Հարցազրոյց Տոքթ. Տիգրան Աբրահամեանի Հետ

Համօ Մոսկոֆեան, «Դիտակ», Պէյրութ, 26 Յուլիս 2014

Յունիս-Յուլիս ամիսներու ընթացքին Keghart.com-ի հիմնադիր Տոքթ. Տիգրան Աբրահամեան շրջագայեցաւ Հայաստանի, Լիբանանի եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ իր տիկնոջ՝ Շըրլիի հետ: Պէյրութէն հրաժեշտի օրը արձանագրուած ներքոյիշեալ հարցազրոյցը յապաղումով կը հրատարակենք:

Հարցում.- Տոքթ. Աբրահամեան, կարելի՞ է հակիրճ կերպով ներկայացնել «Գեղարդ»ի նպատակը:

Հանրայայտ իրողութիւն է որ թրքական քարոզչութեան միջոցները կը փորձեն խեղաթիւրել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման էութիւնը եւ ցեղասպանութեան հետ առնչուած այլ խնդիրներ, ինչպէս այլուր, նմանապէս գանատական մամուլին մէջ: Մօտաւորապէս 7-8 տարի առաջ  հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ սկսիլ Keghart.com հրատարակութիւնը:

«Գեղարդ»ի նպատակն էր անգլերէնով բացայայտել այդ թրքական այլանդակութիւնները, բացատրողական մեկնաբանութիւններ հրապարակել ուղղուած ընդհանրապէս ոչ-հայ գանատացի հանրութեան եւ ի մասնաւորի գանատական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու համալսարաններու դասախօսներուն, բաց աստի՝ անդրադառնալ հայութիւնը յուզող հարցերուն, համամարդկային, ժողովրդավարական արժէքներուն եւ անհատի իրաւունքներուն:

Հարցում.- Ինչպիսի՞ առաքելութեամբ կը գտնուիք Պէյրութ եւ որո՞նք էին ձեր ծրագիրները Լիբանան-Հայաստան-Իրաքեան Քիւրտիստան այցելութեան վերաբերեալ։

Առաքելութիւն մը չէ: Շուրջ 40-45 տարիներ կը բաժնեն զիս իմ ծննդավայրէս. պարզապէս կ’ուզէի գալ ու վերամիանալ այն գաղութին հետ, ուր ես մեծցած եմ: Մանկութիւնս, պատանեկութիւնս, երիտասարդական առաջին տարիներս անցուցած եմ հոս: Սկզբնական նախաբժշկական համալսարանական կրթութիւնս ստացած եմ Լիբանանի մէջ։ Մեծ գոհունակութիւն էր տեսնել բազմաթիւ ընկերներ, որոնք պատասխանատու դիրքերու վրայ են այսօր։ Սակայն ցաւ կը զգամ նկատելով որ գաղութը անդամալուծուած է, հակառակ որ բոլոր կազմակերպութիւններն ալ աշխատանք կը կատարեն այս գաղութը պահպանելու  եւ համընդհանուր մտահոգութիւններով տարուած երեւութապէս միացեալ ճակատ կը կազմեն։

Հայրենիքի կապակցութեամբ նշեմ որ մասամբ անձնական-ընտանեկան պարագաներէ մղուած այցելեցի եւ այսօր պիտի վերայցելեմ: Որդիս, որ հայրենիքի մէջ ծնած է, այս տարի աւարտեց նոյն բժշկական ուսումնական հաստատութիւնը, որուն աշակետած եմ ես տարիներ առաջ: Պարզ է, ուրախութեամբ նշեցինք բժշկական վկայականի շնորհումը:  Աւելցնեմ որ պարբերաբար այցելած եմ հայրենիքս ուխտաւորի մը նման: Այս առիթով կը փափաքէի մօտէն շփուիլ կարգ մը անձնաւորութիւններու հետ, որոնք իմ համեստ կարծիքովս յառաջիկայ տարիներու ընթացքին ազգային, պետական, կառուցուացքային ոլորտներուն մէջ յառաջխաղացք մը պիտի արձանագրեն: Անուններ պէտք չկայ նշել: Անշուշտ իւրաքանչիւր անհատ իր դերը ունի, սակայն հաւաքականութիւնն է վէրջ ի վէրջոյ որ իր որոշիչ դրոշմը կը պարտադրէ ապագայի նկատմամբ:

Արդէն իսկ քանի մը տարիներէ ի վեր կը մտածէի այցելել Ւրաքեան Քիւրտիստան: Միակ հպանցիկ այցելութիւնս 1969-ին էր: Նորաստեղծ, գրեթէ կիսանկախ Քիւրտիստանը, ինչ մեղքս պահեմ, ոգեւորած էր զիս եւ կարծես Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան երազը կը յուշէր: Ա՛յս, հակառակ այն իրողութեան որ այդ միաւորման հիմնադրութեան մէջ արեւմտեան կայսերապաշտութիւնը հիմնական դեր խաղաց՝ համագործակցութեամբ Իսրայէլի:

Զրոյց՝ Ասորի-Քաղդիացի խորհրդարանական, Իրաքեան Քիւրտիստանի քաղաքական դէմք՝ Սելիմ Թօմա Գագոյի հետ

Կը սպասէի շարժառիթի մը: Դժբախտաբար Յունիս 10-ի գոյժը՝ Մուսուլի գրաւումը ծայրահեղ ապամարդկային հրոսակներուն կողմէ վճռեց մեկնումս դէպի Էրպիլ,  նպատակ ունենալով անձնապէս իրազեկ դառնալու եղելութեան եւ հանդիպելու գաղթական հայ ընտանիքներուն:

Հարցում.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Ձեր համագործակցութիւնը Սփիւռքի երբեմնի մայրաքաղաքին հետ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին՝ հայութիւնը պատրա՞ստ է:

Ձեր մատը վէրքին վրայ դրիք Պրն. Մոսկոֆեան։ Այդ հարցը կը յուզէ շատերս։ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ տարօրինակ եռուզեռ մը կայ. երկխօսութիւն թրքական պետութեան հետ, երկխօսութիւն երեւելի թուրք անձնաւորութիւններու եւ թրքական կազմակերպութիւններու հետ։ Ես կ’ուզեմ ընդգծել այն պարագան, որ անցեալին եւս տեղի ունեցան այդպիսի երկխօսութիւններ… եւ ի՞նչ արդիւնքի հասան անոնք…։  Հարիւրամեակ մը առաջ էին, եւ «աչքի փոշի» ցանեցին …։

Կ’ըսուի թէ մեր թշնամի երկրին տնտեսական, քաղաքական կացութիւնը փոխուած է եւ կարելի է արդիւնաւէտ երկխօսութիւն մը իրագործել։ Ճիշդ է, այնտեղ այժմ կայ յառաջդիմական մտաւորականութիւն, այնտեղ կայ քրտական շարժումը եւ կան նաեւ բազմաթիւ անհատներ, որոնք կ’ընդունին իրենց հայ ըլլալը եւ հետեւաբար՝ այս երեք գործօնները կրնան դրական անդրադարձ մը ունենալ մեր ընդհանուր երազներուն եւ նպատակներուն վրայ։

Ես կ’ուզեմ բաղդատական մը ընել թուրք մտաւորականներու հետ տեսակցութեանց եւ քիւրտ ժողովուրդի ներկայացուցիչներու նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին միջեւ … շատ ճղճիմ աշխատանք մըն է որ առ այժմ տարուած է եւ տակաւին նոյնը կը շարունակուի, հակառակ այն իրողութեան եւ պատմական փաստերուն, որ շարք մը քիւրտ ղեկավարներ եւ աշիրեթներ, օգտակար եղած են պահպանելով մեզի քիւրտ անուան տակ։ Դժբախտաբար, այդ երկխօսութիւնը ժլատ վիճակի մէջ է։ Կը կարծեմ թէ շատ աւելի արդիւնաւէտ կ’ըլլար քիւրտերու հետ՝ քան թէ թուրք կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ բանակցիլ, յատկապէս Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին:

Հարցում.- Ձեր այցելութեան աւարտին, երբ վերադառնաք Գանատա, ի՞նչ կ’ուզէք փոխանցել Լիբանանի հայութեան։

Կ’ուզեմ վերադառնալ երկխօսութիւններուն: Շնորհիւ ձեզի, Պրն. Մոսկոֆեան, առիթը ունեցայ հանդիպումներ ունենալու Իրաքեան Քիւրտիստանի կարգ մը անձնաւորութիւններու հետ՝ որու համար կը խնդրեմ որ ընդունիք շնորհակալութիւններս։ Այնտեղ՝ քաղաքական, աշխարհագրական, իմացական, գաղափարական իմաստով քիւրտերը կը տարբերին Թուրքիոյ մէջ պայքարող իրենց ցեղակիցներէն, որոնք զէն ի ձեռին կը շարունակեն պայքարիլ։ Այսուհանդերձ, Իրաքի քիւրտերը, բաղկացուցիչ մէկ մասն են ընդհանուր ժողովուրդին։ Կ’ենթադրեմ, որ մեր հանդիպումները Քիւրտիստանի մէջ դրական արդիւնքներ կրնան ընձեռել, եւ լիբանանահայութիւնը այս կապակցութեամբ կրնայ որոշիչ դեր կատարել:

Լիբանանհայութիւնը ցնցիչ օրեր անցուց, մնալով մի՛շտ պատնէշին վրայ։ Միշտ եղաւ այն գաղութը, որ կրցաւ ուղիներ սահմանել ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլեւ Սփիւռքի տարածքին։ Իմ մաղթանքս է այն, որ հիմնահարցերու կապակցութեամբ ազգային գործիչները, մտաւորականները  ճիգ չխնայեն որոնելու, շեշտելու հասարակաց եզրերը եւ համախմբուելու, անկախ այն հարցէն թէ ինչ ուղղութիւն ունին, կամ որ կազմակերպութեան ու կուսակցութեան կը պատկանին։

Հանդիպում Իրաքեան Քիւրտիստանի կրօնի եւ նուիրաբերութեանց նախարարութեան՝ եզիտական հարցերու ղեկավար, Խեյրի Պօզանիի հետ
Տ. Աբրահամեան, Խեյրի Պօզանի և Հ. Մոսկոֆեան (Ձ-Ա)

Տարածաշրջանին մէջ, գաղութատիրական եւ կայսերապաշտական ուժերու գործունէութիւնը, արաբական զարթօնքի վերիվայրումները, կրօնի անուամբ գործադրուող բարբարոսութիւնները մարտահրաւէրներ են։ Դժբախտաբար՝ անցեալին, մեր կարգ մը կազմակերպութիւնները չկրցան ճիշդ գնահատել պատմա-քաղաքական իրադարձութիւնները եւ ըստ այնմ կողմնորոշուիլ: Յուսամ այդ սխալը չենք կրկներ։

You May Also Like
Read More

Սրտի Խօսք

Պարոյր Աղպաշեան, Լիբանանի Խմբագիրներու սենտիքայի վարչական գերագոյն խորհուրդի անդամ, Պէյրութ, 24 Մայիս 2010   Անաղմուկ Մեկնումը Լիբանանեան Մամուլի…
Read More