Յակոբ Վարդերեսեան եւ Յովսէփ Մարգարեան (նախկին սան), 30 Օգոստոս 2021
Մէկէ աւելի բարեկամներ եւ նախկին դասընկերներ յաճախ մեզ մղած են այցելել մեր հինաւուրց սրբավայրը 1967-ի Երուսաղէմի գրաւումէն ետք: Ամէն մի հայ, որ կ’այցելէ այս քաղաքը, որ երեք կրօնքերու համար սուրբ քաղաք կը նկատուի իրաւմամբ, հպարտութիւն կ’առթէ իր մէջ: Քրիստոսի հետ առնչուող սրբավայրեր կան, որոնք հայապատկան են եւ որ նախանձը կը շարժէին ու կը շարժեն քրիստոնեայ միւս յարանուանութիւններուն:
Արդարեւ, «քրիստոնեայ մեծ պետութիւններ» չունին այն ինչ որ 15 դարերու ընթացքին ունեցած է մեր ազգը, իսկ 1967-ի արաբա-իսրայէլեան պատերազմէն ետք իշխանութիւնները քայլ առ քայլ եւ մեծ համբերութեամբ յաջողեցան կալուածներ, տարածքներ եւ իրաւունքներ իւրացնել՝ դիմելով ամէն տեսակ կողմնակի միջոցներու:
Մեր վերջին այցելութիւններուն նկատելի էր բուռ մը մնացած սաղիմահայութեան մտահոգութիւնն ու վրդովմունքը թէ՛ կարգ մը հոգեւորականներու եւ թէ՛ իսրայէլեան պետութեան յարուցած բարդութիւններու առնչութեամբ:
Ով որ առիթը կ’ունենայ եւ պարիսպէն դուրս գալէ ետք մտնէ Եաֆֆա պողոտան, անպայման կը նկատէ քանի մը պատկառելի շէնքեր, որոնց շքամուտքին կ’երեւան քարի վրայ քանդակուած ՅՄ (Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւն) յապաւումը: Միլիոններու արժէք ունեցող այդ շէնքերը ատենին վարձու տրուած են ծիծաղելի վարձքերով: Մինչդեռ, եթէ Միաբանութեան պատասխանատու հոգեւորականները աւելի շրջահայեաց ըլլային եւ խորհրդակցէին արհեստավարժ տնտեսագէտներու հետ, այդ շէնքերէն ստացուած վարձքով ամբողջ Միաբանութիւնը կարելի էր «կերակրել»: Ու տակաւին մարդիկ կան գաղութին մէջ, որոնք փսփսուքով կը խօսէին «գաղտնի» համաձայնութիւններու մասին, որոնց արդիւնքով «կոկիկ» գումարներ անցած են անհատներու ձեռքը՝ հոգեւորական թէ աշխարհական:
Մեր միաբանութիւնը կարեւոր հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոն մըն էր եւ է՛ Միջին Արեւելքի մէջ: Այստեղէն շրջանաւարտ ելած են պատկառելի հոգեւորականներ, խմբագիրներ, ուսուցիչներ, հասարակական գործիչներ: Սաղիմահայ հայրենասէր գաղութը իրօք տիպար հայկական փոքրիկ ոստան մըն է, ուր երեխաները հայերէն կը խօսին, հայերէն կը խաղան եւ հայերէն կ’ուրախանան տակաւին…Բայց ստեպ-ստեպ խաղքութիւն մը կը պայթի եւ արտերկրի հայութիւնը տակն ու վրայ կ’ընէ: «Կովերու Պարտէզի» եւ ինքնաշարժի կայանատեղիի զարգացումները անոնցմէ վերջինն է:
Հայ Երիտասարդաց Միութեան արի-արենոյշները տողանցքի կը պատրաստուին Մեծ Բակին մէջ
Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը միշտ ալ վայելած է Պաղեստինցի ժողովուրդին ու ղեկավարութեան յարգանքը: Մարդիկ կը խօսին թէ ինչպէս Պաղեստինի անզուգական առաջնորդ Եասէր Արաֆաթի ջանքերով Հին Քաղաքին մէկ չորրորդ տարածութիւնը, որ հայապատկան է, չմնաց հրեական բաժնին մէջ: Մինչդեռ իսրայէլեան ուժային կառոյցներու կանխամտածուած բացթողումներու եւ անհոգութեան պատճառով յաճախ մեր հոգեւորական դասը ենթարկուած է ատելավառ վերաբերմունքի, յատկապէս ծայրայեղ կրօնական խմբակցութիւններու պատկանող մոլեռանդներու կողմէ: Այնքան բացայայտ եղած են այս դէպքերը, որ նոյնիսկ իսրայէլեան մամուլը չէ լրած եւ դատապարտող խօսքեր է գրած:
Իսրայէլեան քաղաքականութիւնը կ’աշխատի լրջօրէն ուսումնասիրուած «աշխատանքային քարտէզով» մը՝ հետզհետէ աննշան կեթթոյի մը վերածելու համար Հին Քաղաքի փոքրամասնութիւնները, որոնք այնքանով պէտք պիտի ըլլան իրենց, որ սրբատեղի այցելող ուխտաւորներէն միլիոններ շահին…
Գալով Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան, կը խօսուէր Պատրիարք Սրբազան Հօր եւ իր հակառակորդ Արքեպիսկոպոսին «տարօրինակ կենցաղին» ու տնտեսվարական շահատակութիւններուն մասին…: Յաջորդ երջանկայիշատակ Պատրիարքն ալ փորձեց Հայրենի դասախօսներով բարձրացնել Ճեմարանի հայագիտական մակարդակը, նորոգեց հոգեւորականներու կացարաններն ու ճաշարանը, սակայն մէկ հրամանով «լուծեց» բազմաթիւ գիրքերու կրկնօրինակներու եւ պահեստը մնացած հրատարակութիւններու ճակատագիրը…կրակի ճարակ դարձնելով զանոնք: Որքանո՞վ ճիշդ է այս վերջին լուրը, ցաւօք ՝ հեռաւոր վայրերէն մենք հնարաւորութիւն չունեցանք ճշդել վաւերականութիւնը: Կը մնայ մտածել թէ՝ «առանց կրակի ծուխ չի բարձրանար…»:
Ներկայիս Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան, սկիզբները փորձեց բարեշրջել վիճակը, կարգ մը դիւրութիւններ տուաւ վանքաբնակներուն, աշխատանք թափեց տպարանը արդիականացնել. ցաւօք սրտի կարճ ատեն մը ետք սկսաւ նահանջել. այդպէս ցոյց կու տան փաստերը եւ մեր բարեկամներէն ստացած տեղեկութիւնները, որոնց վրայ կասկածելու պատճառներ չունինք:
Մեր հայրենակիցներէն մին կը հաղորդէ,
“The Patriarch, the real estate manager (Rev. Fr. Baret Yeretsian), and loosararabed Archbishop Sevan have signed a 99-year real estate deal with an Australian millionaire who will build a hotel in “Goveroon Bardez”, the large tract of land at the southwest end of the Armenian Quarter. A 99-year lease means to perpetuity, according to the Patriarchate’s experience. It will be gone forever. It’s a major loss, a major truncation, and it’s not the first time land has been ceded.”
Խնդրոյ առարկայ հողատարածքը արհամարհելի հատուած մը չէ՝ հին քաղաքի չափերու համեմատութեամբ: Չկայ այնքան ընդարձակ հարթ տարածութիւն ամբողջ քաղաքին մէջ, ուրկէ կարելի է միլիոններ «կթել», եթէ տնտեսական ճիշդ տնօրինութեամբ առաջնորդուի Պատրիարքութիւնը: Ցաւօք սրտի, ըստ մեր տպաւորութիւններուն եւ ստացած տեղեկութիւններուն, տարօրինակ լռութիւն մը կը տիրէ այս մասին Պատրիարքութեան նեղ շրջանակէն ներս…Շատ են ըսի-ըսաւները, անվստահութիւնը, կասկածամտութիւնը, որոնք տարօրինակ պէտք չէ թուին՝ հիմնուելով մինչ այս ջրի երես դուրս ելած խաղքութիւններուն վրայ: Պիտի ըսենք որ առհասարակ, եւ հաւանաբար նաեւ մեր հաւատացեալ հօտերու եւ համայնքներու կոյր վստահութեան պատճառաւ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ «վերին» սպասաւորներու եւ անոնց հլու-հնազանդ կամակատարներու եւ բախտախնդիրներու մէջ ամուր հիմք հաստատած է հաշուետու չըլլալու աւանդութիւնը, դեռ աւելին՝ անոնք այնքան ինքնագլուխ են, որ կը համարձակին մեր երեսին շպրտելու «անհնազանդ» զաւակի մը ըսուելիք խօսքեր:
Պատրիարքութեան անցեալի դառն փորձառութիւններէն դատելով՝ այս գործարքով հայութիւնը կը կորսնցնէ աչքի զարնող տարածութիւն մը: Հակառակ վանքաբնակներու լուռ անհամաձայնութեան եւ բողոքներուն, Միաբանութեան առաջնորդները որոշած են յառաջ երթալ իրենց ազգավնաս ծրագրին գործադրութեան մէջ:
Մեզի կը մնայ անվարան կերպով նշել որ փաստօրէն, այս տխուր զարգացումները եկան խախտելու մեր հաւատքը Պատրիարքին եւ զինք շրջապատող կարգ մը անձերու հանդէպ: Կը յուսանք որ Միաբանութեան գերագոյն ժողովը ուժ կը գտնէ կասեցնելու այս խայտառակ ծրագիրը:
Երուսաղէմի հայ համայնքը դարերու ընթացքին ակռաներով պաշտպանած է մեր սրբատեղիները հազար ու մի զոհողութիւններու դիմելով: Մեր աչքին առջեւ ունինք Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարքը (Շիրվանեցի, 17-րդ դար), որ Միջին Արեւելքը շրջեցաւ, շղթաները վզին, որպէսզի լումա-լումայ հաւաքելով Միաբանութիւնը փրկէ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին պարտքերու մէջ խրուած Միաբանութիւնը, եւ յաջողեցաւ: Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են Կիւրեղ Եպս. Գաբիկեանի առասպելական ջանքերը Ս. Յարութեան տաճարի հայապատկան անկիւններու եւ մատուռներու պահպանոթեան առաքելութեան մէջ:
Վրդովեցուցիչ են մեզի հասած լուրերը եւ մեր ազգային արժանապատուութեան զգացումին կը դպնան այս ժխտական զարգացումները: Միւս կողմէն, պէտք է յիշեցնենք նաեւ արտերկրի հայութեան, համայն հայ հաւատացեալներուն եւ յարանուանութիւններուն, նաեւ հայրենի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որ այս սրբատեղիները նաեւ իրե՛նցն են, ուրեմն նաեւ իրենց պատիւն է եւ սրբազան պարտականութիւնը միաժամանակ տէր կենալու մեր արժէքներուն:
* Խնդրոյ առարկայ կալուածը ներկայացնող տարածքը (Կովերուն Պարտէզը) շրջանակի մէջ առնուած է քարտէզի ներքեւի ձախ անկիւնը: