Խմբագրական՝ «Ազատ Խօսք»ի
Երան Գույումճեան, Նիկոսիա (Կիպրոս), 08 սեպտեմբեր 2024
Սեպտեմբեր ամիսը յատկապէս կը նշանաւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տարեդարձով: Արդարեւ, ինչպէս յայտնի է, Խորհրդային կարգերու փլուզումով Հայաստանը վերանկախացաւ, ինչ որ նոր առիթ պիտի ընձեռէր որ մեր Հանրապետութիւնը ծաղկէր, բարգաւաճէր եւ նուաճէր նոր բարձունքներ՝ ազգային, կրթական, մշակութային, տնտեսական, ռազմաքաղաքական եւ այլ ոլորտներէն ներս: Դժբախտաբար, սակայն, հայաստանեան քաղաքական դասը՝ պետականաշինութեան փոխարէն, զբաղեցաւ երկիրը թալանելով ու կեղեքելով, մինչ ժողովուրդը սկսաւ զանգուածաբար արտագաղթել, իր բախտը փնտռելով օտար երկինքներու տակ:
Այս տխուր իրավիճակին գլխաւոր պատճառը այն անհերքելի փաստն է որ մենք չունեցանք ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆ: Ամէն մէկ իշխանաւոր հետամուտ եղաւ իր սեփական շահին, երկիրը կողոպտելու իր բաժինին իրագործման: Սունկի պէս աճող կուսակցութիւնները կառչեցան գերազանցօրէն իրենց կերակրատաշտին, պատեհապաշտ եւ օգտապաշտ վարքագիծով..: Զանց առնելով չնչին բացառութիւնները, հրապարակ չիջան երբեք անձինք, որոնց համար ամէնէն էականը ընդհանրական շահն ըլլար, պետական մտածողութիւնը: Անձինք՝ որոնք ըլլային վերկուսակցական, վերխմբակային, վերքլանային: Անձինք, աւելի ճիշդ իշխանաւորներ՝ որոնք ունենային ազգային պետականութիւն ստեղծելու տեսիլքը, հիմնուած մեր հայկական արժեհամակարգի վրայ, համահայկական գաղափարի կամ գաղափարախօսութեան վրայ: Իշխանաւորներ՝ որոնք ազգի, հայրենիքի վերածնունդը տեսնէին մեր ինքնօրէն ապրելու արժանապատւութեան, վճռակամութեան մէջ: Ամէն ոք ունեցաւ իր մանր, ճղճիմ հաշիւը, նկատառումը, փառատենչութիւնը, չկարենալով զանոնք զոհել յանուն համընդհանուրի շահին, տեսիլքին, տեսլականին, յանուն ազգային պետականութեան կառուցումին: Եւ այսպէս, մենք չունեցանք կողմնացոյց, մենք չունեցանք ծրագիր: Մենք չունեցանք ազգային պետական գաղափարախօսութիւն: Պատճառը այս բոլորին մեր ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ բացակայութիւնն է գերազանցօրէն:
Ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան անունով, որդեգրուեցաւ համաշխարհայնացած վայրի դրամատիրութեան դրուածքը, ուր ամէն ինչ վաճառելի ապրանք է. մարդը, պատմութիւնը, մշակոյթը, հայրենիքները, նոյնիսկ բնութիւնն ու անոր պաշարները:
Ազատութեան անունով, ի՛նչ չարժէքներ, խորթ բարքեր ներս խուժեցին մեր հանրապետութենէն, փորձելով այլանդակել հայ մարդուն, հայոց երկրի նկարագիրը, ինքնութիւնը: Թմրամոլութենէն մինչեւ իբր «խղճի ազատութիւն» ներկայացուած աղանդաւորութիւնը, սեռային տարբեր սանձարձակութիւններէն մինչեւ ընտանեկան աւանդական վարք ու բարքի եղծանումը, անյագուրդ նիւթապաշտութեամբ եւ հաճոյամոլութեամբ յղփացող եւ դեռ աւելիին հետամուտ ագահութիւնը, կողոպուտը, հոգեզրկութիւնը: Զո՞րն ըսել, զո՞րը խոստովանիլ: Նման ազատութիւնը՝ իր սանձարձակութեամբ, կը յանգի որոշապէս իր հակաբեւեռին կամ չազատութեան:
Ո՞ւր է մեր ոգիի եւ ազգային գիտակցութեան ճառագայթումը, մեր հայրենանուիրումի ու հայրենատիրութեան յանձնառութիւնը, որ դար ու դարեր ուղեցոյց փարոս է եղեր մեր պատմական ճանապարհին, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ ճակատագրի ամէնէն ահարկու հարուածներուն, ընդ հուր եւ ընդ սուր:
Ազգային մեր խորհրդանիշը յաճախ արծիւով է պատկերուած: Արծիւը ազատօրէն կը ճախրէ, կը սաւառնի երկնքի անհունութեան մէջ, անկաշկանդ, անարգել, անպարագիծ: Ազատութիւնը հայուն համար գերագոյն արժէք է իրաւամբ ալ: Մեր պատմութեան մէջ, մենք շատ բան զոհաբերած ենք յանուն ազատութեան, այդպէս ալ մինչեւ վերջ չհասկնալով սակայն, թէ ի՞նչ է ճշմարիտ ազատութիւնը, զայն յաճախ շփոթելով անիշխանականութեան, անտիրութեան, սանձարձակութեան եւ նոյնիսկ անպատասխանատուութեան հետ: Պիտի նորովի վերասահմանենք «ազատութիւն» յղացքի ճշմարիտ իմաստը:
Ազատութիւն կը նշանակէ գերազանցօրէն լիովին ՏԷՐԸ ըլլալ սեփական ճակատագրին եւ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՒՈՒԹԻՒՆ ստանձնել անոր համար …Ազատութիւնը ազատ ու անկաշկանդ ճշմարիտին ու արդարին ձգտելու, արժէքներ ստեղծելու ազատութիւն է, բարիք գործելու, առաքինի վարք ու բարքի ազատութիւն է:
Մեր երազած հայրենիքն ու պետականութիւնը մենք պիտի կառուցենք՝ մեր մաքառումով ու ոգորումով, քրտնաթոր աշխատանքով, արդարութեամբ, անոր հիմքերու հիմքը դնելով ազգային գաղափարախօսութիւնն ու ազգային արժեհամակարգը: Այս հիմքին վրայ միայն կրնայ ԼԻԱՐԺԷՔ կառուցուիլ ու կազմակերպուիլ մեր կրթական, գիտական, տնտեսական, արդիւնաբերութեան եւ քաղաքական-քաղաքացիական կեանքը: Մեր բանակն ու սպառազինութիւնը: Միշտ ձգտելով լաւագոյնին, հզօրագոյնին, արդիւնաւէտին:
Մենք երբեք պիտի չմոռնանք որ Ազգի լինելութեան համար, բաւարար չեն տնտեսական-ռազմական եւ այլ բնոյթի հզօրութիւններն ու կարելիութիւնները: Նոյնիսկ օրէնքի գերակայութիւնն ու ժողովրդավարական կարգն ու սարքը: Ազգը նախ եւ առաջ ՈԳԻ է, դարերէն եկած եւ դէպի դարերը գացող ոգի, լինելութեան կերպ, ինքնատիպ աշխարհազգացողութիւն, մշակոյթ ու արուեստ, մայրենի լեզու եւ գիր, հոգեւոր-բարոյական որակ: Տնտեսական-ռազմական, ֆինանսական ուժը կրնայ պահել ազգի ու երկրի մարմինը միայն, որ առանց ոգիի կը վերածուի անշունչ ու անկենդան գոյութեան: Ազգը էապէս կ’ապրի, կը մաքառի, կը պայքարի, կ’արարէ ոգիով, ոգիի նոր որակ ձեռքբերելու համար…
Լսենք Պերճ Զէյթունցեանի խորիմաստ եւ դիպուկ խօսքերը. «Հայրենիքը սահմանով գծուած, կիլոմետրերով չափուող տարածք լինելուց զատ (գուցէ եւ առաջին հերթին) ազգի անցեալն է, մշակութային ժառանգութիւնը, բարոյական արժէքների համակարգը, կերպը, տեսակը, գոյնը: Հայրենիքը մեր լեզուն է, մեր գրականութիւնը, մեր արուեստը, մեր հոգեկերտուածքն ու ազգային նկարագիրը: Այդ ամէնը պաշտպանել է պէտք նոյնքան անձնուիրաբար ու նախանձախնդիր, որքան զինուորն է պաշտպանում հայրենիքի նիւթական սահմանները: Հայրենիքը կարելի է կորցնել նրա տարածքային սահմանները կորցնելուց առաջ: Այդ դէպքում ո՛չ մի զէնք, ո՛չ մի զինուժ չի կարողանայ հրաշք գործել»:
Այլ խօսքով, առանց հոգեւոր Հայաստանի, ֆիզիքական կամ նիւթական Հայաստանը կը դառնայ սոսկ աշխարհագրական տարածք, կամ վարչական-քաղաքական միաւոր, զուրկ ինքնուրոյն դիմագիծէ, աննպատակ ու անիմաստ, ինչպէս մարմինը առանց զայն շնչաւորող հոգիին:
Այսօր մեր երկիրը կը գտնուի ծանրածանր մարտահրաւէրներու առջեւ: Մենք մինակ մնացած ենք արիւնարբու եւ հայատեաց երկու թշնամիներու միջեւ աքցանուած: Թշնամիներ՝ որոնք նորանոր ցեղասպանութիւններ կը ժպրհին գործել եւ կը միտին ոչնչացնել հայոց ինքնիշխան պետականութիւնը: Վկայ՝ 44-օրեայ պատերազմը, Արցախի հայաթափումը, ՀՀ ինքնիշխան տարածքի զաւթումը եւ ազերական շարունակուող հռետորաբանութիւնը՝ Հայաստանի տարածքը արեւմտեան Ազրպէյճան յորջորջելու եւ մշակութասպան քաղաքականութիւն վարելու լկտիութեամբ:
Մենք պարտինք զօրացնել մեր սպառազինութիւնը, տնտեսութիւնը, ռազմարդիւնաբերութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը, զանոնք հասցընելով բարձրագոյն արհեստավարժ հմտութեան: Բայց այս բոլորին զուգահեռ եւ, առաջին հերթին, մենք պարտինք ներքնապէս ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՈՒԻԼ: Առանց ներքին ինքնամաքրման, առանց ներքին բարեփոխման, առանց ոգիի եւ գիտակցութեան նոր որակի ձեռքբերման, անկարելի է իրականացնել որեւէ հաւաքական յառաջխաղացք, փայփայել յոյսը նոր որակի պետականութեան ձեւաւորման: Պետութիւնը մենք ենք, մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ անհատաբար եւ միասնաբար..: Չկայ վերացական պետութիւն: Եթէ վճռակամ ենք ազգային մեր պետականութեան տալու նոր որակ, նոր ուժականութիւն եւ հզօրութիւն, թռիչքային յառաջդիմութիւն, յայնժամ իւրաքանչիւրս պիտի սկսի իր սեփական անձէն, մեր կաթիլ քրտինքի տքնանքը խառնելով հաւաքական ՄԵՆՔ-ի կերտումին…ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԶՕՐ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅԱՑՄԱՆ, օգտագործելով եւ արդիւնաւորելով ՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՈՅԺԸ:
Սա պիտի ըլլար նաեւ մեր ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՎՐԷԺԸ մեր թշնամեաց դէմ: Ստեղծել ՀԶՕՐ, ԱՄՈՒՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ անոնց հայատեաց աչքերուն դիմաց: Պետականութիւն՝ որ երաշխիքն է նաեւ ԱԶԳԱՀԱՒԱՔԻ ԵՒ ՀՈՂԱՀԱՒԱՔԻ: ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶ ՊԱՀԱՊԱՆ:
*****