Վարդան Թաշճեան, Պէյրութ, 19 նոյեմբեր 2025
Հայաստան այս տարուայ Նոյեմբեր ամսուն յայտնուեցաւ հացահատիկի ներածումի ռազմավարական խաչմերուկին վրայ, բախելով երկու հակադիր, բայց նշանակալի զարգացումներու:
1990-ականներէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Ռուսիա Ազրպէյճանի տարածքով երկաթուղիով Հայաստանին մատակարարեց աւելի քան 1000 թոն ցորեն: Բացի ատկէ, Նոյեմբերի սկիզբը Հայաստան նոյն երթուղիով առաջին անգամ հացահատիկ ստացաւ նաեւ Ղազախստանէն: Ռուսիա կը նախատեսէ մինչեւ 2026-ի Յունուարի վերջը նոյն երթուղիով ուղարկել եւս 132 վակոն ցորեն: Բացի հացահատիկէն, կը քննարկուի նաեւ այլ ապրանքներու փոխադրութեան հնարաւորութիւնը, ինչ որ կրնայ էապէս ընդլայնել երթուղիին նշանակութիւնը:
Այսպէս, Ազրպէյճանի տարածքով ռուսական հացահատիկի համար ծախսարդիւնաւէտ երկաթուղային երթուղիին վերաբացումը Հայաստանին կը խոստանայ տնտեսական եւ լոճիսթիք օգուտներ։ Սակայն, միւս կողմէ, ի յայտ եկած է քաղաքականապէս զգայուն հնարաւորութիւն մը, որն է՝ Եւրոպական միութեան ֆինանսական օգնութեամբ, սակայն աւելի քան կրկնակի սուղ ուքրաինական հացահատիկի ներածումը:
Այս երկընտրանքը լոկ առեւտրական որոշում մը չէ, այլ արտացոլացում մը՝ աւելի խոր աշխարհաքաղաքական տեղաշարժերու, որոնք կրնան վերաձեւել Հայաստանի տնտեսական ապահովութիւնը եւ տարածաշրջանային դիրքաւորումը:
Տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի սննդային ապահովութիւնը, յատկապէս հացահատիկի մասով, գրեթէ ամբողջութեամբ կախեալ եղած է Ռուսիայէն։ Երկիրը տարեկան կը ներածէ մօտաւորապէս 450.000-500.000 թոն հացահատիկ` իր ներքին կարիքները բաւարարելու համար: Այս ծաւալին գրեթէ ամբողջը աւանդաբար մատակարարուած է ՌԴ-էն։ Ներածումը կատարուած է երկու հիմնական ուղիներով` ցամաքային ճամբայով` Վրաստանի տարածքով (Վերին Լարսի անցակէտով) եւ ծովի ճամբով` Վրաստանի նաւահանգիստներուն միջոցով: Երկու երթուղիներն ալ ունեցած են իրենց մարտահրաւէրները` քաղաքականին կողքին եղանակային պայմաններու եւ յաճախակի խցանումներու պատճառով:
Այս խորապատկերին վրայ, Ազրպէյճանի տարածքով ռուսական հացահատիկին համար երկաթուղային երթուղիին վերաբացումը ռազմավարական բեկում մըն է։ Այս զարգացումը ոչ միայն կը ստեղծէ նոր տնտեսական արդիւնաւէտութիւն, այլեւ կ՛ազդարարէ տարածաշրջանային փոխադրական ուղիներու քարտէսի հնարաւոր վերաձեւում:
Նոր երթուղին կ՛առաջարկէ շարք մը առեւտրական եւ լոճիսթիք առաւելութիւններ: ՌԴ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան գնահատումով` երկաթուղային երթուղին զգալիօրէն կը նուազեցնէ փոխադրութեան ծախսերը` համեմատած աւանդական ցամաքային եւ ծովային ուղիներուն հետ։ Երկաթուղին կ՛ապահովէ աւելի կանխատեսելի եւ կայուն մատակարարման շղթայ մը` նուազեցնելով կախեալութիւնը եղանակային պայմաններէն եւ սահմանային խցանումներէն: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով, «տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների ապաշրջափակումը նպաստում է ռուս-հայկական յարաբերութիւնների զարգացմանը եւ խորացմանը», ընդգծելով այս զարգացման աւելի լայն քաղաքական նշանակութիւնը:
