Մենք սփիւռքահայերէն կը խօսինք

Հայոց լեզուի աղաւաղումները նորութիւն չեն, անոնք ուղեկցած են մեր ժողովուրդի կեանքին՝ ըլլա՛յ Հայրենիքին թէ սփիւռքի մէջ: Սակայն աններելի է, որ ազգային պետութեան պայմաններուն մէջ իսկ մեր ազգային ու պետական ՄԻԱԿ լեզուն կը յօշոտուի, այն ալ, յաճախ, պետական գործիչներու կողմէ, որոնք “Լեզուի Օրէնք”ին իսկ պահանջով, պարտաւոր են անաղարտ հայերէն գործածել: Մեր կայքին մէջ վերահրատարակելով Վիեննայի մեր պատուական հայրենակիցներէն Սեպուհ Պաղտոյեանի՝ 34 տարի առաջ հեղինակած գրութիւնը, յոյս ունինք, որ նայելով հայելիի մէջ ու հոն տեսնելով մեր լեզուական տգեղ դէմքը, կը ձգտինք աւելի նախանձախնդրութեամբ վերաբերիլ մեր ազգային հարստութիւններէն եղող եւ մեր ինքնութեան հիմքը կազմող հայոց լեզուին: Խմբ.

Սեպուհ Պաղտոյեան (Վիեննա), «Զարթօնք» օրաթերթ, Պէյրութ, 16 Օգոստոս 1986

Այս յօդուածովս ո՛չ կը փափաքիմ քննադատել սփիւռքահայերէն խօսողներս, ո՛չ կը փափաքիմ դրդապատճառները վերլուծել ու ո՛չ ալ խիզախութիւնն ունիմ ելք մը կամ դարման մը առաջարկելու: Ասոնք նիւթեր են, որոնց մասին կարելի է յիշել, սակայն ամենէն փորձառու եւ գիտուն ընկերաբանն ու լեզուագէտը, պատմաբանն ու գրագէտը չեն յանդգնիր ու չեն կրնար իսկական ու գործնական ձեւով հարցերը քննարկել եւ լուծումներ առաջարկել:

Յաջորդող տողերուն մէջ ես պարզապէս կը ցանկամ վերջերս տեղի ունեցած համահայկական ժողովի մը ընթացքին գործածուած հայերէնին (սփիւռքահայերէ՞ն) տեսարանը ներկայացնել: Պէտք է հոս նշել նաեւ, թէ Հայրենիքին մէջ գործածուած արեւելահայերէնն ալ նուազ դժբախտ չէ դարձած իր շուրջը տիրող ռուսերէնի ազդեցութիւններէն:

– Սիրելի՛ հայրենակիցներ, կրնամ ձեզի այս մէկը վստահեցնել քի մեր ժողովները հիչ այս տեսակի փերուշան առաջարկներ չունէին պէ: Ո՞ւր կ’երթանք կոր: Ալ շունչուս հատաւ ըսելէն:

Ալոր, դուն իղաւունք ունիս, ող մենք այեղս բնաւը այս տեսակի աղցեղուն մէջը իղաղու հանդէպ նեղողամիտ չենք: Տոն, ատիկա չի նշանակեղ ող չենք կղնալ ամաձայնիլ, նէս փա՞:

Ազիզ ջան, քո ասածն էլ, առաջարկն էլ մենք աքսեփթիէտըն ենք անում: Բայց փրաքթիշ քայլեր պէտք է առնենք: Հայկական վերսամլունկները աւելի լաւ պէտք է որ օրկանիզիերէն անենք: Կոթ զէր տանք, որ առնուազը հաւաքուել ենք ու այս հարցերը տիսքութիերէն ենք անում: Այսինքը, դժուարութեան առաջին քայլը լուծուած ա:

Եաանի այս հարցը մաալէշի կապելով չե՞նք կրնար միւս նիւթերուն անցնիլ: Ղաֆա ցաւցուցիք պէ: Ալլախնիդ սիրեմ, խօսելու մէջ եալաթիֆ էք, ամմա գործելու մէջ՝ զըֆըթ: Եա ամմի, ի՞նչ հիւանդութիւն է սա, եահօ:

Օ քէյ, օ քէյ, շատ էքզեճիրէյթ մի՛ ընէք: Մայ Կատ, գլուխնիդ առիք ու գացիք: Քիչ մը քոնսենթրէյթ ընենք աւելի սիրիըս եւ կարեւոր փրապլըմներու վրայ: Նեվըր մայնտ, որ այս ալ պէտք է տիսքաս ըլլայ, սակայն միւսերը աւելի կարեւոր ու ֆանտըմենթըլ են:

– Բոլորդ էլ փորձառու դոցենտների նման էս հարցը կրիտիկական ձեւով անալիզ էք անում: Մեր կոմիտէի պլենումներում էլ նման հարցերի մասին մինիստրները խօսում են, բայց ոչ մի կոնկրետ արդիւնքի չեն հասնում: Մեր դիսկուսիաները չենք անում սոցիալական եւ դեմոկրատական հասկացողությամբ:

Որքան ժողովը կ’երկարի, այդքան պարզ եւ ընդունելի կը թուի ըլլալ, բոլո՛ր մասնակցողներուն, գործածուած սփիւռքահայերէնը: Նախ կ’ըլլան որոշ ծիծաղներ կամ կէս-զարմանքի ու կէս ապշութեան կեցուածքներ, սակայն, շատ չանցած, գրեթէ ոչ մէկը կը մտածէ գործածուած սփիւռքահայերէնին մասին, ու ժողովը կը շարունակուի լուծելու համար ա՛լ աւելի կարեւոր հարցեր:

Ալոր, այ հոփ կրցի իմ իտէներս եւ մաշքալներս ձեզի կոնկրետ էքզամփլներով ներկայացնել:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

In Support of Karabakh

ÂÇÏáõÝù ϳݷݻÉáí Ô³ñ³µ³ÕÇ Ù»ñ ѳÛñ»Ý³ÏÇóÝ»ñáõݪ   ²ñųÝÃÇÝÇ »õ àõñáõÏáõ³ÛÇ Ñ³Û Ñ³Ù³ÛÝùÝ»ñÁ µáÕáùÇ Ý³Ù³ÏÝ»ñ Ý»ñϳ۳óáõóÇÝ üñ³Ýë³ÛÇ, ØÇ³ó»³É ܳѳݷݻñáõ »õ…
Read More