ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը իր ողջոյնի խօսքը յղեց Արեւմտահայոց Ազգային 4-րդ Համագումարին: Ստորեւ կը հրապարակենք Կուսակցութեան յղած ողջոյնի խօսքը:
Արեւմտահայ Ազգային 4-րդ Համագումարի
Նախագահութիւն և մասնակիցներ,
Յարգելի բարեկամներ,
Կ’ողջունենք Արեւմտահայ Ազգային 4-րդ Համագումարը եւ անոր աշխատանքներուն կը մաղթենք յաջողութիւն:
ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, որ արեւմտահայ դատի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ իր ետին արդէն ունի 128 տարիներու պայքարի ճամբայ մը, կը հաւատայ որ Հայկական Դատը ամբողջ հայութեան դատն է եւ իւրաքանչիւր հայ, անհատաբար թէ կազմակերպութեան մը ընդմէջէն իրաւունքը ունի իր մասնակցութիւնը բերելու Հայ Դատի արդարացի լուծման: Այդ ոչ ոքի սեփականութիւնը չէ: Այս համոզումը ամրագրուած է Կուսակցութեանս համագումարներու համապատասխան որոշումներով: Այս իմաստով, մեր կողմէ ողջունելի է որեւէ ազնիւ եւ անշահախնդիր նախաձեռնութիւն որ կը միտի նպաստել Հայ Դատի արդարացի լուծման:
Ձեզ կը մաղթենք յաջողութիւն եւ ապագայի համագործակցութիւն:
ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան
Կեդրոնական Վարչութիւն
28 Մարտ 2015