Thanksgiving Day – Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, «Լուսաբաց», 11 Հոկտեմբեր 2015

Thanksgiving-ը, որ հայերէնով կը բացատրուի որպէս շնորհակալակութիւն կամ գոհաբանութիւն արտայատելու արարք, գանատական ազգային սովորութիւն մըն է, որուն արմատները եւրոպական են ընդհանրապէս, եւ անգլիական՝ մասնաւորապէս: Ատենօք, հունձքի եւ բերքի առատութեան համար եկեղեցական արարողութիւններ (Harvest Festival) կը կատարուէին Եւրոպայի մէջ, ի մասնաւորի՝  Անգլիոյ մէջ, Աստուծոյ փառք տալու՝ առատ հունձք ստացուած ամառուայ եղանակին համար: Այդ արարողութիւնները կը կատարուէին աշնան սկիզբը եւ ընդհանրապէս վերջին հունձքը քաղելէն անմիջապէս ետք:

Հիւսիսային Ամերիկան գտնող եւրոպացի երկրախոյզները (explorers), իրենց երկրէն բերելով այդ գոհաբանութիւն յայտնելու ազգային սովորութիւնը, Աստուծոյ փառք տուին հոս ալ՝ այս նոր աշխարհի ցամաքամասին վրայ իրենց գտած առատ «հունձքին» ու «աւարին» համար: Ու եղաւ այնպէս, որ տարիներու ընթացքին ամէն տարի Ամերիկայի ու Գանատայի մէջ տեղի ունեցող այդ գոհաբանութին արտայայտող արարքները դարձան պետականօրէն հռչակուած եւ յայտարարուած տօնական ու արձակուրդի օր, որ կոչուեցաւ Thanksgiving Day: Եւ որովհետեւ այդպիսի տօնակատարութիւն շեշտակիօրէն աւելի անգլիական բնոյթ ունի, ֆրանսախօս գանատացիները Քէպէք նահանգին մէջ՝ մեծ կարեւորութիւն չեն ընծայեր այդ տօնին:

Յունուար 31, 1957-ին, Գանատայի խորհրդարանը օրէնքով հռչակեց Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ Երկուշաբթին որպէս Գոհաբանութեան Օր (Thanksgiving Day), յայտարարելով որ այդ օրը Աստուծոյ շնորհակալութին յայտնելու օր է այն առատութեան համար, որ Ան շնորհած է Գանատային:

Իսկ Ամերիկայի մէջ նոյն տեսակի շնորհակալութիւն յայտնելու օր հռչակուած է Նոյեմբեր ամսու չորրորդ Հինգշաբթին: Յատկանշական է, որ թէեւ պետական տօն կը նկատուի Գանատայի լայն տարածքին, սակայն պաշտօնական տօն չէ Ատլանտեանի ափին գտնուող գանատական նահանգներուն մէջ, ինչպէս՝ Prince Edward Island, Newfoundland and Labrador, New Brunswick եւ Nova Scotia, ուր կամաւոր կամ կամքի թողուած (optional) տօն կը նկատուի:

Գոհաբանութեան Օրուայ ընթացքին մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայուի հոս՝ Գանատայի մէջ եւ քիչ մըն ալ գուցէ աւելի Ամերիկայի մէջ, ընտանեկան յարկին տակ մէկտեղումը ընտանիքի բոլոր անդամներուն, որոնք կը հաւաքուին գալով հեռուէն ու մօտէն, նստելու համար իրարու հետ սեղանի մը շուրջ, ճաշակելու՝  լիցքաւորուած հնդկահաւը (stuffed turkey), ճմլուած գետնախնձորը (mashed potatoes), sweet corn, cranberry sauce եւ pumpkin pie:

Բարի նախանձով միայն կարելի է դիտել մեր շուրջը գտնուող բոլոր անոնք, որոնք հաճոյքը պիտի ունենան բազմանդամ ընտանիքներով եւ հարազատներով հաւաքուելու ընտանեկան յարկի մը տակ այս շաբաթավերջին՝ փառք եւ շնորհակալութիւն տալու Աստուծոյ, որ բեղմնաւոր ու բախտաւոր տարի մը անցուցին, տարի մը՝ յաջողութիւններով եւ ապագային հետ դրական տրամադրութիւններով ու աշխուժութեամբ լեցուն:

Բայց ինչպէ՞ս չափսոսալ ու չցաւիլ բոլոր անոնց համար, որոնք հարազատի մը կորուստին կամ անոր հետ միանալ չկարենալու չար բախտով կը տառապին:

Ի՞նչ տրամադրութեամբ փառք պիտի տան Աստուծոյ բոլոր անոնք որոնք, հակառակ իրենց տքնաջան աշխատանքին եւ մաքուր նկարագրին, կը շարունակեն մնալ դժգոհ ու դժբախտ՝ ձախողութիւններով անտանելի դարձած իրենց անբախտ վիճակէն:

Ճիշդ չէ ուրախ առիթներով տխուր ու տրտում հեքիաթներ պատմել:

Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է գոհունակութեամբ կամ շնորհակալութեամբ ընկալել վիճակը մեր հայ աշխարհին, որուն մէջ հայրենիք կը պարպուի, ազգային եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը կը քննադատուի եւ հայ Սփիւռքի մշակութային ու կրթական արժէք ներկայացնող կեդրոններ կը վտանգուին Միջին Արեւելքի մէջ: Եւ ինչպէ՞ս չշարժի մեր մարդկային խիղճը ու չլեցուի ցաւով ի տես միլիոնաւոր այն գաղթականներուն, որոնք թողած տուն ու տեղ կը թակեն դռները հանգիստ աշխարհին, որոնելով ապաստանարան եւ արդարատենչ կտոր մը կեանք:

Thanksgiving-ի միտք բանին հասկնալի եւ գնահատելի արտայատութիւն է՝ փառք տալու Աստուծոյ մարդոց կողմէ այն բերքին, բարքին եւ բարիքին համար, որ կը տրուի իրենց բնութեան կողմէ: Սակայն ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ տրամադրութեամբ կրնան նոյնը ընել մարդիկ, որոնք զրկուած են այդ բերքէն, բարքէն ու բարիքէն:

You May Also Like