Մայիս 2021
Մարդկային արտահոսքը ՀՀ-էն կը վտանգէ անոր գերիշխանութիւնն ու ազգային անվտանգութիւնը: Շատերու կարծիքով ՀՀ-ի իրական անձեռմխելիութիւնն արդէն իսկ կասկածելի վիճակի մէջ է եւ այս ընթացքով կրնայ նաեւ սպառնալ իրաւական գերիշխանութեան: Կան ուրիշներ, որոնք կը խօսին նոյնիսկ Ռուսական համադաշնութեան կազմէն ներս ինքնավար մարզի մը (oblast) վերածման մասին:
Անցեալ դարուն, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին զոհուեցան 300,000 հայ մարտիկներ, որուն պատճառաւ ժողովրդագրական տագնապի մը առջեւ գտնուեցաւ Խորհրդային Հայաստանը, բայց շնորհիւ 80,000-ի հասնող ներգաղթողներու՝ ապահովուեցաւ մեր հայրենիքի գոյատեւումը: Այս օրերուն անյապաղ անհրաժեշտութիւն մը կը դառնայ համազգային ճիգերով նոր ներգաղթի մը կամ թէկուզ եւ պարբերաբար՝ հայրենադարձութեան մը քաջալերութիւնն ու կազմակերպումը:
Այս առնչութեամբ կը ներկայացնենք Գանատահայ յայտնի մտաւորական, ազգային անկախ հասարակական գործիչ՝ Վիգէն Լ. Ադդարեանի յոյժ շահեկան եւ համապարփակ քննարկումը: (Խմբ.)
Ունկնդրելու-տեսնելու համար նախորդ երկու վերլուծական հարցազրոյցները սեղմեցէք համապատասխան ներքեւի խորագիրներոն վրայ
ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՆ – An analysis of the situation of Armenian nation today (part 1)
ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ (part 2)