“REMEMBRANCES AND REFLECTIONS”

Toronto, 17 April 2020

“REMEMBRANCES AND REFLECTIONS” (in Armenian) are the memoirs and reflections of Hratch Tourikian, community leader, businessman, and political activist in Lebanon. Tourikian had close relations with the people and parties that governed Lebanon and was active in the Armenian Revolutionary Federation (ARF) for many years, assuming leadership roles during crucial political junctures in the country.

In “Remembrances and Reflections” Tourikian discusses the rift between him and the emerging ARF leadership due to fundamental diverging viewpoints. Shortly after his family’s immigration to Canada in the mid-’70s, he joined them settling in Toronto.

The book is available at Amazon

ՆԱԽԱԲԱՆ

Հրաչ Թուրիկեան, Թորոնթօ

Առօրեայ մեր հանդիպումներուն, ընկերներս յաճախ հարց տուած են, թէ ինչո՞ւ գրի չեմ առներ յուշերս, ինչո՞ւ չեմ գրեր մասնաւորապէս Լիբանանի վերջին քաղաքացիական կռիւներուն մասին, ուր որոշ չափով դերակատար եղած եմ եւ լաւատեղեակ՝ շատ դէպքերու մանրամասնութեանց:

Իրենց փափաքը իրաւացի գտնելով հանդերձ, որոշ մտահոգութիւններ պատճառ դարձան, որ այդ ծրագրէն հեռու կենամ մինչեւ այսօր:

Նախ շատ վստահ չեմ գրելու կարողութեանս վրայ եւ, յետոյ, այն վախն ունիմ, որ այս գործը դիւրութեամբ պիտի չկրնամ գլուխ հանել: Երրորդ պարագան ժամանակի հարցն է: Քսանհինգ տարիէ աւելի անցած է Լիբանանի դէպքերուն վրայէն, եւ այսօր նոյնիսկ յիշողութիւնս կրնայ զիս խաբել: Անձնապէս կարեւոր կը գտնեմ, որ պատմութեան համար, շատ դէպքերու եւ հարցերու, ինչպէս նաեւ որոշ անձերու մասին գրի առնուի ճշմարտութիւնը եւ դրսեւորուին անոնց իսկական դիմագիծն ու նկարագիրը:

Նկարագրիս այս գիծը՝ ճշմարտութիւնը ըսել, դժբախտաբար, պատճառ դարձած է, որ շատեր դժգոհ ձգեմ եւ կուսակցական կեանքիս մէջ տուժեմ անձնապէս:

Այսօր խղճի եւ սրտի ամենայն հանդարտութեամբ կրնամ յայտարարել, որ բնաւ թերացած չեմ կուսակցական պարտականութիւններուս մէջ, եւ ի գին անձնական զոհողութիւններու, բնաւ չեմ դաւաճանած Դաշնակցութեան հիմնական սկզբունքներուն:

Երկար մտածելէ ետք այն եզրակացութեան եկայ, որ բարեկամներս ինձմէ պահանջելու իրաւունք ունէին, որ առնուազն պատմութեան համար գրի առնեմ յուշերս, եւ գրեմ յատկապէս, Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի դրական ու առողջ կեցուածքին եւ դերակատարութեան մասին, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ պահպանել Լիբանանի հայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը եւ զայն կռիւներէն դուրս բերել նուազագոյն վնասով:

Բարեբախտաբար, Դաշնակցութիւնը այս գործին մէջ առանձին չմնաց: ՀՅԴ ԿԿ-ի նախաձեռնութեամբ, Հնչակեան, Ռամկավար կուսակցութիւններուն եւ համայն հայութեան մասնակցութեամբ կազմուեցաւ Միացեալ Մարմին (ՄՄ) մը, որ յայտարարեց հայ ժողովուրդին «դրական չէզոքութիւնը» եւ զօրակցութիւնը Լիբանանի անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանումին:

Միացեալ Մարմինն ունեցաւ քաղաքական լայն գործունէութիւն, միջամտեց կռիւներուն մասնակից բոլոր կողմերուն քով՝ հասկացողութեան եզր մը գտնելու մտահոգութեամբ եւ աւելորդ ցնցումներու ու արիւնահոսութեան առաջքն առնելու համար:

Շնորհիւ հայ ազգային կուսակցութիւններուն եւ հայ ժողովուրդին միասնականութեան, կարելի եղաւ հայութիւնը դուրս պահել Լիբանանի եղբայրասպան կռիւներէն:

Իր այս առողջ դիրքաւորումին համար, հայութիւնն արժանացաւ լիբանանեան անխտիր բոլոր կողմերու գնահատանքին եւ համակրանքին:

Այս լոյսին տակ, կարողութեանս ներած սահմաններուն մէջ, որոշեցի փորձ մը ընել եւ յուշերս գրի առնել: Պիտի ծանրանամ, մասնաւորապէս, Լիբանանի վերջին քառասուն տարիներու կուսակցական ու քաղաքական վերիվարումներուն եւ քաղաքացիական կռիւներու բնոյթին ու տարողութեան վրայ:

 

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like