The Holy Land. Whether it is sale, lease or other, the precious Armenian properties and Armenian presence in Palestine are in jeopardy because of clergymen Nourhan and (Baret) Khachig Yeretsian.
Today, there are a few well known վասակ(s) in the nation, and many many fools (յիմար ժողովուրդ): To the malaise of the Armenian nation, Nourhan, khachig, and one other, top it all in this century.
Trading land not their own, for personal wealth and glory.
And yet. Mr. Momjian it isn’t all lost.
There are dedicated protestors against the sale/lease of church properties to Israel, and protectors of the properties and the community of The Holy Land.
Clearly your article emanates leadership, hope, and promise.
As you suggest, reach out to investors, and organize continued effective protests locally and abroad.
We are mindful that because of their illegally acquired wealth, Nourhan and Khachig and others cannot be considered honorable citizens of this or any other country.
After all, as clergymen at St James Cathedral in Jerusalem, their small monthly salaries could hardly feed chicken.
🙏