Wir danken Euch! Շնորհակալութիւն Կը Յայտնենք Ձեզի

 Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Ժընեւ, 24 Ապրիլ 2016

Անցեալ 21 Յունիսի առաւօտեան, սովորականին պէս, Ժընեւէն դէպի Պեռն՝ Զուի­ցերիոյ Ազգային Գրադարան մեկնեցայ։ Ծրագրած էի առկայ ուսումնասիրու­թեանս համար հետազօտութիւններս շարունակել օգտագործելով մասնաւորաբար այն ամսագիրը, զոր ա­տենին հրատարակած էր Զուիցերիոյ Հայասէրներու Միութիւնը։ Մեծղի ժո­ղովածուն, ո­րուն խորագիրն էր «Տեղեկութիւններ Հայաստանի Մասին», հրատարակ­ուած էր Յուլիս 1916-էն մինչեւ 1944 թուականը Պազէլի մէջ։ Անոր երկար տարիներու խմբագրապետը ե­ղած էր Էմմանուէլ Ռիկկըն­պախ՝ Զուիցերիոյ գերմանախօս շրջանին մէջ հայոց արդար ի­րա­ւունքներու նուիրեալ ջատագովներէն մին։ «Տեղեկութիւններ Հայաստանի Մասին» ամ­սա­գիրը կը հետա­պնդէր ոչ միայն Զուիցերիոյ ընթերցասէր հասարակութեան լուրեր հա­ղոր­դել Հայաս­տանի, Թուրքիոյ մէջ ահասարսուռ անցու­դարձերուն եւ ընդհանրապէս Մեր­ձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող անմխիթար կացութեան մասին, այլ նաեւ իրազեկ դարձնել զուի­ցերիացի բարերարները, թէ իրենց նիւթական նուէր­ները ո՞ւր եւ ի՞նչ նպատակ­ներու կը տրամադրուէին։ Տենդոտ հետաքրքրու­թեամբ մը կը թերթէի ժողովածուն էջ առ էջ, կը կար­դայի սիւնակներուն մէջ տեղ գտած յօդ­ուածներուն խորագրերը, ապա համակարգիչիս մէջ իսկոյն կը նշէի բոլոր այն վկայու­թիւնները, որոնք կրնային մասնաւոր կարեւորութիւն ներկայացնել այն նիւթին հա­մար, զոր կ’առաջադրէի ուսումնասիրել եւ վերածել հատորի մը։

 Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Ժընեւ, 24 Ապրիլ 2016

Անցեալ 21 Յունիսի առաւօտեան, սովորականին պէս, Ժընեւէն դէպի Պեռն՝ Զուի­ցերիոյ Ազգային Գրադարան մեկնեցայ։ Ծրագրած էի առկայ ուսումնասիրու­թեանս համար հետազօտութիւններս շարունակել օգտագործելով մասնաւորաբար այն ամսագիրը, զոր ա­տենին հրատարակած էր Զուիցերիոյ Հայասէրներու Միութիւնը։ Մեծղի ժո­ղովածուն, ո­րուն խորագիրն էր «Տեղեկութիւններ Հայաստանի Մասին», հրատարակ­ուած էր Յուլիս 1916-էն մինչեւ 1944 թուականը Պազէլի մէջ։ Անոր երկար տարիներու խմբագրապետը ե­ղած էր Էմմանուէլ Ռիկկըն­պախ՝ Զուիցերիոյ գերմանախօս շրջանին մէջ հայոց արդար ի­րա­ւունքներու նուիրեալ ջատագովներէն մին։ «Տեղեկութիւններ Հայաստանի Մասին» ամ­սա­գիրը կը հետա­պնդէր ոչ միայն Զուիցերիոյ ընթերցասէր հասարակութեան լուրեր հա­ղոր­դել Հայաս­տանի, Թուրքիոյ մէջ ահասարսուռ անցու­դարձերուն եւ ընդհանրապէս Մեր­ձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող անմխիթար կացութեան մասին, այլ նաեւ իրազեկ դարձնել զուի­ցերիացի բարերարները, թէ իրենց նիւթական նուէր­ները ո՞ւր եւ ի՞նչ նպատակ­ներու կը տրամադրուէին։ Տենդոտ հետաքրքրու­թեամբ մը կը թերթէի ժողովածուն էջ առ էջ, կը կար­դայի սիւնակներուն մէջ տեղ գտած յօդ­ուածներուն խորագրերը, ապա համակարգիչիս մէջ իսկոյն կը նշէի բոլոր այն վկայու­թիւնները, որոնք կրնային մասնաւոր կարեւորութիւն ներկայացնել այն նիւթին հա­մար, զոր կ’առաջադրէի ուսումնասիրել եւ վերածել հատորի մը։

Շարունակելով որոնումներս, երբ կը դարձնէի Յունիս 1932-ի 57-րդ թիւին էջերը, հա­յեացքս կանգ առաւ մեծադիր պատկերի մը վրայ, որ կը կրէր «Նպաստընկալ երե­խաներ Պէյրութի գաղթականներու ջամբարին մէջ» խորագիրը։ Ուղղահայեաց դիրքով զետեղուած չորս որբերու՝ զոյգ մը աղջիկներու եւ զոյգ մըն ալ տղոց իրարայաջորդ լուսանկարներուն քով հաստագիր տպագրուած էր «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ձեզի» երախտիքի մը սրտառուչ արտայայտութիւնը։ Տարակոյս չկար, որ սոյն պատկերը արտատպումն էր շրջա­բերական նամակի մը, որ Զուիցերիոյ Հայասէր­ներու Միութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած էր զուիցերիացի նուիրատուներուն խիղ­ճը կարիքաւոր­ներու նկատմամբ աւելի զգայուն դարձնելու եւ միաժամանակ ուղղակի այս որբուկ­ներուն բերնով անոնց շնոր­հա­կալութիւն յայտնելու համար։

Խոր յուզում մը համակեց զիս։ Որբերուն նայուածքին մէջ կը տեսնէի անասելի թա­խիծ մը, վիշտերու ծով մը ամբողջ եւ նահատակութեան պատմութիւնը ազգիս։ Ինծի կը թուէր, թէ այդ երեխաները իրենց դառն ճակատագրով շղթայուած էին իրա­րու, մարդա­կերպ գազան­ներու ձեռքով վայրագաբար հագնելով որբութեան կրակոտ շապիկը։ Անոնք խլուած էին իրենց ծնողաց գուրգուրանքէն, ընտանեկան յարկին սի­րասուն միջավայրէն ու այն ջերմութե­նէն, որ իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ օդի ու ջուրի պէս անհրաժեշ­տու­­թիւն են ապ­րելու, գոյատեւելու եւ զարգանալու համար։   

Բնականաբար առաջին անգամ չէր, որ կը հանդիպէի նման տխուր պատկեր­ներու։ «Մանկութիւն չունեցող երեխաներ», ահաւասիկ այս էր առաջին մտածումը, որ կը ծագէր մտքիս մէջ ամէն անգամ, երբ կը հանդիպէի թերեւս ալ աւելի ճնշող կամ նոյնաբովանդակ հոգեցունց նկարներու։

Պարզ հետաքրքրութիւն մը կը մղէր զիս կարդալու այդ որբերուն անուն­ները, որոնք իրենց ճակատագրին ամբողջ գորշութեանը մէջ պահ մը յանկարծ հան­դիպած էին յուսա­ժպիտ երանգի մը, դառնալով կարեկցանքի առարկան զուիցերիա­ցի բարե­գործներու։

Ինքնաբերաբար, եւ նոյ­նիսկ քիչ մըն ալ անտարբեր կար­դացի նաեւ վե­րէն երկրորդ նկարին քով արձանա­գ­րուած բոկոտն մանչուկին անունը. Գրի­­գոր Թա­փան­եան։ Յան­կարծ սար­սու­ռի մը պաղ հոսանքը սահեցաւ ամ­բողջ մարմնովս։ Ինծի ան­հաւա­տալի թուաց իրողութիւնը, որ ուղղակի աչքե­րովս կարդացի։ Տղուն անունը հարա­զատ էր ինծի, բայց դեռ կը դժուարա­նա­յի զայն տեղաւորել ճանաչողութեանս պրիս­մակին մէջ։ Ի՞նչպէս կրնար ըլլալ, որ ես ալ կը սկսէի ակամայ օղակաւոր­ուիլ ճա­կա­տագրի այդ շղթային մէջ, օ­ղակ մը, որ հեղձ պատճառելու չափ պա­րանոցս կը սեղմէր։ Աստուա՛ծ իմ, հեղ մը շունչ խնդրեցի, սակայն առանց պատկերացնելու թէ ի վերջոյ ի՞նչ էր ին­ծի հետ պատա­հածը։ Անցեալն էր որ կը գերէր զիս, ու անտեղիտա­լիօրէն կը դառնար ներկայ իմ կեանքիս մէջ ու աչ­քերուս առջեւ կը պարզէր մաս մը իմ սե­փական ընտանիքիս պատմու­թենէն, որ ցարդ անծանօթ էր ինծի։ Արդեօք հա­­ւատալ կարելի՞ էր, որ այս խեղճ որբի նկարին մէջ հարազատ մօրեղբայրս կը գտնէի։ Ի՞նչպէս կրնար պատահիլ, որ ան յանկարծ պիտի յայտնուէր զուիցերիական ամսագրի մը էջերուն մէջ, ու ես տարիներ վերջ, թէկուզ իր այս հէգ նկարին միջոցով, հետը պիտի հան­դի­պէի առանձնապէս Զուիցերիոյ Ազ­գային Գրադարանի յարկին տակ։ Համառօտ կեն­սագրու­թիւն մը, որ տեղադրուած էր իր նկա­րէն քիչ մը վար, կասկածելու ալ ոչ մէկ տեղիք կը ձգէր. «Գրիգոր Թափանեան, եօթ տա­րե­կան, կը տառապի մալարիայով, հայրը մահա­ցած է, մայրը իբրեւ աղա­խին կ’աշ­խատի՝ հայթայթել կարե­նալու համար նաեւ ուրիշ երկու երեխաներու ապրուստը»։   

Նոյն օրը երեկոյեան, երբ Ժընեւ վերադարձայ, իսկոյն զանգահարեցի Տալլաս՝ մօ­րեղբօրս` Գրիգորի այրիին, պարզած պատմութեանս վերաբերեալ անգամ մը եւս ու­նե­նալու համար վերջնական ստուգում մը։ Քեռկինս յուզմունքէն փղձկաց ու խո­րազ­գած պատ­մեց, որ մօրեղբայրս իր մանկութեան օրերուն իսկապէ՛ս վա­յելած էր խնամքը այն զուիցերիացի բարեգործներուն, որոնք Լիբանանի մէջ օգնու­թեան ձեռք մեկնած էին ցե­ղաս­պանութենէ վերապրած հայ ժողովուրդի վտարանդի զաւակներուն։ Արդարեւ, մարդ­կու­թեան այդ հզօր վկաներէն եւ հազարաւոր հայերու կեանքը փրկող զուիցերիացի մեծ հե­րոսներէն մին եղած էր Եագոբ Քիւնցլէր, ընդամէնը` հի­ւան­դապահ, համեստ մէկ սար­կա­ւագը Զուիցերիոյ Աւետարանական Եկեղեցիի, որ Դեկտեմբեր 1899-էն մինչեւ 1922 թուա­կանը Ուրֆայի մէջ անգնա­հատելի ծառա­յու­թիւններ մատու­ցած էր տեղւոյն հայութեան։ Հուսկ, իր կնոջ` Էլիզապէթին հետ ան հետե­ւած էր տարա­գիր­ներու բազմութեան, եւ Լեռ­նա­լիբանանի Ղա­զիր աւանին մէջ «Ամերի­կայի Մեր­ձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց Ըն­կերութեան» օժանդա­կու­­թեամբ ոչ միայն կրցած էր հիմնել որբանոց մը, այլ, իր շատ մը բարե­սիրա­կան աշխա­տանք­ներուն կից, յա­ճախակի այցելելով արեւելեան Պէյրութի ծովե­զերեայ Նահր կոչ­ուած շրջա­նին մէջ ապաս­­­տանած հայ գաղթականներուն ջամբարները, բազմաթիւ կարիքա­ւոր­­նե­րուն համար, մասնաւո­րա­պէս հիւանդնե­րուն, ծերե­րուն, այրինե­րուն եւ երեխա­նե­­րուն պա­րե­նամթերք հայ­թայթելու եւ սննդեղէն մատակարարելու աշխա­տանքին ձեռ­նարկած էր։ Մարդասիրական իր այս առաքելու­թիւնը իրականացնելու հա­մար, ան բնաւ չէ խոր­շած անձանձրոյթ դիմելու Զուիցերիոյ իր համաքաղաքացիներու եւ պա­զէլ­ցի բարե­կամ­ներու օժանդակութեան, եթէ պէտք էր զիրենք տար­համոզելու, անոնց գու­թը շար­ժելու, զանոնք նոյնիսկ հոգեւոր-բարոյական հրամայականի մը առջեւ դնելու, որ­­պէս­զի գէթ անտունի մնացած հայ մը, այրի մը կամ որբ մը կարենար իր ձեռքին հանա­պազօրեայ կտոր մը հաց ունենալ։ Ահաւասիկ այսպէս է, որ մօրեղ­բօրս, ինչպէս նաեւ միւս երեք հայ երեխաներուն լուսանկարները Զուիցերիա հասած են, որպէսզի կա­րօտ­եալներու երախտիքի մը հոգեցունց կոչը նուիրատուներուն փո­խանց­ուէր բեր­նովը զրկանքի սեւ թա­թին տակ հեծող այս տխրադէմ որբերուն։

Լուսանկարը կը ներկայացընէ արեւելեան Պէյրութի Նահր շրջանը, ուր հաստատուեցան հայ ապաս­տանեալները։ Նկարին ձախ կողմը տեսանելի է Նահրի հին կամուրջը, իսկ մէջ­տեղ հոսող գետը Նահր Պէյրութն է։ Գետափին երկարող երթուղին Քորնիշն է, որուն վարի մասը Խալիլ Պետեւին, իսկ դիմացի կողմը Պուրճ Համուտն է։ Լուսանկարը առնուած ըլլա­լու է 1932-1933 թուականներուն։

Մինչ այդ, ես ամբողջապէս անգիտակ էի մօրեղբօրս ճակատագրի պատմու­թեան այս հատուածին, քանի որ մեր ընտանիքին մէջ մեծերը չէին անդրադառնար իրենց կեանքի վաղ շրջանի տխուր էջերուն։ Եւ սոյնը պարզապէս այն պատճառով, որ անց­եալը յիշելով եւ յատկապէս զայն պատմելով, անբաղձալի դէմքեր եւ տխուր դէպ­քեր կը վերակենդա­նանան, կը զգենուն մարմին, կը դառնան ներկայութիւն, ու հին ցաւերը կը զգածուին վերստին, իսկ տառապանքն այսպէս կ’ապրուի կրկնակի։

Մօրս ընտանիքի պատմութենէն լոկ քանի մը պատառիկներ աւանդուած էին ինծի։ Արդարեւ, ծովուն յատակը ընկղմած նաւու մը կոտրտած հսկայ կայմէն մնացած հատու­կտոր փշուրներուն կամ երբեմնի լայն առագաստէն տա­կաւին ջուրին վրայ ծփա­ցող ծուէն­ներուն նման, ո՞ր մէկ հայուն վիճակուած էր իբրեւ աւանդ ունենալ աւելին՝ բովանդակ ծագումնաբանութիւնը իր ցեղին։ Ե­ղեռնէ վերապրած սերունդը հազիւ կրցած էր ազատել իր կեանքը, մինչ ստիպուած եղած էր իր պապերուն հետ մահ­ուան եւ անհետացումի աւա­զուտին մէջ ձգել նաեւ իր անցեալն ու տոհմին պատ­մութիւնը։

Հա­յոց Ցեղասպանութեան դժնդակ օրերուն, հաճընցիներու տարագրութենէն ետք, որ­բացած երեխաներ, որոնց մէջ էր նաեւ Արշալոյս մեծ մայրս, մահուան ճիրան­նե­րէն մա­զա­պուրծ, տարբեր ճամբաներով եւ ուղղակի հրաշքի բերումով հազարաւոր­ներու հետ ե­կած է Լիբանան ու ապաս­տանած արեւելեան Պէյրութի Նահր շրջանի հայ գաղթա­կան­նե­րու միջավայրին մէջ։ Սակայն Մինաս մեծ հայրս փրկուած է շնոր­հիւ անապատաբնակ ա­րաբ պե­տեւի­ներու, որոնք պատա­նին վերցնելով իրենց քով, սնած եւ կարգած են զայն ի­րենց ուղ­տերուն պահա­պան։ Երբ ան թեւակոխած է իր երիտասարդ տարիքը, բարեխիղճ պետեւին օրապա­հիկով մը զինք ազատ արձակած է, որպէսզի երթալով Լիբանան, կին վերցէ իր ցեղէն եւ, այսպէս, միանայ իր ազգին։ Հաս­նելով Պէյրութ, մեծ հայրս իր ցեղակից­ները կը գտնէ գաղթականներու ճամբարներու ընչա­զրկու­թեան եւ ծով կարիք­ներու մէջ, բայց կեան­քի բազմատեսակ դժուարու­թեանց դէմ պայքարելու ոգին եւ վերապ­րելու ան­կոտ­րում կամքը գերազանցապէս առկայ էր ոչ միայն անձնապէս իր, այլ նաեւ թշուառ­նե­րու այդ հոծ բա­նակին մէջ։ Հա­կառակ գործուած աւերին եւ ճակատագրի կործանարար հար­ուածներուն, վտա­րանդի հօտը հայոց ան­տերունչ չէր ձգուած Լիբանանի թէպէտ հիւ­րըն­կալ, բայց դեռ օտար մի­ջավայրին մէջ։ Գաղթական հայութեան ազգային առաջնորդ­նե­րուն եւ պա­տասխանա­տու ան­ձանց նօսրացած հոյլը անվհատ կ’այցելէր տեսնելու, վիճա­կագրե­լու, մխիթա­րելու, հոգալու, հասնելու եւ բաժին հանելու համար այն քիչէն զոր ունէր, դարմանե­լ փորձելով անհամար վէրքերը իր հայկազուն ժողովուրդին։ Այսպիսի առաջնա­հերթ եւ տարատեսակ պար­տա­կանու­թիւններու շարքին, ան քաջ կը հետեւէր նաեւ ազգին ժո­ղովրդագրական նպա­տակներուն, ուստի՝ ցեղին շարունակութիւնը, հայ ըն­տա­նիքին ա­ճը ապա­հո­վելու եւ գաղթականներուն ընկերային-հասարակական կենցա­ղը վերա­կազ­մա­կեր­պելու հե­ռանկարով, կը քաջալերէր կեանքին հասած համապա­տաս­խան զոյգերը, որ­ ամուսնանան եւ կազմեն իրենց հայաշունչ ընտանիքը։ Այդ մի­ջոցին է որ, ահա, քաջա­սիրտ տէր հայր մը, ընդհան­րական պսակի մը խորհրդակա­տա­րու­թեան ձեւին տակ, գաղ­թա­­կաններու ջամբարի համեստ պայմաններուն մէջ, այլոց հետ օրհնած է նաեւ մեծ ծնո­ղացս՝ Մինասի եւ Արշալոյսի ամուսնութիւնը։

Առջինեկ իր երկու երեխաները՝ Ովսաննան եւ Գրիգորը ունենալէ ետք, Մինաս մեծ հայրս կ’որոշէ Արժանթին մեկնիլ, որպէսզի կեանքի աւելի ապահով եւ բարօր պայմաններ ստեղծէ իր երիտասարդ ընտանիքին համար։ Պուէնոս Այրէսի մէջ ան կ’իւրացնէ լուսա­նկար­չութեան արհեստը, եւ լուսանկարչական եռոտանի գործիքը ու­սին` կը շրջի քաղաքի թաղերով ու արուարձաններով՝ վաստկելու համար իր օրապա­հի­կը։ Դեռ կենդանի եւ թարմ գոյներով կը յիշեմ Արշալոյս մեծ մօրս պատմած այն դրուա­գը, որ մեծ հայրս Հաճնոյ բարբառով Արժանթինէն իրեն նամակներ կը յղէր, ուր կը դրուատէր իր ընտրած նոր կեն­սա­վայրին մէջ քաղաքակրթու­թեան եւ ճարտարագի­տութեան ձեռք բերած հսկայական նուաճումները, եւ զանոնք համեմատելով Պէյրութի այդ ժամանակուան հա­մեստ պայման­ներուն հետ` կ’ըսէր. «Էչքը կոյնօ ընտաս լամ­բայի լիսին, հէստիղի պօտին կուճօկը կու կո­խես, թիմ էթրաֆը լիս կուննօ»։ Սոյնը ար­դի արեւմտահայերէնով պիտի նշանակէր` «Աչքը կուրնայ այդ լամբարի լոյսին, այս­­­տեղ պատին վրայ կոճակը կը կոխես, ամեն տեղ կը լու­սաւորուի»։  

Ես այս նախադասութիւնը մեծ մօրս յաճախ կրկնել կու տայի, տղա­­յա­բար զուար­ճա­­­­նալով Հաճնոյ բարբառի արդի աշխարհաբարին հետ ունեցած խոշոր տարբե­րութեան վրայ։ Ինչպէ՞ս կրնայի այդ ժամանակ ըմբռնել եւ գնահատել, թէ իւրա­քանչիւր բարբառ մայր լեզուաընտանիքին մէջ կը ներկայացնէ անզուգական հարս­տու­թիւն մը. ան իր մէջ կը խտացնէ զայն խօսող ժողովուրդին պատմութիւնը, ինքնու­թիւնը, աւանդոյթներն ու սովո­րութիւնները, մէկ խօսքով՝ մշակութային ճոխ արգա­սիքը։ Այսօր խորապէս կ’ափսոսամ, որ ֆիզիքապէս կտրուած ըլլալով մեր մայրենի հո­ղէն, ա՜խ, զրկուած խրոխտ Տաւրոսի զմրուխտ գեղեցկութենէն, մեր հայրենի Կի­լի­կ­իոյ փառերգին բառերով՝ «արեւ պարգեւող մեր աշխարհէն», նոյնիսկ նաեւ հոն՝ մեր պապերու աճիւններուն քով ննջելու իրաւունքէն, դատապարտուած ենք կորսնցնելու մեր մայրենին՝ լեզու եւ բարբառ, ազգային ա­ւան­դու­թիւն, մշակոյթ եւ ինքնու­թիւն։ Արդեօ՞ք պիտի կարենանք պահպանել գէթ մեր հա­ւա­քական յիշողութիւնը, թէ ժա­մանակի բռնաւոր քայքայումին մէջ, ինչպէս Որբեր­եան պիտի ըսէր, «յի­շա­տակն ալ կ’անցնի երգի մը նման»։

Արժանթին մեկնելու նախօրեակին մեծ հայրս հաւատացած էր, որ Պուէնոս Այրէ­սի մէջ ըն­տանի­քին հետ իր վերամիա­ցումը երկարատեւ ժամանակամիջոցի մը պիտի չկարօ­տի, քանի գիտէր, որ իր կինը երրորդ երեխայով յղի էր, ուստի ինք ալ իր կարգին ամէն մի­ջոցի կը դիմէր, որպէսզի ինչքան հնարաւոր է շուտ կարենար զիրենք Արժանթին փո­խա­դ­րել։ Սակայն դժխեմ ճակատագիրը այլ կերպ կ’որոշէ. օրերն ու ամիսները կ’երկարին, եւ մեծ մայրս, իր ամուսինէն հեռու, նիւթական դժուա­րին պայմաններու մէջ կը ծննդա­բերէ աղջնակ մը, որ յետագային պիտի ըլլար իմ մայրը։ Մեծ մայրս իր նորածինը տարա­գրու­թեան մէջ մահացած իր մօր անունով Եղիսաբէթ կը կոչէ ու այս մասին նամակով մը կը հա­ղորդէ մեծ հօրս, որ կրկնակի ուրախութեամբ կ’ողջունէ իր դստեր ծննդեան եւ անուանա­կո­չութեան լուրը։ Ան կը պատասխանէ, թէ իր վաղամեռիկ մօր անունն ալ Եղի­սաբէթ եղած էր, հետեւաբար՝ նորածինին անունին մէջ պիտի յիշա­տակուէին նա­հա­տակ երկու մայրերն ալ։

Արդարեւ, մեծ հօրս ճակտի քիրտով վաստկած եւ Պէյրութ ուղարկած գումա­րով մեծ մայրս երկու անգամ կը փորձէ Պուէնոս Այրէս մեկնիլ, բայց Մարսիլիոյ մէջ պատկան պաշ­տօնեաներէ մերժում ստանալով, ստիպուած կ’ըլլայ իր երեք զաւակնե­րուն հետ վերադառ­նալու Պէյրութ։ Այս զոյգ մը ձախողութիւններուն հիմնական պատ­ճառ հանդիսացած էր մօ­րեղբօրս ազազուն ըլլալու եւ խա­ժախտով տառապելու փաս­տը, որ այդ ժամա­նակ Պէյ­րութի գաղթականներու ջամբարներուն մէջ շատ տարած­ուած աչքի հիւան­դութիւն մըն էր, որ ոչ միայն վարակիչ կը համարուէր, այլ` չբուժ­ուելու պարագային կրնար հիւանդը մին­չեւ կուրութիւն առաջնորդել։ Մարսիլիոյ նա­ւա­հանգիստը պաշ­տօնեաներ լրջօրէն տարա­կուսած են նոյնիսկ, որ դժուար թէ պա­տանին կարենար բաց ովկիանոսին վրայ նաւով այդ երկարատեւ ճամբորդութենէն վե­րապ­րիլ։

Ատեն մը ետք, մեծ հօրս մահուան գոյժը կը հասնի Պէյրութ։ Ծանր աշխա­տանքը, ըն­տանիքին համար ծայրայեղօրէն խնայելու որոշումը, սնունդի պակասը հիւ­ծած էին զինք եւ թոքատապի հետեւանքով պատճառ դարձած իր մահուան։ Մեծ մօրս այլեւս ոչ մէկ մի­ջոց մնացած էր, այլապէս դիմելու աշխատանքի` իր ճակտին դառն քիրտովը վաստկելու համար իր հացը, կարենալ պահելու համար իր երեք որբերը։ Ծանր եւ երկարատեւ ծառա­յութիւնը իբրեւ դայեակ, խոհարար, հաւա­քարար եւ տան խնամատար՝ լիբանանցի արաբ պետական պաշտօնեայի մը բազման­դամ ընտանիքին մօտ, կը ստիպէ զինք իր զաւակները յանձնելու որբանոցի խնամ­քին։ Նկատի ունենալով, որ մայրս այդ ժամանակ դեռ ընդա­մէ­նը երկու տարեկան էր, որբանոցի տնօրէնութիւնը կը մերժէ զայն ընդունիլ, քանի որ ման­կամարդ փոքրիկներու խնամքը աւելի մեծ պատասխանատուութիւն մը կը նախադրէր։ Ճա­րահատ մեծ մայրս սակայն չի յուսահատիր, այլ` օրն ի բուն նստելով որբանոցի մուտ­քին առջեւ աղի արցունք կը թափէ, կ’աղերսէ այնքան, որ պաշտօնէութեան քար սրտերն անգամ գու­թով կը ճմլէ, իր դեռատի աղջնակին համար յաջողցնելով տնօրինելու բացա­ռու­թիւն մը։

Որբանոցին դպրոցն աւարտելէ ետք, Ովսաննա մօրաքոյրս հետեւեալ քանի մը տա­րիներուն իբրեւ դաստիարակ կը ծառայէ նոյն որբանոցին մէջ։ Բողո­քական հա­մայնքէն հայ երիտասարդի մը հետ ամուսնանալէ ետք, առաջին ներգաղթին կը մեկնի Խորհրդային Հա­յաստան, եւ բնակելով Երեւանի մէջ` կը դառնայ հայաշունչ ընտանիքի մը բազմազաւակ մայրը, յետագային՝ տէր ահագին թոռներու եւ ծոռերու։

Մանկութեանս օրերուն անհուն ուրախութիւն մը կ’ապրէի ամէն անգամ, երբ Գրի­գոր մօրեղբայրս, որ մինչ այդ դարձած էր բեռնատար ինքնաշարժներու հմուտ մե­քեն­ա­գործ մը, ընտանեօք մեզի այցելութեան գար, միասնաբար նշելու համար Ս. Ծնունդն ու Զա­տիկը, նաեւ` ազգային-եկեղեցական միւս տօները, որոնք լիբանա­նահայ մեր ըն­տա­նե­կան-հասարակական կեանքին մէջ առանձնայատուկ նշանակու­թիւն ունէին։ Անոնք կը կազմէին մեր հայեցի գոյութեան էական մասը, մեզի կը ներ­շնչէին ազգային ինքնութիւն ու մեր մէջ կը կոփէին պատկանելիութեան մը հզօր գիտակցու­թիւնը, ան­բաժանելիօրէն կա­պելով մեր հոգին ու արեան մէն մի բջիջը մեր հողին, մշակոյթին, քրիստոնէական կրօն­քին ու պատմութեան հետ։ Ընտանեկան հաւաքի եւ տօնակատա­րութեան այսպիսի ուրախա­լի առիթներով, մեծ մայրս այդ ի՜նչ զարմանա­լի ոգեւորու­թեամբ տոհմիկ քաղցրաւենիներ կը պատրաստէր, եւ մենք բո­լորս՝ մեծե­րէն մինչեւ փոքրերը հաճոյքով կը ճաշակէինք սեղա­նին բարիքը՝ անմեռ յիշատակ մը հայ հիւրընկալ օճախի ճոխութենէն։ Ճաշէն ետք, երբ մե­ծերը սուրճ ըմ­պելով կամ ծխախոտ ծխե­լով իրենց առօրեային հետ կապուած հարցերով կամ քաղա­քա­կան զրոյցներով կը տարուէին, ինծի տարեկից Ստեփան զարմիկիս հետ յա­ճախ կը խօսէի այն մասին, թէ ի՞նչ պիտի ուզէի ըլլալ ապագային կամ ինչպիսի՞ մասնա­գիտութիւն մը պիտի իւրացնէի՝ յաջողակ անձ մը դառնալու համար։ Այդ ժամանակ մտքէս բնաւ չէր անց­ներ, որ օր մը պիտի դառնայի օծեալ քահանայ մը, մին` հոգեւոր սպա­սա­ւորներէն իմ ազ­գիս։ Բայց Նախախնամութիւնը Սուրբ դեռ պատանի տարիքիս քայլերս դէ­պի Ս. Էջմիածին առաջնորդեց, ուր ձեռնադրուեցայ հոգեւորական` ձեռամբ երջանկայի­շա­­տակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի, ճակտիս վրայ օծումիս հետ ընդունելով անջնջելի նոր ինքնութիւն, իսկ էութեանս մէջ` վսեմ եւ մշտնջենաւոր կոչում մը։

Այդ օրերուն էր, երբ մօրաքոյրս այցի եկած էր ինծի։ Ես բոլորովին ի զուր յան­դգնու­թիւնը ունեցայ իրեն ուղղելու ջղուտ հարցում մը, թէ ան ինչո՞ւ կ’անդամակցի Երեւա­նի հայ բողոքա­կան համայնքին ու կը յաճախէ անոր ժողովարանը։ Մօրաքոյրս բարեհամբոյր ժպի­տով մէյ մը ինծի նայեցաւ ու ըսաւ. «Տղա՛ս, Տիրոջ առջեւ մենք բո­լորս մէկ ենք։ Մեծ Ե­ղեռ­նի օրերուն մեր դարաւոր թշնա­մին մեզի չհարցուց թէ մեր մէջ ո՞վ է առաքելա­կանը, կա­­թողիկէն կամ բողոքականը։ Ան ջարդեց անխտիր, քանի որ բոլորս քրիստոնեայ հայեր էինք. ան ամէնքս դարձուց որբ եւ հայրենիքէ վտարանդի։ Ահա, երբ ոսոխը նենգ տար­բե­րութիւն չի դներ մեր մէջ, ապա ինչո՞ւ մենք, որ մէկ Տիրոջ եւ հաւատքի զաւակներ ենք, խտրա­կանու­թեան կ’ենթարկենք զիրար, ան­հաշտ բաժա­նումներ ստեղծելով ազգին մէջ։ Քրիս­տոնէութիւնը հաւատքի եւ սիրոյ դաս է, որ անձի մը հոգիին ու սրտին մէջ կրնայ աճիլ եւ պտուղ տալ առանձնապէս ազատու­թեան շնորհած պայ­մաններով։ Իւրաքանչիւր քրիս­տոնեայ անձ ասով է որ կը սնի եւ կ’ու­ժաւորի, բարոյական կատարելութեամբ կ’օժտուի, ու իր մէջ կը կերտէ մաքուր խիղճ ու ազնիւ նկարագիր մը։ Մոլեռանդութիւններն ու ծայրայե­ղութիւնները, ըլլան անոնք գաղափարախօսական, վարդապետա­կան կամ կրօնական, կրօն­քին պար­գեւած ճիշդ այս մեծագոյն արժէքը՝ անոր հոգին եւ ընտրելու ազա­տութիւնը կը կաշկանդեն եւ, այսպէս, հաւատացեալ անհատը կը զրկեն մշտապէս հաղորդակ­ցելէ իր Տիրոջ եւ Արարչին հետ։

«Երեւանի մէջ ես կ’այցելեմ նաեւ հայ առա­քելական եկեղեցիները, բայց որով­հետեւ փոքր տարիքիս Պէյրութի որբանոցին մէջ բողոքական դաստիարա­կներու խնամ­քը վայե­լած եմ, կը սիրեմ անոնց պարզ աղօթքներն ու դիւրամատչելի աշխարհաբա­րով կատար­ուող հոգեւոր երգերը։ Այո, Հայ Եկեղեցւոյ աղօթք­ներն ու շարականները թէպէտ գեղեցիկ են ու ներ­շնչող, բայց գրաբարին պատճառով շատ քիչ բան կը հասկնամ անոնց բո­վանդա­կու­թե­նէն»։

Հետաքրքրական իրողութիւնն այն է, որ մօրաքոյրս, ինչպէս նաեւ մօրեղբայրս ու մայրս, հակառակ որբանոցին մէջ իրենց ստացած բողոքական կրթութեան, բոլորն ալ պսակ­ուած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, եւ յետագային իրենց զաւակներն ալ կնքել տուած են անոր սրբազան ծէսին եւ աւանդութեանց համաձայն։ Եւ այս փաստն է ահա, որ Եա­գոբ Քիւնց­լէրի եւ իր կնոջ, ինչպէս նաեւ միւս մարդասէրներուն բարոյական արժէքը ա՛լ աւելի կը բարձրացնէ, եւ ստոյգ պատիւ կը բերէ իրենց երկրին, ազգին ու կրօնական հաս­տատութիւններուն։ Արդարեւ, անոնք այդ հազարա­ւոր եւ ցաւատանջ որ­բերուն մար­դոր­սա­կան նկրտումներով չմօտեցան, այլ, Աւետարա­նի օրինակին համա­ձայն, որպէս նոր Բարի Սամարա­ցիներ անոնց վրայ հոգացին գե­րազանցապէս մղումովը իրենց մաքուր հա­ւատքին եւ մար­դասի­րական ան­կեղծ զգա­ցումներուն։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, երբ խօլ ինքնակործանումը եւ մահը կը թեւածէին այդ գեղածիծաղ երկրին վրայ, շատ մը ուրիշ լիբանանա­հայերու նման մօրեղբայրս ալ բռնեց արտագաղթի ճամբան, եւ 1987 թուականին իր ըն­տանիքին հետ ընդ­միշտ հաստատուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Տալ­լաս քաղաքը։ Այցելու­թեան մը առթիւ հոն բարեբախտութիւնը ունեցայ մկրտելու իր անու­նով Գրիգոր անուա­նա­կոչուած թոռնիկը, իրեն հետ բաժնելով իր ընտանիքի աճին ան­սահ­ման ուրախու­թիւ­նը։ Սա պահուս անգամ մը եւս կը նայիմ Պէյրութի գաղթա­կան­ներու ջամբարին մէջ առնուած հէգ որբերու նկարին. կը դիտեմ մօրեղբօրս՝ երբեմ­նի այդ խեղճ տղուն տխուր դէմքը։ Բայց տարօրինա՜կ, այս անգամ յուզումը չէ որ պիտի ընկճէր զիս, այլ` հիացումի խանդավառող զգացում մը պիտի համակէր էութիւնս ամբողջ։ Հիացում՝ իր եւ իրեն պէս հայ սերնդա­կից­ներու վերապրելու քաջութեան վրայ, հիա­ցում՝ կոր­ծանարար սեւ ուժերուն դէմ անոնց մղած յաղթական պայքարին վրայ, հիա­ցում՝ անոնց կրանիտեայ հաւատքին եւ պայծառ լա­ւատեսութեան վրայ, ոգեւին կառ­չած մնալու կեանքի անընդ­միջելի եւ անկործանելի խոր­հուրդին, այլ` ճա­կատա­գրին անողոք հարուածներէն ետք վերստին կարե­նալ ոտքի կանգնելու, ունենա­լու անդիմադրելի վճռակամութիւնը ոչ միայն հիմնելու իրենց հայա­շունչ ընտանիքը, այլ նաեւ նոր սերունդին փոխանցելու ազգին ոչնչացումէ ու կորուս­տէ փրկուած աւանդը։

1915 թուականին հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած Ցեղասպանութեան, ինչ­պէս նաեւ հետեւեալ տարիներուն, նամանաւանդ 1920 թուականի Հոկ­տեմբե­րին Հա­ճընի մէջ թուրք ազգայնականներու կատարած ահաւոր կոտորածին եւ Կիլիկիոյ հա­յաթափու­մին հետեւանքով հայրենազուրկ դարձաւ նաեւ ի՛մ ընտանիքս, զրկուելով ապ­րուստի եւ գոյատեւելու իր բոլոր միջոցներէն։ Ցեղասպան թուրքը յափշտակեց իր­մէ արժա­նավայել կեանք մը ապրելու իրաւունքը, բայց շնորհիւ մարդասիրական այն սրտաբուխ օժանդա­կու­թեան, որ ցուցաբերեց զուիցերիացի ժողովուրդը կարեվէր հա­յութեան նկատ­մամբ, վե­րապրողներուն հետ նաեւ ընտանիքիս շնորհուեցաւ գոյատե­ւելու եւ հետզհետէ բազմանա­լու եզակի բախտը։ Հակառակ ճակատագրին հասցուցած դաժան հարուածներուն, երբեմնի մեր մեծ ընտանիքին մնացորդացը իր աշ­խատանքով եւ ճակտին արդար քիրտով ապրե­ցաւ իմաստալից ու լեցուն կեանք մը։ Այսօր ան կ’աճի ու կը զարգանայ Հայրենիքի եւ Սփիւռ­քի տարբեր քաղաքներուն` Երեւանի, Դամասկոսի, Պէյրութի, Տալլասի, Լոս Անճելը­սի, Թորոնթոյի, Ֆրանք­ֆուրթի եւ Ժընեւի մէջ։

Իբրեւ մին երբեմնի մահուան դատապարտուած այս ընտանիքի ժառանգորդնե­րէն, միանգամայն տեղին կը գտնեմ այստեղ համակ երախտագիտութեամբ զուիցերիացի ժողո­վուրդին եւ իր հայասէր բարեգործներուն ջերմ սրտիս սիրոյ խո­րութենէն անկեղծօրէն ըսե­լու՝ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՄ ՁԵԶԻ։

You May Also Like