Աւետեաց Երկիր Սփիւռքը (Բ. Մաս)

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, Ժընեւ, 29 նոյեմբեր 2023

Այս յօդուածին Ա. մասը ընթերցելու համար սեղմեցէք այստեղ:

Առաջին անգամ չէ, որ առկան խռոված էր միտքս եւ յուզած հոգիս։ Փաքիստանցի նպարավաճառին դիտողութիւնը, որքան ալ ըլլար տեղի թէ անտեղի, պարզապէս վերստին կայծ մը տուաւ հսկայ հրդեհին, որ արդէն միշտ մէջս եղած է եւ այսպէս ալ կը մնայ այնքան ատեն, որ գոյութիւն ունի իր աւետեաց երկիր սփիւռքին դատապարտուած սփիւռքահայը։ Սփիւռքահայու գոյութեան եւ ինքնութեան մէկ անբաժան մասը կը կազմէ այդ։ Ծնած ըլլալ օտար երկինքներու տակ՝ կը նշանակէ կուրծքին տակ երկփեղկուած հոգի մը կրել։ Պէտք է, կամայ թէ ակամայ, հաշտուիլ իրավիճակին հետ, ունենալ սփիւռքեան ծննդավայր մը, ապրիլ եւ ստեղծագործել այլ արտերկրի մը մէջ՝ պատկանելով միաժամանակ պատմութեան մը, որ իր զօրեղ արմատներով քեզ հող-հայրենիքիդ կը կապէ, գիտակցութիւնդ եւ էութիւնդ համակ անոր հետ կը նոյնացնէ ու արեանդ ամէն մի ծինը հազարամեակներու խորքէն եկող անոր կանչը կը լսէ։

Սփիւռքահայուն ձեռք բերած բարիքը,‒ որ սփիւռքին ձրիաբար բաշխած նուէրը չէ,‒ բնաւ չէ շլացուցած զինք, այլ ան կարօտաբաղձ հայեացքը միշտ սեւեռած է դէպի իր իսկական հայրենիքը, մինչդեռ այն երկիրը, ուր ան աչքերը լոյսին բացած է, համարած է ընդամէնը իր ծննդավայրը կամ առաւելագոյնը՝ իր երկրորդ հայրենիքը, առաջնահերթութիւնը վերապահելով ընդմիշտ Մայր Հայաստանին՝ համայն հայութեան իրական եւ հոգեւոր հայրենիքին։ Արդարեւ ի զուր չէ, որ անոր «մայր» պատուանունը տրուած է, որովհետեւ ան հայուն համար սոսկ հող ու սահմաններ չէ, այլ մօր մը պէս համակ սէր եւ սրբութիւն է միաժամանակ։

Ինծի երբեմն այնպէս կը թուի, որ ընդհանրապէս հայ ծնիլը եւ նամանաւանդ սփիւռքահայ՝ դիւրին չէ։ Հայրենազուրկ ըլլալը մեզի դարձած է ճակատագիր, զերդ մեր ճակտին գրուած անէծք մը։ Իսկ մեր ամբողջ գոյապայքարը կը կայանայ զայն փոխարկելու կենսառիթ օրհնութեան մը մէջ։ Ամերիկաներու եւ Եւրոպաներու մետաքսեայ հանգստաւէտ բարձերը մեզ չեն հետաքրքրեր։ Ամէն ինչ շահուած է չարաչար աշխատանքով, արդար քիրտով ու վաստակով, Եղեռնի կարմիր անապատներէն եկած մեր հէգ պապերու, Տէր Զորի բիրտ արեւէն խանձած տատերու եւ ծնողաց ստանձնած մեծամեծ զոհողութիւններով։ Մենք տեսած ենք սով ու զրկանք, պառկած ենք գետնախշտի վրանաշէն անհիւրընկալ քաղաքներու տաղաւարներու մութին տակ։ Բայց չենք վհատած, այլ աներկբայ ապաւինած ենք մեր վերապրելու կամքին, քարէն հաց հանելու աշխատասէր ոգիին եւ հաւատացած սեւ ամպերու ետին շառագունող ապագայի վառ արշալոյսներու յաղթանակին։

Ինքնագիտակցութիւնը թելադրած է մեզի հպարտ ըլլալ մեր հայեցի լինելութեամբ ու անքակտելիօրէն կապուիլ մեր եզակի ինքնութեան, մշակոյթին, ազգային հաւաքական պատկանելիութեան, հայերէնին եւ հայրենիքին։ Հայրենակորուստ շատ մը ազգեր՝ ասորիներ, քիւրտեր եւ ասոնց նման շատեր,– եթէ երբեմն ունեցած են հայրենիք մը կամ պիտի ուզէին վերստին տէր դառնալ անոր,– ըղձագին երանի պիտի տային մեզի, որ հակառակ պատմութեան մէջ կրած մեր արհաւիրքներուն, հողային տարածքներու ծանր կորուստին, տակաւին ունինք Հայաստան ձայն գորովագութ եւ ցանկալի անունով երկիր մը, կտոր մը հայրենիք եւ պետութիւն։ Օտար ազգերու եւ արնախում ցեղերու դարաւոր տիրակալութենէ ետք, կրցած ենք վեր բարձրացնել մեր ազգային անկախութեան խորհրդանիշ եռագոյն դրօշը, որուն շուշան հովանիին տակ ներշնչուելու, ստեղծագործելու եւ, ի վերջոյ ամենայնի, վերատիրանալու ապահով ու մարդավայել կեանք մը ապրելու իրաւունքին։

Ազգային իւրաքանչիւր սխրանք, ամէն մի նուաճում եւ յաջողութիւն,– հոս ի՞նչ նշանակութիւն ունի մեծը կամ փոքրը,– անասելի երջանկութեամբ կը համակէ մեզ եւ ուրախութեան առինքնող զգացումով կը պարուրէ մեր հոգին։ Սակայն անոր անկումները, ունեցած ձախողութիւններն ու կրած ծանր կորուստները կը խոցեն մեր սիրտը ու կոտտացող նոր վէրքեր կը բանան անոր վրայ։

Ի դէպ, ի՞նչ կարելի է ըսել հայ ժողովուրդի նորագոյն կորուստներուն՝ Արցախի եւ անոր պաշտպանութեան սիրոյն իրենց գարուն կեանքերը զոհած լոյս մարտիկներու մասին։ Ի հարկէ շատ բան եւ ոչինչ։ Արդարեւ բառերն անզօր են արտայայտելու իւրաքանչիւր հայու ներաշխարհին անվերջ ցաւն ու մորմոքը, որուն իրականացման պատասխանատւութիւնը, անտարակոյս, ամէնքս կը կրենք։ Լացն ու ողբը, մեր գլխուն վրայ մոխիր ցանելն ու յետողորմեայի գալը ոչինչ կ’օգտեն. զգաստանա՛լ է պէտք։ Ձախողեցանք ազգովին՝ պետութեամբ, իշխանութեամբ, քաղաքական կուսակցութիւններով, եկեղեցիներով ու կղերով, հայրենիքով եւ սփիւռքով, մեծով ու փոքրով, իսկ հիմա զգաստանա՛լ է պէտք։

Չնախապատրաստուեցանք դիմագրաւելու համար աշխարհաքաղաքական պայթիւնավտանգ վերիվայրումներու յղած մարտահրաւէրները, որոնց ոտնաձայնը անշուշտ կը լսէինք։ Չարութեան անիւը կը պտըտէր եւ իր մահասփիւռ սուր խոփով մեզմէ ոչ հեռու երկրագունդի երեսը կը պատռէր՝ հետզհետէ ուղղելով իր կործանարար ընթացքը նաեւ մեզի դէմ։ Վտանգը չկրցանք կանխարգիլել, երբ գիտէինք, որ մեր հարեւան թշնամին երկտասնամեակէ մը աւելի մինչեւ իր ատամները կը սպառազինուէր, իրեն համախոհ դաշնակիցներ կը շահէր, մամոնային ուժով լրատուական միջազգային հարթակներ կը ներթափանցէր եւ մեր յառաջիկայ տալիք բիւրաւոր զոհերուն եղերերգը կը հիւսէր։ Արդեօ՞ք քիչ էին Հայաստանի նախկին եւ ներկայ իշխանութիւններու երեսին անոր նետած լկտի սպառնալիքները, որոնք յստակ յարացոյցներ էին անոր զաւթիչ ու ծաւալապաշտ նկրտումներուն։ Ան անհամբեր կը սպասէր նախապէս մշակած իր ռազմական գործողութիւնները կենսագործելու պատեհառիթ ազդանշանի մը, որ ժամանակը իրեն պիտի մատուցէր ոսկեայ սկուտեղի մը վրայ։

Իսկ այդ մէկը շատ չուշացաւ՝ ազգերու եռուզեռը անդամալուծող պսակաձեւ ժահրին համավարակով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն ժխորով եւ Ուքրաինայի դէմ Ռուսիոյ սանձազերծած պատերազմին աղէտով։ Գերհզօր երկիրներու ղեկավարներ տեղի կամ անտեղի պատասխանատու ելոյթներ կ’ունենային՝ ըսելով, թէ ազգերու միջեւ հողային տարածքներ ու սահմաններ պիտի փոխուին, որոնք սովորաբար կ’իրագործուին բիրտ ուժի կիրառումով։ Աշխարհաքաղաքական արագընթաց զարգացումներ նմանապէս կ’ահազանգէին կենսագործուելիք մութ ծրագրերու մասին։ Մեր հարեւան թշնամին երկարաժամկէտ նախագիծներ մշակելով նախապատրաստուեր էր ասոր, մինչդեռ մենք չըրինք եւ չկրցանք ընել, չուզեցինք եւ ոչինչ եղաւ։ Նայեցանք եւ տեսնել չուզեցինք, իսկ երբ տեսանք, թշնամին ոչ թէ ի դռունս էր, այլ խուժած էր մեր հայրենիքի պարիսպներէն ներս՝ սփռելու մահ ու աւեր եւ խլելու այն, որ ոչ թէ աւար, այլ դարերէ ի վեր իր սեփականը կը սեպէր։ Այսօր Արեւմուտքը բարձրագոչ կը խօսի հակասեմականութեան (անթիսեմիթիզմ) մասին. արդեօք մեզմէ բացի «արմենոֆոպիա»-ի մասին ուրիշ խօսողներ ալ կա՞ն։

Ունենալ պատմամշակութային հարուստ աւանդ մը, անտարակոյս, իւրաքանչիւր ժողովուրդի գերազանց ձեռքբերումներէն մին պէտք է նկատել, նաեւ իր ստեղծագործած բարձր քաղաքակրթութեան վկայագիրը, որով ան ատակ կը դառնայ իր պայծառ ինքնութեամբ հպարտօրէն ներկայանալու ազգերու ընտանիքին։ Սակայն նոյն այդ անձնագիրը, այլապէս իր պատմամշակութային հարուստ ժառանգութիւնը թշնամիին աւարառու հարուածներէն պաշտպանելը նմանապէս այդ ազգի գերունակ արժանիքներէն եւ սեպուհ պարտականութիւններէն պէտք է համարել։ Ստեղծագործածդ մարդկութեան ընդհանուր բարիքին ընծայելը առաքինութիւն է։ Բայց թոյլ տալ, որ զայն վայրենաբարոյ ջոլիրը կողոպուտի եւ փճացումի առարկայ դարձնէ, ոչ միայն հաւաքական անտարբերութեան, անպատասխանատւութեան եւ անձեռնհասութեան ապացոյց է, այլեւ յանցագործութիւն մըն է սեփական ժողովուրդին հանդէպ։

Միշտ ալ ըսուած է՝ պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցը նախայարձակ ըլլալն է։ Գոյութեանդ սպառնացող վտանգը տակաւին իր սաղմին մէջ խեղդելն է։ Պատմահայր Խորենացին տակաւին Ե. դարուն որքան դիպուկ եւ միանգամայն ճիշդ բնորոշած է նաեւ մեր ու գալիք ժամանակներուն համար ըսուած կարգախօսը՝ «Սահմանք քաջաց՝ զէնն իւրեանց, որքան հատանէ՝ այնքան ունի» (քաջերու սահմանը իրենց զէնքն է, որքան կը կտրէ, այնքան կը տիրէ)։ Արդարեւ ուժը կ’որոշէ ամէն ինչ, նաեւ իրաւունքը։ Եթէ երբեք ազգովին իւրացնէինք այս իրապաշտութիւնը եւ կարենայինք իրագործել զայն, մեր կեդրոնախոյս ձգտումները եւ աքիլլէսեան խոցելի գարշապարը հանդիսացող անմիաբանութիւնը թօթափէինք մեր ազգային ծիներէն, թերեւս մեզի խնայուած պիտի ըլլար այս նորագոյն չարիքը՝ հողային տարածքներու, պատմամշակութային անգնահատելի ժառանգութեան եւ լոյս սերունդի մը անդառնալի կորուստը։

Սակայն ժամանակի տեւողութեան մէջ ի՞նչն է անփոփոխ, մնայուն եւ յաւիտեան։ Ամէն ինչ կու գայ եւ կ’անցնի, լաւ ու ձախորդ օրերը նաեւ։ Ազգեր կու գան, գերտէրութիւններ կը բարձրանան ու կ’իյնան։ Պատմութի՛ւնը վկայ։ Խնդիրը ժամանակի քայքայումին եւ բնութեան տարրալուծող ուժերուն դէմ դիմանալն է՝ պահպանելով ազգին հայեցի ինքնութիւնը, չկտրուելով պատմական յիշողութենէն՝ արդիւնաւորել ներկան, եւ մշակել ապագային հանդէպ հեռահար ծրագրերու նպատակային արեւելում մը։

Այն, ինչ որ ըրիր, արդէն եղած է, այն, ինչ որ գնաց, արդէն գացած է: Կեանքի լաւագոյն դասերէն մէկը սորվիլն է, թէ ինչպէ՛ս չմատնուիլ անշարժութեան, այլ ընդհակառակը շարունակել յառաջ ընթանալ։ Լաւ է յետադարձ հայեացք նետել անցեալի յիշողութիւններուն վրայ, բայց երբեք թոյլ չտալ, որ անոնք արգելք հանդիսանան մեր ազգային յառաջընթացին։ Հետեւաբար, ծանր հարուածներէն պէտք չէ ընկճուիլ, ընդհակառակը՝ պէտք է առաւել եւս զօրանալ։ Սայթաքումներէն պէտք չէ վհատիլ, այլ պէտք է սորվիլ։ Գոյութեանդ սպառնացող վտանգին առջեւ պէտք չէ անճրկիլ, այլ պէտք է զայն քաջաբար դիմագրաւել։ Որքան ալ բիրտ ըլլան ժամանակին եւ պարագաներուն բերած վերիվայրումները, պէտք է հաւատալ հայ ցեղի վերապրելու ուժին եւ հայ ժողովուրդի դարէ ի դար մղած գոյապայքարներու յաղթանակին՝ կեանքին հանդէպ անոր սրբազան պաշտամունքին։

Յաւարտ բանիս՝ պիտի չուզէի սխալ մեկնաբանուիլ։ Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ մարդու իրաւունքն է որոշել, թէ իր կեանքի պայմանները արդեօ՞ք կը թոյլատրեն հայրենադարձութեամբ մնայուն բնակութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ։ Ներկայ իրավիճակը ցոյց կու տայ, սակայն, որ սփիւռքահայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը դժուար թէ լուրջ քայլերու ձեռնարկէ հայրենադարձութեան ուղղութեամբ։ Սա պահուն այնպէս կը թուի, որ հայրենի իշխանութիւններուն համար հոն եղածը պահելը արդէն իսկ քաղա­քական եւ տնտեսական ահագին մարտահրաւէր մըն է։ Թէպէտ պէտք է խոստովանիլ, որ «Հայաստան» հիմնադրամի գանձանակին մէջ քանի մը լումայ նետելով կամ զբօսաշրջիկի մը տրամադրութեամբ տարին մէկ-երկու անգամ Հայաստան այցելելով ո՛չ ճշմարիտ հայրենասիրութիւն եւ ո՛չ ալ ազգասիրութիւն կ’ըլլայ։ Ասով հանդերձ, ինքզինքիս երբեք իրաւունք չեմ կրնար վերապահել որեւէ մէկուն հրաւէր կարդալու, թէ պէտք է մնայուն կերպով Հայաստան երթայ կամ ոչ։ Առկան յաւակնութիւն ալ չունի սփիւռքահայ մարդու ներաշխարհին ազնիւ, անկեղծ, ջերմ եւ հայաշունչ ապրումները, այլապէս ասոնց զուգահեռ մակերեսային հակասութիւնները փորձարկելու։ Այստեղ «ինչու»-ներուն եւ «ինչպէս»-ներուն պատասխաններ գտնելը ամենեւին էական չէ, այլ պարզապէս որոշակի փաստեր նշելով՝ ցոյց տալ ընդհանրապէս մեր հայ կեանքին հետ ուղղակիօրէն առնչուող իրավիճակ մը, զոր դատել միանգամայն իմ իրաւասութիւնը չէ։

Պատմութեան մէջ շատ ժողովուրդներ, մեծաթիւ թէ փոքրաթիւ ազգեր ծանր պարտութիւններ կրած են, ընդհուպ մինչեւ իրենց շէն քաղաքները ենթարկուած են հիմնայատակ կործանումի։ Բայց անոնք հաւաքական կամք դրսեւորելով եւ նորը արարելու վճռակամ աշխատանքով վերստին յառնած՝ կրցած են նոյնիսկ կառուցել աւելի գեղեցիկը եւ կերտել իրենց յառաջադէմ երկիրները։ Փոքր ազգեր յաջողած են ամենայն հիացմունքի արժանի յաղթապանծ դիմադրութիւն ցուցաբերել իրենցմէ գերհզօր տիրակալութիւններու եւ անոնց զօրաբանակներուն դէմ։ Արդարեւ, հայոց պատմութեան մէջ պակաս չեն եղած հերոսական բազմաթիւ համանման օրինակներ եւ սխրագործութեանց եզակի իրադարձութիւններու ժամանակագրութիւններ։

Աներկբայ հաւատալ է պէտք, որ մեր հայրենիքը նորէն կը դառնայ հզօր եւ բարգաւաճ երկիր մը։ Հաւատալ է պէտք, որ մեր հնարաւորութիւնները տակաւին սպառած չեն։ Մեր առջեւ կը գտնուի ներկան, առաւել եւս՝ ապագան։ Իւրաքանչիւր հայու ստանձնած անձնական եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի հաւաքական յանձնառութենէն կախուած է հայրենիքին քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ հասարակական կեանքին բարգաւաճումը։ Մայր Հայաստանը վերստի՛ն ոտքի կը կանգնի եւ մայրական գորովա­գութ եւ խանդակաթ սիրով իր ծոցը կը հրաւիրէ սփիւռքի օտարաշունչ հողմերուն յանձնուած իր սիրասուն զաւակները։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

Կապհարնաում

Ռուբէն Յովակիմեան, Սեն Ռաֆայել (Ֆրանսիա), 12 նոյեմբեր 2022 «Կրօնի ազատութիւնը ստրկացման ազատութիւն է, մանուկներուն ուղեղները լուալու ազատութիւնը՝ մարդկութեան…
Read More