Վահագն Տատրեանի շիրիմը

Տոքթ. Սարգիս Ատամ, Գերմանիա, Օգոստոս 2022

Երեւանի Ցեղասպանութեան  յուշահամալիրի ճամբուն վրայ,  Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ հայերու  օգնող օտարներու յիշատակը սովորաբար կ՚ոգեկոչուի յուշատախտակներով ու ծառեր տնկելով: Սակայն, ինքզինք ցեղասպանագիտութեան նուիրած պատմաբան, ցեղասպանագէտ եւ գիտնական Վահագն Տատրեանի անշունչ մարմինը (մահացած 2019 թուականին ԱՄՆ-ի մէջ) Հայաստան փոխադրուելէ ետք անտէր է մնացած, կարծես թէ չէր բաւեր որ ան Հայաստանի մէջ թաղուեցաւ պարզ ու սովորական գերեզմանի մը մէջ, գրեթէ անշուք կերպով։

Ըստ հեղինակաւոր թուրք գիտնական Փրոֆ. Թանէր Աքչամի ընկերային ցանցերու մէջ տարածած տուեալներուն, ցեղասպանագիտութեան հիմնադիր Փրոֆ.Վահագն Տատրեանի Հայաստանի մէջ գտնուող շիրիմը թողուած է անտէր վիճակի մը մէջ՝ վայրի խոտերով ծածկուած ու անխնամ:

Ըստ իս, այս իրավիճակը մեծ գայթակղութիւն մըն է, մեծ խայտառակութենէ աւելի՝ “ամչնալիք ազգային վարմունք”  եւ “ազգային ամօթ”մը։

Այս ամօթը շտկելու նպատակով միջադէպը կը ներկայացնեմ համայն հայ հանրութեան իմացութեան և հայ ժողովուրդը կը հրաւիրեմ առանց միջադէպի ու մեղաւորներ փնտռելու, Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի վաստակի նկատմամբ իր երախտագիտութեան տուրքը մատուցանէ պատշած գիտակցութեամբ ու երախտագիտական բարձր զգացումներով։

Keghart.org իր ցասումը կ՚արտայայտէ այս տխուր առթիւ եւ իր բողոքի ձայնը կը միացնէ Տոքթ. Ս. Ատամին։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

ՄԻԱԿՈՒՌ

«․․․Օ՜, խաղատուն դարձած հայրենական մեր տուն, Ցեխերի մէջ ընկած մագաղաթեայ մատեան, Կախաղանի սիւնից կախուած անկախութիւն, Մեր յոյս երազների…
Read More