Համահայկական գաղափարախօսութեան (ՀՀԳ) գործադրութեան աժմէականութիւնը

Յակոբ Նազարեան, Ճարտարագէտ, Պատուոյ անդամ ՌԱԿ Կեդր. Վարչութեան, Լոս Անճելըս, Դեկտեմբեր 2021

Համահայկական գաղափարախօսութեան նպատակն է անհրաժեշտ հիմերը դնել հայ ազգի յետագայ զարգացման գործընթացին, ինչպէս նաեւ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել համայն հայութեան զարգացման ու բարգաւաճման վրայ։ Ստեղծել նաեւ հոգեւոր ամուր կապեր սփիւռքի եւ հայրենիքի միջեւ, միաւորելով բոլոր հայ կազմակերպութիւնները մէկ հովանիի տակ։ Նկատի առնելով այս ծրագրին խիստ կարեւորութիւնը, ՌԱԿ-ի Հայ Դատի Խորհուրդը ատենին պատրաստեց եւ հրատարակեց գրքոյկ մը ՀՀԳ-ի մասին 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով։ Այս գրքոյկի պարունակութիւնը պիտի օգտագործուէր նաեւ իբրեւ ուղեցոյց Հայաստանը այս դժուարին կացութենէն դուրս բերելու միջոցներու առաջարկութիւններով։

Անդրադառնալով այն կարեւոր իրադարձութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան 2015-2020-ի միջեւ, հետեւեալ պատկերը կը տեսնանք։ Առաջինը 2016-ի չորս օրուայ պատերազմն էր, ուր ատրպէյճանական բանակը յարձակողականի անցաւ հայկական դիրքերու վրայ եւ հայկական բանակը կրցաւ կասեցնել թշնամիին յառաջխաղացքը։ Այս յարձակումը այն տպաւորութիւնը կու տար թէ Ատրպէյճան կը փորձէր գիտնալ հայկական բանակի մարտունակութիւնը եւ դիմադրական ուժը։ Երկրորդը, ժողովրդական մեծ շարժումն էր, որ տեղի ունեցաւ «թաւշեայ յեղափոխութիւն» անուան տակ, ստեղծելով մեծ ոգեւորութիւն Հայաստանի ժողովուրդին մէջ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի հայ գաղութներէն ներս։ Իսկ երրորդը 2020-ի 44 օրուայ պատերազմն էր, որուն մասին արտայարտուեցանք «Նոր Օր»ի անգլիատառ բաժնին մէջ։

Պատերազմը կանգ առաւ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրով, բայց անմիջապէս անոր յաջորդեցին ժողովրդական ցոյցեր եւ անկայուն քաղաքական երեւոյթներ Հանրապետութեան (ՀՀ)  տարբեր շրջաններէն ներս, մինչ Ալիեւ հրապարակային ելոյթներով Սեւանայ լիճը եւ Երեւանը իբրեւ Ատրպէյճանի հողամաս կը յայտարարէր, իսկ Մեղրիի եւ Սիւնիքի միջացքներու ծրագիրներու իրականացման համար մարտահրաւէրներ կ՚ուղղէր ՀՀ կառավարութեան՝ միեւնոյն ատեն Ատրպէյճանի բանակը ներխուժումներ կը կազմակերպէր ՀՀ սահմաններէն ներս։

Դժբախտաբար Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան անկարող եւ տկար վիճակին պատճառով այսպիսի ոտնձգութիւններ դեռ կը շարունակուին։ Ռազմափորձեր տեղի ունեցան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ՝ այն տպաւորութիւնը ձգելով, որ նոր պատերազմի մը կը պատրաստուին ՀՀ-ի դէմ։ Եթէ այս գործողութիւնները եւ ճնշումները շարունակուին առանց հակադարձութեան ՀՀ-ի կողմէ, մեր հայրենիքի գոյութիւնը հարցականի տակ կը մնայ։ Նկատի առնելով այս շատ վտագաւոր կացութիւնը, անմիջական եւ վճռական քայլեր առնելու  անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի:

Այսպիսով՝ կ՚ուզենք առաջարկել, որ այս պայթուցիկ եւ սպառնական վիճակին առաջքը առնելու մտադրութեամբ անմիջապէս կազմուի ՀՀ-ի փրկութեան բարձր մակարդակի մարմին մը՝ մասնակցութեամբ ՀՀ-ի եւ սփիւռքի փորձառու եւ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու, որ անմիջական քայլեր առնուին՝ հնարաւորութիւն տալու համար ՀՀ-ին միջոցներ եւ քայլեր ձեռք առնելու տուեալ կացութեան մէջ: Նմանապէս, օգտուելով սփիւռքի հայութեան կարողականութիւններէն, առիթ տալ ՀՀԳ-ին գործադրութեան դնել իր ծրագիրները:

Ստորեւ ՀՀԳ-ի ութը հիմնարար առաջարկներու ցանկը։

1.- Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ապահովութեան հետ կատարուած առաջարկներ

-Վերակազմել հայկական բանակը հետեւելով Իսրայէլի եւ Զուիցերիոյ օրինակներուն եւ օգտագործելով արտասահմանի հայ զինուորականներու փորձառութիւնները։
– Պարտադիր զինուորական ծառայութիւն 18-20 տարեկան տղաներու եւ աղջիկներու համար, ինչպէս նաեւ քաջալերել արտասահմանի հայ երիտասարդները, որ ծառայեն հայկական բանակին մէջ։
– Զինուորական կցորդներ ղրկել Հայաստանի արտասահմանեան դեսպանատուներ։
– Հայրենասիրական կրթութիւն եւ զինուորական պատրաստութեան ծրագիրներ դպրոցներու մէջ։
– Վերջին նորոյթի ելեքտրոնային զէնքերու եւ սարքաւորումներու արտադրութեանց գործարաններ սկսիլ Հայաստանի մէջ։
– Զօրացնել սահմանային գիւղերու պաշտպանութիւնը։

2.- Հայկական պետականութեան ամրապնդման օրէնքներ՝ հիմնուած ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ

-Ամէն գնով պաշտպանել ՀՀ-ի ինքնիշխանութիւնը:
– Հետապնդել թրքական գրաւման տակ գտնուող Արեւմտեան Հայաստանի հողերու ազատագրումը միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ:
– Շարունակել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայոց իրաւունքներու վերականգնման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ պահանջել փոխհատուցում Հայոց կրած նիւթական ահրելի կորուստներուն համար։
– Հիմնականօրէն արմատախիլ ընել համատարած կաշառակերութիւնը եւ փտախտը։

3. Դրացի եւ ուրիշ բարեկամական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդում

– ՀՀԳ նպատակներուն մաս կը կազմէ ստեղծել խաղաղ եւ անվտանգ միջավայր ՀՀ-էն ներս եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ բարեկամ երկիրներու հետ, որոնց կարգին Իրանի, Վրաստանի, Հնդկաստանի, Ֆրանսայի, Արաբական աշխարհի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ։ Դժբախտաբար նման յարաբերութիւններ ներկայիս կարելի չէ ունենալ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, որոնք կը շարունակեն թշնամական եւ զաւթողական դիրք բռնել ՀՀ-ի հանդէպ։ Աւելին, վերջիններս իրենց զաւակներուն ատելութիւն կը քարոզեն հայերու հանդէպ, թունաւորելով անոնց հոգիները։ Եթէ աւելցնենք պաշտօնական անձնաւորութիւններու բացայայտ արտայայտութիւնները բնաջնջելու ՀՀ-ի հայութիւնը, կրնանք եզրակացնել թէ ծայրայեղ եւ ոճրագործ դրացի ազգութիւններու հետ հաշուի պէտք է նստինք եւ համապատասխան բիրտ ուժի վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն որդեգրենք եւ գործօն կերպով միջազցային ատեաններու ուշադրութեան յանձնենք։

4. Հայրենադարձութեան ծրագիրներ

ՀՀԳ ջատագովն է այս շատ կարեւոր եւ այժմէական հայրենադարձութեան ծրագիրներու գործադրութեանց, մանաւանդ երբ նկատի առնենք շարունակական արտագաղթը, որ կը տկարացնէ ՀՀ-ի ապահովութիւնը։ Անմիջական անհրաժեշտութիւնը կայ այս արիւնահոսութիւնը կասեցնել եւ մեծ ծաւալով հայրենադարձութեան աշխատանքներ ձեռնարկելու։

5. ՀՀԳ կրթութեան ծրագիր

ՀՀԳ կարեւոր առաքելութիւններէն մէկն է ապագայ սերունդին առողջ ու նպատակասլաց կրթութեան հիմը դնել, շեշտելով հայրենասիրութեան, քաղաքացիական պատասխանատուութեանց, ժողովրդավարական օրէնքներու գերակայութեանց եւ սիրով ու պատասխանատուութեամբ ծառայելու հայրենի բանակին մէջ։
ՀՀԳ կը ջատագովէ ազգային եւ հաւաքական նոր միջոցներու ստեղծման, որպէսզի գիտութեան հնարաւորութիւնները օգտագործելով ՀՀ-ի ռազմական արդիւնաբերութիւնը այնպիսի բարձր մակարդակի մը հասցուի, որ կարենայ յաղթահարել թշնամի պետութեանց նիւթական եւ մարդկային թուաքանակի առաւելութիւնները։

6. ՀՀԳ որդեգրած ազգային արժէքներու խթանումը եւ պահպանումը

Ազգային արժէքներու խթանումը եւ պահպանումը անբաժան օղակը կը կազմէ ՀՀԳ ծրագիրներուն՝ ընդգրկելով աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային արժէքները։ Նկատի ունենալով որ հայկական քաղաքակրթութիւնը կ՚երկարի 5000 տարի, որ դարերու ընթացքին ամբողջացած է, հարստացած է եւ արդիականացած է ընդգրկումովը օտար յառաջադէմ բարքերու, սովորութիւններու եւ փորձառութեանց։ ՀՀԳ կը ջատագովէ պահպանումը մեր հարուստ մշակութային ժառանգութեան եւ կը զգուշացնէ մեր նոր սերունդը հեռու մնալ օտար վնասակար սովորութիւններէ եւ ազդեցութիւններէ։

7. Ազգային ինքնութեան սահմանում

Նկատի առնելով աշխարհասփիւռ հայութեան վիճակը, ՀՀԳ-ն հետեւեալ մօտեցումը որդեգրած է որոշելու անձի մը հայ ըլլալու հիմնաւորումը. ըստ այնմ հետեւեալ խումբերու պատկանողները կը նկատուին հայ.
– Հայ քրիստոնէական երեք յարանուանութիւններու անդամները.
– Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի ծնունդով հայերը եւ անոնց զաւակներն ու թոռները.
– Հայկական «եան» մականունով անձերը (ի բացառեալ հնդեւրոպական -ean, -ian, -yan, -gnan պատկանելիութիւն ցոյց տուող մականունները եւ «ծածուկ» օտարազգիները.
– Իսլամացած կամ իսլամացուած հայերը.
– Համշէնահայերը, տերսիմահայերը.
– Օտար մականուններով անձերը, որոնք ինքզինքնին հայ կը նկատեն:

ՀՀԳ ջատագովն է հայկական ինքնութեան պահպանումի բոլոր ջանքերուն սփիւռքի տարածքին։

8. Սփիւռքի եւ ՀՀԳ կեցուածքները Հայաստանի վերջին զարգացումներուն առթիւ

1. 44-օրեայ պատերազմը եւ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրը անընդունելի են, քանի որ պարտադրուած են բիրտ ուժի միջոցաւ։ Կողմերը պէտք է վերադառնան Սեպտեմբեր 27-ի դիրքերուն եւ հարցերը լուծեն բանակցութիւններու միջոցաւ։
2. ՀՀ-ն եւ սփիւռքը դիւանագիտական միջոցներով պէտք է աշխարհի պետութիւններուն ներկայացնեն Արցախի հայկական հողամաս ըլլալու փաստերը։
3. Շուտափոյթ կերպով հայկական բանակը պէտք է վերակազմուի եւ արդիականացուի։
4. Ազերի բանակը ՀՀ-ի հողերէն հեռացուի։
5. Մեղրիի եւ Սիւնիքի միջացքներու ծրագիրները անընդունելի են եւ կը նկատուին ՀՀ-ի շահերուն դէմ։ ՀՀ-ը պատրաստ պէտք է ըլլայ, եթէ թշնամին դիմէ բիրտ ուժի գործածութեան։
6. Նկատի առնելով որ Քրեմլինը 44 օրուայ պատերազմին իր մեղսակցութիւնը բերած է ՀՀ-ի պարտութեան, դարձած է անվստահելի դաշնակից մը ՀՀ-ի շահերէն եւ ազգային անվտանգութեան տեսակէտէն։ Հայրենիքը պէտք է համարձակութիւն ունենայ նոր դաշնակից եւ բարեկամ ազգերու հետ զինուորական եւ առեւտրական յարաբերութիւններ մշակելու։ ՀՀ-ն պէտք է Հիւսիս-Հարաւ միջանցքի ծրագրին մաս կազմէ Հնդկաստասնի, Պարսկաստանի եւ Վրաստանի հետ։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like