19 Յունուար 1920-2022
Առաջին Միացեալ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ» միջազգային ճանաչում ստանալու 102 ամեակի եւ «Երեւան – Անգարա» բանակցութիւններու առթիւ՝
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Անգամ մը եւս միջազգային հաշուեյարդարներն ու բախումները կը կատարուին այլ ազգերու բարօրութեան եւ ճակատագիրներու հաշուին։
Մէկ դար առաջ, Հայ ազգը այդ քաղաքականութեան գինը շատ թանկ վճարեց։ Իսկ այսօր, որոշած ենք, ամեն գնով, թոյլ չտալ զայն։
Պատմական մահացու սխալ պիտի գործած ըլլան միջազգային այն գերհզօր ուժերը, որոնք ներկայի իրենց ռազմավարութիւնը հիմնաւորած են Հայ ազգը անգամ մը եւս վառելանիւթի տեղ չարաշահելու հնարաւորութեան վրայ։
Սոյն հաղորդագրութեամբ, Արեւմտահայութեան Ազգային Գերագոյն Խորհուրդի հիմնադիր մարմինը պարտաւոր կը զգայ, իր վճռական դիրքորոշումները ուշադրութեան յանձնել միջազգային ընտանիքի բոլոր անդամներուն, եւ յատկապէս գերհզօր ուժերուն, որ Հայ ազգի ճակատագրին նկատմամբ անլուրջ վերաբերմունքը շարունակելը, ու անտեսելը անոր իրաւականօրէն հաստատուած բոլոր հողային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ իրաւունքները, ու ասոնց փոխարէն անյապաղ այդ իրաւունքներու վերականգման համար քայլերու չդիմելը, երբեք նպաստ պիտի չբերեն ոմանց առանց հայութեան եւ Հայաստանի պատկերացուցած ապագայ աշխարհին, մանաւանդ երբ Հայութիւնը կը դառնայ «ազգ մը, որ այլեւս կորսնցնելու ոչինչ ունի»։
Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցած ոտնձգութիւններու հեռահար նպատակները ամենայն յստակութեամբ ակնյայտ են մեզի համար։
Համաշխարհային միաբեւեռ համակարգի կողմնակիցները, Արեւելահայաստանի եւ Արցախի վերացումով կը պատկերացնեն իրականացնել իրենց ծրագրի կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը՝ մեկուսացնելու համար այդ ծրագրի տեսականօրէն հակառակորդ մէկ թեւը։ Մինչ, բազմաբեւեռ համակարգի կողմնակիցները, իրենց հակառակորդի ծրագրի ձախողութեան համար ամենայարմարը կը գտնեն սիրաշահիլթիւրքերը ու անոնց մատաղ ընծայել հայկական հողային հարցը, ընդ որում՝ Արեւելահայաստանն ալ ծունկի բերելով թշնամիին առջեւ։ Այս բոլորը կը կատարուին՝ «Թիւրք եւ Հայ ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան» եւ «խաղաղ դարաշրջան»ի քաղցր լոզունգներով։
Իմանալով, որ հակադրուած այս երկու ծրագիրները չեն զիջելու մէկը միւսին, կը գիտակցինք, որ Հայութիւնը անընդհատ անկայունութեան եւ գոյատեւման վտանգի սպառնալիքի առջեւ պիտի գտնուի, կացութիւն մը, որ բացայայտօրէն մարդկային անարդարութիւն է՝ միջազգային բոլոր չափանիշերու կոպիտ խախտումով, եւ կը հակասէ ՄԱԿ-ի ուխտին, մարդու իրաւունքներուն, ու միջազգային օրէնքի հիմնադիր սկզբունքներուն։
Եթէ միջազգային ընտանիքի անդամներէն ոմանք համոզուած են, որ միայն Հայութեան զոհաբերումով կրնան իրականացնել «մարդկութեան փրկութիւն»ը, «համաշխարհային խաղաղութիւնն ու կայունութիւն»ը, ինչպէս նաեւ «Խաղաղ դարաշրջան»ը, ապա կը յիշեցնենք իրենց, որ դար մը առաջ Հայ ազգին դէմ կատարուած ցեղասպանութեան ու բռնի տեղահանման զոյգ ոճիրները, եւ 19 Յունուար 1920-ին միջազգային ճանաչում ստացած եւ 22 Նոյեմբեր 1920-ին ԱՄՆ-ի նախագահ Ուիլսոնի իրաւարար վճիռով սահմանուած միացեալ «Հայաստանի Հանրապետութեան» իրականացման դիտաւորեալ վիժեցումը, ո՛չ միայն այդ սին նպատակները չիրականացուցին, այլ մի գուցէ ընդհակառակը, պատճառ եղան տարածաշրջանը 100 տարի շարունակ մղելու անկայունութեան ու թշնամանքի, եւ բուն պատճառը հանդիսացան ներկայ խայտառակ եւ փակուղիի հասած իրավիճակին …։
Այդ անհիմն համոզումներով առաջնորդուած պետութիւններն իսկ, 1923-ին երբ ստորագրեցին Լոզանի դաշնագիրը, որ կը համարուի ներկայ Թիւրքիոյ իրաւական բուն հիմքը, սակայն այնտեղ համարձակութիւնը չունեցան Սեւրի դաշնագիրով եւ Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռով հաստատուած միացեալ «Հայաստանի Հանրապետութեան» իրաւունքները շրջանցելու։ Փաստը, որ Լոզանի դաշնագիրին մէջ ամենամեծ բացական եղաւ՝ այսպէս կոչուած «արդի Թիւրքիոյ» արեւելեան եւ հիւսիսային սահմանները…, որովհետեւ այնտեղ կար պարտադիր եւ անշրջելի Ուիլսոնեան սահմանագիծը։ Ո՞վ կը համարձակի այսօր, Ուիլսոնեան սահմանները անտեսելով՝ նոր արհեստական եւ անօրէն «վերջնական» սահմաններու մասին խօսիլ…։
Համաձայն միջազգային օրէնքի հիմնադիր սկզբունքներուն, եւ յատկապէս Հաակայի (ԼաՀէյ)՝ 18 Հոկտեմբեր 1907-ի ցամաքային պատերազմի օրէնքներուն մասին 4-րդ պայմանադրութեան 3-րդ բաժինի 42-րդ յօդուածին՝ առնուազն Ուիլսոնի իրաւարար վճիռով հաստատուած, Միացեալ «Հայաստանի Հանրապետութեան» եւ Թիւրքիոյ միջեւ սահմաններէն դէպի արեւելք երկարող տարածքները կը համարուին գրաւեալ։ Այն ի՞նչ նախապայմաններու մասին է խօսքը այսօր, երբ ոմանք կը ձգտին ներկայ Արեւելահայաստանի եւ զաւթիչ Թիւրքիոյ միջեւ «հաշտութիւն եւ եղբայրութիւն» կնքել…, այդ ալ «Հայաստանի Հանրապետութեան» անունով։
Ներկայ Արեւելահայաստանը, 20 Օգոստոս 1990-ին, իր անկախութեան հռչակագրի նախաբանին մէջ յստակօրէն յայտարարած է, որ ան իրաւայաջորդն է 1918-ին, եւ միայն Թիւրքիոյ կողմէ ճանչցուած պետութեան (որուն տարածքը հազիւ թէ 11 հազար քառակուսի քիլոմեթր ըլլար), եւ ոչ թէ միջազգային ճանաչում ստացած միացեալ «Հայաստանի Հանրապետութեան»։ Հետեւաբար, որեւէ հաշտութիւն կամ համաձայնութիւն Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ՝ կրնայ տեղի ունենալ միայն եւ միայն Արեւելահայաստանի մասով, եւ ոչ թէ միացեալ «Հայաստանի Հանրապետութեան» անունով, անկախ անկէ, թէ նոյն այդ անկախութեան հռչակագրին մէջ Արեւելահայաստանը իւրացուցած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անուանումը, առանց Արեւմտահայութեան լիազօրութեան կամ համաձայնութեան։
Յիշեցնենք, որ համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին ստորագրուեցան խաղաղութեան հինգ դաշնագիրներ, որոնցմէ մէկն էր Սեւրի դաշնագիրը, որ կը վերաբերի պարտուած Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ մինչ այդ գտնուած տարածքներու եւ ժողովուրդներու ապագայ ճակատագրին, որոնց մաս չէին կազմեր Արեւելահայաստանն ու Արեւելահայութիւնը։ Իսկ երբ Պօղոս Նուպար Փաշան, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե.-ի կաթողիկոսական կոնդակով նշանակուած էր որպէս «Հայկական պատուիրակութեան» նախագահը՝ ան միջազգային կողմերուն հետ կ՛աշխատէր Արեւմտահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, բայց վերջին հաշուով, Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովի ընթացքին, ան գործեց միացեալ «Հայաստանի Հանրապետութիւն»-ը ձեռք բերելու համար, ու հրաւիրեց Երեւանի ներկայացուցիչներուն, որ միանան պատուիրակութեան, եւ ո՛չ թէ անոնց «Հայաստանի Հանրապետութեան» տէրն ու տիրականը դարձնելու համար։ Ուիլսոնի իրաւարար վճիռի փաստաթուղթերը յստակօրէն կը նշեն, որ միացեալ «Հայաստանի Հանրապետութեան» մայրաքաղաքը Էրզրումն է եւ ոչ թէ Երեւանը, հակառակ որ Երեւանի կառավարութիւնը 1919-ին կազմակերպեց կեղծ «Արեւմտահայ 2-րդ համագումար»-ը՝ սակայն առանց Արեւմտահայութեան ներկայացուցիչներուն, ու ձախողեցաւ իր յետին նպատակները իրականացնելէ, նոյնպէս ալ այսօր, Արեւելահայաստանը լիազօրութիւն չունի Արեւմտեան Հայաստանի հողային պահանջատիրութեան եւ իրաւունքներուն մասին որեւէ համաձայնութիւն կնքելու թիւրքերուն հետ։ Հետեւաբար, թող ողջ աշխարհը իմանայ, եթէ իրենց համար պէտք է Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ ինչոր հաշտութիւն կնքել, ապա այդ հաշտութեան գինը թող իրենց ունեցուածքով վճարեն եւ ոչ թէ Արեւմտահայութեան գրաւեալ հողերուն եւ այլ իրաւունքներուն հաշուին։
Ընդգծենք նաեւ, որ Արեւելահայաստանը, Սովետական կազմէն դուրս գալէն յետոյ, իր իշխանութիւնները ընտրած է Արեւելահայաստանի քաղաքացիներուն կողմէ, եւ ոչ թէ աշխարհասփիւռ ողջ Հայութեան կողմէ։ Հետեւաբար, այդ իշխանութիւնները կ՛արտայայտեն Արեւելահայաստանի քաղաքացիներուն կամքը, եւ ոչ թէ աշխարհասփիւռ տարագիր Հայութեան կամքը։
Այս իրաւական խառնաշփոթութիւնը կրնայ խաբել միայն միջազգային օրէնքէ անտեղեակ հասարակութիւն մը, բայց ոչ պետութիւններն ու միջազգային ատեանները։ Թիւրքիան, եւ այլք, կը չարաշահեն Արեւելահայաստանի կողմէ առանց համահայկական լիազօրութեան, «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անուանումի իւրացումով ստեղծուած այս խառնաշփոթութիւնը, ու կը փորձեն անարդարօրէն եւ անօրինականօրէն վերջ դնել Հայկական հողային պահանջատիրութեան, իրենց մեղսակիցը դարձնելով «Հայաստանի Հանրապետութիւն» ինքնակոչ Արեւելահայաստանը։ Իրողութիւն մը, որը խստօրէն մերժուած է Արեւմտահայութեան, եւ ամբողջ Հայութեան կողմէ։
Փարիզի Խաղաղութեան Վեհաժողովի աւարտին՝ 19 Յունուար 1920-ին, Միջազգային ճանաչում ստացած «Հայաստանի Հանրապետութեան» քաղաքական, իրաւական, հողային, տնտեսական, մշակութային եւ այլ իրաւունքներու ճակատագիրը կ՛որոշուի համահայկական կամքով, եւ յատկապէս Արեւմտահայութեան ներկայութեամբ եւ համաձայնութեամբ, որու մասին ոչ ոք իրաւական լիազօրութիւն տուած է «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անուանումը իւրացուցած Արեւելահայաստանին (ներկայ ՀՀ-ին)։
Այս առնջութեամբ, Արեւմտահայութեան Ազգային Գերագոյն Խորհուրդը, արտայայտելով տարագիր Արեւմտահայութեան լայն հատուածի քաղաքական, ազգային եւ իրաւական միասնական կամքն ու ձգտումները՝ իր սկզբունքային դիրքորոշումը կը հաստատէ հետեւեալ յայտարարութիւններով.
- 19 Յունուար 1920-ին, միջազգային ճանաչում ստացած միացեալ «Հայաստանի Հանրապետութեան» իրաւունքներու ճակատագիրը որոշելու մասին ոչ մէկ լիազօրութիւն տրուած է Արեւելահայաստանին (ներկայ ՀՀ-ին) եւ ո՛չ ալ հայկական կամ միջազգային որեւէ կողմի։
- Արեւելահայաստանը, որ 20 Օգոստոս 1990-ին, միակողմանի որոշեց ինքզինք անուանել որպէս «Հայաստանի Հանրապետութիւն», ազատ է իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ երթալու իր ցանկացած ուղիներով՝ միայն Արեւելահայաստանի մասով։ Այդ քաղաքականութեան հետեւանքները կը վերաբերին միայն ու միայն Արեւելահայաստանին, եւ իրաւական, ազգային կամ բարոյական որեւէ պարտաւորութիւն կամ հետեւանք չի՛ կրնար ունենալ աշխարհով մէկ տարածուած ողջ հայ ժողովուրդին, եւ յատկապէս տարագիր Արեւմտահայութեան վրայ։
- Գրաւեալ Արեւմտահայաստանի տարածքներէն ներս, եւ ինչու չէ նաեւ Արցախի տարածքներէն ներս, (որքան ատեն, որ ըստ Սեւրի դաշնագրի 92-րդ յօդուածի պայմաններով՝ միացեալ «Հայաստանի Հանրապետութեան» եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու վերջնական համաձայնութիւն տեղի չէ ունեցած) կատարուած, կամ կատարուող եւ կատարուելիք իւրաքանչիւր տարածքային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ծրագիրներ կը համարուին անօրինական եւ միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում, որքան ատեն, որ այդ գրաւեալ տարածքները կը մնան գրաւեալի կարգավիճակին մէջ եւ չեն անցած Արեւմտահայութեան ինքնիշխան տիրապետութեան տակ։
- Արեւմտահայութեան Ազգային Գերագոյն Խորհուրդը տէր կը կանգնի միացեալ «Հայաստանի Հանրապետութեան», Արեւմտահայաստանի մասի վերաբերող հողային պահանջատիրութեան եւ քաղաքական, իրաւական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ բոլոր իրաւունքներուն, եւ կը շարունակէ գրաւեալ Արեւմտահայաստանի ազատագրման պայքարը՝ միջազգային օրէնքներով երաշխաւորուած բոլոր միջոցներով անխտիր։
- Գրաւեալ Արեւմտահայաստանի տարածքներէն ներս ապրող Արեւմտահայերը, որոնց մեծ մասը, զաւթիչ ներկայ Թիւրքիոյ ճնշող եւ այլամերժ քաղաքականութեան պատճառով կրօնափոխ եղած են, կը վայելեն Արեւմտահայութեան Ազգային Գերագոյն Խորհուրդի թիկունքն ու պաշտպանութիւնը։ Անոնք կը վայելեն նաեւ միջազգային օրէնքով երաշխաւորուած «Գրաւեալ տարածքներու» բնակչութեան բոլոր իրաւունքները։
- Հայ ժողովուրդը, եւ յատկապէս տարագիր Արեւմտահայութիւնը, պատրաստ է կառուցողական ոգիով համագործակցելու միջազգային ընտանիքի այն պետութիւններուն հետ, որոնք անկեղծօրէն հաւատարիմ են միջազգային օրէնքներով սահմանուած մարդկային համագործակցութեան սկզբունքներուն, եւ որոնք կը ձգտինապրիլ արդար, խաղաղ, կայուն եւ բարգաւաճ երկրագունդի մը վրայ, որտեղ կը տիրէ միջազգային շահերու եւ իրաւունքներու փոխադարձ յարգանք։
- Այս յայտարարութիւններու լոյսին տակ, կոչ կ՛ուղղենք ՄԱԿ-ի միջոցով աշխարհի բոլոր պետութիւններուն, որպէսզի անոնք նեցուկ կանգնին Հայ ժողովուրդի, եւ յատկապէս տարագիր Արեւմտահայութեան արդար իրաւունքներու իրականացման, եւ թոյլ չտան, որ այս ստեղծագործ ազգը հասնի այնպիսի վիճակի մը, որտեղ «կորսնցնելու այլեւս ոչինչ ունենայ»։ Այս կապակցութեամբ, Արեւմտահայութեան Ազգային Գերագոյն Խորհուրդը պատրաստ է իր վրայ վերցնելու տարագիր Արեւմտահայութեան՝ միջազգային ընտանիքի նկատմամբ եւ միջազգային չափանիշերով սահմանուած բոլոր պատասխանատւութիւնները։ Բացի այն պարագային, երբ հայկական իրաւունքներն ու ձգտումները շարունակուին անտեսուած մնալ, որուն հետեւանքով տարագիր Արեւմտահայութեան նոր սերունդի անդրադարձը կը դառնայ անկանխատեսելի եւ անզսպելի։
Սոյն գրութիւնը կ՛ուղարկուի ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան եւ աշխարհի բոլոր պետութիւններու Արտգործ նախարարութիւններուն։ Հայկական ցանկացող բոլոր կողմերը հրաւիրուած են միանալու սոյն գրութեան, առանց ժամկէտի։
Արեւմտահայութեան Ազգային Գերագոյն Խորհուրդի հիմնադիր մարմին
Պէյրութ, Դամասկոս, Երուսաղեմ, Պաղտատ, Գահիրէ, Տելհի, Սիտնի, Նիկոսիա, Աթենք, Երեւան, Մոսկուա, Գիեւ, Մինսկ, Թիֆլիս, Սոֆիա, Վիեննա, Պեռլին, Լոս Անճելոս, Մոնթրեալ եւ Էրզրում
19 Յունուար 2022