“The Poet’s Heart”

Vahe Vahian’s Letters

By Viken L. Attarian, Montreal, 10 April 2013

Attached is Viken Attarian’s lecture (in Armenian) titled Vahe-Vahian’s “The Poet’s Heart”.  It is an oral review/appreciation of a collection of 441 letters by the late Armenian poet, teacher, Armenologist, and editor. The letters cover six decades, the first written in 1930 to Hrant Palouyan, the publisher of the literary magazine Zvartnots in Paris, and the last in 1992 to his son Tsolag. The 766-page book also includes 60 letter replies and photos. The book was edited and compiled by Aram Sepedjian.

Attarian, who was a student of Vahe-Vahian in Beirut and later contributed to publishing the poet’s translations of Khalil Gibran and Rabindranath Tagore, describes “The Poet’s Heart” as “a monumental work”, covering literature and belle-lettres, in addition to national and public issues and correspondence of a personal nature.  In his presentation he describes six unique characteristics of the volume, which are:

•Vahe-Vahian is not only a tireless servant of the Armenian language and literature, but also a concerned intellectual worried about the even about the financial well-being of Armenian authors.
•The author is also a relentless defender of the quality of literary output, and does not shy from giving criticism and even accepting it for his own work.
•Throughout his life, Vahe-Vahian obviously cultivated unique and long-lasting friendships with a few special individuals, who have received numerous letters from him. These include, Vahan Tekeyan, Benyamin Nourigian, Moushegh Ishkhan, Antranig Antreasian, Bedros Zaroyan, Alex Manoogian, Smpad Derounian and others.
•His personal love letters to the women of his life open up a whole new avenue for literary research because they give a unique perspective on his internal world and his most personal preoccupations on all fronts, including the literary one.
•The author also comes across as a principled individual who boldly expresses his opinion on important social, cultural and political matters, and defends the rights of the downtrodden and the voiceless.
•The letters also shed light on unique historical events which have remained obscure until this publication.  In particular as it relates to the great struggles and the divisions in the Diaspora as well as the post WWII period.

The presentation/lecture was given at the AGBU Montreal Manuel Keusseyan Armenian Studies program at the Jirayr and Elise Dervishian Hall on April 10, 2013.

The book may be obtained from AGBU (Montreal Chapter),

805 , rue Manoogian, Ville St-Laurent, Quebec, Canada  H4N 1Z5,
T: (514)748-2428
F: (514)748-6307
[email protected]

In USA the book may be bought from Abril Bookstore in Glendale, California

Վահէ-Վահեանի

Բանաստեղծին Սիրտը

 

Պատուհանէս ներս խոնարհ, ծաղիկներու բոյրի պէ’ս,
Կ’անցնի աղջիկն արեւին, կը համբուրէ ճակատէս
Կը բեկբեկի, կը շոյէ, յետոյ մարմնիս կը փարի,
Սիրոյ նըման ջերմագին՝ ու գթութեան պէս բարի:

Այս քառեակով սկսող հնչեակը արտասանած եմ տակաւին որպէս նախակրթարանի աշակերտ:  Հեղինակը, Վահէ-Վահեանը, որ այսօրուան բանախօսութեանս նիւթին հեղինակն է նոյնպէս, ճանչցած եմ նախ որպէս ընտանիքի բարեկամ, երբ մանկութեանս տարիներուն յաճախ կ’այցելէինք Պէյրութի Ուաթուաթ թաղամասին տան գետնայարկը ուր կը բնակէր Սարգիս Ապտալեանի ընտանիքը:  Յետագային, պատանեկութեանս ուսումնական տարիներուն, Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ, բանաստեղծը դարձաւ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչս:  Ապա, որպէս հայագիտութեան ուսանող Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկին, որուն վարիչ տեսուչն էր ինք, կրկին բախտաւորութիւնը ունեցայ կանոնաւորապէս լսելու զինք որպէս հայ գրականութեան պատմութեան դասախօս:  Այդպիսով՝ ան կը հանդիսանար հայերէնի երիցագոյն եւ վերջին ուսոուցիչս:

Վահէ-Վահեանին հետ վերջին հանդիպումս տեղի ունեցաւ գրեթէ երեք տասնամեակներ առաջ, երբ որպէս մասնագէտ կ’աշխատէի հօրս հրատարակչատան Հայ Տիպ Քոմփիւկրաֆ-ի անձնակազմին հետ:  Հրատարակչատունը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի առաջին հայատառ համակարգչային գրաշարային սարքաւորումներով օժտուած հաստատութիւնն էր: Տասնամեակի մը ընթացքին, բազմահարիւր գրական գործեր լոյս ընծայած էր եւ այդ տարի կը պատրաստուէր նաեւ հրատարակելու Վահէ-Վահեանի թարգմանութիւնները Ճպրան Խալիլ Ճպրանէն եւ Ռապինտրանաթ Թակորէն:  Տակաւին նոր համակարգչային ծրագրաւորումներ անցուցած էի մեքենաներուն մէջ: Փորձառական շրջան մըն էր, եւ ես ներկայ էի միշտ, գրաշարներուն օգնելու եւ դիւրացնելու համար փորձերու սրբագրումի աշխատանքը:  Նոր ծրագրաւորումները՝ թէեւ աննախընթաց կարելիութիւններ կու տային մանաւանդ էջադրումի եւ տառատեսակներու ընտրութեանց, սակայն գրաշարներու անփորձ ըլլալուն եւ  անընդունակ որպէսզի կարենային բոլոր համակարգչային դրութիւնը կատարելապէս գործածել, անհրաժեշտ էր զանոնք պահել մնայուն հսկողութեան տակ:  Հոն, տպարանի ընդհատակեայ այդ գրասենեակին մէջ է որ եկանք դէմ հանդիման, տարիներու ուսանողական բացակայութենէս ետք:  Ես եւ բանաստեղծ ուսուցիչս:  Սեղմեց ձեռքս, բարեւեց եւ բացատրութիւն խնդրեց աշխատանքին մասին:  Մեծ հետաքրքրութեամբ մտիկ ըրաւ ըսելիքներս գործիքներու արդի կարելիութիւններուն վերաբերեալ:  Ցոյց տուի իրեն արտադրուած տպարանային փորձերը, ցոյց տուի թէ ինչպէս կարելի է ուղղակի պաստառին վրայ կատարել սրբագրութիւնները, ինչ որ անլսելի եւ անհաւատալի էր այդ տարիներուն:

Ուսուցիչս տուաւ իր ցուցմունքներն ու կատարեց սրբագրական աշխատանքներու վերաբերեալ թելադրութիւնները: Բծախնդիր էր ու կատարելապաշտ, եւ յստակօրէն գիտէր իր ուզածը մինչեւ ամենայետին միջակէտը:  Ճանչնալով իր այդ նկարագրային խստապահանջ գիծը, ես ալ ծրագրին նկատմամբ նոյնպիսի մօտեցում ցուցաբերած էի:  Ի վերջոյ՝ մեզի վստահած էր իր մտաւորական «զաւակ»ները եւ պէտք էր այդ աշխատանքին վրայ գուրգուրալ առնուազն հեղինակին չափ:

«Ուրախ եմ» ըսաւ, «որ այս աշխատանքին գլուխը անցած ես»: Վերջին խօսքն էր այդ որ լսեցի իր շուրթերէն:  Խօսակցութեան մէջ, աւելի քան ժուժկալ էր ան, ի վերջոյ, մեզ երկու սերունդներ կը բաժնէին եւ մեր յարաբերութիւնը աւելի պաշտօնական եղած էր միշտ:

Սակայն երբ կը գրէր, հոն է որ նոյնիսկ ամենախիտ արտայայտութիւններու ետին կարելի էր միշտ գտնել մտածումներու եւ զգացումներու ջրվէժ մը, այնպէս ինչպէս միմիայն յատկանիշն է այն տաղանդաւորներուն՝ որոնք ամբողջ կեանքի մը ընթացին յղկած ու մշակած են իրենց տրուած այդ եզակի պարգեւը:

Այդ հանդիպումէն քանի մը ամիսներ ետք ես հաստատուեցայ Գանատայի ձմեռնաշունչ Ուինիբեկ քաղաքը, բայց նախապէս վստահ ըլլալով թէ ամբողջացուցած էի աշխատանքս Վահէ-Վահեանի թարգմանական այդ գործերուն նկատմամբ:  Անոնցմէ առաջինը, Ճպրանի անզուգական Մարգարէին նոյնքան անզուգական հայերէն թարգմանութիւնը, լոյս տեսաւ Լիբանանէն մեկնումէս քանի մը շաբաթներ ետք:

1985-ի Մանիթոպայի փետրուարեան բեւեռային ձմրան օրերուն ինծի հասաւ ուսուցիչիս մակագրութեամբ Մարգարէի օրինակս: Հոն, ինծի արդեն իսկ այնքան ծանօթ ձեռագրով, շարուած էին հետեւեալ տաքուկ տողերը.

«Երբեմնի շատ սիրելի եւ ուշիմ աշակերտիս՝ Վիգէն Ադդարեանին՝ որ իր թանկագին բաժինն ունեցաւ այս գիրքին փայլուն երեւումին մէջ»:  Ստորագրութիւնը կը կրէր 23 Յունուար 1985 թուականը:

Թէեւ հրատարակչական աշխատանքի ներդրումովս հատուցած կրնայի սեպուած ըլլալ ուսուցիչիս, հայ գրականութեան հանդէպ սիրոյ հունտերուն համար որ ցանած էր մէջս, Վահէ-Վահեան, իր այս երկտողով, ինծի կը յանձնէր ուրիշ պարտաւորութիւն մը թերեւս, որ այսօր սիրով կը հատուցանեմ կրկին, այս անգամ հանրութեան ներկայութեան:

Այս երկար նախաբանը կատարեցի, ըսելու համար թէ Վահէ-Վահեանը մաս կը կազմէ ի’մ եւ ինծի նման շատերուն անցեալին եւ կեանքի յուշերուն:  Այդպիսով իսկ ան կենդանի է միշտ, ո’չ միայն իր տողերով, այլ մանաւանդ ապրուած կեանքով մը:  Ատոր փաստը այս համայնագիտական հրատարակութիւնն է իր նամակներուն: Որոնք, ըստ ինծի, հարազատ արտացոլացումն են հայ գրողին, մտաւորականին եւ մշակութային գործիչին որուն կեանքին ժամանակագրութիւնը կ’ընդգրկէ քսաներորդ դարը գրեթէ ամբողջութեամբ:  Իր ծնունդէն ի Կիւրին 1908-ին մինչեւ իր շիջումը 1998-ին:

Նախ եւ առաջ՝ քանի մը թուային մանրամասնութիւններ հատորին մասին, զոր անվերապահօրէն համայնագիտական կոչեցի:  Հատորը կը բաղկանայ 766 էջերէ եւ կը պարունակէ հեղինակին 441 նամակերը, որոնցմէ առաջինը՝ գրուած է 1930ին, Փարիզի «Զուարթնոց»ի խմբագիր Հրանդ Բալուեանին, իսկ վերջինն ալ ուղղուած է իր որդւոյն Ցոլակին՝ 1992ին:  Այսինքն՝ վաթսուներկու տարիներու վրայ երկարող կեանքի վկայութիւն մըն է որուն բաժնեկից կը դառնայ համբերատար ընթերցողը:  Նամականիին երկու գլխաւոր աղբիւրներն են Երեւանի Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանին մէջ գտնուող բանաստեղծին անձնական արխիւը, եւ Ցոլակ Ապտալեանի մօտ գտնուող իր թղթածրարը:

Աւելի’ն, հրատարակութիւնը կը դառնայ արժանի նոյնիսկ ակադեմական որակումի մը, որովհետեւ հոն կան վաթսուն (60) պատասխան նամակներ ուղղուած հեղինակին, ուր կարելի է հետեւիլ արծարծուած նիւթերուն պատմական հետեւողականութեան:  Հատորը նոյնպէս կ’ընդգրկէ հետազօտական կարեւոր միջոցներ:  Անոր կցուած են գործածուած անձնանուններու, կազմակերպութիւններու եւ պարբերական մամուլի հայերէն եւ լատինատառ փնտռացանկեր (Index): Իւրաքանչիւր նամակ ունի իր անհրաժեշտ ծանօթագրութիւնը: Հատորը նոյնպէս կը պարունակէ լուսանկարներու շարան մը, ձեռագրային նմոյշներ նամակներէն եւլն. այսպիսով ամբողջացնելով անոր գիտահետազօտական պարունակութեան բնոյթը:

Գործին ուղղակի շահեկանութեան զուգահեռ, անկասկածօրէն նաեւ նոյնքան կարեւոր ներդրումներ են Նազարէթ Թօփալեանի ստորագրութիւնը կրող Նախաբանը որ հեղինակին «հաւատոյ հանգանակ»ին խղճամիտ վերլուծումը կը կատարէ, ինչպէս նաեւ խմբագիր Արամ Սեփեթճեանի տասներեք էջերու վրայ երկարող Ներածականը որ ինքնին գրականագիտական վերլուծական կարեւոր լրացուցիչ աշխատանք մըն է որ կը լուսաբանէ, կը բացատրէ եւ անհրաժեշտ ենթահողային տեղեկութիւններով կը դասաւորէ գործը իր պատմական եւ գրականագիտական միջավայրին մէջ:  Արամ Սեփեթճեանի այս Ներածականը եւ իր տարած շնորհարժան խմբագրական աշխատանքը զինք արժանի կը դարձնեն Վահէ-Վահեանի ընթերցողներու երախտիքին:

Հատորը անշուշտ որ կը կրէ Ցոլակ Ապտալեանի ինծի ծանօթ ընդհանուր բծախնդիր ոգեղէն ստորագրութիւնը իր կերպարային համադրումով, պարունակութեան, գոյներու եւ տառատեսակներու ընտրութեամբ եւ ընդհանուր տեսքով:  Կայ նաեւ մոնթրէալական կապ մըն ալ, որովհետեւ անոր կողքին եւ ենթախորագրերուն գծագրութիւնները կը պատկանին մեր գաղութի տաղադաւոր գծարուեստի մասնագէտ Համօ Ապտալեանին, որուն ազգանունին նոյնութիւնը հեղինակինին հետ բարեբաստիկ զուգադիպութիւն մըն է պարզապէս: Ու վերջապէս՝ աշխատանքային ծիրի խորհրդակցական բաժնին իրենց ներդրումը բերած են Դոկտորներ Հայր Մեսրոպ Հայունին Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութենէն, Անդրանիկ Տագեսեանը Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանէն, Փրոֆեսոր Ս. Դանիէլեանը Երեւանի Սփիւռքի Գիտաուսումնական Կեդրոնէն եւ Արա Սանճեանը Միշիկընի Տիրպորն Համալսարանէն որոնց յղուած է շնորհակալագիր մը: Այս վերջինին ներկայութիւնը խորհրդակցական մարմնին մէջ ինծի կը թուի յոյժ կարեւոր, որովհետեւ իր հօրեղբայրը, Փրոֆեսոր Աւետիս Սանճեանը, գլխաւոր խմբագիրն եղած է նոյնքան ամբողջական Վահան Թէքէեանի Նամականիին, որուն հետ, հատորային կազմակերպման տեսակէտէն, բազմաթիւ զուգահեռներ ունի այս գործը:

Հատորը եզակի է, չըսելու համար անզուգական:  Թերութիւններ կան, այո’, օրինակ՝ երկար վրիպակներու շարանը որոնց երդուեալ թշնամին էր նոյնինքն հեղինակը, բայց որոնք նոյնքան բծախնդրօրէն ցուցակագրուած են: Կամ ալ, որոշ նիւթերու արծարծման հետեւելու դժուարութիւնը նամակներու, պատասխաններու եւ կրկնօրէն պատասխանուած նամակներու ընդմէջէն որ հաւանաբար ինքնին պէտք էր որ յաւելեալ ծանօթագրութեանց միջոցաւ ցոյց տրուէր ընթերցողին օրինակ՝ իւրաքանչիւր նամակի աւարտին, պահպանելու համար նիւթային շարունակականութիւնը:  Թերութիւնները սակայն իսկապէս որ մտային փշուրներ են որոնք բնաւ չեն նսեմացներ ո’չ կատարուած խմբագրական աշխատանքին որակը, եւ ո’չ ալ հեղինակին կոթողային իրագործումը:

Կոթողային որակեցի գործը առանց վարանումի, որովհետեւ, ըստ ինծի, այս հատորով,Վահէ-Վահեան ի յայտ կու գայ ո’չ թէ միայն որպէս իր ժամանակին վկայագրողը ալ հաւանաբար որպէս արեւմտահայերէնի վերջին մեծ նամակագիրը: Թէեւ գործը արդարապէս անուանակոչուած է Բանաստեղծին Սիրտը, որովհետեւ կը ցոլացնէ Վահէ-Վահեանը իր ամբողջական հոգեկան անկեղծութեամբ,  անոր ընթերցումը զիս տարաւ հասկնալու թէ փաստօրէն ինքնակենսագրութիւն մըն էր որ կը սփռուէր միտքիս առջեւ, գծուած՝ լուսանկարչական ոսպնեակի մը անմիջականութեամբ եւ հեղինակին ինքնաորոնման եւ արտայայտչական մանրակրկիտ մտասեւեռումով, որոնց ի սպաս կը դրուէին իր հայերէն լեզուին տիրապետելու ամենակատարեալ ու բարձրագոյն որակային կարողութիւնները:

Արդարացնելու համար որակումներս, կ’ուզեմ որ նախ անդրադառնաք քանակին:  Այստեղ հրատարակուած նամակները ենթադրել կու տան թէ անոնց տարեկան միջին թուաքանակն է մօտաւորապէս ութը նամակներ, եւ պահի մը համար, նոյնիսկ եթէ ենթադրենք թէ նամականի մը, իր բնոյթովն իսկ բնաւ ամբողջական չի կրնար ըլլալ որովհետեւ նամակներէն բազմաթիւներ պիտի մնան յաւերժօրէն կորսուած հասցէատէրերուն մօտ, եթէ անշուշտ նոյնիսկ պահուած ալ են, այդ պարագային՝ պահպանողական մնալով նոյնիսկ, կարելի է առնուազն կրկնապատկել անոնց քանակը:  Ընդունինք սակայն թէ հեղինակին արխիւը բաւական ամբողջական կրնայ ըլլալ, բայց տակաւին գիտականօրէն ճշգրիտ ըլլալու համար պէտք է գրուած նամակներու թիւը բարձրացնել կարեւոր տոկոսով մը որ հաւանաբար յիսուն առ հարիւրի մօտ պիտի ըլլար:  Այս հաշիւով՝ պիտի հասնէինք վեց տասնամեակներու ընթացքին գրուած, անընդմէջ կերպով հեղինակուած, քանի մը էջերու վրայ երկարող, գրական ոգիով, անկեղծ յուզումներով եւ մտահոգութիւններով լեցուն, անբիծ եւ գերմշակեալ հայերէնով, ամէն ամիս գրուած առնուազն մէկ նամակի մը:

Անձնապէս ճանչցած ըլլալով հեղինակը եւ անոր արտասովոր լեզուական եւ մտածելակերպային կատարելապաշտութիւնը, կրնամ երեւակայել թէ այս հարիւրաւոր նամակներէն իւրաքանչիւրը քանի սեւագրութիւններ եւ տարբերակներ ունեցած է մինչեւ որ հասած է իր վերջնական վիճակին:

Փաստելու համար թէ չափազանցութիւն չեն առաջարկածս թուանշանները, ահաւասիկ փաստ մը որ հատորը կու տայ ինքնին: Յիշուած Յակոբ Ասատուրեանին ուղղուած թիւ 87  նամակին մէջ, հեղինակուած  1948 ին:

<էջ 133 , Ա. պարբերութիւն, տող թիւ 13  … Այն որ կ’որոնէ — պահարաններու: >

Ու մտածել թէ այս նամակները յաւելում մը եղած են իր գրական գործերուն, բանաստեղծութիւններու հատորներուն, գրականագիտական աշխատանքին, դասագիրքերու հրատարակչութեանց, ուսուցչական առօրեային, «Անի»ի գրական հրատարակութեան խմբագրութեան, դասախօսական գործերուն եւ վերջապէս աննախընթաց թարգմանական իրագործումներուն, այն ատեն է միայն որ կրնանք անդրադառնալ թէ որքան հոգի եւ իսկապէս սիրտ կայ անոնց ետին:

Այսօրուան համացանցային իրականութեան մէջ, երբ նոյնիսկ համակարգչային ե-մակները սկսած են երկարաշունչ սեպուիլ եւ նախապատւութիւն կը տրուի Twitter կոչեցեալ 140 տառանոց հեռագրային արտայայտութեան մը, որոհետեւ «ընթերցող»ին եւ «գրող»ին ալ ժամանակը սուղ է ու սեղմ, որովհետեւ ժամանակը դրամ է եւ պէտք չէ զայն «վատնել», այսօր անկարելի է նման իրագործում մը երեւակայել անգամ:

Արագութիւնը սակայն կը գնուի մակերեսայնութեամբ միմիայն եւ Վահէ-Վահեանը ինքնին կը թուի պատկանիլ ուրիշ ժամանակներու, ուրտեղ կը պատկանին մեծերը իրենց ստեղծագործումներով, երբ մարդկութիւնը կրնար արարել հազարամեակներու վրայ տեւող բուրգերը, մինչ այսօրուան «կատարելագործուած» միջոցներով ստեղծուած քաղաքիս կամուրջները փուլ կու գան անընդմէջ: Կար ժամանակ, երբ մեր լեզուով նամակ գրելու արուեստը կ’ուսուցանուէր մեր վարժարաններէն ներս ու հիմա կը գոհանանք եթէ մեր սփիւռքահայ սերունդը կարողանայ միմիայն հայերէն ընթերցել թերեւս, այդ ալ սահմանափակօրէն, եւ վաղն ալ միմիայն պիտի կարենայ հաւանաբար խօսիլ, եթէ անշուշտ բախտաւոր ենք:  Այո’, երազային կը թուին այն օրերը երբ տակաւին կար նամակագրութիւնը որպէս բարձր արուեստ, եւ կային Վահէ-Վահեանի նման տիտաններ:  Ատոր փաստը, այս հատորն իսկ է:

Անցնինք հիմա պարունակութեան:  Բծախնդիր խմբագիրը զայն բաժնած է երեք նիւթային ենթամասերու

Ա. Գրական-գեղագիտական

Բ. Ազգային-հասարակական

Գ. Մտերմական

Իսկ չորրորդ մասը կը բաղկանայ հեղինակին ուղղուած վերոյիշեալ պատասխան նամակներէն:

Այս ենթաբաժանումներէն իւրաքանչիւրը շատ բան կը բացայայտէ հեղինակին մասին, եւ սակայն բոլոր նամակներն ալ ունին ընդհանուր յատկանիշներ որոնք յստակօրէն կը դրսեւորուին:  Ահաւասիկ անոնք.

ա) Հեղինակը ի յայտ կու գայ ո’չ միայն որպէս հայերէն լեզուին, մշակոյթին եւ գրականութեան անխոնջ մշակը, այլ անոր արժանիքներո’ւն պաշտպանը, եւ նոյնիսկ անոր նիւթական տագնապներով մտահոգ եւ այդ հարցով անընդմէջ աշխատող եռանդուն ծառան:  Եւ այս՝ առաջին նամակէն երբ տակաւին երիտասարդութիւնը նոր թեւակոխող միմիայն քսանմէկ տարեկան ուսանող էր ան, մինչեւ վերջինը երբ արդեն բազմավաստակ ալեհեր չափանիշ ստեղծող ծերունին է:  Ահաւասիկ թէ ինչ կը գրէր «Զուարթնոց»ի խմբագիր Հրանդ Բալուեանին այդ առաջին քանի մը նամակներուն մէջ.

<Էջ 4, վերջին պարբերութիւն մինչեւ Էջ 5, առաջին տող ներառեալ – Տպաւորութիւններու — անոնց մէջ: >

<Էջ 11, վերջին պարբերութիւն  մինչեւ Էջ 12, Բ. պարբերութեան չորրորդ տողը – Ի զուր —  հնչեցնել ահազանգը:>

< Էջ 15, Բ. պարբերութիւն մինչեւ յաջորդ ենթամասին երկրորդ տողին կէսը – «Մենք»ը, իր առաջին — սկսնակ մըն եմ միայն,>

Աւելին, այս Ա. բաժնի նամակներուն կարեւոր տոկոսը կը պարունակէ հաշուապահական մանրամասնութիւններ թէ օրինակ իւրաքանչիւր հրատարակութենէ որքան յաջողած է սպառել, որմէ գանձուած է որքան բաժանորդագրութիւն եւ թէ ուր պէտք է առաքուին տպագրութիւնները: Նաեւ անշուշտ, թէ ինք որքան գումարներ մուծած է հեղինակներուն անոնց գործերուն եւ պարբերական հրատարակութիւններուն իբրեւ բաժանորդ եւ որ ճամբորդին միջոցաւ: Ինչ որ ապշեցուցիչ կը թուի, նկատի ունենալով մանաւանդ երիտասարդ ուսուցիչին աւելի քան համեստ նիւթական պայմանները:  Այս մանրամասնութիւնները նամակներուն կու տան ալ աւելի եզակի բնոյթ, որովհետեւ քանակական տեսակէ, Վահէ-Վահեանի գրականութեան նուիրուածութեան այս փաստարկութիւնը, ըստ ինծի, իր համազօրը չունի մեր գրական աշխարհէն ներս:

բ) Հեղինակին գլխաւոր մտահոգութիւնները կը թաւալին առանցքային կրկնուող նիւթերու շուրջ:  Գրական տեսակէտէ, այդ ալ մշակութային որակն է ամէն բանէ առաջ:  Ինչպէս պիտի ըսէր Մանուէլ Քէօսէեանը ինք, «գրական գործը պէտք ինք ոտքի կանգնի եւ պէտք չէ ունենայ հեղինակին անթացուպերուն»: Վահէ-Վահեան այդ սկզբունքին հաւատաւորն է, թէ’ երբ խնդրոյ առարկան իր ստեղծագործութիւնն է եւ թէ’ երբ որպէս պարտաճանաչ խմբագիր կ’արժեւորէ ուրիշներուն գործերը.

< Էջ 8, վերէն Բ. պարբերութիւնը ամբողջութեամբ – Կարդա’ զանոնք — քանի մը տողերու հետ: >

< Էջ 18, վերջին պարբերութիւն շարունակելով էջ 19 եւ անոր Բ. պարբերութիւնը ամբողջութեամբ ներառեալ – Քանի մը — շնորհ մը որպէս:>

<  Էջ 110, Դ. պարբերութիւն ամբողջութեամբ – Քիչ մը աւելին — գեղեցկութիւն մըն է:>

գ) Ակներեւ է նամակներու հասցէատէրէրէն թէ որոշակի ու կարեւոր անձնական եւ ամբողջ կեանքի մը վրայ երկարող բարեկամութիւններ է որ կը մշակուին, յատկապէս Վահան Թէքէեանի, Բենիամին Նուրիկեանի, Մուշեղ Իշխանի, Անդրանիկ Անդրէասեանի, Պետրոս Զարոյեանի, ՀԲԸՄի Նախագահ Ալեք Մանուկեանի, Սմբատ Տէրունեանի, եւ անկասկածօրէն ուրիշներու հետ ալ:  Վերոյիշեալ անունները սակայն կը գրաւեն թէ քանակական եւ թէ նիւթային հարուստ եւ աւելի լայնածաւալ գրութիւններու հասցէատէրը ըլլալու պարգեւը:

< Էջ 20, Գ. Դ. և Ե. պարբերութիւններ ամբողջութեամբ – Գիտեմ, Անդրանիկ — կ’ըսեմ ես ինծի: >

< Էջ 29, Գ. պարբերութիւն  մինչեւ ութերորդ տողի կէսը – Մենք այստեղ — ընդունակ ես ատոր:>

< Էջ 55, վերջին պարբերութիւնը ամբողջութեամբ մինչեւ աւարտը յաջորդ էջին վրայ – Ճանչցած էի ձեզ — հոգիի մը աւազանէն:>

< Էջ 106, Զ. պարբերութիւնը  ամբողջութեամբ, Է. պաբերութեան մինչեւ կէսը – Սպասեցի որ մտերիմ — մրրիկները ժամանակին:  Ապա Ը. և Թ. պարբերութիւնները ամբողջութեամբ մինչեւ էջ 107 – Ե՞րբ լոյս կը տեսնէ — լոյսին տալ գիրքս: Շարունակել նամակին վերջին պարբերութեամբ – Ծրագիր կայ — աշխատակցիլ:>

դ) Մտերմական կոչեցեալ նամակներու ենթախումբին կարեւոր մէկ մասը ունի անկասկածօրէն սիրային բնոյթ եւ մեծամասնօրէն ուղղուած է չորս կանանց, Լիւսի Փոթուքեանին, Ալիս Սինանեանին, Սիրան Սեզային եւ Աշխէն Ապտալեանին: Նամակներու այդ ենթաշարքը ինքնին ամբողջութեամբ նոր աշխարհ մը կը բանայ եւ կը վկայէ Վահէ-Վահեանի սիրտը յուզող էակներուն մասին:  Աւելին, բանասիրական ուսումնասիրութեան հարուստ աղբիւր մըն է որ կը տրամադրուի մեզի առաջին անգամ ըլլալով, որովհետեւ առիթ կ’ընծայէ նոր լուսարձակով մը նայելու իր ստեղծագործական աշխարհին վրայ:

< Էջ 491, Ա. պարբերութիւնը  ամբողջութեամբ – Երեւակայէ փոքր — անմահութիւնը մահուան մէջ:  Ապա նոյն էջին Ե. պարբերութիւնը ամբողջութեամբ – Դեռ նոր կարդացի — մեր մամուլին մէջ: >

< Էջ 520, վերջին պարբերութեան  երկրորդ տողի կէսէն մինչեւ յաջորդ էջին Բ. պարբերութիւնը  ամբողջութեամբ– կ’ուզէի ես արեւ — ներող ու լայնասիրտ:>

ե) Ժամանակները որոնց վկան է հեղինակը լեցուն են անարդարութիւններով, սակայն Վահէ-Վահեան չվախնար, առաջին մէկ օրէն իսկ, իր մտածումները արտայայտելէ, իր կապերը գործածելէ եւ ոտքի ելլելէ ի նպաստ արժանաւորներուն եւ ի նպաստ անոնց՝ որոնց հանդէպ անարդարութիւն կը գործուի:

< Էջ 69, վերջին պարբերութիւնը  ամբողջութեամբ – Հ.Բ.Ը. Միութեան — նիւթին անդրադառնալուս:>

< Էջ 72, Դ. պարբերութենէն սկսիլ մինչեւ ութերորդ տողին կէսը  – Նկատի ունենալով — նախապատերազմեան թոշակները:>

< Էջեր 80 – 81, թիւ 45 նամակը  ամբողջութեամբ – «Նոր Գիր»ին համար — Nicosia:>

<ընթերցել «Անի»ի Ա. Թիւին խմբագրականը վկայակոչելու համար Վահէ-Վահեանի ազգային դիմագիծը –

… 1946-ը , Սփիւռքի հայ կեանքին լայնքէն, կ’արձանագրէ եղելութիւն մը որ ամբողջ մարդկային պատմութեան մէջ չունի տակաւին իր հաւասարազօր զուգակշիռը:

Եւ որովհետեւ գրականութիւնը չէ’ երբեք՝ գեղեցիկ բայց կեանքը ձեւակերպող ուժերէն ուծացած, ընկերութիւնը յօրինող գործօններէն խզուած, հետեւաբար՝ քմահաճ պերճանք մը, …

     Եւ որովհետեւ, բոլոր արուեստներուն նման, գրականութիւնը կեա’նքն իսկ է՝ ապրուած, ապրուող կամ ապրուելիք, ձեւառումը եղածին, խորատեսուածին, կամ տեսլականօրէն գուշակուածին, նի’ւթ է, լինելութիւն եւ վերափոխում.

     Եւ որովհետեւ 1946-ը պայծառ այն հանգրուանն է, որուն ստորոտէն, հայ կեանքը իր ամբողջութեամբ, բազմադարեան եւ արիւնոտ ուղեւորութենէ մը յետոյ, կ’ողջունէ գրաւելի կատարները.

     Կը հիմնուի «Անի»ն … >

Ինծի համար շատ հետաքրքրական էր կարդալ «Անի»ի Ա. Թիւին մէջ լոյս տեսած ցանկ մը ստացուած հրատարակութիւններու:  Որոնք են.

  • ՎԱՐՁՈՒ ՍԵՆԵԱԿ, Պատմուածքներ, Զարեհ Որբունի:
  • ՀԱՅԱՍՏԱՆ, Քերթուած, Մուշեղ Իշխան:
  • ԱՆՑՈՐԴԸ, Քերթուածներ, Եղիվարդ:
  • ՍՈՆԱԹՆԵՐ, Քերթուածներ, Արսէն Երկաթ:
  • ԿԵԱՆՔԻ ՔԱՌՈՒՂԻԷՆ, Պատմուածքներ, Տոքթ. Տիգրան Վարժապետեան:
  • I ASK YOU, LADIES AND GENTLEMEN, Պատմուածքներ, Լեւոն Զ. Սիւրմէլեան:

«Անի»ի այս թիւով կարելի չեղաւ ստացուած բոլոր շահեկան հրատարակութիւններուն անդրադառնալ գիրքերու նուիրուած նշմարներուն մէջ: Յառաջիկայ թիւերը, սակայն, պիտի ունենան աւելի լայն բաժին մը գրախօսականներու: >

Այս ցանկը ցոյց կու տայ թէ հակառակ իր ազգային քաղաքական կողմի մը յստակօրէն մաս կազմելուն՝ պահած է իր բոլոր մտերմութիւններն ու հարազատութիւնները, կը պահանջէ անոնց աշխատակցութիւնը եւ ատոր լաւագոյն փաստարկութիւնը նամականիի այս հատորն է:  Ինչ որ մեզի կը տանի միւս վեցերորդ յատկանիշին:

զ) Կան պատմութիւնը լուսաբանող կարեւոր հարցեր որոնց անդրադառցած է ինք: Օրինակ՝ երեւան կու գայ թէ Անդրանիկ Անդրէասեանը հաւանաբար ծրագրած էր միանալ ներգաղթի կարաւաններուն եւ Վահէ-Վահեան այսպէս կը զգուշացնէ զինք 1947-ին.

< Էջ 123, վերջին պարբերութիւնը շարունակել մինչեւ յաջորդ էջի Բ. տողը ամբողջութեամբ –   Այնքան կ’աճապարեմ որ —  եւ իր խմբագիրին: >

Պատմական արժեք ներկայացնող նմանօրինակ հետաքրքրական ուրիշ նամակ մը ուղղուած է Վազգէն Ա. Վեհափառին որ խնդրագիր մըն է գրուած 1959-ին.

< Էջ 292 Գ. Պարբերութենէն – Ներեցէք որ խոստովանիմ, …, այս նամակը կը գրեմ բոլորովին տարբեր շարժառիթով մը …, ապա շարունակել յաջորդ պարբերութենէն մինչեւ նամակին աւարտը ամբողջութեամբ յաջորդ էջին վրայ –   Տիկին Մարի —  Ձեր Վեհափառութենէն: >

Կան ուշագրաւ եւ յուզիչ նամակներ երբ բանաստեղծը իննիսունական թուականներուն գրեթէ կը կորսնցնէ տեսնելու կարողութիւնը եւ իր գրադարանը վաճառքի կը հանէ որովհետեւ անգործածելի իրեն համար: Իր գրադարանի այս հարցով նամակցութիւն մը կայ Գէորգ Պարտաքճեանին հետ ուր կը նկարագրէ իր գրադարանին պարունակութիւնը ամբողջութեամբ եւ անոր աւարտին այսպէս կ’արտայայտուի.

< էջ 468 վերէն հինգերորդ տող, մինչեւ պարբերութեան աւարտը – Կանգ կ’առնեմ — սկսան թրջիլ:>

Այս վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին առիթը ունեցայ այս նամակներուն մասին խօսելու շատերու հետ, թէ’ Համացանցով, եւ թէ’ հեռախօսով եւ թէ’ անձնապէս դէմ հանդիման: Շատերը յանդուգն, երբեմն անընդունելի եւ խնդրայարոյց որակած են այս գործը եւ մանաւանդ կարգ մը նամակներու պարունակութիւնը, որովհետեւ կը խօսի ծանօթ անձերու եւ անոնց նկարագրի գիծերու մասին եւլն.:

Ես անձնապէս կրնամ համաձայն չըլլալ իր յիշած անձերու հասցէին գրած իր որակումներուն: Սակայն անձնապէս ծանօթ եմ անոնցմէ շատերուն եւ նկարագրուած դէպքերուն: Ըստ իս՝ թէեւ իր գրութիւնները միշտ դիտուած են իր իսկ ակնոցէն, սակայն դատումները ընդհանրապէս շատ հեռու չեն իրողութիւններէն: Մնացածը գունաւորում է եւ ժամանակը պիտի որոշէ անոր ճակատագիրը:

Իրականութիւնը այն է սակայն թէ այս գործը կա’յ, եւ պէտք է դատուի այնպէս ինչպէս որ է’: Պէտք է դատուի անաչառօրէն, քննադատական աչքով, այնպէ’ս՝ ինչպէս պիտի ուզէր ի’նք, հեղինակը:

Եւ որպէսզի այս բանախօսութիւնն ալ ստանայ Վահէ-Վահեանի նամականիին բոյրը, կ’ուզեմ աւարտել նմոյշներով այն բազում գունագեղ վերջնագրերէն, որոնք ընթերցողին աւարտական ակնարկ մը կը շնորհեն բանաստեղծին սիրտէն:

«Բարեկամական սիրով, ձեռքի ջերմագին սեղմումներով, եղբայրաբար, մտերմական սիրով, յիմար մը, սիրալիր, հիացումով, որդիական խոնարհութեամբ, եղբայրական ջերմ զգացումներով, ցաւակից զգացումներով, առողջութեան սրտագին մաղթանքներով, անվերապահ համակրանքով, հայրենիքի կարօտով, ձեր մեծ տաղանդին հանդէպ հիացումով, եղբայրական սիրով ու կարօտով, անայլայլ հիացումով, հայրենակցական սիրով, անկեղծօրէն համակրական  զգացումներով, լեցուն պատասխանի մը սպասումով, համակրալիր զգացումներով, ձեր ապաքինումին խնդակից, յուսալից սպասումով, խորունկ համակրանքով, նոր գործերու յոյսով, անձկագին սպասումով, յուսահատական յոյսով, սրտագին համարումով, անուն չունեցող զգացումներով, բարի երազ, ջերմացնող զգացումէ դատարկ, հէքիաթներու տղու մեծ ու տաք համբոյրներով, սէրէն պատուհասուած օտարական մը, կարօտի ու սիրոյ տաք համբոյրներով, դառնացած սիրտով բայց յարգանքներով…

Միշտ քոյդ

Վահէ-Վահեան»

 

Շնորհակալութիւն:

© Viken L. Attarian, 2013

 

 

 

 

You May Also Like
Read More

«Կտակ»-ը…

«Միայն լաւագոյնը ընդունելի է ինծի համար»։ Դոկտ. Հրայր ճէպէճեան, Նիկոսիա, 3 Փետրուար 2016 «Գալուստ Կիւլպէնկեանի անունը եւ գործը…
Read More