«Ազգային Լեգէոն»ի պատանի կամաւորներու այցը Ծիծեռնակաբերդ

Տեղեկատու, Երեւան, 24 Ապրիլ 2023
«Ազգային Լեգէոն»  կամաւորական ջոկատը 44-օրեայ պատերազմին մասնակցեցաւ Քարվաճառի շրջանին մէջ: Պարտութենէն հաշուած շաբաթներ ետք, Լեգէոնին հրամանատարութիւնը, վերլուծելով իրադրութիւնը եւ խորհրդակցելով ջոկատի կազմին մէջ պատերազմին մասնակցած երկու սփիւռքահայերուն հետ, եկաւ այն եզրակացութեան, որ կորսնցուցած ենք ոչ թէ պատերազմը, այլ անոր փուլերէն ընդամէնը մէկը, թէ նոր փուլը անխուսափելի է, ուստի պէտք է անոր շուտով պատրաստուիլ՝ առանց ժամանակը վատնելու հայկական միջավայրին մէջ տարածուած փոխադարձ մեղադրանքներուն ու հայհոյանքներուն վրայ: ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ ԱՆՅԱՊԱՂ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ ՆՈՐ ՓՈՒԼԻՆ — ա՛յս եղաւ Ազգային Լեգէոնի հրամանատարութեան հաւատամքը:
Սփիւռքահայ անհատներու եւ կառոյցներու նիւթական ու բարոյական օժանդակութեամբ, պատանիներու եւ նորահաս երիտասարդներու պատրաստութիւնը մեծ թափ առաւ 2021-ի գարունէն սկսեալ: Առ այսօր, հազարէ աւելի կամաւորներ, հիմնականին մէջ 14-25 տարեկան, ռազմական, բժշկական առաջին օգնութեան եւ գաղափարական-հոգեբանական պատրաստութիւն ստացած են: Շուրջ 300 հոգի այս օրերուն կը շարունակեն մարզուիլ: Փափաքողներուն քանակը անհամեմատ մեծ է, յատկապէս ՀՀ-ի շրջաններէն, սակայն միջոցները թոյլ չեն տար ընդառաջել: Բոլոր մասնակիցներուն բոլոր կարիքները կը հոգայ Լեգէոնին հրամանատարութիւնը՝ բարերարներու տրամադրած գումարներով եւ իրեղէնով (զինուորական հագուստներ եւ կօշիկներ, ուսումնական զէնքեր, հեռադիտակներ, ԱԹՍ, էլեկտրածին շարժակ, միքրոօթոպիւս եւ այլն):
Այս տարի, Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին օրը՝ ապրիլի 24-ին, Ազգային Լեգէոնի դասընթացներուն հետեւող 170-է  աւելի պատանիներ ու պարմանուհիներ բարձրացան Ծիծեռնակաբերդ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մեր նահատակներու յիշատակին: Անոնք իրենց հրահանգիչ-մարզիչներով եկած էին Արարատի մարզի Մասիս, Վայոց Ձորի մարզի Ջերմուկ, Արագածոտնի մարզի Ապարան, Կոտայքի մարզի Բիւրեղաւան քաղաքներէն, նաեւ Երեւանէն: Երթեւեկի, սնունդի, ծաղիկներու եւ այլ ծախսերը հոգացին անանուն բարերար մը Պէյրութէն եւ ուրիշ սատարողներ ԱՄՆ-էն ու Գանատայէն:
Նոր արհաւիրքներէ մեր փրկութեան եւ նոր յաղթանակներու գրաւականը համազգային ինքնապաշտպանութեան անյապաղ պատրաստուիլն է:
Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like