Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի յուշ հաւաքը

Թղթակից, Լոս Անճելըս, 9 Հոկտեմբեր 2021

Ազգային աննկուն հասարակական եւ քաղաքական գործիչ՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան իր կեանքի շրջանը աւարտեց Օգոստոս 23-ին Ծննդավայր Լիբանանի Պէյրութ մայրաքաղաքին մէջ:

ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան Մանուկեանի մանչերու երկրորդական վարժարանի առաջին շրջանաւարտներու դասարանին կը պատկանէր ան: Բարձրագոյն ուսումը նախ կը ստանայ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս (AUB, BSc in Physics, 1957), ապա կը վկայուի Պէյրութի  St. Joseph  համալսարանէն՝ իրաւագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժիններէն՝ ֆրանսական եւ լիբանանեան լիսանսներով (1964):

1957-ին կ’անդամակցի Լիբանանի Լրագրողներու սենտիքային, իսկ 1965-ին Պէյրութի Փաստաբաններու Կաճառին:

Հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է երգի, ասմունքի եւ թատրոնի հանդէպ, բայց լիովին ներգրաւուած է յետագային՝ երկրի արաբական եւ հայ ազգային քաղաքական կեանքին մէջ, եւ նուիրուած յանձնառու հրապարակագրութեան: Բացի մայրենիէն Գ. Տէրտէրեան ծանօթ էր նաեւ արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ որոշ չափով նաեւ լատինատառ թրքերէն լեզուներուն:

Հասարակական գործունէութեան ուրուագիծ

– Ատենապետ ՀԵԸ-ի Համալսարանական Ուսանողական Միութեան եւ ՌԱԿ Մ. Փորթուկալեան ակումբին:

– Անդամ՝ Հայոց Եկեղեցւոյ Միասնականութեան Պաշտպան Կոմիտէի քարտուղարութեան:

– Վարած է նախագահի պաշտօններ Լիբանանահայ «Գրական Շրջանակ»ի եւ Լիբանանի Հայ Համալսարանաւարտներու Միութեան:

– Անդամակցած է Դեմոկրատ Իրաւաբաններու Համաշխարհային Լիկայի Լիբանանի մասնաճիւղի վարչութեան, Լիբանանի  Հեռատեսիլէն Հայկական Ժամի Տնօրէն Ժողովին, Լիբանանահայ Թատրոնի Ա. Խորհրդաժողովի Կազմկոմիտէի աշխտանքներուն, Մեծ Եղեռնի 60-րդ Տարելիցի Ոգեկոչման Լիբանանի Համազգային Մարմինին:

– Հիմնադիրներէն եղած է Արաբ-Հայ Օրինական Միջազգային Խորհուրդին, Դամասկոս, 12-2-2013:

– Մասնակցած է Փարիզի NIKKO պանդոկի Ա. Համահայկական Համագումարին, Թունուզի  Պաղեստինեան Գրողներու եւ Լրագրողներու Համագումարին (1977), Փարիզի ICOM-ի (1978), Հալէպի երեք սեմինարներուն, եւ 2001-ին՝ Ս. Էջմիածնի «Պետութիւն-Եկեղեցի» նիւթով իրաւաբանանական միջազգային ժողովին, ուր կը ներկայացնէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:

Աշխատակցած է Պէյրութի «Զարթօնք», «Արարատ», «Ալ-Սաքաֆա Ալ-Արապիա», «Ազգային Մշակոյթ», «Կանչ», «Նայիրի», «Կամար», «Ծաղիկ», «Ազդակ», Երեւանի «Հայաստանի Կոմունիստ», Դամասկոսի « Տիրասէթ Իշթիրաքիէ» (Ընկերվարական ուսումնասիրութիւններ), «Սաութ ուլ-Շաապ» («Ժողովուրդի ձայն») թերթերուն, Armenian Studies տարեգիրքին, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ին եւ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին:

Հրապարակագիր Գ. Տէրտէրեանի լրագրական եւ հրապարակագրական գործունէութեան թագն ու պսակը կը հանդիսանան Լիբանանի «Յառաջ»ն ու «Գրական Շրջանակ»ի բազմաբովանդակալից եւ բազմանպատակ «Օրացոյց»ները:

Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Օգոստոս 28-ին, Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ:

Հոգեհանգիստ եւ յիշատակի հաւաք, Լոս Անճելը, Ս. Պետրոս եկեղեցի

Հոկտեմբեր 3-ին, ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան-Դարուհի Յակոբեան վարժարաններու ԱՄՆ-ի Սանուց Միութիւնը կազմակերպեց մեր սիրելի եւ անզուգական Գասպար Տէրտէրեանին հոգեհանգիստն ու հաւաքը: Հակառակ «Քովիտ19» կոչուած հրէշի սարսափին, ներկայ էին շուրջ երեսուն բարեկամներ: Հաւաքը սկսաւ Սանուցի ատենապետ Վաչէ Ալեքսանեանի բացման խօսքով, այնուհետեւ յուշ-հանդիպումը վարեց Դոկտ. Մինաս Գոճայեան: Յուշեր պատմեցին Գասպարի դասընկերներէն Armenian Observer շաբաթաթերթի խմբագիր Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, ապա Լիբանանի ՀԲԸՄիութեան երկարամեայ վարիչ քարտուղար եւ «Նոր Օր»ի նախկին խմբագիրներէն հրապարակագիր Պրն. Սարգիս Մինասեան: Ուշագրաւ յուշերով ելոյթ ունեցաւ Պէյրութէն նոր ժամանած եւ այժմ Հայ Քոյրերու վարժարանի նորանշանակ փոխ-տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, եւ Պրն. Հրաչ Սեփեթճեան: Յաւուր պատշաճի ասմունքով  հանդէս եկաւ Գասպարով հիացած Յովակիմեանցի Աւօ (Աւետիս) Չափարեանը (Պ.Սեւակ, «Մարդ կայ, մարդ էլ կայ»):

«Գասպարը», ինչպէս սովոր էինք զինք կոչել, այդ հաւաքին ներկայ էր ոչ միայն նկարով այլ ամբողջ կեանքով, հերոսական անցեալով, միշտ հանուն մարդկային արդարութեան համար կեանքը նուիրած իր կենդանի ներկայութեամբ:

ԳԱՍՊԱՐԸ Կ’ԱՊՐԻ՛:

 

 

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like