Լրատու, Լոս Անճըլըս, 20 Սեպտեմբեր 2023
Սարգիս Մինասեանի անունը քաջ յայտնի է լիբանանահայութեան՝ իր բազմամեայ նուիրեալ գործունէութեան շնորհիւ: Ան երկարամեայ վարիչ-քարտուղարը եղած է Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին, պաշտօն մը, զոր կատարած է պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ: Երկարամեայ իր նուիրեալ եւ անձնուէր ծառայութեան համար, Սարգիս Մինասեանին երախտապարտ կը մնան տասնեակ մը կազմակերպութիւններ: Ան պարգեւատրուած է «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանով:
17 Սեպտեմբեր 2023-ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ՝ նուիրուած Սարգիս Մինասեանի ազգային-հասարակական գործունէութեան, հայ գիրին եւ հայ լրագրութեան մատուցած բազմամեայ ծառայութեանց, ինչպէս նաեւ վերջերս հրատարակած իր «Լուսարձակ վերջին քառասնամեակի վրայ» հատորին:
Տիկ. Սեւան Տէր Պետրոսեանի hմուտ հանդիսավարութեամբ շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիսութիւնը անցաւ մեծ հետաքրքրութեամբ:
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, Միհրան Թումաճան, Չորք-Մարզպանի հայրենակցական միութեան անունով՝ միութեան վարչութեան ատենապետ Ալիշան Թոփալեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Խաչիկ Ճանոյեան:
Գլխաւոր բանախօսներէն տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեան ներկայացուց «Սարգիս Մինասեան. ազգային-հասարակական գործիչ եւ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի 29 տարուայ վարիչ-տնօրէն» վերնագրով իր սպառիչ խօսքը, որմէ կ’առանձնացնեմ հետեւեալ հատուածը.
– … Հիմա, երբ կը փորձեմ լայն գիծերով բանաձեւել մարդու մը 70 տարիներու վաստակը, խօսիլ անոր ազգային բեղուն եւ արդիւնաշատ գործին, անոր անսակարկ հայրենասիրութեան, Բարեգործականի, Թէքէեանի, ՌԱԿ-ի ուղիներուն անմնացորդ նուիրումին մասին, երբ կը խորհիմ անոր անբասիր բարոյականին, պարկեշտ մարդու տիպարին մասին, երբ կը մտածեմ անոր ներհուն հրապարակագիրի պայծառ ու որոնող մտքին, բծախնդիր գրիչին, դէպքերը դիտելու, կշռելու, ճշմարտութիւնը որոնելու եւ խօսքը փաստացի տուեալներու վրայ հիմնելու անզիջող մօտեցումին մասին …, կ’անդրադառնամ, թէ որքա՜ն իրաւացի էր հայրս, երբ կէս դար առաջ կ’ըսէր. «Սարգիսը քորրեքթ (ուղիղ, ճիշդ) տղայ է»:
Սարգիս Մինասեանը իր աշակերտութենէն ճանչցած եւ հետը գործակցած է Փանոս Թիթիզեան, որու ընդարձակ յօդուածէն հատուած մը ընթերցուեցաւ հանդիսութեան ընթացքին: Կը մէջբերեմ հետեւեալ վկայութիւնը.
– Երկար տարիներու փորձառութենէս ես զինք ճանչցայ որպէս պարկեշտ, ուղղամիտ եւ պարտաճանաչ անհատ: Ազգանուէր ծառայութեանց մէջ սահման չճանչցող գործիչ, վստահութիւն ներշնչող օրինակելի տիպար մը: Ինծի կը մնայ աւելցնել, թէ միութենական եւ կուսակցական աշխատանքներու մէջ վեր կեցաւ ճղճիմ ու մանրուք անհատական եւ խմբակցական կեցուածքէ: Ան առանց վարանելու պիտի յայտնէր իր համոզումները մեր շրջանակները տագնապեցնող հիմնահարցերու պարագային:
Սարգիս Մինասեան
«Լուսարձակ վերջին քառասնամեակի վրայ» հատորը բաղկացած է 355 էջերէ: Անոր մէջ ամփոփուած են 1987-2016 ժամանակաշրջանին հեղինակուած, թուով 135 յօդուածներ: Անոնք դասակարգուած են այս վերնագիրներով գլուխներու մէջ՝ Խմբագրականներ, Ազգային քրոնիկոն, Առաջնորդող յօդուածներ, Շրջանային ու միջազգային քաղաքականութիւն:
Հատորին ներկայացումը կատարեց ուսուցիչ, խմբագիր եւ հրապարակագիր Հրաչ Սեփեթճեան, որուն եզրափակիչ խօսքը կ’արժէ մէջբերել.
– Կը շնորհաւորենք ձեզ ձեր «Լուսարձակ վերջին քառասնամեակին վրայ» հատորին առիթով: Փաստօրէն, դուք նաեւ խմբագիրն էք այս գիրքին: Դուք էք ընտրած, քով-քովի բերած այս նիւթերը. հոն ամփոփած էք նպատակը ձեր աշխատանքին, քառասնամեայ աշխատանքին՝ փոխանցելով երեք բան. լրջութիւն, հայրենասիրութիւն եւ քաղաքական հասունութիւն (ընդգծումը Լրատուինն է): Եւ այս բոլորը՝ գեղեցիկ լեզուով, ճշգրիտ արեւմտահայերէնով:
Նազիկ Գոճայեան ընթերցեց հեղինակին ուշագրաւ յօդուածներէն մէկը՝ «Հայաստանի քաղաքական դիրքորոշումները» (2000), որ իր թարմութիւնն ու այժմէականութիւնը կը պահէ մինչեւ օրս: Անոր անմիջապէս յաջորդեց դոկտ. Մինաս Գոճայեանի կարճ ելոյթը: Ան յատկապէս ընդգծեց Ս. Մինասեանի տիպար արեւմտահայերէնի արժանիքները եւ անոր կողմէ հասարակական-քաղաքական եզրերու հարուստ գործածութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանը: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ իր գնահատականը տուաւ Սարգիս Մինասեանին՝ ըսելով.
– Սարգիս Մինասեան նման է այն սլացիկ բարձրունքին ձգտող լերան, որ յաճախ կը թուի ըլլալ հանդարտ՝ ինչպիսին է հանդարտաբարոյ անձը: Բայց ինչպէս հրաբուխէն լաւան կը ժայթքի, այդպէս ալ Սարգիս Մինասեանի գիրքերն ու յօդուածները լաւան են իր էութեան: Անոնք կը պարփակեն հեղինակին խոհերն ու յոյզերը՝ պատկերուած Մեսրոպեան ոսկեղենիկ բառերով:
Հանդիսութեան երաժշտական բաժինը կը բաղկանար հայկական ժողովրդական եւ դասական երգերէ: Գաղութիս յայտնի երգիչներէն Դաւիթ Սամուէլեան, ընկերակցութեամբ Արամ Լեփեճեանի, հանդէս եկաւ նախ «Հայրենիք», «Սա իմ հայրենիքն է», ապա մեզմէ շատերուս նախնիներու ծննդավայր «Կիլիկիա» երգերով: Ներկաները խանդավառ ծափահարութիւններով յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնը բացառիկ հաղորդականութեամբ յագեցած երգերը ունկնդրելէ ետք:
Երաժշտական բաժինին մէջ գերազանց արհեստավարժութեամբ երկու մեներգով ելոյթ ունեցաւ հայկական եւ օտար շրջանակներու մէջ անուն հանած մեներգչուհի Սիւզի Մազմանեան՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ իր աւագ քրոջ՝ դոկտ. Էլիզապէթ Գայայեանի: Հայրենիքի կարօտն ու շունչը տարածուեցան սրահին մէջ առաջին իսկ վայրկեանէն, երբ անոնք ներկայացուցին Կոմիտասի «Կանչէ՛, կռունկ» եւ «Իմ անուշ հայրենիք» երգերը, որոնք համահունչ էին օրուան մթնոլորտին:
Սրբազան հօր «Պահպանիչ»էն ետք տեղի ունեցաւ հատորի խորհրդանշական գինեձօնը, որուն յաջորդեցին գիրքին մակագրումն ու պատշաճ հիւրասիրութիւնը:
Անվարան կարելի է հաստատել, որ առաջին հայեացքէն երկար թուացող յայտագիրը անցաւ մեծ հետաքրքրութեամբ: Ելոյթները կարճ էին, բովանդակալից եւ ինքնատիպ:
Կը մէջբերեմ Սարգիս Մինասեանի շնորհակալական խօսքէն հատուածներ, որոնք կ’արտացոլեն նաեւ մեր տրամադրութիւնները.
– Հայրենիքի եւ սփիւռքի բոլոր հայերը, անխտիր, մէկդի դնելով իրենց համոզումները, տարակարծութիւններն ու պայքարները, ցուցաբերելու են իրենց հաւաքական նեցուկը Հայաստանին:
– Հայրենիքի թէ սփիւռքի հայերը, անկախ իրենց պատկանելիութենէն, հաւաքաբար թիկունք կանգնելու են դարաւոր Հայաստանի պաշտպանութեան ու տեւականութեան: Այլընտրանք չկայ:
– Եթէ ստեղծագործ մեր նախահայրերուն ժառանգորդներն ենք, պիտի շարունակենք մեր գոյամարտը՝ պատմական մեր հողամասերուն վրայ վերապրելով:
Մահ միացեալ անմահութիւն է:
– Խորին շնորհակալութիւններ գերշ. Յովնան արք. Տէրտէրեանին, Լոս Անճելըսի այլազան վարչութեանց, տիկ. Մայտա Քիւրեճեանին, օրուան բանախօսներ Հրաչ Սեփեթճեանին ու տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանին, գեղարուեստական բաժնի արուստագէտներուն, յայտագրի վարիչ տիկ. Սեւան Տէր Պետրոսեանին, դոկտ. Վաչէ Ղազարեանին՝ հատորին բովանդակութեան վերաբերեալ մասնագիտական իր թելադրութիւններուն համար, կողքի նկարի հեղինակ արուեստագէտ-նկարիչ Ռաֆֆի Հատիտեանին, ձեռագիրներու գրաշարութիւնը կատարած տիկ. Մատլէն Թապագեանին եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի բոլոր անդամներուն: