Երան Գույումճեան, Ազատ Խօսք, Կիպրոս, 17 Յունուար 2021
«Հայ ժողովուրդը այն բազմագլխեան առասպելական վիշապն է, որ կոչւում է հիդրա, որի իւրաքանչիւր ջախջախուած և կտրուած գլխի տեղ բուսնում է նորը և աւելի զօրաւորը» Ռաֆֆի
2021 թուականը մուտք կը գործենք ազգովին՝ 44-օրեայ պատերազմին առթած ծանրագոյն հետեւանքներով՝ հազարաւոր զոհուածներու, վիրաւորներու, տուն ու տեղ կորսնցուցած եւ տարհանուածներու, գաղթականներու մղձաւանջով, գերեվարուած անձանց, անհետ կորած կամ հաշմանդամ դարձածներու, սգակիրներու եւ վշտակիրներու տագնապով, որուն պիտի աւելցընել հայրենական ազատագրեալ հողի նկատառելի կորուստի ցաւը: Մէկ խօսքով՝ հայրենական համատարած աղէտով ու ողբերգութեամբ, որուն նմանը 1915-ի Ցեղասպանութիւնն էր թերեւս, պահելով անշուշտ համեմատութիւնները:
Եւ հիմա, փոխանակ ձեռք-ձեռքի տուած՝ մեր վէրքերը բուժելու եւ ստեղծուած փակուղիէն դուրս գալու համար ելքեր որոնելու, ամէն մարդ զբաղած է մէկը միւսը մեղադրելու, մէկը միւսը ամբաստանելու չարախօսութեամբ, հայհոյախօսութեամբ, առանց որեւէ պատասխանատուութիւն ստանձնելու ըսուած անվայել, անպատշաճ բառերուն, խօսքին եւ ցուցաբերուած թշնամական ու անքաղաքակիրթ վարմունքին համար: Միասնական ջանքերով ներքին կայունութիւն ստեղծելու փոխարէն, ներքին քաղաքական, հոգեբարոյական ճգնաժամ է, անվստահութեան մթնոլորտ է, ներքին թշնամի ու դաւաճան փնտռելու եւ զայն անարգութեան սիւնին գամելու անվերջանալի քաոս է…: Ստեղծուած խառնաշփոթէն օգուտ քաղելու, պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու եւ քաղաքական առաւելութիւններ ձեռք ձգելու միտում է: Եւ այս բոլորը արդիւնքն է մեր ՊԵՏԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ամբողջական բացակայութեան, մեր ես-երէն, խմբակային եւ նեղ հատուածական շահերէն վեր ելլելու եւ ՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԸ տեսնելու չկամութեան, անցեալի սխաներէն դասեր չքաղելու կամ չխրատուելու կամակորութեան, մենք մեզ անաչառ ինքնաքննութեան չենթարկելու անպատասխանատուութեան եւ տհասութեան:
Վկայակոչենք Յովհաննէս Քաջազնունին, որ բարոյական քաջութիւնը եւ համարձակախօսութիւնը ունեցաւ կատարելու ինքնաքննադատութիւնը ՀՀ Առաջին Հանրապետութեան, արձանագրելով՝ «Եթե ուզենք մի ընդհանուր գնահատում անել մեր կատարած շատ ծանր աշխատանքի ու ձեռք բերած արդիւնքների, հանրապետութեան անկախութիւնը հռչակելուց յետոյ, պէտք է ասենք, որ պարծենալու շատ բան չունէինք: Պէտք է ասենք, որ մեզ վիճակուած բեռը՝ պետութիւն կազմելու և պետական կեանքը ղեկավարելու գործը մեր ուժերից շա՛տ վեր է եղել»: «Եթէ ճիշտ է, որ կառավարել՝ ասել է նախատեսել, ապա ուրեմն մենք միանգամայն անպէտք կառավարիչներ ենք եղել, որովհետև հենց այդ նախատեսելու ընդունակութիւնն է, որ չենք ունեցել բնաւ»:
Մենք չկրցանք (կամ չուզեցինք) նախատեսել երեսուն տարի շարունակ որ թշնամին հետամուտ պիտի ըլլար հզօրանալու իր ռազմատնտեսութեամբ, իր բանակով, թէ այլապէս եւ պիտի կարենար վերագրաւել Արցախի մեր արեան գնով ազատագրուած հողերը, կռթնելով մասնաւորաբար իր եղբօր՝ Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութեան: Աւելին, մոռացութեան տուինք որ փանթուրանականութիւնը միշտ առկայ է եւ կը սպառնայ Հայաստանի գոյութեան՝ Դամոկլեան սուրի նման: Եւ շարունակաբար գերագնահատեցինք մեր ոյժերը, թերագնահատելով թշնամիինը եւ հետամուտ եղանք հայրենիքը կեղեքելու յանուն մեր ես-երուն յղփացման, փոխանակ մեր ես-երը ի սպաս դնելու հայրենիքի հզօրացման: Որքան ճիշդ կը հնչեն նոյն Քաջազնունիի ինքնախարազանող խօսքերը. «Չենք ճանաչել ու յաճախ գերագնահատել ենք մեր կարողութեան չափը, չենք հասկացել դժուարութիւնների մեծութիւնը, արհամարհել ենք հակառակ ուժերը և թեթեւամտութեան աստիճանի անփոյթ ենք եղել մեզ սպառնացող վտանգների հանդեպ»: Կարծէք հիմա գրուած ըլլան այս տողերը:
