Յակոբ Նազարեան, Լոս Անճելըս,10 Յունիս 2024
Սոյն գրութեան նպատակն է ընդգծել բազմաթիւ նոր ուղեղային կեդրոններ (ՈՒԿ) հիմնելու անհրաժեշտութիւնը ՀՀ-ի եւ արտասահմանի մէջ:
Ուղեղային կեդրոններու գաղափարը յայտնի դարձած է ԱՄՆ-ի մէջ 1920-ական տարիներուն: Առաջին կեդրոնները հիմնուած են այդ շրջանին՝ յայտնի գիտնականներու եւ ճարտարագէտներու նախաձեռնութեամբ:
Հիմնադիրներուն նպատակը եղած է հաւաքական ճիգերով լուծումներ գտնել այն բարդ խնդիրներուն, որոնք մարդկութիւնը կը տառապեցնէին հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս:
Կեդրոններուն նպատակն էր նաեւ՝ բարելաւել մարդկութեան ապրելակերպի պայմանները, որպէսզի աշխարհը կարենայ խաղաղ պայմաններու մէջ ապրիլ, ստեղծագործել ու բարելաւել կեանքը: 1925-1945 թուականներու ընթացքին միայն՝ քանի մը հարիւր կեդրոններ հիմնուած են:
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտէն՝ 1945-էն վերջ, վնասները նորոգելու աշխատանքները իրականացնելու նպատակով հիմնուած են բազմաթիւ ուղեղային կեդրոններ Եւրոպայի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Ըստ հրատարակուած տեղեկութիւններուն, աշխարհի մէջ այս կեդրոններուն թիւը ներկայիս կը հասնի 8300-ի, որոնց 2500-ը կը գտնուի ԱՄՆ-ի, 512-ը՝ Չինաստանի եւ 15-ը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: ԱՄՆ-ի մէջ ներկայիս գոյութիւն ունեցող կեդրոններէն են հետեւեալները՝ Rand Corporation, American Enterprize Institution, Brookings Institute, Hoover Institute, Woodrow Wilson Center եւ շատ մը ուրիշ կեդրոններ: Անոնց ֆինանսաւորումը ընդհանրապէս կը կատարուի հետեւեալ հինգ աղբիւրներէն՝ ԱՄՆ-ի կառավարութիւն, ԱՄՆ-ի ազգային կուսակցութիւններ, համալսարաններ, սեփական ընկերութիւններ, եւ այլն: Այս կեդրոնները ԱՄՆ-ի մէջ կը գործեն ընդհանրապէս տուրքէ զերծ:
ՈՒԿ-ներու անձնակազմերուն կը մասնակցին գիտնականներ, տարբեր ճիւղերու ճարտարագէտներ, փաստաբաններ, դիւանագէտներ, պատմաբաններ եւ այլ արհեստավարժ մասնագէտներ (professionals):
ՀՀ-ի եւ արտասահմանի մէջ հայկական նոր ՈՒԿ-ներ հիմնելու համար նկատի պէտք է առնուին գաղութին մէջ ապրող ու գործող հայ մասնագէտներու եւ իւրայատուկ պաշտօններու վրայ գտնուող անձնաւորութիւններու կենսագրութիւններն ու հասցէները: Ստեղծել հայկական ՈՒԿ-ներու ցանցեր, որոնք պիտի ներկայացնեն տեղեկութիւններ տեղւոյն հայ մասնագէտներու մասին, ինչպէս նաեւ տուեալներ առողջապահութեան, զինուորական գործի, անվտանգութեան, ճարտարարուեստի, կրթութեան, ռազմարդիւնաբերութեան, երկրագործութեան եւ այլ բնագաւառներու մասին: Մանաւանդ ներկայիս, երբ ՀՀ-ի գոյութիւնը վտանգուած է, յոյսով ենք որ հայ մասնագէտներու կեդրոնացուած ճիգերու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ դուրս գալ այս շատ ծանր վիճակէն, որպէսզի հնարաւոր դառնայ ապագայի ծրագիրներ մշակել եւ ՀՀ-ը վերածել յառաջադէմ, արդիական, զօրաւոր եւ ապահով երկրի մը:
Անցեալին «Նոր Օր»ի մէջ հրատարակուած մեր յօդուածով (12 հոկտեմբեր 2022) յայտնած էինք մեր մտահոգութիւնները հայկական գաղութներու գոյապայքարի աշխատանքներուն մասին եւ ըրած էինք շինիչ թելադրութիւններ՝ կացութիւնը բարելաւելու ուղղութեամբ:
Դժբախտաբար այս վերջին ամիսներուն Արցախի մէջ կատարուած հայկական երկրորդ ցեղասպանութիւնը, հողային կորուստները եւ ներկայիս շարունակուող՝ ՀՀ-ի հողամասերու կորուստները, խոր մտահոգութիւններ կը պատճառեն: Հայրենիքի գոյութեան սպառնացող վտանգները աչքի առջեւ ունենալով, նոր, արդիական ՈՒԿ-ներու միջոցաւ պէտք է գործադրել հետեւեալ քայլերը.
1.- Շուտափոյթ վերակազմել ՀՀ-ի բանակը եւ զայն օժտել արդիական զինատեսակներով, որպէսզի կարենայ ՀՀ-ի ներկայի եւ ապագայի գոյութիւնը ապահովել:
2.- Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանի կողմէ որեւէ միջանցքի գործածութիւնը կատարել ՀՀ-ի բանակին հսկողութեամբ:
3.- Մշակել տնտեսական նոր ծրագիրներ նպատակ ունենալով ՀՀ-ը ինքնաբաւ եւ արդիական երկրի մը վերածել:
4.- Մշակել նոր օրէնքներ եւ միջոցներ՝ արտասահմանի հայութեան տալու ՀՀ-ի քաղաքացիներու նոյն իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները: Այս քայլերը պիտի օժանդակեն որ ՀՀ-ի քաղաքացիներուն թիւը ըլլայ 11 միլիոն, փոխանակ 3 միլիոնի: Միաժամանակ քաջալերել հայրենադարձութիւնը եւ կասեցնել հայրենաթափութիւնը:
5.- Հիմնել նոր ՈՒԿ-ներ, որոնք Հայկական հարցի լուծման ուղղութեամբ լուրջ ծրագրումներ կատարեն եւ անմիջական ջանքերով ապահովեն Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը:
6.- Կատարել յատուկ աշխատանքներ իսլամացուած 5 միլիոն հայոց՝ Թուրքիոյ մէջ իրենց ազգային ինքնութիւնը պահելու նպատակադրումով:
Նկատի առնելով որ անցնող 109 տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ կառավարութիւնը որեւէ քայլ չէ առած հայութեան կրած մարդկային, տնտեսական եւ հողային հսկայական կորուստներու հատուցման ուղղութեամբ, պէտք է կազմուի հայկական ՈՒԿ-ներէ, հայ մասնագէտներէ, դիւանագէտներէ եւ կառավարական ղեկավար անձնաւորութիւններէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որ ՄԱԿ-ի ընդունած օրէնքներու համաձայն լուրջ աշխատանքներ կատարէ իրականացնելու հայ ազգի վնասներուն հատուցումը:
Ըստ այնմ՝
ա) Թուրքիոյ կատարած ցեղասպանութեան (1915-1923) եւ զայն նախորդած ապտուլհամիտեան ու Կիլիկիոյ ջարդերուն (1895-1896, 1909) ատեն զոհուած հայութեան թիւը երկու միլիոնէ աւելի է: Եթէ հայութիւնը այս մարդկային զոհերը չունենար եւ շարունակէր բազմանալ, 1895-1896-էն անցած շուրջ 130 տարիներու ընթացքին հայոց թիւը պիտի ըլլար 21 միլիոն՝ այսօրուան 10 միլիոնի փոխարէն: Տակաւին չենք աւելցներ բռնի թրքացուածներուն կամ իսլամացուածներուն թիւը: Նոյն շրջանին կալուածային, դրամական եւ հողային կորուստներուն արժէքը կը հասնի չորս թրիլիոն տոլարի:
բ) Հոս ի հարկէ պէտք է աւելցնենք նաեւ մեծ տարածքներու կորուստները 1918-1923 թուականներուն (Ճաւախք, Արցախ, Նախիջեւան):
գ) Ամէն ջանք կատարել, որպէսզի արցախահայութիւնը վերատիրանայ իր բազմահազարամեայ հայրենիքին եւ իր իրաւունքներուն, ստանայ նաեւ հատուցում՝ կրած միլիարաւոր տոլարներու հասնող վնասներուն եւ ցեղասպանական ոճրագործութիւններուն համար: Նոյնը նաեւ Ազրպէյճանի Սումգայիթ, Կիրովապատ, Պաքու եւ այլ քաղաքներու մէջ անցեալին գործուած վայրագութիւններուն համար:
Ներկայիս, երբ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով «բոանակցութիւններ» կը կատարուին ՀՀ-ի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, կը նկատենք թէ ՀՀ-ը շատ միակողմանի հողային զիջումներ կը կատարէ: Հոս ալ հայ եւ օտար մասնագէտներէ բաղկացած ՈՒԿ-ներու մասնակցութիւնը կրնայ արդար արդիւնքներու յանգեցնել եւ առաջքը առնել ապագայի շատ աւելի աղէտաբեր հողային կորուստներու:
*****
Յակոբ Նազարեան՝ Ճարտարագէտ, Պատուոյ անդամ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան