Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, Լիբանան, 1 Սեպտեմբեր 2020
Հակառակ անոր որ մերօրեայ արուեստագէտը արդէն իսկ ձեռք բերած է ազատօրէն արտայայտուելու բացարձակ իրաւունք, տակաւին կան որոշ հանգամանքներ, որոնք կը շարունակեն «ուղղորդել» ստեղծագործողի ներշնչման ընթացքն ու սահմանափակել լիարժէք արտայայտուելու անոր կարողականութիւնը: Հինէն ի վեր արուեստի գեղագիտական ուժը օգտագործուած ու նոյնիսկ չարաշահուած է քաղաքական, կրօնական, տնտեսական թէ այլ բնագաւառներէ ներս: Այդ մարզերը թէեւ մեծապէս նպաստած են արուեստի զարգացման ու տարածման, սակայն տեղ-տեղ նաեւ խոչընդոտած են արուեստագէտի ստեղծագործական թռիչքին ու սահմանափակած անոր ներշնչման ոգեղէն ուժը:
Ժամանակին արուեստագէտը նիւթապէս թէ բարոյապէս ուղղակի կախեալ էր պատուիրատուներէն, իսկ այսօր կախեալ է նաեւ հաւաքորդներէն՝ անուղղակիօրէն: Սակայն ի հեճուկս այս իրողութեան, իրաւ արուեստագէտներէն շատեր, արհամարհելով նիւթական շահն ու արհեստականօրէն խոստացուած վարկը, կը ստեղծագործեն ըստ իրենց ներքին ես-ի թելադրանքներուն: Սա կենսական է արուեստի զարգացման համար, որովհետեւ, եթէ ի վերուստ շնորհուած ներշնչումը իր բնական ընթացքէն շեղի, հաւանական է որ յղացքը թէեւ բովանդակային առումով որոշ չափով շահի, բայց գեղագիտական որակը կը տուժէ: Իսկ երբ պատուիրատուի գեղարուեստական ակնկալութիւններն ու արուեստագէտի ներշնչման մղումները ուղիղ համեմատին իրարու, արդիւնքը կ’ըլլայ փայլուն ու գեղագիտական տեսանկիւնէն համոզիչ:
Թորոս Տէր Յակոբեան
Մարդու մարդկայնացման ժամանակներէն սկսեալ, ստեղծագործողներն զգացած են ու հաւատացած, որ գոյութիւն ունի իրենց կարողութիւններէն վեր գերբնական ուժ մը, որ որոշ պահերու թափ կու տայ իրենց երեւակայութեան ու կը խթանէ ստեղծագործական կիրքը: Կը նշանակէ թէ ներշնչման բնոյթը անհատական է եւ ոչ թէ ընդհանրական: Սակայն, որովհետեւ հին աշխարհի ղեկավարներուն այդ ձեռնտու չէր, անոնք արուեստի գործերը երկնատուր կը համարէին ու անոնց իրականացումը կը վերագրէին աստուածներու կամքին, այսինքն ներնչումը պէտք է ընդհանրական համարուէր եւ ոչ թէ անհատական: Անոնք մէկ կողմէ կը նսեմացնէին արուեստագէտնրուն դերը, միւս կողմէ զանոնք կը զրկէին հեղինակային իրաւունքներէ: Այս պատճառով ալ արուեստագէտներուն հետ կը վարուէին իբրեւ արհեստաւորներու՝ ստեղծագործական բաժինը վերագրելով աստուածներուն: Ահա թէ ինչո՛ւ փարաւոնական մշակոյթը հազարամեակներու ընթացքին գրեթէ նոյնը մնացած է բովանդակային թէ ոճային առումներով: Հին եգիպտացի կերպարուեստագէտները իրենց վարպետներուն հետ համատեղ, պէտք է աշխատէին արհեստաւորներու նման ու իրագործէին պատուիրատուներու, այս պարագային՝ քրմական դասին եւ ազնուականութեան պահանջները իբրեւ աստուածային կամքի արտայայտութիւն՝ հիմնուած կրօնական կաղապարուած սուրբ օրէնքներու վրայ: Նոյնը կարելի է ըսել հին աշխարհի գրեթէ բոլոր քաղաքակրթութիւններուն մասին, ինչպէս շումեր-աքքատականը, ինգա-մայականը, չինականը, հնդկականը եւայլն:
Հին յոյներու պարագան ուրիշ էր: Թէեւ հոս եւս պատուիրատուն քրմական դասն ու ազնուականութիւնն էին ու կրօնքին ազդեցիկ դեր վերապահուած էր, բայց արուեստագէտները արտայայտուելու որոշ ազատութիւն ձեռք բերած էին, որովհետեւ ի տարբերութիւն հին եգիպտացիներուն, անոնք չկարողանալով բարձրանալ աստուածներու մակարդակին ու անմահանալու, աստուածնե՛րը իջեցուցին իրենց մակարդակներուն եւ մարդկային նկարագիր ու յատկութիւններ հաղորդեցին անոնց: Մեկնելով այս սկզբունքներէն, հելլեն արուեստագէտները ոչ միայն որոշ չափով հնարաւորութիւն ունէին իրենց անհատականութեան դրոշմը դնելու արուեստի գործերուն վրայ, այլ նաեւ ոճային առումով յաճախ կը տարբերուէին իրարմէ: Եւ պատահական չէ որ հին յոյներն ունէին պաշտամունքի արժանի ինը ներշնչման աղբիւրներ (Մուսաներ), որոնցմէ իւրաքանչիւրը արուեստի տեսակ մը կը հովանաւորէր:
Հին հռոմէացիները իրենց գործնապաշտութեան պատճառով չկրցան գերազանցել յոյները ու, առանց «անհատականացնել» կարենալու անոնց մշակոյթը, անոնց շուքին տակ մնացին:
Վարուժան Վարդանեան
Քրիստոնէութեան ժամանակաշրջանին, սրբանկարչութեան արտայայտչաձեւերն ու բովանդակութիւնը փոխուեցան ըստ քրիստոնէական վարդապետութեան: Սրբանկարիչները, հեթանոսական որոշ ազատութիւններ կորսնցնելէ ետք, աւելի՛ կաշկանդուեցան, սուրբերու կերպարները ոգեղինացուելով վերացարկուեցան ու իրապաշտութեան հողի վրայ նահանջեցին:
Ըստ քրիտոնէական հաւատքի, ներշնչման աղբիւրն ու հովանաւորը Սուրբ Հոգին է, որ սրբանկարչութեան մէջ կը պատկերուի աղաւնակերպ, թէեւ երբեմն կը ներկայանայ նաեւ իբրեւ կենսատու լոյս, ջուր կամ կրակ: Հին եգիպտական արուեստագէտներու նման, սրբանկարիչները կը հաւատային, որ իրենք կատարողն են պարզապէս, իսկ սրբանկարին բուն հեղինակը Սուրբ Հոգին է: Այս պատճառով ամբողջ սրբանկարչութիւնը (իր ամենալայն իմաստով) կ’իրագործուէր քրիստոնէական աստուածաբանութեան յատուկ սկզբունքներով (թապուներով), ըլլայ ոճային թէ բովանդակային առումներով, թէեւ պատկերելու արհեստագիտութիւնը, սկզբունքները, ոճային ու բովանդակային իմաստաւորումները գրեթէ նոյնն էին: Սակայն քրիստոնեայ ազգերն ու առանձին յարանուանութիւնները, իրենց մշակութային առանձնայատկութիւններուն համապատասխան մակարդելէ ետք կերպարուեստը, ստեղծեցին տարբերակիչ դպրոցներ, որոնց մէջ ի յայտ եկան նաեւ զօրաւոր անհատականութեան տէր սրբանկարիչներ: Այսպիսով, քրիստոնէական արուեստը, հեռանալով իրապաշտութենէն, ուժ տուաւ հոգեւոր արժէքներու իմաստաւորման ու դրսեւորման՝ շրջանցելով աշխարհիկ կեանքն ու կենսասիրութիւնը, որոնք հեթանոսական, հետեւաբար մերժելի կը համարուէին:
Իտալական Վերածնունդը եկաւ ու կարճ ժամանակի ընթացքին տարածուեցաւ եւրոպական միւս երկիրներուն մէջ՝ իրեն հետ վերականգնելով ու վերարժեւորելով նաեւ հեթանոսական կենսասիրութիւնն ու առհասարակ աշխարհիկ կեանքը: Արուեստագէտները հետզհետէ աւելի ու աւելի ձերբազատուեցան կաշկանդումներէ, թէեւ անոնցմէ շատեր դժուարութեամբ կրցան ձեռք բերել ստեղծագործելու ազատութիւն եւ ինքնատպութիւն: Օրինակ, ֆլամանտական դպրոցի ռահվիրան՝ Ռուպէնզը, իր հասուն տարիքին միայն, երբ արդէն գտած էր իր ներշնչման աղբիւրը՝ տասնըվեցամեայ Հելէնը, ինքզինք բարոյապէս հաստատած ու նիւթապէս ապահովուած, կրցաւ մերժել նոյնիսկ թագաւորներու պատուէրները եւ սկսաւ ստեղծագործել իր ներշնչման ու ներքին թելադրանքներուն համապատասխան: Ան սկսաւ ոչ միայն դրսեւորել կնոջ մերկ մարմնի կրքոտ շարժումներն ու անոնց հմայքը, այլ նաեւ արտայայտեց կեանքի հրճուանքն ու բնութեան կենսախինդ գեղեցկութիւնը: Ռուպէնզը իր տեսակին մէջ թէեւ միակը չէր, բայց քիչերու միայն վերապահուած էր նման բացառիկ առիթ:

Ստեղծագործական թապուներէն հետզհետէ ձերբազատուած արուեստագէտը մեր օրերուն ոչ միայն բացարձակապէս ազատ է, այլ նաեւ հասած է նոյնի՛սկ սանձարձակութեան: Սակայն ստեղծագործական այս անիշխանական ազատութիւնը պայմանական է եւ միշտ չէ որ դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ արուեստի զարգացման ու տարածման վրայ:
Այսպէս՝ բոլոր պարագաներուն, ներշնչումը վերացական եւ յոյժ անհատական ըլլալով հանդերձ, ոչ միայն կայ ու կը գործէ, այլ նաեւ անոր ոգեղէն (կրնանք ըսել՝ աստուածային) միջամտութեան հզօրութեամբ պայմանաւորուած կը թուին ըլլալ արուեստի գործի որակն ու գեղագիտական ներազդեցիկ ուժը: Համաձայն արուեստագէտի տրամադրուածութեան, անոր ստեղծագործելու ցանկութիւնն ու չկամութիւնը հաւասարապէս կը վկայեն ներշնչման առկայութեան կամ բացակայութեան մա
Ըստ իրենց խառնուածքին կամ ակամայ ստեղծուած իրավիճակի, արուեստագէտները տարբեր ձեւով կ’ընկալեն ներշնչումը ու կը ստեղծագործեն, ինչպէս որ այս տարի համաճարակին պատճառով ստեղծուած անախորժ կացութիւնը տարբեր տեսակի ազդեցութիւն գործեց արուեստագէտներու ստեղծագործական կեանքին վրայ: Եւ որովհետեւ մեր նախորդ երկու յօդուածներուն մէջ խօսած ենք համաճարակի ընթացքին ժամանակակից կարգ մը հայ կերպարուեստագէտներու կեցուածքին ու անոնց ստեղծագործական կեանքի բնոյթին մասին, այժմ կատարենք որոշ լրացումներ միայն:
Արա Ազատ
Նախապէս մեր ներկայացուցած գլխաւոր երկու տեսակի արուեստագէտներէն բացի, կան ուրիշներ, որոնք պէտք ունին երկարատեւ ներշնչանքի, այսինքն «լիցքաւորման» (ճիշդ հասկցուելու համար գուցէ կարելի ըլլալ գործածել նաեւ «ստեղծագործական երկունք» բառակապակցութիւնը): «Լիցքաթափման» համար՝ անոնք կը մտնեն գերլարուած ու մագնիսացած ոլորտներու մէջ, իսկ երբ ստեղծագործական հեշտանքը կը հասնի բարձրակէտին (զենիթին), կը ծնի «երեխան»՝ իբրեւ արուեստի յղացք: Այս տեսակներու ներշնչումը լիցքաթափման ուժգնութեան հետ, ուղիղ կը համեմատի լիցքաւորման աստիճանի գեղագիտական երկունքի հետ: Նմանօրինակ ստեղծագործողներ էին Վրոյր Գալստեանը, Փօլ Կիրակոսեանը, Զաւէն Խտըշեանը, Թորոս Տէր Յակոբեանը, Սեյրան Խաթլամաճեանը, Արքատի Պաղտասարեանը (Արկօ), Վիգէն Թադեւոսեանը, իսկ ժամանակակիցներէն մեզի ծանօթ են Արա Ազատն ու Վահան Ռումէլեանը: Այս վերջիները իրենց տեսակին մէջ իւրայատուկ են, անմիջական ու հաղորդական: Անոնք իմ ճանչցած վերացապաշտ արուեստագէտներուն մէջ այն քիչերէն են, որոնց համար ներշնչումն ու ստեղծագործական պահը կարեւոր նշանակութիւն ունին: Այս կարգի արուեստագէտները, եթէ լիցքաւորուած ու ներշնչուած չըլլան, նոյնիսկ եթէ փորձեն երփնագրել, արդիւնքը ձախող կ’ըլլայ: Իսկ երբ անոնցմէ ոմանք փորձեն ստեղծագործել առանց անմիջական ներշնչումի՝ հարկադրաբար, կը պատահի անսպասելին, ու ոմանք կը փճացնեն իրենց իսկ ստեղծած թոյլ գործերը: Այս առումով, իմ ճանչցած արուեստագէտներէն աչքիս առաջ բազմաթիւ գործեր ոչնչացուցած են Փօլ Կիրակոսեանը, Թորոս Տէր Յակոբեանը, Կիւվտերը, Բագրատ Գրիգորեանը, Սեյրան Խաթլամաճեանը, Վարուժան Վարդանեանը, Մկրտիչ Մազմանեանը, Արկոն եւ ուրիշներ:
Ի վերջոյ բոլոր արուեստագէտներուն համար ալ ներշնչումի հարցը թէեւ կը մնայ խորհրդաւոր, այնուամենայնիւ կենսական ու ճակատագրական դեր կրնայ խաղալ անոնց ստեղծագործական կեանքին մէջ: Այս բոլորին զուգահեռ, կան արուեստագէտներ, որոնք կ’ուզեն իրենց շօշափած թեման առաւելագոյնս մօտեցնել ճշմարտացիութեան, եւ որոշ ուսումնասիրական աշխատանքներու պէտքը կը զգան: Այս երեւոյթը աւելի բնորոշ է – բովանդակալից ու կոթողային ստեղծագործութիւններու պարագային – յատկապէս գրողներուն, որոնցմէ մէկը արդէն իսկ կայացած ու տաղանդաւոր գրող Վահան Զանոյանն է: Ան նախ անգլերէնով կը գրէ իր վէպերը, ու ամերիկեան հրատարակչատուներու կողմէ լոյս ընծայուելէ ետք միայն անոնք կը թարգմանուին հայերէնի: Ան ցարդ երկու բանաստեղծական հատոր ու չորս վէպ հրատարակած է: Այս օրերուն, ի հեճուկս համաճարակի տաղտկալի ներկայութեան, ան կ’աշխատի հինգերորդ վէպին վրայ: Եւ որովհետեւ իր գիրքերու պատումներուն հենքը սկզբունքով պէտք է քաղուած ըլլայ իրական կեանքէ, ան կը սերտէ ու կը հաւաքէ վաւերագրական այն տուեալները, որոնց միջոցով պիտի ձեւաւորէ դիպաշարը: Իր նման իրաւ արուեստագէտի մը համար որոնումներու այս յարատեւ գործընթացը մաս կը կազմէ ստեղծագործութեան, ուր կարիքը կը զգացուի տրամադրուածութեան, հետեւաբար՝ ներշնչանքի: Տրուած ըլլալով որ ան, յաճախ ազգայինէն մեկնելով, համամարդկային ընդհանրական թեմաներ կը շօշափէ եւ զանոնք ժամանակակից շունչով ու իւրայատուկ լեզուամտածողութեամբ կը մատուցէ, նախ կ’ընդունուի ու կը գնահատուի օտար շրջանակներու կողմէ, որմէ ետք միայն կը հասնի հայ ընթերցողին: Նոյնի՛սկ՝ իր վէպերէն մէկը՝ «Սրբազան Աւազուտքներ»ը Նիւ Եորքի Գոլոմպիայի եւ Ժընեւի Ուապըսթըր համալսարաններուն մէջ յանձնարարուած է իբրեւ ընտրովի ընթերցանութեան գիրք: Այս կարգի արուեստագէտներու ներշնչման համար տեղեկատուական ուսումնասիրութիւնները կենսական են, որովհետեւ ստեղծագործողին զգացական ցանցերը կ’աշխուժացնեն:
Եզրակացնելու համար՝ աւելցնենք, որ ներշնչումի հարցը, թէեւ վիճելի, կը մնայ ի զօրու… բոլոր տեսակի արուեստագէտներուն համար, որոնց ստեղծագործական գործընթացին մէջ կենսական դեր կը կատարէ նաեւ մարդ էակի ինքնարժէքի էութենական որոնումը ենթագիտակիցի ոլորտներէն ներս ու անոր լիարժէք դրսեւորումը, որմէ յաճախ կախեալ են արուեստի յաջողութեան աստիճանն ու մակարդակը:
Կիվտէր