Դիւան Ս. Աթոռոյ, Երուսաղէմ, 8 մարտ 2023
8 Մարտ, 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Պատրիարքարանի Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Աթոռոյս Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 10-րդ նիստը:
Ժողովը բացաւ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հայրը, «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքով, Ս. Աթոռ գտնուող 21 Միաբան եղբայրներէն 20-ի ներկայութեամբ:
Որպէս օրակարգ ներկայացուած էր
• Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի նախորդ նիստի ատենագրութեան ընթերցում եւ վաւերացում
• Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի դիւանի անդամներու ընտրութիւն
• Տնօրէն Ժողովի վեց դադարեալ անդամներու ընտրութիւն
• Համարատուութիւն Տնօրէն Ժողովի եւ վաւերացում:
• Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի դիւանի անդամներու ընտրութիւն
• Տնօրէն Ժողովի վեց դադարեալ անդամներու ընտրութիւն
• Համարատուութիւն Տնօրէն Ժողովի եւ վաւերացում:
Նախ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի ներկայ դիւանի Ա. եւ Բ. Ատենադպիրներ՝ Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Աբղ. Հայրապետեան եւ Հոգեշնորհ Տ. Աղան Աբղ. Գոգչեան կարդացին Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի նախորդ նիստի ատենագրութիւնը:
Նախագահ Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ ժողովականները գնահատելով կարդացուած ատենագրութիւնը՝ ձեռամբարձաւ վաւերացուցին այն: Ապա Նախագահ Պատրիարք Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով ներկայ դիւանի գործունէութեան, առժամեայ Ատենապետ նշանակեց Հոգեշնորհ Տ. Կորիւն Վրդ. Բաղդասարեանը եւ առժամեայ Ատենադպիր նշանակեց Հոգեշնորհ Տ. Վազգէն Աբղ. Ալէքեանը՝ կազմակերպելու Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի դիւանի անդամներու ընտրութիւնը:
Առժամեայ Ատենապետ Հոգեշնորհ Տ. Կորիւն Վրդ. Բաղդասարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առժամեայ Ատենապետի պաշտօնն իրեն վստահելու համար եւ հրաւիրեց Պատրիարք Սրբազան Հայրը կատարելու Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 10-րդ նիստի իր բացման խօսքը:
Նախագահ Պատրիարք Սրբազան Հօր բացման խօսքէն ետք Միաբան Հայրերը նոր երկու տարուայ շրջանի համար իբր Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի դիւան ընտրեցին հետեւեալները.
Տ. Բարսեղ Ծ. Վրդ. Գալէմտէրեան Ա. Ատենապետ
Տ. Թէոդորոս Ծ. Վրդ. Զաքարեան Բ. Ատենապետ
Տ. Գէորգ Աբղ. Հայրապետեան Բ. Ատենադպիր
Տ. Արշակ Աբղ. Ղազարեան Ա. Ատենադպիր
Տ. Թէոդորոս Ծ. Վրդ. Զաքարեան Բ. Ատենապետ
Տ. Գէորգ Աբղ. Հայրապետեան Բ. Ատենադպիր
Տ. Արշակ Աբղ. Ղազարեան Ա. Ատենադպիր
Առժամեայ Ատենապետ Հոգեշնորհ Տ. Կորիւն Վրդ. Բաղդասարեան շնորհաւորելով Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի նորընտիր Դիւանի անդամները, հրաւիրեց Ատենապետ Հոգեշնորհ Տ. Բարսեղ Ծ. Վրդ. Գալէմտէրեանը վարելու Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 10-րդ նիստը՝ ատենադպրութեամբ Ա. Ատենադպիր՝ Հոգեշնորհ Տ. Արշակ Աբղ. Ղազարեանի եւ Բ. Ատենադպիր՝ Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Աբղ. Հայրապետեանի:
Ժողովս անմիջապէս անցաւ օրակարգի յաջորդ կէտին եւ գաղտնի քուէարկութեամբ քուէից բացարձակ մեծամասնութեամբ Տնօրէն Ժողովի կրկնանուն ցանկէն վեց նոր անդամներ ընտրեց.
Տ. Թէոդորոս Ծ. Վրդ. Զաքարեանը
Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Յովհաննիսեանը
Տ. Կորիւն Վրդ. Բաղդասարեանը
Տ. Վազգէն Աբղ. Ալէքեանը
Տ. Ներսեհ Աբղ. Ալոյեանը
Տ. Աղան Աբղ. Գոգչեանը
Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Յովհաննիսեանը
Տ. Կորիւն Վրդ. Բաղդասարեանը
Տ. Վազգէն Աբղ. Ալէքեանը
Տ. Ներսեհ Աբղ. Ալոյեանը
Տ. Աղան Աբղ. Գոգչեանը
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի դիւանը շնորհաւորեց Տնօրէն Ժողովի վեց նոր անդամներու ընտրութիւնը եւ անցնելով օրակարգի վերջին կէտին՝ հրաւիրեց ներկայ Տնօրէն Ժողովի Ա. Ատենադպիր Հոգեշնորհ Տ. Ներսեհ Աբղ. Ալոյեանը՝ ներկայացնելու Տնօրէն Ժողովի 2018-ի Մայիսէն մինչեւ 2023 Փետրուար շրջանի համարատուութիւնը:
Տնօրէն Ժողովի համարատուութենէ ետք Միաբան Հայրեր իրենց յուզող հարցերն ուղղեցին Տնօրէն Ժողովի նախկին անդամներուն, ապա Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը գնահատանքով՝ ընդունեց Տնօրէն Ժողովոյ 2018 Մայիսէն մինչեւ 2023-ի Փետրուար տարիներու համարատուութիւնը:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը իր աւարտին հասաւ 8 Մարտ, 2023-ի երեկոյեան:
Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր Միաբան Հայրերուն եւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Դիւանին, շնորհաւորեց Տնօրէն Ժողովի նորընտիր անդամներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 10-րդ նիստը փակուեցաւ Նախագահ Պատրիարք Սրբազան Հօր աղօթքով: