ԱԱԳԽ-ի յայտարարութիւնը Երուսաղէմի ազգապատկան կալուածներու մասին

29 Հոկտեմբեր 2021

Վերջին ամիսներուն հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ականատես դարձաւ եկեղեցական տագնապի մը, որ այս անգամ կը յուզէ սաղիմահայ համայնքը: Անգամ մը եւս եկեղեցապատկան կալուածներ թիրախ կը դառնան անօրինական քայլերու: Եթէ լուրը ստանայինք հայ քաղաքացիներէ, պիտի ըսէինք թէ ըսի-ըսաւի արդիւնք կրնայ ըլլալ: Սակայն երբ տեղւոյն հայկական քաղաքական հայրենասէր դէմքեր ու մեր կառոյցի մօտիկ ազգասէր անձեր եւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց սրտցաւ ու ազնիւ միաբաններ նամակով կը բողոքեն եղած անօրինական քայլին դէմ, ապա հարցին լրջութեան կասկած չի մնար:

Երուսաղէմի պատրիարք Տ.Նուրհան Արեպիսկոպոս Մանուկեան, Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ.Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան եւ Կալուածոց տեսուչ Տ. Պարետ Ծայրագոյն վարդապետ Երէցեան ստորագրած են վանքին կալուած համարուող «Կովերու պարտէզ»ը 99 տարուան համար վարձակալութեան տալու համաձայնագիր մը իսրայէլեան կողմի մը հետ: Ըստ ներքին կանոնագրութեան, 25-էն 49 տարիներու վրայ երկարող որեւէ համաձայնագրի տակ պէտք է ստորագրեն պատրիարք հայրը կամ զինք փոխարինող անձ մը, լուսարարապետը, Միաբանական ընդհանուր ժողովի ատենապետը եւ Տնօրէն ժողովի ատենապետը: Պատրիարք հօր եւ Միաբանական ընդհանուր ժողովի ատենապետին ստորագրութիւնները պարտաւորիչ են: Ուրեմն, այս համաձայնագրի ստորագրութիւնը խախտում կը համարուի պատրիարքութեան ներքին կանոնագրութեան եւ օրինազանցութեան յստակ օրինակ մըն է, ուրեմն ապօրինի է:

Անգամ մը եւս տարագիր հայութիւնը դէմ առ դէմ կը գտնուի իր ազգային կալուածները իւրացնելու յստակ փորձի մը, մանաւանդ նկատի առնելով սիոնիստական մշտատեւ փորձերը հայ ժողովուրդը եւ Արեւելքի արաբ ու քրիստոնեայ բնիկ ժողովուրդները զրկելու իրենց իրաւունքներէն: Այս հարցը պիտի դիտուի այդ տեսանկիւնէն: Ժամանակն է որ քայլեր առնուին այդ համաձայնագիրը չեղեալ համարելու համար, որովհետեւ արդիւնքը պիտի ըլլայ կալուածի կորուստ եւ վստահութեան խախտում դարաւոր մեզի բարեկամ արաբ բնիկ ժողովուրդին կողմէ:

Այս առիթով, Արեւմտահայութեան Ազգային Գերագոյն Խորհուրդի հիմնադիր մարմինը իր անվերապահ նեցուկը կը յայտնէ բոլոր սրտցաւ ազգային քաղաքական ուժերուն եւ ազնիւ ու հայրենասէր միաբաններուն, դէմ դնելու համար այս անօրինական քայլին ու հայ  ժողովուրդին վերադարձնելու ինչ որ օրէնքով իրեն կը պատկանի: Մեր ազգային եկեղեցական կալուածները մեզի աւանդ մնացած են մեր ազնիւ նախահայրերէն եւ շատ ուշադիր պէտք է ըլլանք անոնց տնօրինումին մէջ: Ոչ ոք իրաւունք ունի անօրինական ձեւով վարուելու մեր նախահայրերուն մեզի ձգած ժառանգին հետ:

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ-ի հիմնադիր եւ նախաձեռնող մարմին

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like