ՂԵՒՈՆԴ  ԱԼԻՇԱՆ ՏԻՏԱՆԸ

2020 թուին  հայ աշխարհը  կը նշէ ծննդեան  200 ամեակները հայ իմացականութեան տիտաններէն երկու  մեծանուն կղերականներու՝  Մկրտիչ Խրիմեանի եւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի,  որոնց  դերը մեծ եղած է մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան մէջ: Նախապէս անդրադաձած ենք Խրիմեան Հայրիկի մասին. այս թողարկումով Դոկտ. Սարգիս Ատամ կը ներկայացնէ Ղեւոնդ Ալիշան տիտանը: Խմբ.

Տոքթ. Սարգիս Ատամ, Գերմանիա, 15 Յունիս 2020

Ղեւոնդ Ալիշան (Քերովբէ Ալիշանեան): Հայ բանաստեղծ, բանասէր, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, թարգմանիչ, 1838-ին Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ։ Ծնած է  6(18) Յուլիս 1820-ին Իսթանպուլ    Աւազանի անունով՝ Քերովբէ։  Վախճանած է 9 Նոյեմբեր 1901-ին  Վենետիկ, Սուրբ Ղազար կղզիի մէջ: Ան զաւակն էր հնահաւաք-դրամագէտի մը։

Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, մկրտութեան անուն-մականունով՝ Քերովբէ Ալիշանեան Պետրոս-Մարգար 1832-ին , երբ տասներկու տարեկան էր, կը մտնէ Ս.Ղազար, Վենետիկ եւ դասընթացքը կ՛աւարտէ 1841-ին: 1836-ին՝ 16 տարեկանին, եկեղեցական կանոնագիրի համաձայն անուանփոխուելով կը կոչուի  Ղեւոնդ Ալիշան:  1841-էն սկսեալ ընդհատումներով դասաւանդած է Վենետիկի «Ռափայէլեան» եւ Փարիզի «Մուրատեան» վարժարաններուն մէջ, 1848-ին եղած է Ռափայէլեան վարժարանի տեսուչը, 1849–51 թուականներուն նշանակուած է  «Բազմավէպ» պարբերականի խմբագիրը: 1870-ին կատարած է Միաբանութեան աթոռակալի պարտականութիւնները:

1841-ին կը սկսի Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի միաբանական եւ ուսուցչական գործունէութիւնը։ Ան­մի­ջա­պէս կը նո­ւի­րո­ւի ու­սուց­չու­թեան նոյն վար­ժա­րա­նէն ներս՝ միա­ժա­մա­նակ  աշ­խա­տակ­ցե­լով 1843-ին կեան­քի կո­չո­ւած «­Բազ­մա­վէպ» հան­դէ­սին։

Այս շրջա­նին լոյս կը տե­սնեն իր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, որոնք  գրաբա­րով գրո­ւած էին եւ կը կրէին Մ­խի­թա­րեան­նե­րու դա­սա­կան դպրոցին շեշ­տա­կի կնի­քը։ 1848-ին  կը նշա­նա­կո­ւի «­Ռա­փա­յէ­լեան» վար­ժա­րա­նի տե­սուչ՝ միա­ժա­մա­նակ ստանձ­նե­լով «Բազմավէպ»ի խմբագ­րու­թիւ­նը (1849-1851)։

1849 ին, Իտալա-Աւստրիական պատերազմի հետեւանքով «Մուրատ-Ռափայէլեան» վարժարանի տնօրէնութիւնը կը հարկադրուի առժամաբար ընդհատել դասաւանդութիւնները՝ վարելով ուսուցչական եւ վարչական պաշտօններ։

1850-ին կ’ուղեւորուի Հռոմ։ Յաջորդ տարի կը վերադառնայ Վենետիկ, սակայն քիչ ետք, յատուկ առաքելութեամբ կը մեկնի դարձեալ Լոնտոն, Մուրատ Ռափայէլեանի կտակին հարցով։

1872-ին կը մխրճուի հնապատմական գործերու պատրաստութեան գործին մէջ։ Մին­չեւ իր մահը՝ 9 Նո­յեմ­բեր 1901, վե­հա­շուք նա­հա­պե­տ Հ.Ղեւոնդ Ալիշան կը փա­կո­ւի Ս. Ղա­զա­ր վան­քի իր աշ­խա­սե­նեա­կին մէջ եւ կը ստեղ­ծէ ա­ւե­լի քան յիսուն հա­տոր հա­յա­գի­տա­կան պատ­կա­ռե­լի եր­կեր, ո­րոնք փառ­քը կը կազ­մեն հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան։

Ս­տեղ­ծա­գոր­ծե­լու եւ ու­սում­նա­սի­րե­լու, գի­տու­թեան անս­պառ պաշարը  բաշխելու եւ մա­նա­ւանդ սե­րունդ­ները հայ իմացականութիւնով դաստիա­րա­կե­լու ան­մահ  ու սրազան գոր­ծին ռահ­վի­րան է Ա­լի­շան։ Ան օժ­տո­ւած է գրո­ղի ու գի­տաշ­խա­տո­ղի բա­ցա­ռիկ շնորհ­նե­րով, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու բարձ­րո­րակ տա­ղան­դով եւ  ի­մաս­տու­թեամբ : Մխիթարեան Միաբանութեան եւ 1850-ականներու հայ ազգային վերածննդեան շարժումին մէջ Հ. Ղ. Ալիշանի կրթական եւ գրական գործունէութիւնը պատմական նշանակութիւն եւ կշիռ մը կը ներկայացնէ։ Իր քերթողական վաստակին բացարձակ մեծամասնութիւնը գրաբարով գրուած է, հետեւաբար այսօր չի խօսիր սերունդներուն ու դուրս կը մնայ անոնց ընկալումէն : Ան կը խօսի մեզի ԺԹ(19) դարու երկրորդ կէսի մեր համազգային տենչերէն եւ զանոնք երկնող հոգեւորականին ազգի, հողի եւ եկեղեցիի ազնուագոյն ձգտումներու հանդէպ ունեցած պաշտամունքէն։

Ալիշան եւ Խրիմեան, մէկը արեւմուտքի իսկ միւսը թէ՛ արեւմուտքի եւ թէ՛ արեւելքի մէջ, դաշն կ’ապրին ԺԹ. դարու երկրորդ կէսի հայրենակարօտ, ազատատենչ գաղափարներով որպէս մեծութիւններ։ Հոս ի հարկէ պէտք է շեշտել թէ՝ Խրիմեան Հայրիկ  Վանեցի է եւ  եղած է նախ Թուրքիոյ Հայոց Պարրիարք, ապա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ան իր գրականութեամբ   մաս կը կազմէ Արեւմտահայ գրականութեան ընտանիքին:

1850-1880 թուականներուն մեր գրականութեան մէջ Հայոց գրականութեան փառքն է Ալիշան:

Եւ­րո­պան ցնցող յե­ղա­փո­խա­կան պոռթ­կում­նե­րու եւ Ի­տա­լիոյ ազ­գա­յին միա­ւոր­ման ու ա­զա­տագ­րու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում­նե­րուն եւ իրադարձութիւններուն բարձ­րա­կէ­տին հա­սած ժամանակ  ան­տար­բեր չի մնար ե­րի­տա­սարդ Ա­լի­շա­ն, որ «­Բազ­մա­վէպ»ի է­ջե­րուն մէջ լոյս կ’ըն­ծա­յէ «Նահապետ» ստո­րագ­րու­թեամբ իր ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծութիւն­նե­րը՝ «Պլ­պուլն Ա­ւա­րա­րայ­րի»,«Կարմիր Վարդան», «­Հա­յոց Աշ­խար­հիկ», «­Լուսն­կայն Գե­րեզ­մա­նաց Հա­յոց», «­Բամբ Ո­րո­տան» ,«­Նո­ւագք» եւ այլ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­ր:

Ա­լի­շա­նի «­Նա­հա­պե­տի եր­գե­րը» ոչ միայն նոր ու­ղի կը բա­նան Մ­խի­թա­րեան­նե­րու դասական քեր­թո­ղու­թեան առ­ջեւ, այ­լեւ ընդ­հան­րա­պէս ար­դի հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը կը թար­մա­ցնեն ու յա­ռաջ կը մղե­ն վի­պա­պաշտ (ռո­ման­թիք) դպրո­ցի հու­նով։ Ա­ւե­լի՛ն. հայ ժողո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան զար­թօն­քին կրա­կը կը վա­ռե­ն ժա­մա­նա­կի հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մէջ՝ եւ­րո­պա­կան ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ հեռու ափեր:

«Նահապետ» գրչանունով անմահացած Ղեւոնդ Ալիշան, որ ամէն բանէ առաջ  Հաւատքի Մարդ էր, ապրեցաւ եւ գործեց Հայ Եկեղեցականի ոգեշնչող վարքով ու մեծ ներդրում ունեցաւ ոչ միայն որոշապէս Մխիթարեան Միաբանութեան ազգային դիմագծի պայծառակերտման, այլեւ ընդհանրապէս 19-րդ դարու հայոց ազգային զարթօնքի հոգեմտաւոր կեանքին  մէջ։

Հակառակ գրաբարախառն իր հայերէնին, Հայր Ղեւոնդ Ալիշան նաեւ դրօշակիրներէն եղաւ մեր մայրենիի աշխարհաբար մշակման ու բիւրեղացման պայքարի ճանապարհին։ Զարթօնքի շարժումին տարիներուն իր առաջին բանաստեղծութիւններով իսկ հայոց միջնադարեան  գրական հայերէնը վերակենդանացուց եւ յառաջապահը դարձաւ սեփական ժողովուրդին հասկնալի ու սրտամօտ հայերէնով ստեղծագործելով։

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան ստեղծեց ու հայոց սերունդներուն ժառանգ կտակեց ըստ ամենայնի կոթողական հարստութիւն մը հոգեմտաւոր արժէքներու, որոնք ներշնչման աղբիւր դարձան 19-րդ դարու ազգային մեր զարթօնքը իր բարձրակէտին առաջնորդած հայ ազգային-ազատագրական պայքարին համար։

Ա­լի­շան 1857-ին եւ 1858-ին յա­ջոր­դա­բար լոյս ըն­ծա­յեց գրքոյկ­նե­ր, ո­րոնք մէկ կող­մէ մարդ­կա­յին ան­սահ­ման բա­րու­թեան,  մարդ­կայ­նա­պաշտ ապ­րում­նե­րու եւ խո­հե­րու, ինչ­պէս եւ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի վե­րա­հաս­տատ­ման նո­րօ­րեայ ա­ւե­տա­րան­ներ ե­ղան, իսկ միւս կող­մէ սրտե­րուն եւ մտքե­րուն մէջ վա­ռե­ցին խա­րոյ­կը հա­յոց փա­ռա­պանծ ան­ցեա­լի ո­գե­կոչ­ման, հայ­րե­նի բնու­թեան պաշ­տա­մուն­քին, հայ­րե­նի հո­ղին, քա­րին ու ջու­րին ո­գեշնչ­ման ։

Հա­ւատ­քի մար­դու, ազ­գա­յին գոր­ծի­չի եւ տա­ղան­դա­շատ գրո­ղի իր մեծ պատ­գա­մը Ա­լի­շան թուղ­թին յանձ­նեց նաեւ ար­ձակ է­ջե­րով, ո­րոնք 1871-ին լոյս տե­սան «­Խորհր­դա­ծու­թիւնք՝ ընդ ե­ղեւ­նեաւ» հա­տո­րով։ Իսկ հա­յա­գի­տա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թեանց իր կո­թո­ղա­կան վաս­տա­կով՝ Հայր Ղե­ւոնդ Ա­լի­շան  պատ­րաս­տեց, բա­ռին ա­մէ­նէն ընդգր­կուն ի­մաս­տով, հան­րա­գի­տա­րա­նը Հա­յաս­տան Աշ­խար­հին եւ ստեղ­ծա­գործ Հա­յուն։

Հա­կա­ռակ որ բնաւ չտե­սաւ աշ­խար­հը հա­յոց եւ չու­նե­ցաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ուղ­ղա­կիօ­րէն ապ­րե­լու իր պաշ­տած ժո­ղո­վուր­դի ա­ռօ­րեա­յին մէջ՝ Ա­լի­շան գա­ւառ առ գա­ւառ եւ գիւղ առ գիւղ ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նը՝ իր թէ՛ նիւ­թե­ղէն, թէ՛ ո­գե­ղէն բնու­թագ­րով, իր հո­ղով ու բոյ­սե­րով, իւ­րա­քան­չիւր ա­ւա­նի հետ կա­պո­ւած պատ­մա­կան ու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեամբ, հա­յե­րէ­նի ժո­ղովր­դա­յին ու բար­բա­ռա­յին ճո­խու­թեամբ եւ հարս­տու­թեամբ՝ «­Տե­ղա­գիր հա­յոց մե­ծաց», «Նշ­մարք եւ նշխարք Հա­յաս­տա­նի», «­Շի­րակ», «­Սի­սա­կան», «­Հին հա­ւատք Հա­յոց»,  «Ար­շա­լոյս Ք­րիս­տո­նէու­թեան Հա­յոց», «Հայապատում»  եւ միւս գոր­ծե­րով:

Ա­լի­շան ոչ միայն հա­յա­գի­տու­թեան ըն­ծա­յա­բե­րեց գի­տե­լի­քի հսկա­յա­կան պա­շար, այ­լեւ սկզնաղ­բիւր դար­ձաւ պատ­մա­գի­տու­թեան եւ լե­զո­ւա­բա­նու­թեան, աշ­խար­հա­գի­տու­թեան եւ բու­սա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ։

Այս բո­լո­րով ե­զա­կի մե­ծու­թիւն դար­ձաւ Հայր Ղե­ւոնդ Ա­լի­շան։

Ալիշանի «Հայբուսակ կամ Հայկական բուսաբառութիւն» (1895 թ.) վերագրեալ գիրքը կը նկարագրէ Հայաստանի մէջ աճող շուրջ 3400 բոյսեր եւ ծաղկատեսակները, աւելի քան 150 նկարներով ու անոնց բուժական յատկութիւններու թուարկումով :

Ալիշանի աւելի քան կէսդարեայ  գիտական գործունեութեան ամփոփումն է «Հայապատումը» (1901 թ.): Երկի առաջին մասը՝ «Պատմիչք Հայոց»ը նուիրուած է հայ պատմագրութեան պատմութեանը, երկրորդը՝ «Պատմութիւնք Հայոց»ը տարբեր պատմիչներու երկերէ ընտրուած և դէպքերու ժամանակագրական կարգով խմբաւորուած 400 յօդուածներով կը  ներկայացնէ վաղնջական շրջանէն մինչև ԺԷ. (17) դարու Հայոց պատմութիւնը:

Ղեւոնդ Ալիշան կը մահանայ 1901 թուականի Նոյեմբեր 9–ին և կը  թաղուի Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին գերեզմանատան մէջ:

Ղեւոնդ Ալիշան կը գիտակցէր,  որ այն ժամանակաշրջանին, երբ հայ ժողովուրդի ազգային զարթօնքի եւ համընդհանուր վերելքի տարիներն էին, պէտք էր ոտքի հանել հայութիւնը եւ ոգեւորել զայն: Հարկաւոր էր հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ճանաչելի դարձնել, անհրաժեշտ էր ուրեմն լաւ իմացութիւնը հայրենիքի աշխարհագրութեան, պատմութեան եւ մշակութային արժէքներուն: Սակայն այս բոլորը փոխանցելու համար հարկ էր միջոցներ որդեգրել, որ հասանելի ըլլային համայն հայութեան: Եւ այդ միջոցներէն մէկը ժողովուրդին խօսած լեզուն էր, այսինքն՝ աշխարհաբարը:

Ալիշանի գեղարուեստական ստեղծագործութեան մէջ աշխարհաբարի անցնելու առաջին նշանները ի յայտ եկան 1845-էն սկսեալ:

Աւելի քան տասը տարի, մինչեւ Յունուար 1862, «Հայադիր» ընդհանուր վերնագիրին տակ, «Բազմավէպ»ը հրատարակած է հայոց պատմութեան զանազան դէպքեր, պատմուածքներ, հայկական հին տոմարին վերաբերող նիւթեր:

Իրաւամբ ան հայ եկեղեցուոյ եւ հայ գրականութեան ու բանասիրութեան գագաթներէն մէկն է։

Աղբիւրներ

– Սիմոն Երեմեան, «Կեհսագրութիւն Հ.Ալիշանի»,Վենետիկ,Սբ.Ղազար 1902

– «Հայր Ղեւոնդ Ալիշան», Ռատիօ «Եան», 20 Դեկտ. 2019

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like