Սակայն այս գործնական լոճիսթիք առաջընթացին ուղղակիօրէն մարտահրաւէր կը նետէ Արեւմուտքի աշխարհաքաղաքական խաղը, որ կը ձգտի փոխանակելու Հայաստանի տնտեսական կայունութիւնը Մոսկուայի դէմ ռազմավարական դիրքաւորման հետ:
Նոյեմբերի կիսուն, մամուլին մէջ յայտնուեցաւ իրարամերժ տեղեկատուութիւն՝ ռուսական եւ ուքրաինական հացահատիկին՝ Հայաստան ներածումի խնդիրներուն շուրջ։ Պաշտօնական մարմիններու եւ ղեկավարներու յայտարարութիւնները մերկացուցին Հայաստանի առջեւ ծառացած աշխարհաքաղաքական վերադիրքաւորման տարբերակը: Հարցը դուրս եկաւ զուտ առեւտրական հարթութենէն եւ վերածուեցաւ աշխարհաքաղաքական դիմակայութեան` արտացոլացնելով Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ աճող անվստահութիւնը:
Հակասութիւններու առաջին եւ ամենամեծ նշանը Ռուսաստանի Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան (SVR) հրապարակային մեղադրանքն էր ուղղուած Հայաստանին: SVR-ը կը պնդէ, որ Հայաստան, քաղաքական դրդապատճառներով, մտադիր է հրաժարիլ ցած գինով ռուսական հացահատիկէն` յօգուտ ԵՄ-ի կողմէ ֆինանսական օգնութեամբ ներածուելիք աւելի սուղ ուքրաինական հացահատիկին: SVR այս քայլը որակեց որպէս «Երեւանի համբոյր»` ակնարկելով Յուդայի դաւաճանական արարքին: Քրեմլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով, իր հերթին, հրապարակայնօրէն հաստատեց, որ SVR-ի զեկոյցները «երբեք անհիմն չեն ըլլար», պաշտօնական ու քաղաքական կշիռ հաղորդելով մեղադրանքին:
SVR-ի զեկոյցը ուղղակիօրէն կ՛ակնարկէ այն ռազմավարական հաշուարկին, որ, իրենց կարծիքով, կը հետապնդէ ԵՄ-ը. «Գրաւիչն այն է, որ ԵՄ-ին կ՛առաջարկուի «երեքը մէկի մէջ» գործարք մը, որն է՝ հացահատիկ Հայաստանի համար, աջակցութիւն Քիեւին եւ Մոսկուայի ու Երեւանի միջեւ անվստահութեան խթանում»:
Ի պատասխան այս մեղադրանքներուն` վարչապետ Փաշինեան պաշտօնապէս հերքեց ռուսական հացահատիկէն հրաժարելու մտադրութիւնը, սակայն միեւնոյն ժամանակ ներկայացուց նրբերանգներ պարունակող հետեւեալ դիրքորոշումը․ «Հայաստանը երբեք չի հրաժարուի Ռուսաստանից հացահատիկի մատակարարումներից: Ես պաշտօնապէս եմ ասում` երբեք չի հրաժարուի: Սակայն Հայաստանը նաեւ երբեք չի հրաժարուի շուկայում այլ տարբերակներ ուսումնասիրելուց… Մենք չենք խլանայ եւ չենք մերժի այն երկրների առաջարկները, որոնք եկել են մեզ մօտ եւ յայտարարել, որ իրենք նոյնպէս վաճառելու հացահատիկ ունեն»:
