Վիգէն Թոսունեանի ներքոյիշեալ գրութիւնը «թեքնիք» պատճառներով վրիպած էր մեր ուշադրութենէն եւ ժամանակին չէր հրատարակուած: Այսուհանդեձ վերլուծումն ու մեկնաբանութիւնը կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը: Խմբ.
Վիգէն Թոսունեան, Պէյրութ, 15 Հոկտեմբեր 2020
Քաղաքական եւ ռազմական վերլուծողներու հարցումը կ’ամփոփէ Արցախի տագնապի վերարծարծումին պատճառները եւ հետեւանքները: Ինչո՞ւ հիմա այս տագնապին վերարծարծումը եւ ի՞նչ հետեւանքներ պիտի ունենայ ան: Այս յօդուածը պիտի փորձէ պատասխանել այդ հարցումներուն, թուելէ ետք Արցախի պատերազմին վերջին դէպքերը:
27 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ատրպէյճանի բանակի զօրամասեր լայնածաւալ յարձակում սկսան Արցախի ամբողջ ճակատի երկայնքին: Նպատակը յստակ էր: Ատրպէյճանի քաղաքական վերնախաւը որոշում կայացուցած էր զէնքով լուծելու Արցախի տագնապը, որ ըստ իրենց տեւած էր երկար տարիներ առանց շօշափելի արդիւնքի հասնելու Ատրպէյճանի օգտին: Յուլիսեան ձախող պատերազմը Տաւուշի մարզին դէմ եւ ատրպէյճանական հակահայ տեղեկատուութիւնը հող պատրաստեցին Արցախի դէմ նոր պատերազմին համար: Առանց Թուրքիոյ ներկայացուցած նեցուկին, զինուորական սարքաւորումներու, խորհրդատուներու, սպաներու մասնակցութեամբ եւ ամենակարեւորը Սուրիայէն եւ Լիպիայէն փոխադրուած ահաբեկիչներու մասնակցութեամբ, անկարելի էր որ Ատրպէյճան առնէր այս քայլը:
Պատերազմին սկիզբը Ատրպէյճանի բանակը օգտագործեց հրասայլեր եւ հետեւակազօրք ճեղքելու համար Արցախի ճակատը: Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ մարզուած ահաբեկիչներ դրուեցան նաեւ ճակատի առաջին գիծին վրայ: Թրքական օդուժի օդանաւեր օդային նեցուկ ապահովեցին թրքական «Պայրաքտար» մակնիշի անօդաչու թռչող սարքերուն: Իսրայէլեան արտադրութիւն եղող անօդաչու թռչող սարքեր եւ «Լոռա» մակնիշի հրթիռներ օգտագործուեցան պատերազմին մէջ:
Հայկական բանակը կրցաւ դիմակալել առաջին հարուածները եւ ձախողութեան մատնեց բոլոր յարձակումները: Հիւսիսային, հիւսիս-արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան ճակատները մանաւանդ թատերաբեմ դարձան յարձակումներուն: Ատրպէյճան օգտագործեց իր ամբողջ կարողութիւնները սահմանին վրայ ճեղք մը բանալու համար: Հայկական բանակը մեծ վնասներ պատճառեց Ատրպէյճանի հրասայլային ուժին: Ցարդ 600 զրահապատ կառքեր հարուածուած են: Այսինքն Ատրպէյճանի զրահապատ միաւորներու մօտ 40 առ հարիւրը շարքէ դուրս հանուած է: Այս է պատճառը որ ներկայիս Ատրպէյճանի բանակը սկսած է օգտագործել հետեւակազօրք զրահապատներու քիչ օգտագործումով: Հրետանային եւ հրթիռային համակարգեր, անօդաչու թռչող սարքեր եւ օդանաւեր կ’օգնեն բանակին: Ցարդ 200 անօդաչու թռչող սարքեր, 17 օդանաւեր, 16 ուղղաթիռներ վար առնուած են հայկական բանակին կողմէ:
Հադրութի ուղղութեամբ՝ հարաւ-արեւելեան սահմանին վրայ կատարուեցաւ ատրպէյճանցի յատուկ ջոկատայիններու յարձակում: Հադրութի քաղաքապետը 23 այլ քաղաքացիներու հետ դիմակալեց այս յարձակումը եւ թոյլ չտուաւ որ ան գրաւէ քաղաքապետարանի շէնքը եւ վրան զետեղէ Ատրպէյճանի դրօշակը: Հայկական բանակը հասաւ Հադրութ եւ սկսաւ հալածանք այդ յատուկ ջոկատայիններուն դէմ: Յատուկ ջոկատայիններ օգտագործուեցան նաեւ Քարվաճառի շրջանին մէջ՝ Արցախի հիւսիսը Մռաւի լեռնաշղթային վրայ դիրքեր գրաւելու համար: Այս գործողութիւնն ալ ձախողութեան մատնուեցաւ շնորհիւ հայոց բանակի գործողութիւններուն:
Այս ձախողութենէն ետք, Ատրպէյճանի վերնախաւը չհրապարակեց 6500-ի հասնող իրենց զոհերուն թիւը, բողոքի ալիք ոարձրացնելով բնակչութեան մօտ: Անոնք նոյնիսկ իրենց զոհերուն դիակները չուզեցին հաւաքել: Այս պատերազմին մէջ ապատեղեկատուութիւնը մեծ դեր կը խաղայ: Կը տարածուին սուտ լուրեր Արցախի մէջ հող գրաւելու մասին: Ատրպէյճանի փոքրամասնութիւն նկատուող լեզկի եւ թալիշ ժողովուրդներ դժգոհ են այս վիճակէն եւ ապագային երկրին կը սպառնայ մեծ անկայունութիւն:
Արցախի բանակին մարտավարութիւնը կ’ընդգրկէ նահանջել կարգ մը դիրքերէ՝ ստեղծելու համար այն խաբկանքը որ հայեր կը նահանջեն, սակայն թշնամիին այդ դիրքերը մտնելէ ետք շրջապատել եւ հարուածել: Այսպիսի դէպք մը պատահեցաւ հիւսիսային սահմանին վրայ՝ Մատաղիսի կողմերը եւ թշնամիի գումարտակ մը բնաջնջուեցաւ:
Թշնամին տեսնելով թէ սահմանին վրայ որեւէ յառաջխաղացք չի կրնար արձանագրել, սկսաւ ռմբակոծել քաղաքներ եւ գիւղեր: Ռմբակոծուեցան Ստեփանակերտը, Շուշիի Ս.Ղազանչեցւոց եկեղեցին, հիւանդանոցներ, բնակարաններ: Ատրպէյճան կ’օգտագործէ «Սմերչ», «ՏՈՍ» եւ «Փոլոնէզ» մակնիշի հրթիռային կայաններ ռմբակոծելու համար քաղաքացիական թիրախներ: Այս համակարգերէն վեցը հարուածուեցան հայկական հրետանաւորներուն կողմէ: Հայկական բանակի հրետանին մեծ գործ կատարեց ցարդ զսպելու համար թշնամիին յառաջխաղացքը: Հայ հրետանաւորներ աչքի ինկան իրենց դիպուկ հարուածներով եւ կրակի սաստկութեամբ ճնշեցին թշնամիի առաջին շարքերը: Հայկական բանակի հրասայլեր ճակատամարտ մը մղեցին հարաւ-արեւելեան սահմանին ուղղութեամբ եւ ազդու ձեւով դէմ դրին ատրպէյճանական զրահապատ ուժերուն: Հայկական բանակի հակազրահապատ միաւորները մեծ հարուած հասցուցին թշնամիի զրահահապատ կառքերուն: Անոնք ցարդ կը գործեն անվրէպ: Անոնց յաջողութիւնը պատճառ դարձաւ թշնամիի զրահատ ուժի առաւելութեան չէզոքացումին: Այս պատերազմին մեծ դեր խաղացին ցարդ հայկական արտադրութեան անօդաչու թռչող սարքերը, մարդորսական հրացանները եւ այլ կազմածներ:
Հայկական բանակը մեծ հարուած հասցուց Ատրպէյճանի օդային ուժերուն, երբ հրթռներով ռմբակոծեց Գանձակի օդակայանը: Օդակայանը անգործածելի դարձաւ: Ան կ’ընդգրկէր օդանաւերու եւ անօդաչու թռչող սարքերու կայան եւ նորոգութեան կեդրոն: Հիմա ատրպէյճանական եւ թրքական օդանաւեր պիտի ստիպուին աւելի երկար թռչիլ հասնելու համար Արցախ, մեծ հաւանականութեամբ իյնալով հայկական հակաօդային ուժերու ռատարներու թակարդին մէջ: Գանձակի օդակայանը միայն 60 քիլոմեթր հեռու էր սահմանէն: Այս է հայկական հարուածին կարեւորութիւնը:
Հայկական հակաօդային ուժերը օգտագործելով ռուսական «ՕՍԱ» մակնիշի համակարգեր, որոշ չափով սահմանափակեցին անօդաչու թռչող սարքերու ազդեցութիւնը: Սակայն այս մարզը կը մնայ բանակին խոցելի կէտերէն մէկը, որովհետեւ անօդաչու թռչող սարքերը հարուածուելու համար պէտք ունին ռուսական «Փանցիր Էս1» կամ «Փանցիր Էս2» մակնիշի զրահապատ հակաօդային կայաններու: Այս կայանները յաջողութեամբ կ’օգտագործուին սուրիական բանակի հակաօդային ուժերուն կողմէ իսրայէլեան հրթիռներ հարուածելու համար: «Փանցիր» համակարգը շատ արագ հակաօդային թնդանօթներ ունի, որ որեւէ առիթ չի տար անօդաչու թռչող սարքերուն:
Դժբախտաբար հայկական բանակն ալ տուաւ իր նահատակներու բաժինը: Ցարդ հայկական զինեալ ուժերը տուած են 800-է աւելի նահատակներ: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ հայկական զինեալ ուժերու սպայակոյտի աշխատանքն է ցարդ, որ յաջողութիւն բերաւ հայկական կողմին: Հայկական երկու կառավարութիւնները ցարդ կրցան օգտագործել իրենց ունեցած մարդկային եւ նիւթական պաշարները ամենաազդու ձեւով: Դժբախտաբար նախկին իշխող համակարգէն որոշ անձեր սկսան ապատեղեկատուութիւն տարածել, թէ այս իշխողները Արցախը պիտի ծախեն եւ գաղտնի համաձայնագիր կնքած են: Այս քայլին նպատակն է տկարացնել իշխող կուսակցութեան դիրքերը իր բոլոր ժխտական հետեւանքներով:
Ռուսիոյ Դաշնութեան դիրքը ցարդ չէզոք է: Ռուսիա կը գտնուի արեւմտեան մեծ ճնշումի տակ: Պելառուսիոյ եւ Քիրկիզիայի մէջ Ռուսիոյ համակիր նախագահներու դիրքերը տկարացած են: Ուքրանիա եւ Թուրքիա իրարու ռազմավարական դաշնակիցներ են եւ Խրիմի ապագան կը գտնուի հարցականի տակ: Արցախի պատերազմը յաւելեալ ճնշումի կէտ մըն է Ռուսիոյ վրայ: Այս է պատճառը, որ Ռուսիա կը փափաքի նուազեցնել հետեւանքները այս ճնշումին: Ռուսիոյ մէջ ձայներ սկսան բարձրանալ Տումային եւ լրագրողներու շարքերուն մէջ հայութեան ի նպաստ: Թուրքիա տնտեսական յաճախորդ է Ռուսիոյ մօտ: Ռուսիա կը փորձէ ամէն ձեւով չնեղացնել Թուրքիան, որպէսզի զայն ՆԱԹՕ-էն դուրս փորձէ հանել: Ան կը փորձէ նաեւ ռուս խաղաղապահ ուժեր մտցնել Արցախ որպէս կայունութեան ազդակ: Այս ուժերու մուտքի նպատակը կրնայ ըլլալ նաեւ ապագային լուծում պարտադրելու որպէս լծակ օգտագործել զանոնք: Սակայն Սուրիայէն Ատրպէյճան եկած ահաբեկիչներ պիտի չի մնան Ատրպէյճանի մէջ: Վերջին օրերուն Տաղստանի, Չեչնիոյ եւ Վոլկոկրատի մէջ ահաբեկչական փորձերը կը վկայեն վտանգի մը մասին, որ իրական է: Այս ահաբեկիչներու թիւը ներկայիս սահմանափակ է, սակայն Թուրքիոյ հանդէպ թոյլ քաղաքականութիւնը շարունակուելու պարագային, անոնք կրնան մեծ վտանգ ըլլալ Ռուսիոյ եւ Իրանի ապահովութեան համար:
Թուրքիա դարձած է տարածաշրջանի անապահովութեան եւ անկայունութեան աղբիւր: Փաստերը իրենք կը խօսին Լիպիայէն, Եգիպտոս, Արեւելեան Միջերկրական Ծով, Սուրիա, Իրաք, Հայաստան եւ ապագային Խրիմ թիրախներն են Թուրքիոյ աշխարհաղաքական ախորժակներուն: Թուրքիա կը հետեւի հին Օսմանեան դպրոցի վարդապետութեան: Այսինքն կը միջամտէ որեւէ տեղ ուր դիմադրութեան չի հանդիպիր: Դիմադրութեան հանդիպելու պարագային, կը փոխէ մարտավարութիւնը եւ կ’անցնի ուրիշ տեղ մինչեւ որ փոխուին պայմանները: Լիպիայի, Սուրիայի եւ Արեւելեան Միջերկրական Ծովուն մէջ այս է որ պատահեցաւ: Ան յոգնիլ չի գիտեր: Ամէն տեղ կը փորձէ մինչեւ որ յաջողի: Ներկայիս իրեն վստահուած է Ռուսիան եւ Իրանը անկիւնաւորելու գործը: Արցախը գտնուելով երկու շրջանային հզօր պետութիւններու սահմանին վրայ, կը նկատուի լաւ սկիզբ ահաբեկիչներու միջոցով անկայունութիւն մտցնելու համար այդ երկու պետութիւններուն մէջ: Թուրքիոյ դերը այս տարածաշրջանին մէջ ժխտական է եւ նպատակն է խաղաքարտեր հաւաքել ապագային կայանալիք որեւէ համագումարի համար: Թուրքիոյ պահանջը մտնել Միսնքի խումբին մէջ որպէս խաղաղարար, ունի մէկ նպատակ՝ Թուրքիան ճանչնալ որպէս տարածաշրջանի հզօր պետութիւն, իր բոլոր ժխտական հետեւանքներով: Թուրքիան ներքուստ կը վախնայ մասնատումէ եւ այդ բանին դէմ կը պայքարի ինքզզինք պարտադրել փորձելով որպէս շրջանային հզօր պետութիւն:
Արցախի պատերազմը տակաւին կը մնայ շրջանային, սակայն հարցին արդար լուծում չգտնելու ու պատերազմը երկարելու պարագային, մեծ հաւանականութիւն կայ որ ան ծառայէ որպէս յենակէտ Ռուսիան եւ Իրանը ապակայունացնելու համար: Այս իրականութենէն պէտք է մեկնին Հայաստանի եւ Արցախի երկու դրացի պետութիւնները: Թուրքիոյ ազդեցութիւնը այս չափով մնալու պարագային, երկուքն ալ պիտի տուժեն: