Մտորումներ 29.800 քառ. քմ.ի մասին

Արեգ Եափուճեան, Սիտնի, Աւստրալիա, 13 Հոկտեմբեր 2023

1987 թուականին Հայ Ազգային Հիմնադրամին հրաւէրով, Գահիրէ այցելեց Հայ Գրականութեան Սպարապետ Սերօ Խանզադեանը: Այդ տարիներուն, Եգիպտոս այցելելու համար պէտք է մէկը երաշխաւոր ըլլար որ անձը կարենար երկիր մուտք գործել: Հայրս, որ նախապէս Հայաստան այցելութիւններուն արդէն բարեկամութիւն հաստատած էր անոր հետ, եղաւ Սերօ Խանզադեանին երաշխաւորը:

Սերօ Խանզադեան, իբրեւ Հայաստանէն ժամանած հիւր, հանդիպումներ ունեցաւ եգիպտահայ գաղութի բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, բան մը որ սովորութիւն չէր այդ օրերուն: Իր հանդիպումներուն ընթացքին ան խիզախօրէն արտայայտուեցաւ Հայաստանէն ներս ազգայնական շարժումին մասին եւ անդրադարձաւ այդ ժամանակ քիչ լսուած հարցի մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հայ բնակչութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքին:

1988 թուականին արդէն ծագեցաւ Արցախեան շարժումը, որուն յաջորդեցին Սումկայիթի, Կիրովապատի, այլ վայրերու, յետոյ՝ նաեւ Բաքուի ջարդերը: Հակառակ Խորհրդային Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կոպիտ ընդդիմութեան որ Արցախը միանայ Խորհրդային Հայաստանին, 1 դեկտեմբեր 1989-ին Խ. Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Խորհուրդը համատեղ կայացուցին ԼՂԻՄ-ի եւ Խ. Հայաստանի վերամիաւորման որոշումը:

Խ. Միութիւնը բռնած էր փլուզման ճամբան, երբ 2 սեպտեմբեր 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Խորհուրդը հրապարակեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետության հռչակման մասին» փաստաթուղթը:

Եւ այսպէս առաջ կու գար Արցախի ազատագրման զինեալ պայքարը, որուն զոհ կ’երթային հազարաւոր արցախցիներ, կը սպանուէին հազարաւոր ատրպէյճանցիներ: Արիւնալի կռիւներէ ետք, Արցախի հայութիւնը կրցաւ ազատագրել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը եւ եօթը մերձակայ շրջաններ:

ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի յաղթարշաւին շնորհիւ, Ատրպէյճանն այլ ելք չունէր բացի զինադադարի պայմանագիր կնքելէ: 1994-ի մայիսի կէսին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչներ զինադադար կը ստորագրէին՝ որոշ ճանաչում շնորհելով Արցախի ինքնակոչ հանրապետութեան:

Այդ ինչպէ՞ս եղաւ որ Հայաստան այսօր ինքզինք գտաւ այսպիսի յուսահատ ու անկարող կացութեան մէջ:

Յաջորդող 25 տարիներուն բանակցային սեղանին պիտի դրուէին Արցախի կարգավիճակի կարգաւորման 7 հիմնական տարբերակներ, որոնք յայտնի են հետեւեալ անուանումներով՝ Փաթեթային, Փուլային, Ընդհանուր պետութիւն, Քիուէսթեան սկզբունքներ, Մատրիտեան սկզբունքներ, Քազանեան ծրագիր, եւ, վերջինը՝ Լաւրովի ծրագիր:

  1. 1995-1996 թուականներու Փաթեթային տարբերակը կը նախատեսէր, որ կողմերը պիտի ճանչնային Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, իսկ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է պետական եւ տարածքային կազմաւորում ըլլար Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Այս տարբերակով, Լեռնային Ղարաբաղն ունենալու էր իր Սահմանադրութիւնը, դրօշը, զինանշանը, օրհներգը, ոստիկանութիւնն ու ազգային պահակախումբը, ընտրուած իշխանութիւնները: Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիները պիտի ունենային Ատրպէյճանի անձնագիրներ` «Լեռնային Ղարաբաղ» յատուկ յաւելագրումով, բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը զանոնք օտարերկրացի պիտի չնկատէր: Ատրպէյճանի բանակը, անվտանգութեան ուժերն ու ոստիկանութիւնը միայն Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ իրաւունք պիտի ունենային մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղի տարածք:

Այս տարբերակին կտրականապէս դէմ էր Արցախը, քանի որ իր հռչակած անկախութիւնը կ’անտեսէր:

  1. Քանի մը ամիս ետք, երբ յայտնի դարձաւ, որ ԼՂ-ի կարգավիճակի հարցին շուրջ համաձայնութիւն չկայ, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի միջնորդ խումբին համանախագահները կողմերուն առաջարկեցին հարցը լուծել փուլ առ փուլ: Նախ՝ հայկական զօրաբաժիններու դուրսբերում ԼՂ-ի յարակից շրջաններէն, բաժանարար գօտիներու ստեղծում, միջազգային խաղաղապահներու տեղակայում, տեղահանուածներու վերադարձ, ապաշրջափակում ու հաղորդակցութիւններու վերականգնում: Առաջին փուլի կէտերն իրագործելէ ետք, երեք կողմերը պէտք է շարունակէին խաղաղութեան հաստատման գործընթացը՝ ԼՂ-ի վերջնական կարգավիճակը ճշգրտելու համար:

Հայաստանի ու Ադրբեջանի նախագահները, որոշ վերապահումներով ընդունեցին այս տարբերակը որպէս հիմք հետագայ բանակցութիւններուն, սակայն Արցախ դարձեալ դէմ եղաւ այս ծրագրին:

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը կողմ էր հարցը բանակցութիւններով ու փոխզիջումներով օր առաջ լուծելուն, քանի որ, ըստ անոր, ժամանակը Հայաստանի Հանրապետութեան օգտին չէր աշխատեր եւ փուլային տարբերակը այն հնարաւոր առաւելագոյնն էր, որ հայկական կողմը կրնար ստանալ: Այս տեսակէտին հետ, սակայն, համաձայն չէին Հայաստանի ատենի վարչապետ Ռոբերթ Քոչարեանը, պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանը եւ ներքին գործերու նախարար Սերժ Սարգսեանը: Անոնք համոզուած էին, որ հետագային միջնորդներէն կրնան ստանալ այնպիսի տարբերակ, ուր ԼՂ-ը Ատրպէյճանի մաս չէր կազմեր:

Այս տարաձայնութիւնները յանգեցուցին ներքաղաքական ճգնաժամի, եւ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ի վերջոյ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն: Նախագահական աթոռին բազմեցաւ Արցախի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, որուն Տէր Պետրոսեան նախապէս վստահած էր ՀՀ-ի վարչապետի պաշտօնը:

  1. Արցախի կարգաւորման յաջորդ ծրագիրը 1998-ին էր, երբ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ Ռուսիոյ մշակած «Ընդհանուր պետութեան» գաղափարը. Լեռնային Ղարաբաղն ու Ատրպէյճանը միասնաբար պիտի կազմէին մէկ պետութիւն: Միաժամանակ, ԼՂ-ը ունենալու էր սեփական սահմանադրութիւն, կառավարման մարմիններ, դրօշ, զինանշան ու օրհներգ, հայերէնը պիտի ըլլար հիմնական պաշտօնական լեզուն, իսկ ատրպէյճաներէնը՝ երկրորդ պաշտօնական լեզուն: Հակամարտութեան լուծման այս տարբերակով եւս, հայկական զօրաբաժինները պէտք է դուրս գային Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջաններէն:

«Ընդհանուր պետութեան» գաղափարին ընդդիմացան հակամարտութեան երեք կողմերն ալ՝ ՀՀ-ը, Ատրպէյճանն ու Արցախը:

1999-ի աշնան սկիզբը, երբ ՀՀ-ն ու Ատրպէյճանը կը քննարկէին նոր ծրագիր մը՝ Մեղրիի եւ Բերձորի շրջանները փոխանակելու տարբերակը, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ 27 հոկտեմբերի ահաբեկչութիւնը, որու ընթացքին սպանուեցան 8 պետական գործիչներ, որոնց մէջ էին լայն ժողովրդականութիւն վայելող վարչապետ Վազգէն Սարգսեանն ու Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը:

  1. Քի Ուէսթի մէջ 2001 թուականի բանակցութիւնները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն նախաձեռնութիւնն էր: Ըստ այս տարբերակին, ԼՂ-ը Բերձորի միջանցքով պիտի միանար Հայաստանին, իսկ Ատրպէյճանը Մեղրիի միջանցքով՝ Նախիջեւանին: Ասկէ զատ մանրամասնութիւններ չկային այս գաղտնի տարբերակին մասին, զոր Ատրպէյճան մերժեց:

Այստեղ կ’արժէ յիշել, որ քիուէսթեան բանակցութիւններէն սկսած, ԼՂՀ-ը որպէս կողմ դուրս մնաց բանակցային գործընթացէն. ՀՀ-ը այլեւս ինք պիտի ներկայացնէր Արցախի հայութեան շահերը: Սա ՀՀ-ի վարած արտաքին քաղաքականութեան կոպտագոյն առաջին սխալն էր:

2008-ին գրի առած մտորումներուս մէջ նշած էի հետեւեալը: Այս հակամարտութիւնը իրականութեան մէջ Ատրպէյճանի եւ արցախահայութեան միջեւ է՝ իբրեւ վերջինիս ազգային ինքնորոշման հարց: ՀՀ-ը որեւէ իրաւասութիւն չունի եւ ի վիճակի չէ արցախահայութեան անունով բանակցելու ատրպէյճանցիներուն հետ: Արցախահայութիւնը որոշում տուաւ եւ անկախութիւն հռչակեց Ատրպէյճանէն, սակայն այս անկախութիւնը ճանչցաւ ո՛չ մէկը, մանաւանդ՝ ո՛չ Ատրպէյճանը եւ… ո՛չ ալ ՀՀ-ը:

Ռոպերթ Քոչարեանի գործած քաղաքական այս կոպիտ սխալը, անշուշտ, թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ գործին եկաւ. անոնք հարցը հմտօրէն դարձուցին ՀՀ-ի զինուժին կողմէ «Ատրպէյճանի գրաւեալ հողատարածքներու ազատագրման խնդիր»:

  1. 2003-ին բանակցութիւնները վերսկսան: Չորս երկար տարիներէ ետք, «Մատրիտեան սկզբունքներ» անուան տակ փաստաթուղթ մը մէջտեղ եկաւ: Յատկանշական է, որ անորմով՝ առաջին անգամ շրջանառութեան մեջ կը դրուէր Արցախի վերջնական կարգավիճակի հարցը ԼՂ-ի բնակչութեան կողմէ հանրաքուէով որոշելու գաղափարը: Մնացած հարցերը՝ տարածքներու վերադարձ, խաղաղապահներ կամ անվտանգութեան երաշխիքներ, կը մնային նախորդ տարբերակներուն նման: Հանրաքուէի ժամկէտներն ու մանրամասնութիւնները հետագային պէտք է որոշուէին Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներուն հետ համագործակցաբար: Ուստի, ԼՂ-ի վերջնական կարգավիճակին հարցը կը մնար անորոշ ու անիրական: Ատրպէյճան կը պնդէր, որ ԼՂ-ի կարգավիճակին շուրջ որեւէ հանրաքուէի պէտք է մասնակցին Ատրպէյճանի բոլոր քաղաքացիները, քանի որ այդ հանրաքուէն կը վերաբերի երկրի տարածքային ամբողջականութեան:

2008-ի գարնան Քոչարեան նախագահական աթոռը յանձնեց իր գործընկերոջը՝ նոյնպէս արցախցի Սերժ Սարգսեանին, որ անկարող եղաւ որեւէ գործնական լուծումի հասնելու:

Արցախի հարցին լուծումը դարձեալ կը ձգձգուէր ու կը ձգձգուէր…

  1. Եւ այսպէս, բանակցութիւնները հասան յաջորդ տարբերակին՝ 2011-ի Քազանեան փաստաթուղթին, ուր գրուած սկզբունքները ԼՂ-ի կարգավիճակին մասով չէին տարբերեր 2007-ի Մատրիտեան տարբերակէն: Դարձեալ կը նախատեսուէր ԼՂ-ի յարակից եօթը տարածքներու վերադարձ, միջանկեալ կարգավիճակ ու հանրաքուէ, որուն մանրամասնութիւնները պէտք է որոշուէին ապագային:

Ատրպէյճան այս առաջարկը նոյնպէս մերժեց. իրեն համար անընդունելի էր որ ապագայ հանրաքուէին արդիւնքներէն մէկը հնարաւորութիւն տար ԼՂ-ը Ատրպէյճանէն դուրս տեսնելու:

  1. Եւ, վերջապէս, ծնունդ առաւ Լաւրովի ծրագիրը, որ առաջին անգամ քննարկուեցաւ 2015-ին, աւելի վերջ՝ 2016-ին ՀՀ-ի սահմանին ռազմական գործողութիւններէն ետք: Ըստ այս ծրագրին, եօթը շրջանները պիտի վերադարձուէին Ատրպէյճանին՝ 5 + 2 բանաձեւով, կը նախատեսուէին փախստականներու վերադարձ եւ ռուս խաղաղապահներու տեղակայում: Դարձեալ յստակ խօսք չկար Արցախի կարգավիճակին մասին:

Յոյս ունենալով, որ այս ծրագիրը կրնար հիմք դառնալ ԼՂ-ի յարակից շրջաններու վերադարձին, Ատրպէյճան պատրաստակամ էր ընդունիլ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութիւնը, որ պիտի փոխարինէր հայկական զինուժը եւ ապահովէր վերաբնակիչներուն անվտանգութիւնը, մինչեւ որ տարածքները վերադառնային Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Միւս կողմէ, ՀՀ-ը պատրաստ էր աջակցելու Ռուսիոյ մասնակցութեամբ բազմազգ ներկայութեանը, սակայն այդ հաւաքակազմը պէտք չէ զինուած ըլլար, այլ ունենար միայն դիտորդի կարգավիճակ, եւ Արցախէն հայկական զինուժի հեռացման որեւէ պայման պէտք չէ դրուէր: Արցախի վերջնական կարգավիճակը կը մնար անորոշ եւ կը դրուէր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբին հովանաւորութեան տակ:

ՄԱԿ-ը վաղուց յայտարարած էր թէ պէտք է յարգուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն ՀՀ-ի իշխանութիւնները 25 տարի կը հակադարձէին «Արցախը Հայաստան է եւ … վե՛րջ», «Ո՛չ մի թիզ հող չե՛նք տալու», «Նո՛ր պատերազմ՝ նո՛ր տարածքներ» նշանախօսքերով:

Արցախի հայութիւնը, օգտուելով այս յարաբերաբար խաղաղ մթնոլորտէն, կրցաւ բաւական յառաջխաղացք արձանագրել: Որեւէ այլ երկրի ժողովուրդին նման, ան ինքնիշխան պետութիւն հիմնած էր՝ առանձին Սահմանադրութեամբ եւ պետական համապատասխան բոլոր կառոյցներով: Կարծէք հարցը լուծուած ըլլար, Արցախի մէջ տեղի կ’ունենային ընտրութիւններ, մշակութային ձեռնարկներ, շինարարական աշխատանքներ… Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները գրեթէ միաձուլուած էին եւ կեդրոնացած իրենց բարգաւաճման հարցերուն վրայ:

Մինչ այդ սակայն, աշխարհաքաղաքականութիւնը էական փոփոխութիւններու կ’ենթարկուէր… Հին ոյժերէն ոմանք կը նահանջէին եւ նոր խաղցողներ մէջտեղ կու գային: Ռուսիա երկար ատենէ ի վեր կը նահանջէր՝ հակառակ Փութինի բոլոր ճիգերուն: Ան կը ջանար որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը վերատիրանայ ցարական Ռուսիոյ եւ երբեմնի Խորհրդային Միութեան գերպետութեան փառքին: Միւս կողմէ, մէջտեղ կու գար Էրտողանի Թուրքիան, որ վերջին տարիներուն, ակռաները սրած, կը յաւակնէր աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ, Եւրոպայէն մինչեւ Միջին Արեւելք ու հասնելով Չինաստան, իր ձայնը բարձրացնել, հրահանգներ տալ եւ միջամտել ուրիշ երկիրներու ներքին հակամարտութիւններուն՝ Օսմանեան տէրութեան երանելի օրերը վերադարձնելու երազներով:

Սերժ Սարգսեան 2018-ին յայտարարեց, թէ բանակցութիւնները մտած էին փակուղի, իսկ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ով զայն փոխարինած Նիկոլ Փաշինեան հաւաստիացուց, թէ որեւէ լուծում անկարելի էր ընդունիլ առանց արցախահայութեան հաւանութեան, որ 2001-էն ի վեր արդէն դուրս քշուած էր բանակցութիւններէն:

Բոլորին համբերութիւնը կարծէք հատած էր, եւ պահը եկած էր Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, որ հարցը իրենք իրենց միջեւ լուծեն եւ վե՛րջ: Լուծման հասնելու համար օրէնքի ուժը ապարդիւն մնացած ըլլալով, կարգը եկաւ ուժի օրէնքին:

2020-ի աշնան, ատրպէյճանական բանակը իր ետին ունենալով Թուրքիան, Փաքիստանը, Իսրայէլը, սուրիացի թիւրքմէն ու ծայրայեղական իսլամ վարձկաններ, օժտուած թրքական եւ իսրայէլական բարձր ճշգրտութեան, արդիական ԱԹՍ-երով ու այլ զէնքերով, 44 օր անընդհատ ռմբակոծելով մեծ մասամբ ոչ-ռազմական թիրախներ Արցախի տարածքին, յաջողեցաւ վերականգնել իր հսկողութիւնը Արցախի մեծ մասին վրայ, ներառեալ Շուշին եւ ԼՂՀ-ի շուրջ «անվտանգութեան գօտի»ի եօթը շրջանները:

Միայն վերջին պահուն, երբ Արցախի վերջնական անկումը ժամերու հարց էր, Ռուսիա բարեհաճեցաւ միջամտել, ուղարկելով իր «խաղաղապահ» ուժերը եւ պարտադրել խախուտ զինադադար մը հինգ տարուայ ժամկէտով: Սա այլ բան չէր եթէ ոչ նոյնինքն Լաւրովի 2015-ին ներկայացուած ծրագիրին պարտադրումը ամբողջ հայ ազգին:

Ո՞րն էր Հայաստանի երկրորդ մեծ եւ մահացու սխալը:

Պատասխանն է՝ ռազմավարական մտածելակերպի պակասը:

Դարձեալ մէջբերեմ 2008-ի մտորումներէս: Հայաստան առ այժմ որոշ չափով կը վայելէ Ռուսիոյ ռազմական աջակցութիւնը, որուն շնորհիւ ան կրցաւ գոյատեւել ի դիմաց կարգ մը սուղ զիջումներու: Սակայն Հայաստան միայն Ռուսիոյ վրայ վստահելով չի կրնար գոյատեւել, մանաւանդ որ ուղղակի սահմաններ գոյութիւն չունին երկու երկիրներուն միջեւ: Անոնք պէտք է անցնին անկայուն Վրաստանի վրայով, որ մասնաւոր արտօնութիւն պէտք է տայ ռուսական ուժերուն, որ իր օդային տարածքն օգտագործեն Երեւան հասնելու համար: Առաւել, կարելի չէ սպասել որ Ռուսիոյ շահերը յաճախ համընկնին Հայաստանի շահերուն հետ, երբ առաջինը պիտի փորձէ սիրաշահիլ նաեւ Հայաստանի հարեւանները՝ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ներկայութիւնը պահպանելու համար:

Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստանի վերջին երեք տարիներու փորձառութիւնը յուսալքիչ պատկեր մը կը ներկայացնէ: Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, ինչպէս միշտ, Ռուսիա շուտով հրադադար պարտադրելու որեւէ գործնական քայլ չառաւ: Հակառակ վերջին վայրկեանին իր հովանաւորած նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան, Ատրպէյճան պատերազմի այդ փուլէն ետք, ի տես ռուսական «խաղաղապահ» ուժերուն, շարունակեց ՀՀ-էն ու Արցախէն նոր տարածքներ հատել եւ ռմբակոծել սահմանային դիրքեր ու գիւղեր: Աւելին. Ատրպէյճան անտեսեց միջազգային բոլոր օրէնքները եւ հարիւրէ աւելի հայ ռազմագերիներ պատանդ վերցուց եւ զանոնք կը պահէ մինչեւ օրս՝ զանոնք սակարկութեան առարկայ դարձնելով:

Ռուսիա, որ ի զուր կը փորձէ իր ծրագրած միութենական պետութիւնը իրականացնել, վերջերս ականատես կ’ըլլայ Արեւմուտքի հետ դիւանագիտական գետնի վրայ ՀՀ-ի յաջողութիւններուն, որ, անկասկած, վնաս պիտի պատճառէ իր ծրագիրներուն: Փութին սկսաւ հրահրել ներքին տագնապներ թէ՛ ՀՀ-ի եւ թէ՛ Արցախի մէջ՝ գլխացաւ պատճառելով ՀՀ-ի ներկայի իշխանութիւններուն, որոնք, ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին, ընտրուած են ժողովրդավարական քուէարկութիւններով:

Իր ծրագրած միութենական պետութեանը Ատրպէյճանն ալ ներգրաւելու, իսկ Թուրքիան ԱՄՆ-էն հեռացնելու հեռահար նպատակներով, Ռուսիա սակարկութիւններու սկսաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ՝ Հայաստանի հաշւոյն:

Սիւնիքը զիջելով՝ ՀՀ-ը Արցախի հետ միասին ընդմիշտ կ’անցնի պատմութեան գիրքերուն՝ իբրեւ երբեմնի հայկական պետականութիւն…

Եւ որո՞նք աւելի յարմար են աղմուկ ստեղծելու, քան ՀՀ-ի մէջ իշխանութեանց ընդդիմադիր, ռուսամէտ «նախկինները», որոնք ամէն կերպ փորձեցին վերադառնալ իշխանութեան: Ասոնց միացան իշխանամոլ պատեհապաշտներ, որոնք առիթ կը փնտռեն աթոռներու տիրանալու: Անոնց միացած են նաեւ ուրիշներ, որոնք իսկապէս վշտացած Արցախի պատերազմի ընթացքին իրենց հարազատներու կորուստէն, իրենց ցասումը կը փափաքին յայտարարել միաբանուելով ընդդիմադիրներուն:

Այս նախկինները, որոնք Արցախի կարգավիճակի հարցը իբրեւ պատճառաբանութիւն կ’օգտագործեն, այն նոյներն են որոնք անցեալ 25-30 տարիներուն, երբ իշխանութեան գլուխն էին, իսկ պայմանները՝ աւելի նպաստաւոր, ո՛չ ճանչցան Արցախի անկախութիւնը, ո՛չ Արցախը պաշտօնապէս ընդունեցին իբրեւ ՀՀ-ի անբաժանելի մաս, ո՛չ ալ հրաւիրեցին արցախահայութեանը տեղ գրաւելու Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ:

Ընդդիմադիր ոյժերը փողոց իջան, եւ սկսան գոռալ՝ «Նի-կո՛լ, դաւաճա՛ն»: Սակայն, ի զուր: Որքան աւելի ճնշում կը բանեցուէր Փաշինեանի վրայ, ան աւելի կը մօտենար Արեւմուտքին:

Իր կարգին, Արցախ, իբրեւ փրկութեան միջոց, անընդհատ հաճոյացաւ ռուսերուն: Ան ռուսերէնը պաշտօնապէս ընդունեց իբրեւ Արցախի պետական երկրորդ լեզու, այն յոյսով որ առ ի երախտագիտութիւն, Ռուսիա մշտապէս կը հաստատուի Արցախի մէջ: Սի՜ն յոյսեր…

Ռուսիոյ նկատմամբ Արցախի հայութեան միակողմանի սիրոյ արտայայտութիւններուն դիմաց, Ատրպէյճան պիտի անցնէր յաջորդ քայլին՝ Արցախը ենթարկել շրջափակումի՝ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար Փաշինեանի վրայ: Եւ այսպէս, 10 ամիս Արցախը ենթարկուեցաւ շրջափակումի: Զայն սկսան այսպէս կոչուած բնապահպանները, ու երբ յայտնի դարձաւ թէ որեւէ լուրջ հակադարձութիւն չկայ արտաքին աշխարհէն, շրջափակումն ստանձնեցին Ատրպէյճանի անվտանգութեան ուժերը: Վերջին երեք ամիսներուն որեւէ սննդամթերք, դեղորայք եւ ամէն տեսակի կարիքներ դադրեցան Բերձորի միջանցքով մուտք գործել Արցախ: Ռուսիոյ «խաղաղապահ» ուժերը, որ նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած էին Արցախի բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւորի պարտաւորութիւնը, ատրպէյճանցիներու կողքին պատին տակ նստած, իրենց աչքերուն առջեւ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան նկատմամբ անտարբեր, իրենց առօրեայ կեանքը կը շարունակէին յուլօրէն… Անդին, Արեւմուտքը ամէն օր կը յայտարարէր, թէ Ատրպէյճան պարտաւոր է ապահովել Բերձորի միջանցքին անխափան աշխատանքը եւ … ուրիշ ոչի՛նչ:

Այս ճնշումները առաջ բերին քաղաքական ներքին լարուածութիւն Արցախի մէջ: Անոնց հետեւանքով, նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան – որ կը ծրագրէր այցելել Սոֆիա՝ հարցի լուծման արեւմտեան տարբերակներ քննարկելու –, ինչ-ինչ ճնշումներու տակ կը հրաժարէր եւ կը փոխարինուէր աւելի՛ ռուսամէտ անձով մը: Ընդդիմութիւնը յոյս ունէր, որ նոր նախագահ մը, ի տարբերութիւն Արայիկ Յարութիւնեանի, կը կարողանայ Արցախը դուրս հանել ծանր վիճակէն:

Մէկ շաբաթ հազիւ անցած, Ատրպէյճան լայնածաւալ յարձակում ձեռնարկեց Արցախի դէմ՝ գործի դնելով իր ամբողջ զինանոցը՝ ռազմական օդանաւեր, անօդաչու թռչող սարքեր, հրետանային եւ հրթիռային միջոցներ: Անողոք շրջափակումէ, Արցախի բնակչութիւնը սովամահութեան ենթարկելէ եւ հիւծելէ յետոյ, Ատրպէյճան անցաւ Արցախի հայոց ցեղասպանութեան վերջին՝ արիւնալի փուլին:

Այս բոլորը տրամաբանական հետեւանքն էին ատրպէյճանական շարունակական յանցագործութիւններու անպատժելիութեան եւ միջազգային հանրութեան՝ նախայարձակն ու զոհը հաւասարեցնելու անբարոյական քաղաքականութեան:

Արցախի պաշտպանութեան բանակը յամառ դիմադրութիւն ցոյց տուաւ զգալի վնասներ պատճառելով Ատրպէյճանի բանակին: Սակայն ուժերն անհաւասար էին: Ատրպէյճան ի վերջոյ գրաւեց Արցախի որոշ ռազմավարական բարձունքներ, ճանապարհներ եւ քանի մը բնակավայրեր:

Բախումները դադրեցան դարձեալ ռուս «խաղաղապահ»ներու միջամտութենէն ետք: Յանկարծ լուր տարածուեցաւ, թէ Արցախի նորընտիր նախագահն ու անոր թիկունք կանգնող ուժերը համաձայնած են լուծարել ոչ միայն Արցախի պաշտպանութեան բանակը, այլեւ Արցախի Հանրապետութեան բոլոր պետական հիմնարկներն ու կազմակերպութիւնները: Արցախի նախագահին մէկ ուրիշ հրամանագիրով՝ Արցախի Հանրապետութիւնը յառաջիկայ տարուան առաջին օրը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ…

Այս իմանալով, Արցախի հայերը զանգուածաբար սկսան լքել իրենց պապենական հողերը, եւ հայ բնակչութեան քանակը 120.000-էն մէկ շաբթուայ մէջ իջաւ հազիւ քանի մը հարիւր հոգիի, որոնք կա՛մ տարիքոտ, անկար, հաշմանդամ մարդիկ են, կա՛մ անկարող՝ մինակնին դուրս գալու Արցախէն:

Այսպիսով, Արցախի հայութեան կարգավիճակին հարցը դարձաւ Գորիս մազապուրծ հասած 100.000-է աւելի արցախցիներու մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու խնդիր…

«Ալ-Ճազիրա» հեռուստակայանը այսուհետ Խանքենտի կոչուող Ստեփանակերտ մտած առաջիններէն էր: Քաղաքն ամբողջովին դատարկուած էր բացի փողոցային շուներէ, քանի մը ձիերէ եւ կառավարութեան շէնքին մէջ բազմած ռուս «խաղաղապահ»ներէն…

Դադիվանքի վերջին վանահայր Դերենիկ աբեղայ Սահակեան, որ երկու սարկաւագներու հետ ռուս «խաղաղապահ»ներու միջնորդութեամբ ՀՀ-ի հետ «սահման» հասած է, հետեւեալը կը պատմէ. «Ընտանի կենդանիները արդէն անտէր թափառում էին փողոցներում, տները գողացւում էին, թալանում էին ամէն ինչ՝ խանութները, տները: Եւ այդ ամէնը կատարւում էր քո աչքերի առջեւ»:

Նոյն ատեն, ատրպէյճանական լրատուական գործակալութիւնները քանի մը օրը մէյ մը կը ցուցադրէին Արցախի ձերբակալուած նախկին նախագահներ, կառավարական պաշտօնեաներ եւ հայ ազատամարտիկներ՝ զանոնք ամբաստանելով իբրեւ ահաբեկիչներ: Եւ ըսել որ այս նոյն դէմքերն էին որ այսքան տարի որոշած էին կառչիլ Ռուսիոյ որպէսզի երաշխաւորէ Արցախի ապահովութիւնը: Առ ի գնահատանք անոնց հաւատարմութեան, Ռուսիա կը յայտարարէ, թէ մտադիր չէ քայլեր ձեռնարկելու Արցախի նախկին նախագահները ազատ արձակելու համար…

Եւ երբ արդէն ամէն բան վերջ գտած էր, Ատրպէյճանի կարգադրութեամբ՝ ՄԱԿ-ը դիտորդներ կը ղրկէ Ստեփանակերտ: Անոնք Պաքու կը վերադառնան՝ հաստատելով թէ Ատրպէյճանի կողմէ ուժի որեւէ կիրառում չեն նկատած… Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ ի յայտ կու գայ թէ այդ «չէզոք» դիտորդական խումբին անդամները Թուրքիայէն, Հունգարիայէն, Ալպանիայէն, Փաքիստանէն եւ Ռուսիայէն ներկայացուցիչներ էին…

Այս բոլոր զարհուրելի իրարայաջորդ զարգացումները ահաւոր ազդեցութիւն ունեցան հայ ժողովուրդի հոգեբանութեան վրայ, հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս այս օրուան հասանք:

Ռուսիա, որ Ատրպէյճանի արիւնարբու ախորժակները գոհացնելով արդէն որդեգրած էր Խանքենդի անունը փոխանակ Ստեփանակերտի, հաւաստիացուց որ ռուս «խաղաղապահ»ները կը շարունակեն առաջատար դեր խաղալ հայ բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու մէջ, եւ մեղադրեց ՀՀ-ի իշխանութիւնները այս վերջին զարգացումներուն համար:

Եւ ըսել որ Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը, որոնց միացաւ հոգեւոր դասին ղեկավարութիւնը, արձագանգեցին համանման մեղադրական արտայայտութիւններ հնչեցնելով՝ առանց գիտակցելու թէ որո՞ւ շահերն է որ կը պաշտպանեն՝ ՀՀ-ի մէջ ներքին քաղաքական լարուածութիւնն աւելցնելով:

Սակայն, ընդդիմադիր ուժերը Արցախի կորուստով չբաւականացան: Անոնք օգտագործեցին Երեւանի քաղաքապետարանի աւագանիի ընտրութիւնները՝ իրագործելու իրենց յաւիտենական երազը՝ իշխանափոխութիւն ամէ՛ն գնով, հոգ չէ թէ այդ կրնայ զոհաբերել ՀՀ-ի ինքնիշխանութիւնը եւ հողային տարածքները ինչպէս պատահեցաւ Արցախի հետ:

Ռուսիա հոս ալ ձախողեցաւ երբ ռուսամէտ ընդդիմադիր ուժերը չկրցան անցնիլ Երեւանի քաղաքապետարանին գլուխը:

Ուրեմն ի՞նչ է յաջորդ քայլը:

Վստահօրէն, Ռուսիա արդէն ծրագրած է յաջորդ քայլը՝ տարածաշրջանին մէջ իր ռազմական ներկայութիւնն արդարացնելու համար: Հիմա որ Արցախը հայաթափուեցաւ, Ատրպէյճան պիտի պահանջէ որ ռուսերը հեռանան իր հողերէն: Պէ՞տք է յիշեցնել, թէ Ատրպէյճանի խորհրդարանը չէ վաւերացուցած ռուս «խաղաղապահ»ներուն առաքելութիւնը:

Ատրպէյճան Սիւնիքը միշտ իր սեփականութիւնը նկատած է այն օրերէն, երբ Անդրկովկասեան Սէյմը լուծուեցաւ եւ թուրքերու ստիպման տակ կազմուեցան Անդրկովկասի երեք անկախ հանրապետութիւնները: Յարմար առիթին ան միշտ ուզած է ստանալ Սիւնիքը՝ վերջ ի վերջոյ կապ հաստատելու համար Նախիջեւանի ու եղբայրական Թուրքիոյ հետ: Չէ՞ որ Ատրպէյճանի բռնատէր նախագահը քանիցս յայտարարած է որ Սեւանն ալ, Երեւանն ալ մաս կը կազմեն Արեւմտեան Ատրպէյճանի տարածքներուն…

ՀՀ-ը 30 տարիէ աւելի շրջափակած Թուրքիա կը յայտարարէ, թէ ինք պատրաստ է ՀՀ-ի հետ յարաբերութիւնները քայլ առ քայլ զարգացնելու, եթէ «Հայաստան կատարէ իր խոստումները, յատկապես Զանգեզուրի միջանցքի բացման առնչութեամբ»:

Այսպիսով կ’իրականանայ նաեւ Փութինի ծրագիրը՝ ՀՀ-ի կցումը միութենական պետութեան, որով Հայաստան միանգամընդմիշտ կ’անցնի պատմութեան գիրքը՝ իբրեւ գոյութիւն ունեցած հայկական երբեմնի պետականութիւն…

Խորհրդային Միութեան փլուզման առաջին մէկ օրէն ՄԱԿ-ը, ԱՄՆ-ը եւ Արեւմուտքը ընդհանուր առմամբ, սկզբունքային որոշում կայացուցին ու ճանչցան օրուան 15 հանրապետութիւններու վարչական սահմանները իբրեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններ:

Ի դէպ, ՀՀ-ի իշխանութիւնները ատենէ մը ի վեր յստակօրէն արտայայտուած են ՀՀ-ի եւ Ատրպէյճանի՝ իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու մասին: ՀՀ-ի վարչապետը շեշտեց, թէ ինք, ՀՀ-ի անունէն, կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը 86.600 քառ. քմ. տարածքով, ներառեալ Արցախը, եւ կ’անկնկալէ որ Ատրպէյճան իր կարգին ճանչնայ ՀՀ-ի տարածքային ամբողջականութիւնը 29.800 քառ. քմ. տարածքով:

Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը խստագոյնս դատապարտեցին Նիկոլ Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը, մինչդեռ երբ իրե՛նք էին իշխանութեան գլխին, ամէն առիթի կը հաստատէին, որ Հայաստան որեւէ հողային պահանջ չունի Թուրքիայէն:

Օգտագործելով ՀՀ-ի ընդդիմադիր ուժերուն կեցուածքը, Ատրպէյճան որոշեց ճանչնալ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը միայն՝ առանց ճշդելու 29.800 քառ. քմ. տարածքը: Ասիկա հարցականի տակ կը դնէ Ատրպէյճանի յաջորդ քայլերը, քանի որ կ’արծարծէ գուշակումի հարց մը, թէ արդեօ՞ք խօսքը Հայաստանի ուրիշ տարածքի մը մասին է միայն: Արդեօ՞ք ան ի մտի ունի ըստ Պաթումի 4 յունիս 1918-ի պայմանագրին՝ 11.396 քառ. քմ. տարածութեամբ Հայաստան մը, դուրսի աշխարհէն կտրուած, շրջափակուած, պաշտպանութեան հնարաւորութենէ ու երթեւեկութեան միջոցներէ զուրկ՝ անհնար դարձնելով իր գոյատեւումը:

Առանց արտակարգ քաղաքական հասունութեան եւ լուրջ խոհեմութեան, կրնանք կորսնցնել 29.800 քառ. քմ. տարածութեամբ ՀՀ-ն ալ եւ վերադառնալ պատմութեան գիրքերու էջերուն իբրեւ ինքնիշխան եւ բարգաւաճ երբեմնի պետութիւն…

*****

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like