Հայաստանի որոշումը հացահատիկի վերաբերեալ պէտք է դիտարկել որպէս տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումներու շրջանակին մէջ տնտեսական գործնականութեան եւ աշխարհաքաղաքական վերադիրքաւորման միջեւ ընթացող պայքարի դրսեւորում:
Հացահատիկի խնդիրը պէտք է վերլուծուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ ստեղծուած «Միջազգային խաղաղութեան եւ զարգացման Թրամփի երթուղի»ի (TRIPP) աշխարհաքաղաքական ընդհանրականութեան մէջ: Այս ուղին կը սպառնայ խարխլել Ռուսիոյ տարածաշրջանային դիրքերը` զօրացնելով թրքական եւ արեւմտեան ազդեցութիւնը Ռուսիոյ հարաւային սահմաններուն երկայնքով: Ուքրաինական հացահատիկի ընտրութիւնը կը դառնայ յստակ ազդանշան մը, որ Հայաստան աւելի համարձակ կը դաշնակցի TRIPP-ի արեւմտեան եւ թրքական հովանաւորներուն հետ` խաթարելով Մոսկուայի տարածաշրջանային ազդեցութիւնը։ Այն կը դիտարկուի որպէս Ռուսիայէն հեռանալու աւելի լայն, հետեւողական քաղաքական ռազմավարութեան դրսեւորում:
Սակայն, պահ մը վերադառնանք խնդրի ֆինանսական կողիմին․ ԵՄ-ի օժանդակութեամբ ուքրաինական ցորենի ներկրումը կրնայ լուրջ ֆինանսական վտանքներ (ռիսքեր) պարունակել Հայաստանի համար: Նոյն ռուսական SVR-ի պնդումով, ԵՄ չի կրնար երկարաժամկէտ եւ յարմարաւետ կերպով վճարել գնային տարբերութեան համար, եւ, հետեւաբար, օր կու գայ, երբ Հայաստան ստիպուած կ՛ըլլայ ուքրաինացիներուն վճարել «շուկայական» գինով՝ չզեղջուած։ Ռուսերը կը զգուշացնեն, որ նման դիպաշարի մը հաւանականութեան լոյսին տակ՝ ուքրաինական ցորեն գնելու վերաբերեալ որոշումը պիտի վատթարացէ Հայաստանի ֆինանսական իրավիճակը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել սղաճի բարձրացման եւ պետական պիւտճէի ալ աւելի արագ սպառումին։
Այս գործօնները Հայաստանը կը դնեն բաւականին բարդ ռազմավարական ընտրութեան առջեւ, ուր տնտեսական նպատակայարմարութիւնը կը բախի աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններուն:
Հայաստանի առջեւ ծառացած երկընտրանքը կարելի է ձեւակերպել որպէս երկու հիմնական ուղիներու միջեւ ընտրութիւն.
- Տնտեսական գործնականութիւն. օգտուիլ Ազրպէյճանի տարածքով բացուած նոր, ծախսարդիւնաւէտ երկաթուղային երթուղիէն` ամրապնդելով լոճիսթիք կապերը աւանդական գործընկեր Ռուսիոյ հետ եւ ապահովելով տնտեսական կայունութիւն:
- Աշխարհաքաղաքական վերադիրքաւորում. ուղղուիլ դէպի մատակարարումներու բազմազանացում, որ, զգալի տնտեսական ռիսքերով հանդերձ, կ՛ազդարարէ արեւմտեան ուղղուածութեան քաղաքական շրջադարձ եւ հեռացում Ռուսիայէն:
Հացահատիկի ներածումին վերաբերեալ յառաջիկայ որոշումները պիտի դառնան լագմուսի թուղթ, որ ցոյց պիտի տայ Հայաստանի ռազմավարական գերակայութիւնները: Երեւան պիտի կրնա՞յ յաջողութեամբ անցնիլ մրցակից ուժերու միջեւ արկածաշատ ճամբաներով, թէ՞ նոր բարեկամութիւններու որոնումը կը յանգեցնէ գինի մը, որ շատ աւելի բարձր է, քան ցորենի որեւէ բեռնափոխադրում։