Վերանկախացման երեսուն տարիներուն, մենք ազգովին չկրցանք ստեղծել դարերով երազած մեր անկախ պետականութիւնը: Մենք չկրցանք ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ դառնալ, իր հեռակայ ծրագիրով ու տեսլականով, իր ռազմավարութեամբ եւ ռազմավարական մտածողութեամբ, իր արժեհամակարգով եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ…Մենք մնացինք հատուածական, խմբակային եւ կուսակցական մտայնութեամբ գործող վարչամեքենայ, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ շահերով եւ հաշիւներով, ուր տիրապետեց յատկապէս անձնական ՇԱՀԸ, որ արդարացուց նոյնիսկ երկրի ԹԱԼԱՆԸ, ԸՆՏՐԱԿԵՂԾԻՔԸ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՉԱՌՈՒ ԿԻՐԱՌՈՒՄԸ կամ ԿՈԽԿՌՏՈՒՄԸ եւ նման բաներ յանուն սեփական շահի…եւ տուժեց երկիրը, տուժեց մեր ժողովուրդը, չկայացաւ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:
Պետականութիւն կառուցելը միայն երկրի ղեկավարին գործը չէ: Այդ բարդ գործընթացին մէջ, ամէն հայ իր պարտականութիւնը ունի կատարելիք, իր լուման ունի ներդնելիք: «Մէկ ծաղիկով գարուն չի գար», կ’ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը: Դիւրին պիտի ըլլար մէկ անձէն սպասել մեր բաղձալի պետականութիւնը ստեղծելու դժուարին աշխատանքը եւ յետոյ զայն քաւութեան նոխազ դարձնել մեր բոլոր ձախողութեանց եւ պարտութեանց համար: Նիկոլ Փաշինեանը կարելի է փոխարինել մէկ ուրիշով…եւ պիտի փոխարինուի ալ, շատ հաւանաբար, դէպքերու ընթացքով ու տրամաբանութեամբ, սահմանադրական կարգով: Բայց նոյն յուսախաբութեան պիտի հանդիպինք, եթէ այդ մէկ նշեալ անձէն միայն սպասենք պետականութեան լիիրաւ կայացման հրաշքը: Մենք ազգովին պիտի փոխենք հայրենիքին նկատմամբ մեր մտածողութիւնը, մեր վերաբերմունքը, մեր գործելակերպը եւ իւրաքանչիւրս ստանձնենք մեր բաժին պարտականութիւնը, համահայկական ոգիով եւ պատասխանատուութեամբ: Ի վերջոյ, Չարենցեան պատգամը միշտ ալ ի զօրու է՝ «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ոյժին մէջ է»…
Ներկայիս, բոլորս ալ դառնացած, վրդովուած եւ յուսաբեկուած ենք մեր կրած այս խայտառակ պարտութենէն: Եւ իրաւացիօրէն: Բայց պարտութիւններ կան, որոնք յաղթանակներէն աւելի սթափեցնող ու զգաստացնող են, ուսանելի եւ յառաջ մղող ազդակ են: Մենք առաջին հերթին մեր վարքագիծէն պիտի հեռացնենք ամէն կեղծիք, ամէն սուտ, ամէն անարդարութիւն, մեծամտութիւն ու պոռոտախօսութիւն, դառնանք ազնիւ եւ շիտակ մէկս միւսին նկատմամբ: Եւ անշուշտ մեր երկիրը անհրաժեշտօրէն կարիքը ունի յանդուգն, հմուտ եւ արդար ու անկաշառ ղեկավարութեան, որ կարենայ նոր ուղղութիւն ու որակ տալ մեր երկրին կրթութեան, տնտեսութեան, ռազմարդիւնաբերութեան, հայոց բանակի արդիականացման, ազգային անվտանգութեան ուժեղացման, համահայկական իրաւունքներու հետապնդման, ինչպէս նաեւ դատաիրաւական եւ պետական այլ հաստատութեանց լիարժէք կայացման:
Պետական անկախութիւնը կրնանք կերտել, երբ իւրաքանչիւրիս մէջ նստած ԵՍ-ը կը փոխարինենք ՄԵՆՔ-ով, երբ փուճ խօսքերու եւ ինքնագովութեան ու պոռոտախօսութեան տեղ՝ կը գործենք, կը մաքառինք ու կը պայքարինք ամենայն լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ յանուն ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ գերագոյն շահերուն եւ իտէալներուն, զորս պիտի մտածել, սահմանել ու վերասահմանել յստակութեամբ…Երբ ընչաքաղցութեան, ագահութեան եւ չտեսութեան տեղ, կը զինուինք իմաստութեամբ, գիտութեամբ, քայլ կը պահենք ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած բոլոր տուեալներուն հետ՝ զօրացնելու մեր բանակն ու զինոյժը, մեր երկրին տնտեսութիւնը եւ կրթական համակարգը, մեր քաղաքական-դիւանագիտական դաշտը…եւ երբ վերջապէս, օտարամոլութեան ախտէն ձերբազատ, կը զօրացնենք ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ, ՄԵՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ամէնօրեայ վարքով, ամէնօրեայ գործքով, ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանքով: ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶ ՊԱՀԱՊԱՆ:
Տեսնել Դոկտ. Մ. Գոճայեանի «Խմբագիրը և Ժամանակակից Սփիւռքահայ Մամուլը» յօդուածը Երան Գույումճեանի վաստակի մասին: