Ե՞րբ է պահը

 Համօ Մոսկոֆեան , Պէյրութ, 12 Սեպտեմբեր 2015

Վերջին տարիներուն հայկական պետական, քաղաքական թէ գաղութային շրջանակներուն մէջ գունագեղ երազներ շրջագայեցան մերօրեայ սուլթան Էրտողանի եւ ժպտացող Տավուտօղլուի կառոյցներուն եւ վարչակարգին հետ երկխօսութիւն ծաւալելու եւ իբր թէ պատմական «հաշտեցման» գալու ակնկալութիւններով:

Բազմաթիւ` յայտնի եւ գաղտնի հանդիպումներ տեղի ունեցան, փրոթոքոլներ ստորագրուեցան, Միրտանօղլուներ Սփիւռքի երբեմնի մայրաքաղաքներուն մէջ Անգարայի եւ Պոլսոյ պալատականներուն գովքերը հիւսեցին, նշելով Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին եւ քանի մը հայապատկան կալուածներուն բարեգո՜ւթ սուլթան Էրտողանի հայասէր նուիրատուութիւններուն մասին: Մինչ այդ Արեւմտահայ  թէ Արեւելահայ համագումար «գոնկրէսներ» միամտաբար ջերմ հանդիպումներ ունենալով Թուրքիոյ մերօրեայ Իթթիհատականներուն հետ, ոտնակոխեցին ազգային ազատագրական պայքարի ելած կրօնափոխ «քրտացած» հայերու, քիւրտերու, զազաներու, քզըլպաշներու պատիւն ու նահատակները:

Քոպանիի հերոսամարտի ընթացքին հայ-քիւրտ, զազա-եզիտի ժողովուրդներուն միացեալ զէնքը ծանր պարտութեան մատնեց Էրտողանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ծառայութիւններու արնախում մարդասպաններու վոհմակ  ՏԱՀԷՇ-ը։ Մինչ Ինճիրլիքի օդային խարիսխին փոխարինելու եկաւ Էրպիլը, ամբողջ Եւրոպայի յիմար ղեկավարներուն գլխուն պատուհաս դարձած ՏԱՀԷՇ-ն ու «Ճէպհէթ Նուսրան» իրենց չէչէն, աֆղան եւ այլ ցեղասպան ղեկավարներով, խայտառակեցին Անգարան, դիմակազերծ ընելով անմեղ գառնուկի դէմքով գործող յօշոտող, բզկտող գայլը…

Անմիջապէս Թուրքիոյ ամերիկեան ռազմական խարիսխները վերաբացուեցան եւ փոխանակ ՏԱՀԷՇ-ը ռմբակոծելու, Թուրքիոյ ռազմա-օդային ուժերը անխնայ հարուածեցին  քրտական գիւղերն ու Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան խարիխսները։  1908 թ.-ի իթթիհատականներու խաբէութեամբ, դրժեցին սուտ եւ կեղծ խաղաղութեան խոստումները, հարիւրաւոր զոհեր խլելով նաեւ հարեւան իրաքեան Քիւրտիստանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ խաղաղ բնակիչներէն:

Ձեռնոցը նետուած էր, 35 միլիոն հաշուող քիւրտերը, իրենց «քրտացած» եւ կրօնափոխ հայ եղբայրներու օժանդակութեամբ, պատերազմ յայտարարեցին սուլթանիկին դէմ եւ ամբողջ Թուրքիան տակն ու վրայ ըրին, լուծելով իրենց ազգակիցներուն վրէժը:

Այս բոլորէն ետք, տակաւին կան հայեր, Մայր Հայրենիքի, հայկական երեք միլիոննոց Ռուսիոյ, Թուրքիոյ թէ Սփիւռքի մէջ, որոնք տակաւին կ՛օրօրեն սին երազներ, առանց հասկնալու թէ Թուրքիա  միայն բիրտ, զէնքի ուժի լեզուէն կը հասկնայ…

Առ որ անկ է հողային պահանջքներ ներկայացնելու փոխարէն, իբր թէ վնասուց հատուցման պարարտ պահանջքներու իրաւաբանական ցուցակներ կազմուեցան, որոնք, ինչպէս որ ցոյց տուին այս օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` ոչ մէկ արժէք ունեցան:

Կը տարուինք հարց տալու թէ ե՞րբ է այն պահը, երբ բացորոշ կերպով պիտի սահմանենք մեր հիմնական պահանջքը՝ մեր կալուածներն ու հողերը: Մօտիկ ապագային տարածաշրջանի քարտէսը կրնայ հիմնովին փոխակերպուիլ: «Երկաթէ Շերեփ» գործածողները պիտի ճաշակեն հերիսան: Իսկ մե՞նք …

You May Also Like