ԱՐԱՔՍԸ ԻՐ ՎՐԱՅ ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐ ՉԻ ՀԱՆԴՈՒՐԺԵՐ

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Զուիցերիա, 28 Հոկտեմբեր 2021

Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարութեան հետ բանակցութիւն­նե­րու աւարտին,   Իս­րայէլ կրցաւ իր երկրին մէջ ապրող Ողջակիզման (Հոլոքոսթ) արհա­ւիրքէն վերապրող­ներուն համար տարեկան 20 միլիոն շեքելի յաւելեալ վճարում ապա­հովել։ Իսրայէլի կառավարու­թիւնը իսկոյն վաւերացուցած է այս համաձայնագիրը։ Ողջակիզումէն վե­րապրած շուրջ 3700 հոգի, որոնք ներկայիս Իսրայէլի մէջ կ’ապրին եւ թո­շակ կը ստանան Գերմանիոյ կառավարու­թենէն, իրաւասու են գանձելու վերոնշեալ յա­ւելեալ վճարումէն իրենց հասնող բա­ժինը։ Սոյնը կը նշանակէ, որ Իսրայէլի մէջ Գեր­մա­նիայէն թոշակ ստա­ցող բոլոր անձինք այսուհետեւ իրաւասու պիտի ըլլան ընդունելու լրացուցիչ 100 եւրօ ամսական մը, այ­սինքն իրենց ցարդ ստացած թոշակին վրայ տա­րեկան 4500 շեքել հաշուող գումար մը եւս։ Ասկէ զատ, տարեկան 500.000 եւրոյի չափ յաւելեալ գումար մը պիտի տրամադրուի Ողջակիզումէն վերապրող այն անձերուն, որոնք տա­րատեսակ հիւան­դութիւններու՝ տկարա­մտութեան, մոռացկոտութեան, այլասեր­ման կամ գիտակ­ցական կորուստի ախտերէ կը տառապին։ Գերմանիոյ նիւթական օ­ժան­դակութիւններն, այս­պէս, կ’աւելնան 300 մի­լիոն շեքելի հասնող պետական այն պիւտճէին վրայ, որ Իս­րայէլի կառավարութիւնը ներկայիս ապահոված է Ողջակիզումէն վերապրածներու բա­րեկեցու­թեան համար։ Ասոր զուգահեռ, պետութիւնը 1,5 միլիառ շե­քելի գումար մըն ալ նա­խատեսած է տարեկան միջին եկամուտէ ցած եկամուտ ունե­ցող Իսրայէլի մէջ բնակող Ողջակիզումէն վերապրողնե­րուն համար։ Իսրայէլի ընկերային հաւասարութեան եւ թո­շակառուներու նախարար Մեյրաւ Քոհէն յայտարարած է՝ ըսե­լով. «Պիտի աշխատինք օր ու գիշեր, որ Իսրա­յէլի մէջ տարեցները ընդհանրապէս, իսկ Ողջակիզումէն վերապ­րածները մասնաւորապէս ապրին այն արժանապատիւ կեանքը, ո­րուն իրենք, ար­դարեւ, արժանի են»։

Թէպէտ անկարելի չէ հետազօտել, բայց այս յօդուածի ծիրին մէջ նախատեսուած չէ հաս­­տատել, թէ 1949-էն ի վեր Գերմանիա փոխհատուցման աստղաբաշխական        ինչ­պիսի հսկայական գումարներ վճարած է Իսրայէլի պետութեան՝ Ողջակիզումէն վերապ­րող­նե­րուն եւ հրէական զանազան կազմակերպութիւններու օժանդակելու համար։ Նիւթա­կան այս եւ նման փոխհատուցումներ, ինչպէս վերը նշեցինք, ոչ-նուազ թափով տա­կա­ւին կը շարունակուին մինչեւ այսօր՝ Երկրորդ Աշխարհամարտի եւ Ողջակիզումի աւար­տէն աւելի քան 70 տարի ետք։ Անշուշտ նիւթական փոխհատուցումը, անկախ գումարի մե­ծու­թենէն, զոհերուն կորուստն ու վերապրողներուն ցաւը չի մեղմացներ, բայց ան կ’օգնէ շարունակելու կեանքը, վերահաստատելու պատմական արդարութիւնը, ստեղ­ծե­լու նորը, իսկ Ողջակիզումէն վերապրածներուն ժառանգորդները առաւել եւս կը հաս­տա­տեն իրենց ազգային, կրօնական եւ մշակութային ինքնութեան մէջ։

Եղո՜ւկ, այդպէս չեղաւ հայերուս պարագային։ Թուրքիոյ 1923-ին ստեղծուած Հան­րա­պե­տութիւնը, որ իրաւայաջորդն է Օսմանեան Կայսրութեան, ցայօր ոչ միայն կը ժխտէ արեւ­մտահայութեան դէմ իր իրագործած Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը, այլեւ պե­տական իր բոլոր միջոցներն ու լծակները բանեցնելով՝ ռազմավարական եւ տնտեսա­կան իր հզօր ազդեցութիւնը կը խաղարկէ՝ խեղաթիւրելով պատմական իրո­ղութիւնները, չա­րափոխելով պատմութիւնը՝ զոհը վերածելով յանցագործի, իսկ յանցա­գործը՝ միջազ­գային քարոզարշաւներու ենթարկուած զոհի մը։ Դեբորա Լիփշտաթ, զոր վերջերս Ամե­րիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն արտաքին գոր­ծոց նախարա­րութեան մէջ հակասեմականութեան դէմ պայքարի յանձնակատար նշա­նակած է, ըսած է. «Ժխտումը ցեղասպանութեան վերջին փուլն է, քանի որ ան հնա­րա­ւո­րութիւն կու տայ պատմութիւնը այնպէս վերաշարադրելու, ուր զոհերը կը հրէշա­ցուին, իսկ յանցագործ­ները կ’արդարացուին»։

Ամենեւին ճիշդ պիտի չըլլար թերագնահատել անցնող աւելի քան հարիւր տարիներուն ընթացքին հայութեան ձեռքբերումները՝ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի եւ պահան­ջատիրութեան մարտավարութիւնը մեկնարկելու իմաստով։ Հայ ժողովուր­դին միասնա­կան ջանքերով, առաւել եւս Հայ Դատի զանազան յանձնախումբերու անձն­դիր աշխա­տանքով, 1965-էն ի վեր աւելի քան բազմաթիւ երկիրներ, պետական խորհրդա­րաններ եւ միջազգային կազմակերպութիւն­ներ պաշտօնապէս ճանչցան 1915 թուա­կանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Սակայն ասկէ առաջ ալ՝ 24 Մայիս 1915 թուա­կա­նին, ֆրանս-բրի­տանա-ռուսական համատեղ Հռչակագիր մը ճանչցած էր արեւմտա­հայու­թեան դէմ իրագործուող ցեղասպանութիւնը՝ համապատասխան սպառնալիք յղե­լով Երիտթուրք պետութեան պարագլուխներուն, մարդկութեան դէմ կատարուած ոճ­րա­­գործութեան մեղադրանքով միջազգային ատեանի մը առջեւ անձամբ պատասխա­նատւութեան ենթարկելու զանոնք։ Սակայն այս բոլորը մնացին միայն դիւանագի­տական, իրա­ւական, բարոյական եւ, ի վերջոյ, բարիդրացիական ոլորտներու մէջ՝ ունե­նա­լով ոչ մէկ գործնական ազդեցութիւն Ցեղասպանութիւնը իրականացնող երկրին յան­ցա­գործ պետութեան վրայ։ Բարակ սպեղանի մը մեր կոտտացող վէրքերո՞ւն, ա՞յս էր բոլորը։ Այս ամէնուն վրայ տակաւին արցախեան պատերազմին վերջին արհաւիրքը, մեր հազա­րաւոր նոր զոհերն ու հայրենի նոր հողատարածքներուն կորուստը՝ նոյն ցե­ղասպանին երկարացուած ձեռքերով։ Չէ՞ որ Ալիեւ եւ Էրտողան յաւակնեցան ելոյթներ ունենալու՝ թուրքն ու ազերին երկու պետութիւն, բայց մէ՛կ ժողո­վուրդ կարգախօսով։

1915 թուականի Ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօրուան կրկնուղ ցեղասպանու­թիւն­նե­րը, ո՞վ արդեօք նշանախեցի մը չափ փոխհատուցում ստացաւ։ Ո՞վ բուժեց հայուն բիւ­րաւոր վէրքերը, ո՞վ մեղմեց անոր կոտտացող ցաւերը։ Մանկութեանս օրերու յիշո­ղու­թեան մտապատկերին մէջ տակաւին կը տողանցեն Հայոց սահմռկեցուցիչ Ցեղասպա­նութենէն վերապրած, Տէր Զօրի մահու անապատէն ճողոպրած ծերունազարդ այն բազ­մաթիւ խլեակները, որոնց ոչ միայն բազմանդամ ընտանիքը, ունեցուածքը, այլեւ մարդ­կային արժանավայել ապագայ մը ունենալու իրաւունքը կողոպտած էր ոճրա­գոր­ծին արիւ­նաթաթախ ձեռքը։ Պէյրութի հայկական մեր թաղերը անոնցմէ շատեր կ’ապ­րէին թիթե­ղաշէն, մէկ սենեակնոց անհիւրընկալ եւ կիսամութ բնակարաններու մէջ, նուա­զագոյն նպաստ մը ստանալով հայկական բարեսիրական կազմակերպու­թիւննե­րէն կամ հացի կտոր մը, այլապէս պնակ մը ճաշ՝ նոյնպէս նուազ բարեկեցիկ դրա­ցի­նե­րէն։ Ահաւա­սիկ տարբերութիւնը ակներեւ է Ողջակիզում տեսած հրեային եւ Ցեղասպա­նութեան են­թարկուած հայուն միջեւ։ Մին կրցաւ ըլլալ հզօր պետութիւն մը՝ ստուգա­պէս պարտա­դրելով իր կամքը աշխարհին, միւսը, Ֆրիտիոֆ Նանսենի խօսքերով, մնաց խաբուած եւ իրաւազրկուած ժողովուրդ մը։ Բայց մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր։ Արցախ­եան 44-օրեայ պատերազմը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ հայուն համար Ցեղասպա­նութիւնը պատ­մական անցեալ մը չէ, այլ ան տակաւին սահմռկեցուցիչ ներկայ մըն է եւ կրնայ միշտ կրկնուիլ նաեւ ապագային։ Յոյս դնել աշխարհի արդարադատութեան, օտար ուժերու եւ այսպէս կոչուած «դաշնակից-բարեկամներու» պաշտպանութեան վրայ՝ հայոց պատ­մութեան մէջ կրկնուող ամենաերկար սո՛ւտն է։ Բաւ է ինքնախաբէութեամբ զբաղինք եւ ծոյլ զիջումներով փորձենք ծածկել մեր հաւաքական անկարողութիւնը։ Արդարեւ, Ցե­ղասպանու­թեան զոհ դարձած մեր նահատակ բանաստեղծներէն Սիա­մանթօն է, որ այնքան դիպուկ եւ իրաւացիօրէն ըսած է. «Ո՛վ մարդկային արդա­րու­թիւն, թող ես թքնեմ քու ճակատիդ»։

Մեր մեծագոյն թերութիւններէն մին եղած է թերագնահատել ուրիշին ունեցածը եւ գե­րա­գնահատել մեր չունեցածը։ Հայ ժողովուրդին ուժը իր հաւաքակա­նութեան մէջ է։ Ա՛յս եղած է պատգամը մեր մեծերուն՝ ոսկեղնիկ Եղիշէներուն եւ նա­յիրեան Չա­րենց­նե­րուն։ Անմիաբանութիւնը չարութեան ստինքէն սնանող դաւաճանու­թիւնն է ազգին ինք­նութեան, անոր մշակոյթին եւ գոյութեան դէմ։ Այսօրուան մեր ներ­քաղաքական դաշ­տին պառակտուածութիւնը՝ զի­րար հիւծող եւ թշնամի գորշ գայլերուն անյագ ու վտանգաւոր ախորժակը մեր դէմ գրգռող գործու­նէու­թեան մը տխրահռչակ ապացոյց­ներն են։ Մինչդեռ մեզի պարտադրուած այս պարտութենէն ետք, հակառակ բոլոր ան­կում­ներուն եւ մեր կրած անլուր ցաւին ու տա­ռապանքին, պէտք էր աշխարհին ներկա­յանայինք հայօրէն, միաբան ու անտրոհելի կամ­քով բռունցքուած հպարտ ժողո­վուրդի մը օրինա­կելի կեցուածքով։ Մուրացածոյ եւ կո­րաքամակ գոյատեւելու համար ողոր­մու­թիւն ակնկալել գերհզօր պետութիւններու քաղա­քական հաշիւներէն՝ վայել չէ հայու խրոխտ նկարագրին։ Պէտք չէ մոռնալ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ուժի, ազա­տաբաղձու­թեան եւ ըմբոստութեան մեծագոյն խորհրդա­նիշերէն՝ Մայր Արաքսի հասցէին ուղղուած հռոմէացի նշանաւոր բանաս­տեղծ Վիրգիլիոսի (Ք.ա. 74–19) խօսքե­րը՝ «Et pontem indignatus Araxes» – «Եւ գետն Երասխ՝ կամուրջներ չհան­դուրժող»։ Այո՛, դա­րե­րու հոլո­վոյթին մէջ հայը միշտ եղած է ազատաբաղձ՝ իր հայկազուն ցեղին հիմ­նադիր Հայկ նա­հապետին կենդանի օրի­նակով։ Մինչեւ ե՞րբ կարելի է ծնկաչոք ու հան­դուր­ժուած ըլլալու կարգավիճակով մը գոյատեւել ռուսական «մուրճ»-ին եւ թրքական «սա­լ»-ին միջեւ։ Այսօր աւելի քան երբեք զգալի դար­ձած է համազգային քա­ղաքական լուրջ ծրա­գիր մը ունենալու պակասը։ Իրատեսութեան վրայ հիմնուած եւ ապագային միտ­ուած քաղա­քական գործուն ծրագիր մը, որ պիտի կանխարգիլէ նոր ցեղասպաննու­թիւններու հնա­րաւորութիւնը, պիտի ապահովէ հայ­րենիքի սահմաններուն պաշտպա­նութիւնը եւ նպաստէ համազգային միասնութեան ամրապնդման ու հայ ժողովուրդի խաղաղ կեան­քի բարգաւաճումին՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ։ Ընդհանրապէս ազգին, բայց ի մաս­նաւորի հայրենիքն ու անոր պետակա­նու­թիւնը պաշտպանելու գիտակ­ցութեամբ ոգե­զինուած փորձագէտ արդի սերունդին սեպուհ պարտականութիւն­ներէն մին ըլլալու է լրացնել այս բացը, ստեղծել մի­ջոցները՝ առաւելագոյն փոյ­թով մշա­կելու համար գոյութե­նական այս առա­ջադրանքը։ Հաւատալ ու վստահիլ է պէտք մեր ցեղային առաքինու­թիւններուն, առաւել եւս մեր ինքնանախաձեռնութեան, ինքնակազմակերպ­ուելու կարո­ղութեան, նաեւ ինքնօգնութեան դիմելու հնարքներուն։ Պէտք է ամ­րագրել, թէ ի՞նչ կ’ու­զենք, եւ այն, թէ ինչպէ՞ս կրնանք հասնիլ համազգային մեր նպատակ­ներուն։

2 comments
  1. Սիրելի Աբել,
    Ցավոք, հայության ու հրյաների տարբերությունը այն է, որ հայը 1991 թվականին անկախանալով, հիմնավորապես ավերեց ու թալանեց կայացած պետությունը, իսկ հրյաները ոչինչից ավազների վրա հիմնադրելով անկախ պետություն, այն կառուցեցին զարգացրին ու դարձրին այսօրվա հզոր պետությունը։ Բոլորին հայտնի այս փաստը, անգամ ևս հիշելով, ցանկացա միայն սրտումս խորը նստած ցավը արտահայտել։ Կներես ինձ․․․

  2. Սամվել Հովասափյան,
    ներկայ Հայ ազգը պառակտութեամբ և շատախօսութեամբ զբաղած է, իսկ անյայտ սիոնակնութիունը կը պատրաստէ իսրայէլի յաջողութիւնը հարիւր տարիներու համար:
    Բաղդատե՞նք:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

Տեսլական

Ռուբէն Յովակիմեան, Սեն Ռաֆայել, 5 Յուլիս 2022 «Բանականութեան իրաւունքը աւելի իմաստալից է քան ուժի իրաւունքը, որ տիրում է…
Read More