Արեգ Եափուճեան, Սիտնի, Աւստրալիա, 13 Յունուար 2022
2021 թ.ը Հայոց Պատմութեան էջերուն անցաւ իր բոլոր վերիվայրումներով:
Նախանցեալ տարի Սեպտեմբերին, Հայաստան ինքզինք գտաւ դէմ առ դէմ Ատրպէյճանի արիւնարբու քաղաքականութեան: Ասիկա առաջին անգամը չէր անշուշտ, ուր Ատրպէյճան զինեալ գործողութիւններու կը դիմէր Հայաստանի և Արցախի դէմ: Անցեալ 30 տարիներուն ընթացքին քանիցս փոխ-հրաձգութիւններ տեղի կ’ունենային, որոնք մի քանի ժամ կամ օր ետք կը հանդարտէին:
Սակայն այս անգամ կացութիւնը բոլորովին տարբեր էր: Ատրպէյճան իր կողքին ունէր ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան իր բոլոր ռազմական կարելիութիւններով, Փաքիստանը, որ մինչև օրս չի ճանչնար Հայաստանը իբրև պետականութիւն, սուրիացի վարձկանները, որոնք Թուրքիայէն Վրաստանի վրայով հասած էին Ատրպէյճան, զինուած ամենաարդիական զէնքերով, վաճառուած Ռուսաստանի, Պէլառուսիոյ, Ուքրանիոյ, Թուրքիոյ, Իսրայէլի և ուրիշներու կողմէ:
44 օր Ատրպէյճան անընդհատ ռմբակոծելով մեծ մասամբ ոչ ռազմական թիրախներ Արցախի տարածքին, վերջապէս հասաւ Ստեփանակերտի մօտակայքը: Միայն այս պահուն յանկարծ Ռուսաստան վերջապէս որոշեց միջամտել, ուղարկելով իր խաղաղապահ ուժերը և պարտադրել խախուտ զինադադար մը:
Եւ այսպէս, Հայաստանի իշխանութիւնները դիմաւորեցին 2021 թ.ը մեծ յուսախաբութիւններով: Երեք տարի առաջ լայն ժողովրդականութիւն վայելող վարչապետը կը գտնուէր նեղ կացութեան մէջ, ուր չորս կողմէն զինք կը մեղադրէին իբրև դաւաճան: Յարմար առիթն էր որ հինը դարձեալ վերադառնար և շարունակէր իր նախորդ երեսուն տարիներուն ձախող քաղաքականութիւնը և տհաս դիւանագիտութիւնը:
Հակառակ ընտրութիւններուն վճռորոշ արդիւնքներուն ի նպաստ նորին, մի քանի ընդդիմադիր ուժեր, որոշեցին դիմել Սահմանադրական Դատարան արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքները հարցականի տակ դնելու: Բաւական խրախուսիչ էր ականատես ըլլալ թէ ինչպէս նիստերը տեղի կ’ունենային ամենայն կարգապահութեամբ և քաղաքակիրթ մթնոլորտի մը մէջ:
Սակայն սոյն կացութիւնը երկար չտևեց, մանաւանդ երբ Ազգային Ժողովը սկսաւ իր նիստերը: Ինչպէս կ’ըսեն, երբ նոր խմբաւորում մը մէջտեղ կու գայ, ան ընդհանրապէս կ’անցնի չորս փուլերէ՝ ձևաւորման փուլ, փոթորկային փուլ, բնականանոնացման փուլ և իրագործման փուլ: Եւ այսպէս՝ շատ չանցած Ազգային Ժողովէն ներս ականատես եղանք փողոցային մակարդակի վիրաւորական հայհոյանքներու, շիշերու արձակումի, բռնցքամարտի, ըմբշամարտի և այլ տեսակի «մարզաձեւ»երու:
Եւ այս բոլորը տեղի կ’ունենային, երբ Ատրպէյճան կը շարունակէր Սիւնիքի և Գեղարքունիքի երկայնքին հայկական նոր հողամասեր հատել: Առ ի հետևանք, երբ Հայաստան օգնութեան դիմեց Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ), սոյն կազմակերպութիւնը ատենին յայտնեց, որ Հայաստանի հարաւային սահմանին իրավիճակի սրումը և ատրպէյճանական զօրքերու ներխուժումը Հայաստանի պետական սահմաններէն ներս չի մտներ ըստ ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներուն: Փոխարէնը, երկու կողմերուն կոչ ըրաւ որ զերծ մնան կացութիւնը սրելէ: Եւ այսպէս, ատրպէյճանական սադրանքները մնացին անպատիժ և կը շարունակուին մինչև օրս, պատճառ հանդիսանալով մատղաշ սերունդի հայ զինուորներու անտեղի նահատակութեան:
Սակայն, յանկարծ այս տարուան սկիզբը, երբ Ղազախստանի մէջ ներքին ցոյցեր պայթեցան իր ընդվզած բնակչութեան կողմէ, Ղազախ նախագահը օգնութեան դիմեց ՀԱՊԿ-ին որ դիմագրաւէ լարուած կացութիւնը: Եւ նոյն կազմակերպութիւնը, առանց տատամսումի երկու օրէն «խաղաղապահ» բանակ ղրկեց: Հայաստան, որ այս կազմակերպութեան նախագահութիւնը «կը վայելէ» այժմ, ուրիշ այլընտրանք չունէր բացի ընդառաջելէ այս խնդրանքին, որ կու գար երկրէ մը, որուն նախագահը ատենին սրտագին շնորհաւորութիւններ յղած էր Ատրպէյճանին՝ Արցախի մէջ իր տարած յաղթանակին առթիւ:
