ՄԵԾՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ…

 

Մշակում՝ Մ.Գ.-ի, Յունուար 2020

Ծանօթ.- Յետ մահու վերաշարադրումի փորձ մը գալիք օրերու լոյսին տակ:

Վերջերս սփիւռքահայ յայտնի Սարուխանագէտ Ք.-էն լուր ստացանք թէ սփիւռքահայ բոլոր ժամանակներու մեծագոյն երգիծանկարիչ Ալ. Սարուխան յաջողեր է երկնային Եգիպտոսի մօտ գտնուող Ռուսական Դաշնութեան դեսպանատունէն մուտքի արտօնագիր (վիզա) ստանալ եւ քանի մը օրով մեկնիլ Հայաստան: ՌԴ դեսպանատունը սիրայօժար կերպով արտօներ է՝ ըսելով թէ ինք ՌԴ որեւէ տարածք մեկնելու համար որեւէ ատեն արտօնագրի պէտք չունի: Գլխաւոր դեսպան Ալեոշա Բաբաեւը աւելցուցեր է նաեւ թէ մեծանուն երգիծանկարիչը Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն ստեղծեր է այնպիսի գլուխ-գործոցներ, որոնց մէջ ան երգիծեր է Նացի Գերմանիան եւ Ֆաշիստ Մուսոլինին՝ չմոռնալով փառաբանել Կարմիր Բանակի հրամանատարներն ու ՄԵԾ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Ստալինը:

Եւ այսպէս Ալ. Սարուխան յաջորդ օրն իսկ սկսեր է պտըտիլ Երեւանի ռեստորաններն ու պարերը (bar), որոնք միշտ լեցուն եղած են հակառակ երկրին մէջ տիրող համատարած սեւազգեստութեան ու մռայլութեան: Ան հաւատարիմ մնալով իր բարեմիտ քննադատական ոգիին, վերանայեր է 1960 թուականին գծած իր երգիծանկարներէն մէկը («Մենք մեր ակնոցով») եւ կարգ մը փոփոխութիւններ կատարելով ղրկեր է առ որ անկ է:

Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն: Կը փափաքինք յիշեցնել թէ բնօրինակին մէջ բոլոր խօսքերը հայատառ եղած են, նոյնիսկ յունարէնները, բայց նկատելով մեր երկրին մէջ տիրող կացութիւնը, գարեջրատան յաճախորդներուն մեծ մասին տրամադրութիւններն ու լեզուն, խօսքերը փոխարինած է ռուսերէն լեզուով:

Ընթերցողները կրնան թարգմանութեանց հետեւիլ ըստ թիւերու յաջորդականութեան: Բարի վայելում:

1.- Ուշադրութեամբ կարդալ վերը ձախ կողմի ցուցանակը:

2.- Մի խացիմ ֆիսթաշէք: Մենք պիստակ կ’ուզենք:

3.- Քծէ նաշէ փիվօ: Ի՞նչ եղաւ մեր գարեջուրը:

4.- Ու թ(ց)իպիա եէ՞սթ խարոշայա վոտքա: Դուք լաւ վոտքա ունի՞ք:

5.- Ա՜խ, թոլքը Փութինսկայա վոտքա: Ա՜խ, միայն «Փութինսկայա» վոտքա:

6.- Աֆիցա՛նթ: Մատուցո՛ղ…

7.- Սլուշայու: Այո՛, կը լսեմ ձեզ:

 

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like