Դոկտ. Մովսէս Հերկէլեան

Հարցազրոյցը վարեց՝ Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, Լիբանան, 5 Ապրիլ 2010
Արուեստաբան, Noah’s Ark Ցուցասրահի Սեփականատէր ու Տնօրէն

“Մենք պէտք է միջազգային առումով պատուենք եւ նշենք մեր արուեստի ու մշակոյթի մեծութիւնները ինչպէս ուրիշ պետութիւններ ու ժողովուրդներ կ’ընեն:”

Հրց. Դոկտ. Հերկէլեան, արդեն 15 տարի է, որպէս «Նոյեան Տապան» (Noah’s Ark) ցուցասրահի սեփականատէր ու տնօրէն նաեւ հայ թէ օտար գեղարուեստի մասնագէտ, ցուցահանդէսներու կազմակերպիչ ու պատկերագիրքերու հրատարակիչ Ձեր գործունէութիւնը կը ծաւալէք 3 ցամաքամասերու վրայ: Կարո՞ղ եք այս բոլորը հակիռճ ներկայացնել մեր ընթերցողներուն:

Պատ. Այս ցուցասրահը հիմնադրած ենք 1995 թ.-ին, հանգուցեալ նշանաւոր արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեանին, Մոսկուաբնակ Մհեր Սահակեանին եւ Ռուբէն Աւագեանին հետ: Ծրագրած էինք որ այն շղթայ մը ըլլայ, Մոսկուայի մէջ մեր գրասենեակով եւ համագործակցելով այնտէղ գտնուող «Մարս» ժամանակակից արուեստի թանգարանի հետ: Ուրեմն դէպքերու բերումով մեր ընկերներէն Մհեր Սահակեան շատ շուտ մահացաւ եւ նաեւ Հենրիկ Իգիթեան:

Որոշ իրադարձութիւններէ ետք մեր գրասենեակը Մոսկուայի մէջ փակուեցաւ: Սակայն մեր կապը կը շարունակուի Մոսկուայի հետ, որուն իբր արդիւնք Մոսկուայի մեջ հրատարակուեցաւ գեղարուեստի ալպոմ մը որուն մէջ տեղ գրաւած է նաեւ գեղանկարիչ Վահրամն ու իր ստեղծագորութիւնները: Այս ցուցասրահը Պէյրութի մէջ մնաց ինծի: Համաձայն մեր ծրագրի այստեղէն կը վարենք ցուցահանդէսներու կազմակերպումը եւ համագործակցութիւնը Երեւանի, Մոսկուայի ու Պէյրութի միջեւ միջազգային ցուցահանդէսներու:

Այս ընթացքին մենք մասնակցեցանք 20-է աւելի միջազգային ցուցահանդէսներու: Աւելի այստէղէն է որ աշխատանքներն յառաջ կը տանինք գործակցելով Ծոցի երկիրներու հետ: Սակայն ինչպէս գիտենք 5 տարի առաջ Լիբանանի Վարչապէտին ահաբեկումէն ետք գործերը բաւականին դանդաղեցան, տնտեսական բարդութիւններով: Սկսանք աշխատանքներ ծաւալել արտասահմանի մէջ որտեղ 2000 թ. էն ի վեր արդէն գործունէութիւն ունէինք:

Այդ թուականին հոս այցելած է Ժնեւի «Արուեստի Տօնավաճառի» (Art Fair) տնօրէնը Փաթրիք Պարէր որ տեսնելով մեր հաւաքածոն եւ աշխատանքները որոշեց Noah’s Ark-ը հրաւիրել Ժնեւի ամէնամեայ Pal Expo-ին: Հոն էր որ նիւթական եւ բարոյական գետնի վրայ բաւականին դիւրութիւններ ընծայուեցան մեզի, որովհետեւ մեր արուեստը եզակի էր ռուս արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններով՝ ինչպէս Խուդիակով, Անտրէ Քոսթին, Ցվետաեւ, Շեմիաքին: Այսպիսով այդ Յոբելեանական ցուցահանդէսին մեր մասնակցութեամբ մտանք աշխարհի 40 լաւագոյն ցուցասրահներու շարքին:

Այս առիթով Վահրամի մէկ ստեղծագործութիւնը՝ Midnight Game (Կէս գիշերային խաղ), Կրուէրի «ֆանթասթիք Արթս» թանգարանի կողմէ ընտրուեցաւ տարուան լաւագոյն ստեղծագործութիւնը ու կախուեցաւ իրենց թանգարանը: Այս պատճառ դարձաւ որ թէ Վահրամին եւ թէ մեր ցուցասրահին հանդէպ հետաքրքութիւնը բազմապատկուի որովհետեւ այսպիսի ցուցահանդէսներու ընթացքին մեծ մասնագէտներ (բազմաթիւ երկիրներէ) ներկայ կ’ըլլան… ու յանկարծ հրաւէրներու տարափ մը եկաւ մեզի:

Սկսանք մեր նկարները ցուցադրել Պարսելոնայի, Վենէտիկի, ապա անցանք Նիւ-Եորք, ինչպէս նաեւ Լաս Վէկաս, Չիքակօ, ֆիլատելֆիա: Այնտեղէն անցանք Քանատա՝ Մոնթրէալ: Նախանցեալ տարի հասանք մինչեւ Պուէնոս Այրէս ուր բացառիկ ընդունելութեան արժանացանք, որովհետեւ կը ներկայացնէինք Խորհրդային Միութեան 6 նախկին երկիրները՝ Հայաստան, Վրաստան, Բելառուս, Ռուսիա, Ուքրաինա եւ Ղազախստան: Նշուած երկիրներու դեսպանները ներկայ եղան, իրենց հետ բերելով նաեւ իրենց բարեկամ բոլոր երկիրներու դեսպանները ու այլ քաղաքական գործիչներ: Հայաստանի դեսպան Պրն. Կարմիշալեանի հրաւէրով ներկայ էին նաեւ երկրի պաշտօնական անձինք ինչպէս՝ Արտաքին Գործոց Նախարարը, որ մեզի եւ Արժանթինեան արուեստագէտներուն հրաւիրեց իր բնակարանը: Լիբանանի դեսպանը եւս իր հերթին հրաւէր մը ալ կազմակերպէց ի պատիւ մեզի եւ Հայաստանի դեսպանութեան:

Կ’ուզեմ նշել որ մեզի յատկացուած էր առանձին տաղաւար մը: Առաւել՝ պատկերագիրքին յառաջաբանը վստահուեցաւ ինծի, որն թարգմանուեցաւ եւ տպագրուեցաւ Սպաներէնով: Այս մէկը աւելի մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց մեր ցուցասրահին շուրջ:

Այնուհետեւ հրաւէրներ ստացանք Ճապոնէն, Չինաստանէն, Փարիզէն: Անցեալ տարի մասնակցեցանք Պէյճինկի միջազգային ցուցահանդէսին, դարձեալ ստանալով գալ տարուան համար 2 հրաւէր եւս՝ մէկը Քուանգ Ժուէն, միւսը Շանգհայէն : Հրաւէրներ ունինք նաեւ Եւրոպայէն, մասնաւորապես Ժնեւէն, ուր քանի մը անգամներ ցուցադրած ենք եւ մասնակցած ենք: Այս տարի նախընտրեցինք մասնակցիլ Մօնաքոյի միջազգային ցուցահանդէսին, իբրեւ նոր տեղ եւ իբրեւ նոր ասպարէզ Մայիսի սկիզբերուն: Եւ այսպէս մեր գործերու դաշտը կ’ընդլայնի:

Աւելցած է նաեւ մեր նկարիչներու ցանկը, ունինք 5 արուեստագէտներ որոնք մնայուն կերպով կը համագործակցին Noah’s Ark ցուցասրահին հետ, որոնցմէ 2-ը կ’ապրին Մոսկուայի եւ Հայաստանի միջեւ՝ Վահրամ Դաւթեան եւ Վահան Ռումելեան եւ միւս 3 կապրին Երեւանի մէջ՝ Դաւիթ Դաւթեան, Սուրէն Ոսկանեան եւ Էտիկ Բերդեան: Այս արուեստագէտները տարբեր ոճերու, տարբեր դպրոցներու ներկայացուցիչներ են: Մեր ցանկութիւնը՝ բաւարարել է տարբեր գեղարուեստական ճաշակի տէր մարդոց պահանջքները ու գեղագիտական ընկալումները :

Հրց. Որպէս արուեստաբան, արուեստի գիտակ եւ կազմակերպիչ ցուցահանդէսներու՝ ապրած եւ ուսանած եք նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Այսօր, Անկախութենէն ետք, նկատելի է որ հայկական կերպարուեստը արդէն տարբեր գիծերու վրայ է: Ի՞նչ է Ձեր կարծիքը ներկայիս փոփոխութիւններու մասին, իրենց դրական եւ բացասական կողմերով: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս նոր իրավիճակը յատկապէս Անկախութենէն ետք:

Պատ. Իրականութեան մէջ, Խորհրդային շրջանին, Հայ կերպարուեստը շատ չտուժեց համեմատած ուրիշ երկիրներու, որովհետեւ մենք ունեցանք զարթօնք Խորհրդային շրջանին: Հայրենի կերպարուեստագէտներէն փաղանգ մը դուրս եկած էր Սովետական կամ «Սոցիալիստական ռէալիզմ» կոչուող հասկացողութիւնէն եւ կը ստեղծագործէր այնպէս ինչպէս ազատ պայմաններու տակ: Եւ այս եղաւ շնորհիւ 60-ական թուականներու խումբ մը երիտասարդ արուեստաբաններու եւ նկարիչներու որոնց մէջ էին Հենրիկ Իգիթեանը, Շահէն Խաչատրեանը, Մինաս Աւետիսեանը, Արթօ Չաքմաքչեանը, Արա Շիրազը, Խառազեանը, Էլիբեկեանը, Մազմանեանը եւ ուրիշներ:

Ասոնք ըմբոստացան եւ գործնապէս որոշեցին իրենց գործերը այրել հրապարակին վրայ եթէ իրենց ազատութիւն չտրուի եւ իրենց արուեստին համապատասխան Ժամանակակից արուեստի թանգարան չկառուցուի: Ճիշտ է, որ Խորհրդային Միութեան տրուած տեղը իտէալական չէր, բայց ի վերջոյ, նկարիչները որոնք ազատ կը մտածէին Խորհրդային պայմաններու տակ ինչ որ չափով կրցան ցուցադրել իրենց ստեղծագործութիւնները՝ թէեւ թեմայի առումով որոշ կաշկանդումներ գոյութիւն ունէին:

Իրենց յաջորդող սերունդը Կորպաչովեան շրջանին աւելի բացուեցաւ աշխարհին եւ հոսք-արտահոսք տեղի ունեցաւ արտասահմանեան, արեւմտեան զարտուղի արուեստին որ այնքան ուղիղ չէր համեմատէր հայ արուեստի զարգացման հետ: Այս մէկը թերեւս անհրաժեշտութիւն էր բայց ըրին բոլոր տարօրինակութիւններ որոնք կը զարմացնէին բայց չէին հիացնէր: Անոնք տեղի կ’ունենային Եւրոպայի եւ յատկապէս Ամերիկայի մէջ 40-ական թուականներուն եւ քիչ մըն ալ առաջ: Այդ բոլորը ըրին, բայց այդ բոլորին մէջէն (ինչպէս որ «Տատաիզմ»-էն ծնաւ «Սիւռէալիզմ»-ը) իբրեւ առողջ ուղղութիւն, «Սիւռէալիզմ»-ի մէջ շեշտուեցաւ ապսուրտը, անհեթեթութիւնը:

Այս անիշխանական թոհուբոհէն ետք Հայաստանի մէջ, (ինչպէս միւս Խորհրդային հանրապետութիւններուն), սկսան ձեւաւորուիլ նոր ուղղութիւններ: Օրինակի համար՝ Մոսկուայի մէջ ձեւաւորուեցաւ «Ապսուրտսիւռեալիզմ»-ը իբրեւ «Սուռէալիզմ»-ին մէկ տեսակը: Այսպիսով կրնանք ըսել որ Խորհրդային Միութեան նախկին երկիրներու մէջ «Սուռէալիզմ»-ը ծաղկեցաւ այնպէս ինչպէս Խորհրդային կարգերը կը թելադրէին: Անոր համար «Ապսուրտութիւն»-ը այսինքն անհեթեթութիւնը շատ աւելի է քան դասական «Սիւռէալիզմ»-ի քով:

Սակայն հոս պէտք է յստակացում մը ընենք՝ անոնք որոնք հետեւեցան նախկին ուղղութիւններու յատկապէս՝ որոշ մեծ նկարիչներու՝ Մաթիսի եւ Մոտէլիանիի, Սալվատոր Տալիի կամ Փիքասսօյի նման, եւ մնացին այդ արուեստագէտներու շուքին տակ, չգնահատուեցան միջազգային գետնի վրայ: Իսկ անոնք որոնք այդ մեծերուն արուեստը առին եւ անոր վրայ ինչ-որ բան աւելցուցին եւ դարձուցին իրենց սեփական արուեստը եւ ստեղծագործեցին համաձայն իրենց ներքին մղումներուն, թօթափելով ազդեցութիւնները, գնահատուեցան, ապագային եւս պիտի գնահատուին ու մտնեն միջազգային արուեստի պատմութեան մէջ:

Այս ըմբռնումով 20-էն աւելի գեղանկարիչներ կը գնահատուին այսօր միջազգային գետնի վրայ: Համեմատած մեր երկրին ու իր բնակչութեան թուաքանակին այդ թիւը քիչ չէ: Բայց համեմատած Հայաստանի մէջ ունեցած մեր արուեստագէտներուն որոնք 2000 աւելի են՝ քիչ է: Եւ սա պէտք է ընդունինք: Համենայն դէպս այս մէկն ալ ուրախալի է մեզի համար որովհետեւ իրենք անձնական միջոցներով է որ կը մասնակցին միջազգային ցուցահանդէսներուն: Դժբախտաբար ոմանք կը կարծեն թէ իրենց հայկական անունը ջնջեն՝ աւելի ժողովրդականութիւն կը գտնեն: Բայց մեր փորձը ցոյց կուտայ թէ այսպէս չէ: Բոլոր միջազգային ցուցահանդէսներուն կը գրեն Noah’s Ark gallery – Armenia:

Հրց. Մի քանի օր առաջ կազմակերպեցիք Հայրենի գեղանկարիչ Սուրէն Ոսկանեանի ցուցահանդէսը: Եւ որպէս սփիւռքահայ արուեստաբան եւ Noah’s Ark gallery-ի տնօրէն եւ սեփականատէր, ինչպէ՞ս կը տեսնէք Սփիւռքի գեղանկարիչներու եւ արուեստի շրջանակներու համագործակցութիւնը Հայրենի գեղանկարչութեան հետ այս դժուարին ժամանակներուն:

Պատ. Սփիւռքահայ եւ Հայրենի գեղանկարիչներու մէջ տարբերութիւններ կան թէ մտածելակերպի, թէ չափանիշներու, եւ թէ ստեղծագործական հնարաւորութիւններու մէջ: Նախ պայքար կայ. այն սփիւռքահայ արուեստագէտները, որոնք բացուած են աշխարհին, ինչպէս օրինակ Եուրօզը՝ հարց չունի: Բայց այն արուեստագէտները որոնք եկած են Լիբանան կամ գացած են Ֆրանսա կամ Էմիրութիւններ, Լոս Անճելըս կամ Մոնթրէալ՝ ստեղծած են իրենց շուրջ որոշ համակրանք ու շուկայ, կը դժգոհին եթէ Հայրենիքէն նոր արուեստագէտներ եկան իրենց բնական երկիրները:

Հայրէնիքէն եկած նկարչութիւնն ալ յաճախ կը տարբերուի իր բնոյթով: Ես կը կարծեմ որ մեկը միւսին չի խանգարէր: Համագործակցութիւնը լաւագոյն միջոցն է այս հարցերը վերացնելու: Խնդիրն այն է որ մեր պետութիւնը նաեւ սփիւռքահայ կառոյցները, մշակոյթային քաղաքականութիւն չունին: Մենք պէտք է միջազգային առումով պատուենք եւ նշենք մեր արուեստի ու մշակոյթի մեծութիւնները ինչպէս ուրիշ պետութիւններ ու ժողովուրդներ կ’ընեն: Ինչը որ մենք չ’ըրինք օրինակ Արամ Խաչատուրեանի նման տիտանի մը պարագային: Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը հակառակ որ բազմաթիւ դրական գործերուն քայլեր իրագործեց դեռեւս ծրագրուած մշակոյթային քաղաքականութիւն չունի: Խմբուելով Սփիւռքի Նախարարութեան շուրջ կարելի է բազմաթիւ արգելքներ վերացնել մեր արուեստագէտներու եւ գեղանկարիչներու աշխատանքներուն գործընթացին մէջ: Ձեռք բերուած յաջողութիւնները օգտագործել նաեւ Ազգային քաղաքականութեան ծիրէն ներս: Ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով:

Հրց. Արդէն թեւակոխած ենք 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակը: Այդ առիթով ի՞նչ է Ձեր պատգամը արուեստասէր շրջանակներուն եւ ընթերցողներուն:

Պատ. Ինչպէս որ ըսինք արդէն պէտք է համախմբուինք Սփիւռքի Նախարարութեան միջոցով միացեալ մշակոյթային, Ազգային քաղաքականութեան մը շուրջ մեր ազգային նպատակներու իրագործման համար: Այո, կան անհատներ որոնք մեծ աշխատանք կը տանին, սակայն պէտք է որ մեր բոլոր կարողութիւնները միացնենք յանուն մեր ժողովուրդին, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի ծառայութեան համար:

Շնորհակալութիւն քեզի նաեւ Համօ, որ դուն մեր գեղարուեստի, մշակոյթի ու քաղաքականութեան բնագաւառներու ճանաչման գործընթացին մէջ առանձինդ միութեան մը չափ դէր կը կատարես:

 

1 comment
  1. Kartsiq
     Kecce  Duq,  Hayi pativ uhecognerd:
     Anchap shnorhakalutyun:

    MTORUM handesi xmbagir ev hratarakich, Husisapail kayqi himnadir xorhrdi andam`

    Aslamazyan A. K.

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

Դարձ

Ռուբէն Յովակիմեան, Սեն Ռաֆայել – Ֆրանսիա, 6 Դեկտեմբեր 2022 «Վերականգնուած յարաբերութիւնները պահանջում են աւելի շատ խնամք, քան չխզուածները»:…
Read More