Պահ մը ենթադրենք ի՞նչ պիտի ըլլար արդիւնքը, եթէ Սերժ Սարգսեան 2018 թ. ինքը եւս դիմէր ՀԱՊԿ-ին դիմագրաւելու համար Նիկոլ Փաշինեանի «թաւշեայ» յեղափոխութիւնը: Սակայն ահա այստեղ է որ Հայաստան կը տարբերի իր «դաշնակից»ներէն և առանձին կը զգայ ՀԱՊԿ-ի մնացեալ մենատիրական և թրքամէտ ընտանիքի անդամներուն միջև:
Այս իրարայաջորդ տագնապները կարծէք կամաց-կամաց մոռացութեան կ’ենթարկեն Արցախի բնակչութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքները:
1994 թ.ին զինադադար մը ստորագրուած էր Հայաստանի, Ատրպեյճանի և Արցախի ներկայացուցիչներու միջեւ, հետեւաբար որոշ ճանաչում շնորհելով Արցախի ինքնակոչ հանրապետութեան: Սակայն դժբախտաբար, Հայաստանի իշխանութիւնները, մանաւանդ այն քսան տարիներուն, երբ կը վայելէին երկու արցախաբնիկ նախագահներու ղեկավարութիւնը, փոխանակ առաջ քշելու այն մօտեցումը, որ Արցախի ժողովուրդի ներկայացուցիչները բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստին և իրենց ազգային ինքնորոշման պահանջները ներկայացնեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, իրենք բազմեցան բանակցութիւններու սեղանին, մինջև իսկ սենեակէն դուրս պահելով Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչները:
Եւ ահա վերջապէս, Արևմուտքի քաջալերանքով, դարձեալ փորձեր կը կատարուին Հայաստանի և Թուրքիոյ միջև դիւանագիտական յարաբերություններ հաստատելու: Նման ձախորդ փորձ մը կատարուեցաւ 2009 թ. որուն համաձայն Հայաստան միանգամընդմիշտ պիտի հրաժարէր որևէ հողային պահանջներէ և Թուրքիա այլևս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու որեւէ պարտաւորութենէ պիտի ձերբազատուէր:
Թուրքիա այժմ արդէն պատրաստած է երկու յաւելեալ պայմաններ՝ Հայաստան պէտք է ճանչնայ Ատրպէյճանի հողային տարածքներու ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Արցախի և միջանցք մը պէտք է հայթայթէ, որպէսզի Ատրպէյճան հողային կապ հաստատէ Նախիջեւանի հետ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան իշխանութիւնները հետեւողականօրէն այն բարեացակամ գաղափարը առաջ կը քշեն, թէ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան առանց որեւէ նախապայմանի: Սակայն Հայաստան իրաւական հիմք ունի պահանջելու Կարսը, Արտահանն ու Սուրմալուն, որոնք 1918 թ. Պաթումի դաշնագրով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը Թուրթիոյ զիջեց, մանաւանդ Սուրմալուն, զոր չէին յաջողած գրաւել թուրքերը: Հայաստան իրաւական հիմք ունի նոյնպէս հետապնդելու 1921 թ. ռուսեւթուրք հայավնաս դաշնագրին ջնջումը, ուր կ’որոշուէր Հայաստանի և Թուրքիոյ միջեւ սահմանները, ինչպէս նաև Նախիջեւանի կարգավիճակը, երբ Հայաստանի պատուիրակութիւնը դուրս կը մնար բանակցութիւններէն Փետրուարեան ապստամբութեան հետեւանքով:
Այսօր ԱՄՆը, Ռուսաստանն և Ֆրանսան, բոլորն ալ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ռուսաստան ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ճանչցած է նաև Արևմտեան Հայաստանի գոյութիւնը: Ռուսաստանի և Ֆրանսայի նախագահները Երեւան կը գտնուէին Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումներուն: Ասիկա թերեւս ամէնէն յարմար առիթն է որ ճնշում բանեցուի Թուրքիոյ վրայ, որ ինք եւս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը և երաշխաւորէ Արևմտահայաստանի գրաւեալ հողերուն գոնէ մէկ մասին վերադարձը Հայաստանի Հանրապետութեան:
Սփիւռքահայութիւնը, մանաւանդ ԱՄՆի, Ռուսաստանի և Ֆրանսայի ազդեցիկ հայ համայնքները մեծ դեր ունին կատարելիք գործնական ներդրում ունենալու եւ համակարգելու համար այս աշխատանքները յանուն մեր հայրենիքի փրկութեան և գոյատեւման: