Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, Ժընեւ, 29 նոյեմբեր 2023
Ժընեւի գլխաւոր կայարանին մօտակայքը՝ Rue de Fribourg թաղին մէջ կը գտնուի նպարեղէնի խանութ մը, ուր սովորութիւն ըրած եմ ատենը մէյ մը այցելել, յատկապէս երբ տանս խոհանոցին մէջ կը պակսին արեւելեան մեր կերակրատեսակներու պատրաստութեան համար անհրաժեշտ մթերքը եւ անոնց համ ու հոտ տուող համեմները։ Նպարավաճառը՝ Ֆարուք, փաքիստանցի միջին տարիքի տէր զուարճախօս եւ յաճախ զարմանալիօրէն սրամիտ անձ մըն է, որ յաջողած է իր այդ փոքր խանութի տարածքին մէջ ճարտարօրէն հսկայ լեռան մը չափ արեւելեան բազմատեսակ ուտեստեղէն ամբարել։ Թերեւս հիանալին ոչ այնքան այդ փոքր տարածքը աշխարհի բոլոր անկիւններէն ներածուած մթերքով դիզելն է, այլ ստոյգ իմանալը, թէ սննթամթերքի այդ անհամար փաթեթներուն, տուփեղէններուն, պահածոներուն, ապակեղէններուն եւ խոշոր պարկերուն մէջ ո՛ւր կը գտնուի ամենագնձոտ համեմէն մինչեւ ամէնօրեայ պահանջարկ ունեցող ուտելիքը։
Այդ օր եկած էի բրինձ, լիբանանեան հաց եւ կարմիր պղպեղ գնելու։ Լիբանանեան հացին տեղը գիտէի, բայց նկատեցի, որ խանութին մուտքէն դէպի վճարման դրամարկղը տանող նեղլիկ միջանցքին մէջ ճիշդ իմ ուզած հացի իրար վրայ շարուած տասնեակէ մը աւելի տուփեր կային։ Դիմեցի Ֆարուքին՝ հարցնելով.
‒ Արդեօք երբուընէ՞ են հացերը։
‒ Անցեալ տարուընէ,‒ պատասխանեց Ֆարուք՝ իրեն յատուկ զուարճախօսութեան արուեստով։‒ Չե՞ս զգար ջերմութիւնը, միթէ չե՞ս առներ բոյրը, տակաւին նոր ստացած եմ,‒ կարծես անտեղի հարցումէս դժգոհելով ըսաւ ան։
‒ Շատ բարի,‒ ըսի եւ տուփերէն հացի քանի մը տոպրակ առանձնացնելով՝ ապահով դրի վճարման դրամարկղին մօտ՝ սեղանին վրայ։
‒ Բրինձ ունի՞ս, Ֆարուք,‒ կրկին դիմեցի,‒ հաճիս ինծի լաւագոյն բրինձը տուր։
‒ Լաւագոյն բրինձ գոյութիւն չունի, պարո՛ն,‒ պատասխանեց Ֆարուք՝ չարաճճի ժպիտ մը ուրուագծելով դէմքին վրայ։
‒ Ինչպէ՞ս թէ,‒ հակաճառեցի ես,‒ զորօրինակ՝ պարսկական «պասմաթին», որ աշխարհի լաւագոյն որակ ունեցող բրինձներէն կը համարուի։
‒ Լաւագոյն բրինձ գոյութիւն չունի ըսի ձեզի, պարո՛ն, որովհետեւ բրինձին լաւագոյն որակը եփողէն կախում ունի եւ ոչ թէ բրինձէն։
Խնդուքս չէի կրնար զսպել փաքիստանցի այս պարզ մարդուն սրամտութենէն։ Արդարեւ, իրաւունք ունէր ան։ Փաստօրէն ի՞նչ կապ ունի սննդամթերքին որակը, երբ եփողը ձախորդ է, ու կրնայ լաւագոյն բրինձը անհամ ու անհրապոյր, չըսելու համար անճաշակելի շիլափլաւի վերածել։
‒ Արդեօք կարմիր պղպեղ ալ ունի՞ս,‒ դիմեցի իրեն,‒ կծուն պիտի խնդրէի, եթէ կարելի է։
‒ Ի հարկէ ունիմ,‒ պատասխանեց ան ու ցուցամատը ուղղեց քայլ մը անդին գտնուող բարձրահասակ պահարանի մը մէջտեղի դարակներէն մէկուն մէջ իրարու վրայ շարուած փլասթիքէ փաթեթներուն։
‒ Ո՞ւրկէ կու գան,‒ հարցուցի իրեն։
‒ Խանութէն,‒ կտրուկ պատասխանեց ան՝ դէմքին տալով նոյն կատակաժպիտ տեսքը։
‒ Շա՛տ բարի, կատակը մէկդի, ըսել կ’ուզեմ ո՞ր երկրէն՝ Լիբանանէ՞ն, Սուրիայէ՞ն, թէ՞ Թուրքիայէն։
‒ Ո՛չ Լիբանանէն եւ ո՛չ ալ Սուրիայէն։ Գիտեմ, որ դուն թրքական ապրանք չես գներ։ Բարեբախտաբար հնդկափաքիստանեան պղպեղ է եւ արտակարգ կծու։
‒ Գիտե՞ս, Ֆարուք, ատենին տարին մէկ-երկու Լիբանան կ’երթայինք եւ արեւելեան մեր քիմքին սովոր Հալէպի կամ Այնճարի լաւագոյն պղպեղը կը բերէինք։ Հիմա այդ բոլորէն զրկուեցանք։ Երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական անկայունութեան պատճառով այսուհետեւ ո՛չ երթալու եւ ո՛չ ալ այդտեղէն ուտեստ բերելու տրամադրութիւն կայ։
‒ Յանցաւորը դո՛ւք էք,‒ պարսաւալից ըսաւ Ֆարուք։‒ Երբ ձեր երկիրը, հողը ու տունը կը ձգէք եւ կը հեռանաք՝ յօժարակամ օտարանալու Եւրոպայի այս ափերուն, ուրիշը կը տիրանայ անոր, իսկ դուք ձեր հողին ու ջուրին բարիքը կը խնդրէք անկէ, որ երբեմն ձե՛րն էր, բայց հիմա ուրիշը տիրացած է անոր։
Յաճախորդներ, որոնք արդէն խանութն էին, իսկ ուրիշներ յաջորդաբար դռնէն ներս կը մտնէին, այնուհետեւ անկարելի դարձուցին շարունակելու այս զրոյցը, որ գուցէ կրնար աւելի հետաքրքրական դառնալ՝ իմանալով բուն շարժառիթը Ֆարուքի կարօտաբաղձ յայտարարութեան։ Արդեօ՞ք դժգոհ էր ան Ժընեւի նման գեղեցիկ քաղաք մը հաստատուած ըլլալուն համար։ Դժուարութիւննե՞ր ունէր իր ընտանեկան կեանքին կամ գործին մէջ, թէ՞ իր յաճախորդներուն մեծ մասը, որոնք Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն արտագաղթած ապաստանեալներ էին, մերթ ընդ մերթ իրենց հոգիին տուայտանքն ու ներքին խռովքը կը վստահէին անոր։
Համեմատելով այլ երկիրներու հետ՝ անշուշտ Զուիցերիա լաւ երկիր մըն էր, սակայն դրախտ մը չէր։ Յատկապէս այն մարդոց համար, որոնք արմատախիլ դարձած էին իրենց հայրենի հողէն, կտրուած էին իրենց ինքնութենէն, պատմութենէն, սեփական մշակոյթէն եւ ազգային սովորութիւններէն, սկիզբէն նոր կեանք մը սկսելու դժուարին եւ բազմատեսակ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուէին։ Փաստօրէն իրենց կեանքը վերջացած էր այն երկիրին մէջ, ուրկէ պատերազմներու բերումով, քաղաքական թէ տնտեսական պատճառներով ստիպողաբար հեռացած էին, իսկ հոս հիմա սկսած էր նորը՝ բոլորովին անորոշ հեռանկարով։ Կ’երեւի մարդկային գոյութեան համար ծանրագոյն երեւոյթներն մէկն ալ անորոշութիւնն է։
Բայց ինչո՞ւ այդ պարսաւանքը ինծի ուղղեց Ֆարուք։ Դժուար թէ ան տեղեակ ըլլար հայկական ինքնութեանս։ Գիտէր այդչափ, որ Լիբանանէն եկած եմ եւ թերեւս ալ լիբանանցի արաբ մը կը կարծէր զիս։ Սակայն եթէ իմանար իսկ, ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ընէր, երբ, փաստօրէն, ես ալ հեռացած կրնամ սեպուիլ իմ հայրենի բնօրրանէն, թէպէտ ոչ-յօժարակամ, միանշանակ՝ ակամայ, ըլլալով ժառանգորդը ժողովուրդի մը, որ ցեղասպանուած է, դարձած է հայրենազուրկ եւ վտարանդի իր պապենական հինաւուրց հողերէն։
Ուրկէ՞ Ֆարուք դոյզն պատկերացում մը պիտի ունենար հայ սփիւռքի մասին, որ տակաւին սկիզբ առած էր Վաղ միջնադարուն եւ աւելի լայն ծաւալ ստացած Բարձր միջնադարուն, նամանաւանդ Բագրատունեաց քաղաքամայր Անիի կործանումէն, ապա, աւելի ուշ, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան անկումէն ետք, երբ բազմաթիւ հայեր պանդուխտի ցուպը առնելով իրենց ձեռքին՝ առագաստ բացած են դէպի պալքանեան երկիրներ, Ղրիմ եւ մինչեւ Լեհաստանի զանազան քաղաքներ, ուր ձեւաւորած են գաղթավայրեր, ծաղկեցուցած առեւտրական կեդրոններ, կառուցած ապարանքներ, բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ վանքեր։ Մայր երկիրը լքած՝ օտար երկինքի տակ իր հանգիստը փնտռած է հայ ժողովուրդի զգալի հատուածը, պատմութեան հոլովոյթին մէջ շարունակ ստեղծելով նոր գաղթավայրեր աշխարհի չորս ծագերուն։ Ի դէպ, պէտք է խոստովանիլ, որ հայոց մօտ այս երեւոյթը ոչ անպայման արտագաղթելու յօժարակամ տրամադրութիւն մը եղած է, այլ առաւել եւս պայմանաւորուած է Հայաստանի մէջ օտար տիրակալութիւններու հետեւանքով հայկական թագաւորութեանց բարձումով, պետականութեան կորուստով, ասպատակումներով, գերեվարումներով եւ նախճիր-եղեռններով։ Ապահով կեանք եւ խաղաղ երդիք մը գտնելու հեռանկարով հայը հեռացած է իր հողէն՝ զայն զիջելով Միջին Ասիոյ խորքերէն իր հազարամեակներու տարածքը ներխուժած թրքական քոչուոր ցեղերուն։
Ծնած եւ հասակ առած ըլլալով հայրենի բնաշխարհէն դուրս՝ սփիւռքի անծայր երկինքին տակ, ի վերջոյ ինծի համար էական տարբերութիւն մը պիտի չընէր, եթէ ապրէի իմ ծննդավայր Լիբանանի, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն որեւէ մէկուն, Աւստրալիոյ, Հիւսիսային թէ Հարաւային Ամերիկաներու, Ափրիկէի թէ Եւրոպայի մէջ, երբ ասոնցմէ ոչ մէկը իմ բուն հայրենիքը կրնար համարուիլ, այն երկիրը, ուր իմ հայրերը կ’ապրէին եւ զայն իբրեւ սրբազան աւանդ ձգած էին իրենց հայկազուն սերունդին։
Արդեօ՞ք սփիւռքը սփիւռքահայուն տեսակ մը հայրենիքը դարձած է. դժուար է ըսել։ Սփիւռքահայ բառակապակցութիւնը կապ մը ունի՞ իրողութիւն մը դրսեւորող այս ըմբռնումին հետ։ Հարկ է զայն խորքային վերլուծումներու ենթարկել իր բովանդակ եւ կնճռոտ երեսակներով։ Վերջը ի՞նչ պիտի տայ վերլուծումներու արդիւնքը, երբ փաստը կը մնայ փաստ, որ հայ ես ծագումով, բայց կ’ապրիս հայրենի բնօրրանէդ դուրս՝ օտար երկինքներու տակ, այլացեղ ժողովուրդներու, մշակոյթներու, կրօններու եւ դաւանանքներու միջավայրին մէջ։ Թէպէտ այսօր որոշ երկիրներու մէջ հայրենիք հասկացութիւնն ալ տարբեր կը մեկնաբանուի, քանի ընկերային կեանքը հոն նոր ընթացք մը առած է՝ կազմելով բազմազգ եւ բազմամշակութային հասարակութիւն մը։ Այսուհանդերձ կարելի՞ է ըսել, թէ հարիւր տոկոսով սփիւռքահայ մըն եմ։ Այսինքն ինքնութեամբ հայ, միաժամանակ հարիւր տոկոսով լիբանանցի, սուրիացի, ամերիկացի կամ ֆրանսացի, ինչպէս ատենին դիպուկ ձեւակերպած էր մեր աշխարհահռչակ երգիչը՝ Շարլ Ազնաւուր։ Այս պարագային կարելի՞ է նաեւ հաշտարար լուծում մը առաջարկել՝ ըսելով, թէ վերոգրեալ երկիրներէն որեւէ մէկը, ուր ծնած եմ ու կ’ապրիմ հիմա, այլապէս այդ երկիրներէն մէկուն կամ միւսին քաղաքացիութիւնն ալ կը կրեմ, հարիւր տոկոսով կրնայ նոյնքան իմ հայրենիքը նկատուիլ, ինչպէս հարիւր տոկոսով միաժամանակ Հայաստանն է իմ հայրենիքը։
Իրականութեան բաժին մը ըլլալու է ըսուածին մէջ։ Բայց հարցը միեւնոյնն է եւ կը մնայ առեղծուածային։ Ինչո՞ւ չենք ապրիր մեր հայրենի բնօրրանին մէջ, մեր պապենական հողերուն վրայ, ուր մեր ցեղին արմատներն են եղած, մեր պապ ու պապերն են ապրած եւ ստեղծագործած։ Այդ հայրենիքը, որ հազարամեակներով մե՛րն էր եղած, աւա՜ղ, բռնազաւթուած է Միջին Ասիոյ խորքերէն եկած Օղուզ ցեղախումբի եւ Օսմանի բարբարոս ժառանգորդներուն կողմէ։ Անոնք մեզ դարձուցին հայրենազուրկ, բնիկը՝ քոչուոր, մահու, աքսորներու, արիւնալի անվերջ կոտորածներու եւ ցեղասպանական բազմաթիւ բռնարարքներու իրագործումով։ Մեր ներաշխարհը մեզի կը թելադրէ, թէ մե՛րն է այդ հայրենիքը՝ Արեւմտահայաստանը, որ հայն է անոր միակ ու ճշմարիտ իրաւատէրը։
Միւս կողմէ մեր գիտակցութիւնը իրատեսութեան դառն հրաւէր կը կարդայ մեզի՝ պարզելով, որ այսօր այդ հողերուն վրայ իրենց թուային քանակով մեզ գերաշռող միլիոնաւոր թուրք ու քիւրտ այլազգիներ կ’ապրին, որոնք նոյնքան ամուր կապերով մեր դրախտավայր երկիրը իրենց պապերէն ժառանգ ստացուած հայրենիքը կը համարեն։ Արդեօք ո՞ր քիւրտ գիւղացին արիւն պիտի չթափէ այն արտին համար, որ այսօր ինք կը հերկէ ու անոր բարիքը կը վայելէ՝ եթէ պնդես, թէ այդ եղած է պապիս սեփականութիւնը եւ փորձես զայն խլել իրմէ։ Նմանապէս ո՞ր թուրքը ոճիր պիտի չգործէ,‒ միեւնոյնն է՝ որքան ալ քաղաքակիրթ թուի ան կամ պատկանի յառաջդիմական, ընկերվարական կոչուող այս կամ այն կուսակցութեան,‒ երբ ըսես՝ նստած տունդ պատմականօրէն իմս է, վե՛ր կաց, ե՛ս պիտի ապրիմ հոն։ Արդեօ՞ք գորշ գայլերու արիւնկզակ բնազդը իսկոյն պիտի չզարթնի իր մէջ։ Գաղափարախօսական կամ կուսակցական ինչ հոսանքէ ալ իշխանութեան գլուխ եկած ըլլայ թրքական պետութեան օրուան առաջնորդը, այս կամ այն նախագահը, նախարարը, թէկուզ պետական համեստ պաշտօնեան, հայուն երբեք պիտի չըսէ՝ նոյն գաղափարները կրողն ենք, հետեւաբար ճանչնալով պապերուս հայոց դէմ իրագործած ցեղասպանութիւնը՝ քեզի կը վերադարձնեմ պատմական հայրենիքդ, եկո՛ւր եւ վերցո՛ւր զայն՝ Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան, քաղաքամայրդ՝ Անին, եւ ազգային գոյութեանդ մեծագոյն խորհրդանիշ Արարատդ վեհափառ։ Ան ոչ իսկ պիտի առաջարկէ՝ ըսելով, եկո՛ւր, հայրենակի՛ց, վերստին միասին ապրինք այս հողին վրայ, որ երբեմն բացառապէս ձերն էր, բայց հիմա նաեւ մե՛րն է ան։ Եկէ՛ք եւ եղբայրական խաղաղ համակեցութեամբ միասին ստեղծագործենք ու միասնաբար շահինք մեր կեանքը։ «Արեւելեան Անատոլու»-ի վրայէն հանենք Թուրքիան եւ փոխարինելով վերանուանենք Արեւմտեան Հայաստան։ Անուրջներ են լոկ եւ շատ գեղեցիկ գաղափարներ՝ իրական ըլլալու համար։ Կայ հինէն աւանդուած կարգախօս մը, թէ «հողը միայն արիւնով կ’առնեն», զայն կը վերաբնակեցնեն ու սիրելով կը պահեն։
Հաշտուիլ այս կացութեան հետ, ընդունիլ մաղձոտ իրականութիւնը եւ դադրիլ պահանջատէր ըլլալէ՝ անկարելի՛ է։ Հրաժարիլ այս ամէնէն, անձնատուր ըլլալու, անցեալէդ պարպուելու, ինքնութենէդ սնանկանալու եւ արժանապատուութիւնդ բռնաբարած ըլլալու գիտակցութեանդ վրայ այրող զգացում կ’առթէ։ Ստոյգ կը դադրիս մարդ արժէք ըլլալէ, կը փոքրանաս, կը նուաստանաս նախ անձիդ առջեւ, ապա, ձեւով մը, շրջապատիդ մէջ։ Այսպէս, սփիւռքահայու այս երկընտրանքին մատնուած ենք, սակայն առանց ընտրել կարենալու ո՛չ մին եւ ո՛չ միւսը։ Ահա ա՛յս է մեր ճակատագիրը։
(Շարունակելի)