Աքիլլէսեան մեր խոցելի գարշապարը

French Dassault Rafale fighter jets land at Ovda Air Base in southern Israel, ahead of the Blue Flag exercise in October 2021. (Israel Defense Forces) The Times of Israel

Դոկտ Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Զուիցերիա, 19 Հոկտեմբեր 2021

Նոյն հեղինակի գրիչէն՝ Արդեօք ՏԱԿԱՒԻՆ կարելի՞ է փրկել եկեղեցին

«Բոլոր ժամանակներու ամենամեծ օդային զօրավարժութիւնները – Օդային ուժերու երկշաբաթեայ ռազմավարժութիւններ եօթը երկիրներու մասնակ­ցու­թեամբ»։ Հրէական լրատուամիջոցներ այս եւ նման խորագրերով կը հա­ղորդեն հրէա­կան պետութեան հիմնադրումէն ի վեր ամենամեծ ու ժամանա­կակից այն օդային զօրավարժութիւններուն մասին, որոնք մեկնարկած են անցեալ Կի­րակի՝ 17 Հոկտեմբեր 2021-էն սկսեալ։ Արդարեւ, Իսրայէլ այս զօ­րավարժու­թիւնները երկու շաբաթ տեւողութեամբ կ’իրականացնէ եօթը բա­րեկամ եր­կիր­­ներու ռազմական լաւագոյն օդաչուներուն հետ, որոնք ժամա­նած են Գեր­մանիայէն, Իտալիայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Հնդկաստա­նէն, Յունաս­տա­նէն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։

«Կ’ապրինք շատ բարդ տարածաշրջանի մը մէջ, ուր Իսրայէլի պետութեան համար վտանգները Կազայի հատուածէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն օր ըստ օրէ աւելի սպառնալից կը դառնան», ըսած է Իսրայէլի ռազմօդային ուժերու հրամանա­տար գեներալ-մայոր Ամիկամ Նորկինը՝ զօրավարժութիւն­ները մեկնարկելէ առաջ։ Ան յատկապէս շեշտած է, թէ «Ներկայ իրավիճակին մէջ միջազգային այս զօրավարժութիւն­ներուն իրականացումը,– պահպանե­լով հանդերձ մեր գաղտնի եւ ռազմական ազդու գործողութիւնները բոլոր ճա­կատներուն վրայ,– ունի ռազմավարական գերակայ նշանակութիւն եւ լայն ազ­դեցութիւն մը Իսրայէլի ռազմօդային ուժերուն, ընդհանրապէս Իսրայէլի զինուժին եւ Իսրա­յէլի պետութեան վրայ»։

Սոյն զօրավարժութիւններուն նպատակն է,– յայտարարած է Իսրայէլի ռազ­մօդային ուժերու հրամանատարութիւնը,– ամրապնդել միջազգային ռազ­մա­վարական համագործակցութիւն՝ միասնաբար իւրացնելով չորրորդ եւ հին­գերորդ սերունդի ռազմական օդանաւերու եւ գերժամանակակից ճար­տա­րարուեստի ներգրաւումը, իրագործելու համար համատեղ ռազմավարական թռիչքներ տարբեր սպառնալիքներու դէմ։

Գեներալ-մայոր Ամիկամ Նորկինը սոյն զօրավարժութիւնները որակած է որպէս «բեկում» մը արհեստագիտութեան, վերապատրաստութեան բարձր որակի եւ մասնակից երկիրներու թուաքանակին առումով։ Երկշաբաթեայ զօ­րավարժութիւններուն ընթացքին մասնակից օդային ուժերը պիտի իրա­կանացնեն նախ բացառապէս օդային, ապա միաժամանակ օդային եւ ռազ­մադաշտային մարտեր՝ նկատի ունենալով յաղթահարելու երկրէն դէպի եր­կինք արձակուող գերարդիական հրթիռներու վտանգը եւ թշնամիի տարած­քին մէջ հնարաւոր հակահարուածներ դիմագրաւելու կարելիութիւնները։

An Israeli F-15 fighter jet is seen in the skies over Israel, ahead of the Blue Flag exercise in October 2021. (Israel Defense Forces – The Times of Israel)

Համաձայն հրէական մամուլի հաղորդած տեղեկութիւններուն, Իսրայէլի ռազ­­մօդային ուժերը երկու տարին անգամ մը նման զօրավարժութիւններ կը կատարեն՝ զգաստ պահելու համար իրենց մարտունակութիւնը, փորձար­կե­լու համար տեղական եւ միջազգային մակարդակով ձեռք բերուած արհես­տա­գիտու­թեան նորագոյն նուաճումները, նաեւ, ամենակարեւորը, հնարա­ւո­րութիւննե­րուն առաւելագոյն չափով պաշտպանուած պահելու համար Իս­րա­յէլի պե­տութեան օդային տարածքը։

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին հայ զինուորը, ի տես համայն աշխարհին, ցոյց տուաւ օրինակելի մարտունակութիւն մը, քաջութեան եւ անձ­­նազոհու­թեան գերազանց ոգիի մը դրսեւորման վկայութիւնը, յաջո­ղա­պէս պաշտ­պանելով Մռաւեան լեռներէն մինչեւ Արաքս գետ երկարող ռազմա­ճակա­տային գիծը։ Սակայն պարզուեցաւ, որ դժբախտաբար մեր երկինքն էր ան­պաշտպան։ Աքիլլէսեան մեր խոցելի գարշապարը դարձաւ ան, որուն գլխա­ւոր հետեւանքով ոչ միայն ինկան մեր բիւրաւոր եւ անմահանուն երի­տա­սարդ­ները հայրե­նիքի պաշտպանութեան արիւնաներկ բագինին վրայ, այլեւ կորսնցուցինք նաեւ մեր հայրենեաց հողատարածքէն կարեւոր բաժին մը։ Թշնամիին հետախու­զութիւնը կրցեր էր ճանչնալ հայկական բանակին այդ ճակատագրական բաց­թողումը, ուստի տարիներ շարունակ թրքական եւ հրէական գերարդիական ԱԹՍ-ներ գնելով նախապատրաստուեր էր սանձա­զերծելու պատերազմը ընդ­դէմ Արցախի, ի վերջոյ նաեւ Հայաստանի։

Բարձրարժէքօրէն միանգամայն գնահատելի է, որ հայ ժողովուրդին մեծա­գոյն հարստութիւնը իր մշակութային ժառանգութիւնն է, քաղաքա­կրթու­թեան այն անգնահա­տելի արժէքը, որ դարեր շարունակ ստեղծագործած է եւ հիմա ալ իր գիտակցութեան ու էութեան բովանդակ ներդրումներով կը ստեղ­ծագործէ իրեն եւ ընդհանրապէս քաղաքակիրթ մարդ­կութեան բարիքին հա­մար։ Բայց ազգովին պէտք է դասեր քաղենք մասնաւորաբար Արցախեան պա­տերազմի աղէտալի արդիւն­քէն ետք, ու ամենակարեւորը՝ պէտք չէ թե­րանանք ըլլայ ռազմադաշտի, ըլլայ օդային եւ ջրային սահմանագիծի անխո­ցելիութեան մէջ։ Խաղաղասիրութիւնը, արդարեւ, գերագոյն առաքինութիւն է, սակայն կեանքն ու պատմական փորձը ցոյց կու տան, որ խաղաղութիւնն ալ կախուած է ուժի եւ սպառազինութեան գերակայութենէն։ Մեր հայրե­նի­քին սահման­ները ամէն­ուրեք են, թէ՛ մշակութային ինքնութեան եւ թէ՛ աշ­խարհագրական տա­րածքներու առումով, որոնք անվտանգութեան եւ պաշտ­պանութեան կայացման լուրջ եւ հիմնական մարտա­հրաւէրներու առջեւ կը գտնուին։ Հե­տեւաբար հրամայա­կան պահանջք մըն է, որ այսուհետեւ ազ­գովին մեր գո­յա­պայքարի առաջնա­հերթ նպատակներէն մէկը դարձնեք ունե­նալու նաեւ գե­րա­­զանց միջոցը՝ պահե­լ, պաշտպանել եւ զար­գացնել կարենա­լու հա­մար մեր ստեղծագործած մշակու­թային արժէքները ա­նարգ թշնամինե­րու ոտնձգու­թիւն­ներուն դէմ։

Արդեօք ՏԱԿԱՒԻՆ կարելի՞ է փրկել եկեղեցին

Լուրջ ճգնաժամի մէջ է քրիստոնէական եկեղեցին: Քրիստոսի հիմնած ժողովուրդի հոգեւոր տունը դարձեր է հսկայական ու վիթխարի հիմնարկ մը, ուր կղերապետութիւնը դարձած է փակ համակարգ մը: Անցեալին, դեռ երրորդ-չորրորդ դարերէն, Եկեղեցւոյ առաջին Հայրերը փորձած են կանոնակարգել, ընդհանուր համակարգի մը մէջ դնել եւ Քրիստոսի հիմնած տունը կարելի եղածին չափ հարազատ պահել Քրիստոսի եւ իր առաքեալներու գծած ուղիին վրայ: Հայկական միջավայրին մէջ այդպիսի փորձեր կատարած են Պաւղիկեանները, Թոնդրակեցիները, բայց հակառակ իրենց վայելած լայն ժողովրդականութեան, անխնայ կերպով հալածուած են որպէս հերետիկոս: Վերջին տասնամեակներուն նոյնպէս մեր եկեղեցին յայտնուած է խոցելի կացութեան մը մէջ: Տակաւին կը շարունակուի քաղաքական կողմի մը հսկողութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Կիլիկեան կաթողիկոսութեան վրայ սփիւռքի տարածքին, ամէն օր քննադատութիւններ կը հնչեն Ամէնայն Հայոց Կաթողիկոսութեան վերնախաւին դէմ, Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը հլու-հնազանդ ենթարկուած է Թուրքիոյ սպասարկութեանց, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը ցարդ չտեսնուած քննադատութեան կ’ենթարկուի՝ վերջերս իր կալուածներուն հետ առնչուող տնտեսական շահագործումներու եւ կնքուած պայմանագրերու պատճառով: Մեր եկեղեցին դարձեր է ինքագլուխ եւ ոչ մէկ հեղինակութիւն ընդունող հիմնարկ մը,  յատկապէս ոչ-հաշուետու կամ համարատու կը նկատէ ինքզինք հայ ժողովուրդի առջեւ:  Սոյն գրութեամբ keghart.org ազգային լուրջ հարց մը կ’արծարծէ եւ զայն կը յանձնէ սրտցաւ հաւատացեալներու եւ մտահոգ ազնիւ հոգեւորականներու ուշադրութեան:

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Զուիցերիա, 13 Հոկտեմբեր 2021

Վերջերս ֆրանսական լրատու կայաններէ լրահոսը իր հաղորդած գլխաւոր լուրե­րով ցնցեց ոչ միայն տեղական, այլեւ միջազգային հասարակութիւնը։ Ան ճշգրիտ թիւե­րով եւ փաստերով կ’անդրադառնար սահմռկեցուցիչ իրողութիւններու, թէ 300.000 երե­խա­ներ վերջին քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին չարաշահուած են շուրջ 3000 կա­թողիկէ մանկապիղծ հոգեւորականներու կողմէ։ Սոյն թուաքա­նակն արդէն այն­քան ճնշող է, որ կամայ թէ ակամայ չես ալ ուզեր մտածել այն անյայտ թիւերուն մասին, ո­րոնք առ այժմ կամ ընդհանրապէս կը մնան պատմութեան մութին մէջ։ Համաշխար­հա­յին մակարդա­կով չարաշահումներուն եւ նոր ժամանակա­շրջանին Կաթողիկէ Եկե­ղեց­ւոյ ներկայացու­ցիչներուն իրագործած բազմաթիւ յանցագոր­ծութիւններուն հետ,– ո­րոնք ստոյգ զոհ դարձած են լռութեան,– նոյնիսկ աւելի յան­ցագործ կազմակերպու­թիւն­ներ, որոնցմէ մին մաֆիան է, ամենեւին պիտի չկարենային մրցակցիլ։ Աստուծոյ անու­նով իրագործուած յանցագործութիւններ, քստմնելի ոճիրներ, բռնութեան տարա­տե­սակ արարքներ եւ անմարդկային բնազդի ամենավայրագ դրսե­ւորումներ։ Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ ծուարած եւ սեւ սքեմին տակ թաքնուած մանկա­պիղծներու փաղանգին վե­րաբերեալ յօդուածներն այս օրերուն կ’ընթերցուին վախ­ազդեցիկ վիպակներու նման, հակառակ անոր, որ դեռեւս ընդամէնը սառցաժայրին գագաթն է տեսանելի, մինչդեռ ա­նոր խոշորագոյն զանգուածը տակաւին անյայտ կը մնայ ով­կիանոսին անթափանց ջու­րերուն մէջ։ Անթիւ զոհերուն կրած անլուր ցաւին ու տա­ռապանքին, հոգեկան-բարո­յա­կան նուաստացում­ներուն, տարիներ շարու­նակ հիւ­ծող ընկճախտին ու իրենց սրտին խոր­քը նստուածք դարձած սարսափին վերաբերեալ որոշակի պատկերացում մը կրնանք միայն այն ժա­մանակ կազմել, երբ են­թակաները քաջութիւնն ունենան ամօթի ու վախի իրենց ապրում­ները յաղթահարելով արտա­յայտուիլ ու վկայել իրենց հետ պա­տահած սահմռկեցուցիչ եղելութիւններուն մասին։

Հիւանդագին երեւակայութիւն մը նոյնիսկ կը խորշի պատկերացնելու, թէ սիրասուն զա­ւակդ կիրակնօրեայ դպրոց, եկեղեցւոյ կազմակերպած ճամբար կամ որեւէ այլ միջո­ցառումին ուղարկես, եւ ան տուն վերադառնայ ենթարկուած սեռային պղծութեան այս կամ այն այնքան սիրած հոգեւոր հովիւէդ, որուն վստահած, մեղքերդ խոստովանած եւ ձեռքէն հաղորդութիւն ստացած ես։ Երբ այդ պահէն իսկ նկատած ես, թէ զաւակիդ հետ բացասականօրէն բան մը փոխուած է, բայց երբեք մտքիդ ծայրէն իսկ անցուցած չես, թէ զաւակդ դարձած է անպաշտպան բազմաթիւ զոհերէն մին հոգեւորականի մը ա­նարգ կիրքերուն։

Արդարեւ, ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ եկեղեցիին տնօրինած գիշերօթիկ դպրոցներէ ու որբա­նոցներէ հարիւրաւոր սպաննուած երեխաներու զանգուածային գերեզման­ներ յայտ­նա­­բերուէին, ինչպէս վերջերս Անգլիոյ մէջ պատահեցաւ: Եթէ երբեք բա­ցայայտուէին հա­մակարգուած եւ հետեւողական բռնաբա­րութեան, նուաստացումի ու հոգեբ­անա­կան ստրկացումի դէպ­քեր եւ այս բոլորը յայտնուէին այլ համատեքստի մը կամ ընկե­րա­յին այլ կառոյց­ներու մէջ, ապա ի՞նչ պիտի ըլլար հասարակութեան հակազդե­ցու­թիւ­նը այս եւ նման փաստերու հանդէպ։

Եկեղեցին սակայն անձեռնմխելի հաստատութիւն մըն է, իսկ հոգե­ւո­րականը՝ յաճախ պաշտպանուած մենաշնորհեալ մը անոր միջնադարեան հաստա­բեստ պա­տերուն ե­տեւ։ Յարգանքը հանդէպ կրօնքին ու հաւատքին, պատմութեան եւ նուիրա­կանութեան թոյլ չի տար, որ մարդիկ խօսին եկեղեցիին դէմ կամ, աւելի ճիշդ, լրջօրէն քննադատեն անոր մէջ բոյն դրած յոռի բարքերն ու կղերին վատթար չարաշա­հումները։

Խեղաթիւրելու արուեստը կղերին է տրուած ի սէր եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մար­դոց բարի եւ ազնիւ դիտաւորութիւնը իբրեւ հակաքրիստոնէական շարժում, աղանդա­ւո­րա­կան վիժուածք, սրբա­պղծութիւն, եկեղեցւոյ հեղինակութեան եւ նուիրապե­տու­թեան դէմ յանդգնութիւն որակաւորումներով պիտակաւորելու։ Սակայն եւ այնպէս, հա­սարա­կութիւնը յարաճուն փոփոխութեան մէջ է եւ, ի վերջոյ, տեղ մը հետզհետէ յա­ջողած է յաղթահարել իր ըն­կերային եւ հոգեբանական արգելքները։ Այսուհետեւ կա­րելի չէ պատ­կերացնել, որ եկեղեցին վեր մնայ օրէնքի գերակայութենէն, նաեւ մնայ ա­զատ՝ հարկային պարտաւո­րութենէն։ Ինչպէս հասարակական եւ քաղաքական կեանքի բոլոր կառոյց­ները, ան եւս պէտք է ներգրաւուած ըլլայ սահմանադրական պետութեան իրաւական դաշտին ու պարտականութիւններուն ծիրին մէջ։ Անհատական, հաւաքա­կան եւ զանգուածային չարա­շահումներու եւ յանցագործութիւններու պարագային՝ ա­ռաւել եւս պատասխա­նատու եւ ենթակայ պատժելիութեան օրէնքին առջեւ։

Անդրադառնալով Ֆրանսայի կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ իրականացած սեռա­յին վերո­նշեալ յանցագործութիւններուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սրտի խոր ցաւով կ’ար­տայայտուի՝ ըսելով. «Զոհերուն կը յայտնեմ իմ խորազգած ցաւն ու տխրու­թիւնը իրենց կրած վնասուածքներուն համար։ Այդ նաեւ ի՛մ ամօթն է, մե՛ր ամօթն է, որ եկեղեցին երկար ժամանակ անզօր գտնուեցաւ զիրենք դնելու իր մտահոգու­թիւննե­րուն կեդրոնը»։ Սրբազան Քահանայապետը խորապէս կը գիտակցի, որ եկեղեցին կը գտնուի լուրջ ճգնա­ժամի մը մէջ։ Սեռային եւ այլ չարաշահումներու գայթակղութեանց հետե­ւանքով հաւա­տացեալներու լայն շրջանակներուն մէջ եկե­ղեցիին հանդէպ յառա­ջացած վստահու­թեան կորուստը մեծ է։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համաշխարհային սիւն­հո­դոսի բացումին, որ տեղի ունեցաւ 10 Հոկտեմբերին Հռոմի մէջ, ան իր ճառին մէջ հանգա­մանօրէն կը նշէ, որ նախկին գործելաոճին կիրարկումը եկեղեցիին մէջ յառաջ եկած հիմնահարցերը լուծելու համար ապարդիւն է։ Ըսել «Մենք միշտ այդպէս ըրած ենք, եւ աւելի լաւ է ոչինչ փոխել՝ թոյն է եկեղեցւոյ կեանքին համար։ Ով այս մտա­հորիզոնով կ’առաջնորդուի, թէկուզ առանց անդրադառնալու, կը սխալի՝ ժամանակը, որուն մէջ մենք կ’ապրինք, լրջօրէն չընկալելուն համար»։

Բարեկարգութիւնը ոչ միայն Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցիին, այլ ընդհանրապէս Ընդ­հանրական եւ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին ուղղուած մարտահրաւէր մըն է, որ պէտք է ըլլայ իր հայեցակարգային առաջնահերթութիւններէն մին։ Կարելի չէ լիարժէք ծառայել հասարակութեան բարիքներուն, եթէ ան ժամանակահունչ չէ, եթէ երբեք իր ուսուցումներուն եւ մարդոց ընկալումներուն միջեւ տարբերութիւնը անհաշտելի դար­ձած է։ Ներկայ ժամանակաշրջանին մէջ վերիմաստաւորելով մեր կեանքն ու ապրելա­ոճը մեզի համար ոչ միայն առաջնահերթ հրամայական մըն է պահպանելու եւ կազ­դուրելու համար ծանրօրէն վիրաւորուած մեր բնաշխարհը, այլ նաեւ Երկիր մոլորակին վրայ գերազան­ցապէս պաշտպանելու մարդ արարածը այսօրուան ու վաղուան բոլոր այլասերումներուն դէմ։ Արդարեւ, հարկ է զայն ուղ­ղորդել ու առաւել եւս ամրագրել իր մարդկային կոչումին մէջ, զայն վերաժեւորելով համաձայն Աստուածաշունչին աւան­դած գնահատա­կանին՝ մարդ, ըստ պատկերի եւ նմանութեան Աստուծոյ։

Եկեղեցին մի՛շտ պէտք է բարեկարգուի, ըլլայ ժամանակահունչ եւ բաց՝ մարդոց ու Ս․ Հոգւոյն ներգործութեան համար։ Ա՛յս եղած է եւ այսօր ու վաղը անընդմիջելիօրէն ա՛յս պէտք է ըլլայ անոր տիրաւանդ առաքելութիւնը։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like