Արեգ Եափուճեան, Սիտնի,13 Դեկտեմբեր 2020
Վերջին մի քանի ամիսներուն ծնունդ առած անկայուն և լարուած վիճակը, ըլլայ Հայաստանի կամ Արցախի մէջ անշուշտ կը յուզէ մեզ բոլորս: Այս տողերով ես յաւակնութիւնը չունիմ Աւստրալիոյ հեռաւոր ափերէն այս կամ այն կողմին արարքները արդարացնել կամ մեղադրել:
Սակայն ինչպէս կ’ըսեն, հարց մը լաւ ուսումնասիրելու համար պէտք է մէկ քայլ ետ երթալ և ըստ այնմ «մեծ պատկեր»ը դիտելով, կացութիւնը արժևորել: Ուրեմն ես 13,647 քմ. հեռաւորութենէ պիտի փորձեմ մի քանի տողերով իմ համեստ ներդրումը բերել ներկայ կացութեան մասին, որ դժբախտաբար բազմաթիւ հայկական լրատուական կազմակերպութիւններ և մեկնաբաններ, հարցը կը քննարկեն ենթակայական և ոչ թէ առարկայական տեսանկիւնէ:
Պիտի ընեմ նաև մէջբերումներ անցեալ տարիներու իմ մտորումներու շարքերէն, քանի որ այս լարուած կացութիւնը յանկարծ չծագեցաւ, այլ ան կուտակումն էր անցնող 30 տարիներու իրադարձութիւններուն:
27 Սեպտեմբեր 2020 թ.:
Ատրպէյճան անցաւ անողոք յարձակումի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնակոչ անկախ հանրապետութեան դէմ: Ան կը վայելէր Թուրքիոյ անսակարկ օգնութիւնը, որ իր կարգին սուրիացի վարձկաններ տեղաւորեց ճակատամարտի դաշտը: Առ ի հետևանք, անընդհատ անհաւասար մարտեր տեղի ունեցան 44 օր, մինչև որ Ռուսաստան վերջապէս որոշեց մուտք գործել իր «խաղաղապահ» ուժերով:
Ուրեմն ի՞նչ էր արդիւնքը: Ո՞վ շահեցաւ և ո՞վ կորսնցուց:
Ամենէն շահաւորը եղաւ Թուրքիան, որ կռիւները սկսելու նախաձեռնողը հանդիսացաւ: Ասիկա Թուրքիոյ կողմէ մարտահրաւէր մըն էր ուղղուած ոչ թէ Հայաստանի կամ Արցախի, այլ հետաքրքրականօրէն Ռուսաստանի դէմ` Կովկասի տարածքը իր հսկողութեան տակ առնելու: Ան և ի միջի այլոց ՆԱԹՕ-ն, հասան Ռուսաստանի սահմանները և Վրաստանի վրայով մտնելով Ատրպէյճան, իր ներկայութիւնը հաստատեց Կովկասի մէջ: Թուրքիա նոյնպէս իր անօդաչու թռչող սարքերը կատարելագործելու լաւագոյն առիթը ստեղծեց` մեր հայ արի կտրիճները իբրև թիրախ գործածելով:
Թուրքիա, շնորհիւ Էրտողանի խորամանկ հմտութեան, ոչինչ կորսնցուց այս պատերազմին ընթացքին:
Ռուսաստան մեծ նահանջ կատարեց Թուրքիոյ բանակին և սուրիացի վարձկաններուն ակամայ թոյլատրելով որ Ատրպէյճան մուտք գործեն և իր սահմաններուն մօտ հաստատուին: Այսպիսով, ՆԱԹՕ-ի ոյժերը Թուրքիոյ միջոցով վերջապէս հասան Ռուսաստանի սահմանները: Փոխարէնը, Ռուսաստան դարձեալ մուտք գործեց Ատրպէյճան իր «խաղաղապահ» ուժերով, որոնք ըստ երևոյթին միշտ պատրաստ կը սպասէին Փութինի հրահանգներուն, ճիշտ ատենին մտնելու Արցախ՝ կասեցնելով Ատրպէյճանի ամբողջական յաղթանակը և իր ներկայութիւնը արդարացնելու համար պահպանելով Արցախի անորոշ իրավիճակը:
Ատրպէյճան անշուշտ վերատիրացաւ անցեալ 25 տարուայ ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հսկողութեան տակ հողատարածքներուն 75 առ հարիւրին: Սակայն առ այժմ պէտք է իր սահմաններէն ներս հանդուրժէ Ռուսաստանի բանակին ներկայութիւնը, որ պատճառ դարձաւ Թուրքիոյ կողմէ յանձնարարուած իր սկսած գործին կիսատ մնալուն:
Արցախ, որ չորս կողմէն կը հարուածուէր օրինաւոր և ապօրինի զէնքերով, հազարաւոր զոհեր տալով, իր կարգին ներկայիս կը բաւարարուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն մնացած 25 տոկոսով: Ան հինգ տարուան պայմանաժամով պիտի վայելէ Ռուսաստանի «խաղաղապահ» ուժերուն ներկայութիւնը, որոնք պիտի հսկեն նաև Հայաստանի հետ ճանապարհային կապը:
Ուրեմն մնաց Հայաստանը:
Հայաստան, այս վերջին պատերազմին իբրեւ հետևանք, ռազմական և քաղաքական գետնի վրայ բաւական ծանր վնասներ կրեց: Ասիկա մեծ հարուած մըն էր Թուրքիոյ կողմէ, զոր բաւական ազդեց Հայաստանի իշխանութեան և բնակիչներուն հոգեբանութեան վրայ: Յանկարծ ի յայտ եկաւ որ միջազգային հանրային կարծիքը, ինչպէս որ անտարբեր էր հարիւր տարի առաջ, երբ Օսմանեան Կայսրութիւնը կը փորձէր ոչնչացնել Արևմտահայաստանի հայ բնակչութիւնը, նոյն անտարբերութեամբ կը հետևէր թուրք-ատրպէյճանական արիւնարբու ռմբակոծումներուն Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին հայ բնակչութեանը:
Հայաստան որևէ կերպով շահաւոր չելաւ այս պատերազմէն: Աւելին, ան այժմ պայմանաւորուած է որ Ատրպէյճանին ապահովէ Նախիջևանի հետ կապը իր հողային տարածքներուն վրայով:
Ինչպէ՞ս եղաւ որ Հայաստան ինքզինք գտաւ այսպիսի յուսահատ և անկարող կացութեան մը մէջ:
2008 թ. գրի առած մտորումներուս մէջ ըսած էի հետևեալը.
«Այս հակամարտութիւնը իրականութեան մէջ Ատրպէյճանի և արցախահայութեան միջև է՝ իբրև վերջինիս ազգային ինքնորոշման հարց: Հայաստան որևէ իրաւասութիւն չունի և ի վիճակի չէ արցախահայութեան անունով նստելու և բանակցելու ազերիներուն հետ: Արցախահայութիւնը որոշում տուաւ և անկախութիւն հռչակեց Ատրպէյճանէն, սակայն այս անկախութիւնը չճանչցաւ ոչ Ատրպէյճանը և… ոչ ալ Հայաստանը: Հայաստան իրաւացիօրէն կ’առարկէ, թէ ասիկա արցախահայութեան ազգային ինքնորոշման հարց է, սակայն թոյլ չի տար որ արցախահայութիւնը ի՛նք որոշէ իր ապագան: Ասիկա անշուշտ թէ Ատրպէյճանի և թէ Թուրքիոյ գործին կու գայ, որոնք հարցը հմտօրէն դարձուցած են Հայաստանի ուժերուն կողմէ «Ատրպէյճանի գրաւեալ հողատարածքներու ազատագրման հարց»: Այսպիսով ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը մնայ անլոյծ, նոյն ատեն վտանգելով Հայաստանի դիրքը և զայն ենթարկելով անտեղի ճնշումներու և ինչու չէ ապագային պատժամիջոցներու՝ եթէ պէտք եղած զիջումներ չկիռարկէ:»
Ահա ուրկէ սկսաւ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան վարած արտաքին քաղաքականութեան առաջին սխալը: Հայաստանի իշխանութիւնները, մանաւանդ այն քսան տարիներուն, երբ կը վայելէին երկու արցախաբնիկ նախագահներու ղեկավարութիւնը, փոխանակ առաջ քաշելու այն մօտեցումը որ Արցախի ժողովուրդի ներկայացուցիչները բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստին և իրենց ազգային ինքնորոշման պահանջները ներկայացնեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, իրենք բազմեցան բանակցութիւններու սեղանին, մինչև իսկ սենեակէն դուրս պահելով Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչները:
Եւ այսպէս միջազգային հանրային կարծիքը այս հակամարտութիւնը որակեց «Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի գրաւեալ հողատարածքներու ազատագրման հարց»: Եւ ատենին Ռուսաստանի Արտագին Գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը մեկնաբանելով կացութիւնը յայտարարեց, թէ «Հայաստանն, ըստ էութեան, շրջափակուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան պատճառով»:
Ի՞նչ էր Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան երկրորդ սխալը: Դժբախտաբար ռազմավարական մտածելակերպի պակասը:
Ռազմավարական գետնի վրայ, Ռուսաստան յաճախ կը կառչի հողային տարածքներ ապահովել՝ հասնելու համար «տաք ջուրերուն», Թուրքիա՝ միջանցքներ ապահովել, կապ հաստատելու Միջին Ասիոյ արենակից թուրք-թաթար երկրներուն հետ, Ատրպէյճան՝ միջանցք ապահովել միանալու Նախիջևանի և հոնկէ ալ Թուրքիոյ, իսկ Արցախ պէտք ունի Լաչինի միջանցքին, զայն կապելու Հայաստանի:
Իսկ Հայաստա՞նը…
Իմ նոյն տարուան մտորումներս դարձեալ մէջբերելով՝ «Հայաստան առ այժմ որոշ չափով կը վայելէ Ռուսաստանի ռազմական աջակցութիւնը, որուն շնոհիւ ան կարողացաւ գոյատևել ի դիմաց կարգ մը զիջումներու: Սակայն Հայաստան միայն Ռուսաստանի վրայ վստահելով չի կրնար գոյատևել, մանաւանդ որ ուղղակի սահմաններ գոյութիւն չունին երկու երկրներուն միջև: Անոնք պէտք է անցնին անկայուն Վրաստանի վրայով (որ ի միջի այլոց անցեալ ամիս մասնաւոր արտօնութիւն պէտք էր տար ռուսական խաղաղապահ ուժերուն, որ իր օդային տարածքները օգտագործեն Երևան հասնելու): Առաւել, կարելի չէ սպասել որ Ռուսաստանի շահերը յաճախ համընկնին Հայաստանի շահերուն հետ, երբ առաջինը պիտի փորձէ սիրաշահիլ նաև Հայաստանի հարևանները՝ իր ներկայութիւնը պահպանելու Կովկասէն ներս:»
Շարունակելով այդ նախորդ տարիներու մտորումներս՝ «Հայաստանի թիւ 1 առաջնահերթ հարցը Թուրքիոյ հետ բիւրաւոր հարցերուն լուծումն է: Առաջին հերթին կու գայ հայկական գրաւեալ հողերուն վերադարձը, որ ազգային իրաւունքի կամ վնասուց հատուցումի հարց չէ միայն, այլ հայ ժողովուրդի ազգային գոյատևման նախապայման: Հայաստան կարիքը ունի մեր գրաւեալ պապենական հողերուն (գոնէ մասի մը)՝ հասնելու համար Սև Ծովի ջուրերուն, ապա թէ ոչ իր գոյատևումը պիտի ըլլայ յարատև վտանգի տակ»:
Ուրեմն, երբ Հայաստան նստի կլոր սեղանին շուրջ իր բոլոր հարևաններուն հետ, որոնցմէ ամէն մէկը իր առանձնայատուկ աջ կամ ձախ տանող միջանցքը կ’ուզէ, ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի կեցուածքը:
Անցեալ երեսուն տարիներուն ընթացքին Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան Թուրքիոյ հետ քաղաքականութեան նկատմամբ դիրքորոշումը եղած է սահմաններու բացում և յարաբերութիւններու բնականոնացում՝ առանց որևէ նախապայմանի: Նոյնպէս, Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւնները ամենայն անտարբերութեամբ կը յայտարարէին, թէ Հայաստան համամիտ է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդանամակցութեանը, քանի ան մեծ օգուտներ պիտի բերէր նաև Հայաստանի…
Ըստ էութեան, հիմա տեսանք թէ ի՞նչ եղաւ այդ պարտուողական քաղաքականութեան արդիւնքը: Այս վերջին պատերազմէն ետք, Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան իշխանութիւնները ի վերջոյ նախապայմաններ մէջտեղ բերին՝ իբրև օրինակ, Թուրքիա Արցախէն պէտք է իր բանակը և Սուրիայէն բերուած վարձկան զինուորները դուրս քաշէ: Սակայն ասոնք շատ կարճատես և հակազդական նախապայմաններ են:
Վերջերս թևակոխեցինք Հայաստանի Բ. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը, որ հասկնալիօրէն անցաւ առանց որևէ աչքի զարնող յիշատակումի: Սակայն ինչո՞ւ յիշատակումի պէտք էր արժանանար: Ոչ թէ որովհետև խորհրդային կարգեր հաստատուեցան Հաւաստանէն ներս, այլ որովհետև, ինչպէս որ յիշած էի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին առթիւ մտորումներուս մէջ, «այսօր իրողութիւն մըն է որ անցեալ 95 (և այժմ 100) տարիներուն արդի Հայաստանի սահմանները մնացած են անառիկ: Թուրքիա կամ իր ազգակից Ատրպէյճանը, որքան որ ալ կը փափաքին ներխուժել Հայաստան և իրենց նախնիներուն կիսատ թողուած գործը իր աւարտին հասցնել, կը մնան անկարող: Սակայն շնորհիւ հայկական իշխանութիւններու ճիշտ կողմնորոշման, վերածնած Հայաստանը տակաւին տեղ կը գրաւէ աշխարհի քարտէզին վրայ, ուր տեղւոյն հայութեան հնարաւորութիւն կու տայ որ ստեղծագործէ և բարգաւաճի»:
Արցախի մէջ տարած յաղթանակին առթիւ, վերջերս Ատրպէյճան Պաքուի մէջ բաւական շքեղ ռազմական շքերթ մը կազմակերպեց, որուն հրաւիրուած էր նաև Էրտողան, առ ի գնահատանք իր ցուցաբերած գործնական աջակցութեան: Այդ հանդիսութեան ընթացքին, Ալիև Երևանը, Սևանը և Զանգեզուրը «ատրպէյճանական տարածքներ» յայտարարեց, իսկ Էրտողանն իր կարգին ամենայն յանդգնութեամբ յայտարարեց, թէ այդ օրը «Էնվեր փաշայի, Նուրի փաշայի և Կովկասի իսլամական բանակի զինուորներու հոգիներուն լուսաւորման օրն է»:
Մինչև իսկ վերջերս, Էրտողան խորհուրդ տուաւ Մաքրոնին որ ֆրանսացիները եթէ այդքան շատ կը սիրեն հայերը, թող Մարսէյլը յանձնեն հայերուն: Եւ աւելին, հազիւ ամիս մը չանցած Արցախի վերաբերեալ փաստաթղթին ստորագրութեան, Ատրպէյճան յարձակողական գործողութիւններ վերսկսաւ Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի երկու գիւղերու ուղղութեամբ, ուր ռուսական խաղաղապահ ուժերու դիրքեր չկան:
Յոյսով ենք որ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան անցեալի, ներկայի և ապագայի իշխանութիւնները վերջապէս լրջօրէն նկատի կ’առնեն իրենց յաւերժական դրացի երկիրներուն իսկական համաթուրանական նպատակները և ըստ այնմ կը մշակեն համապատասխան ռազմավարութիւն:
Դժբախտաբար սակայն, այսօր Հայաստանի մէջ տիրող տագնապալի վիճակը ճիշտ հակառակ ուղղութեամբ կ’առաջնորդէ մեր՝ մօտ հարիւրամեակ մը շարունակ գոյատևող հայրենիքը:
17 ընդդիմադիր կուսակցութիւններ փողոց իջած են երկրի վարչապետին դէմ, պահանջելով իր հրաժարականը: 17 ընդդիմադիր կուսակցութիւններ ի՞նչ գործունէութիւն կրնան ունենալ Հայաստանի նման փոքր երկրի մը մէջ: Անշուշտ մեր բոլորին երազն է որ Հայաստան ունենայ ռամկավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած հայրենիք մը, քան թէ Ատրպէյճանի նման մենատիրական վարչակարգ, որուն նախագահը իր աթոռը ժառանգած է իր հօրմէն 2003 թ.էն սկսեալ: Սակայն ամէն բան իր չափն ու սահմանը ունի: Եւ հարկ է նշել որ այս 17 ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն միայն մէկը ներկայացուցիչներ ունի խորհրդարանէն ներս, իսկ մնացեալներէն երկուքը այս վերջինին հետ «կոալիցիոն» (համախոհութիւն, միակցում-խմբ.) կազմած էին քսան տարի՝ նախարարական աթոռները հաշիւով բաժնելով իրենց միջև:
Նման պահանջներ առաջ կը բերեն նաև Հայաստանի նշանակուած Դ. նախագահը, որուն պաշտօնը այլևս լիազօրութիւններ չունի ըստ երկրին ներկայ սահմանադրութեան, երբ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ նախորդ նախագահին օրոք ինչ ինչ պատճառներով: Այսքանը կարելի է ըմբռնել քաղաքական գետնի վրայ, սակայն յանկարծ կ’իմանանք թէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ-ն և Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. նոյնպէս պահանջեր են ներկայ վարչապետի հրաժարականը…
Եւ թերևս ալ երկու տարի առաջ լայն ժողովրդականութիւն վայելող վարչապետը, ի վերջոյ հրաժարի այս բոլոր ճնշումներուն տեղի տալով: Յետոյ ի՞նչ:
Ամէն քայլափոխի կը կարդանք թէ Հայաստան կորսնցուց Արցախի և շրջակայ այն հողերը, որոնց տիրացած էինք Արցախի Ա. Պատերազմին ընթացքին, երբ Թուրքիա այդ տարիներուն որևէ ախորժակ չունէր Կովկասէն ներս գործօն կերպով (ակտիւօրէն) մուտք գործելու:
Սակայն այսօր մենք՝ հայերս, պէտք է նկատի առնենք երկու իրողութիւն: Առաջին իրողութիւնը այն է թէ Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը, նոյնիսկ արցախաբնիկ երկու նախագահներու օրերուն, չհանդգնեցաւ կամ կարելիութիւնը չունեցաւ պաշտօնապէս իւրացնելու այդ հողերը, և երկրորդ՝ այլևս Կովկասի մէջ ոյժերու հաւասառակշռութիւնը արդէն խախտած է շնորհիւ Էրտողանի անզուսպ ախորժակներուն:
Հայաստանի մէջ բոլոր դպրոցականները իրենց մանուկ հասակէն ճատրակ խաղալ կը սորվին: Եւ զարմանալի չէ որ Հայաստան միշտ արտադրած է համաշխարհային կարգի ճատրակի վարպետներ: Ճատրակ խաղի ընթացքին յաղթական կը հանդիսանայ այն որ շախմատ կ’իրակացնէ իր հակառակորդին թագաւորին հանդէպ: Այս յաղթանակը ընդհանրապէս կը կարօտի մարտավարական հնարքներ ստեղծելու վարպետութեան, ուր ատեններ հարկ կ’ըլլայ նոյնիսկ թագուհին կամ բերդը զոհել:
Այս մարտավարական մտայնութիւնը դժբախտաբար Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան յաջորդական իշխանութիւնները չեն կիռարկած քաղաքական կամ դիւանագիտական գետնի վրայ, հակառակ որ նոյնիսկ Հայաստանի Գ. նախագահը Հայաստանի Շախմատի Միութեան նախագահն էր: Կարծէք նման մարտավարական մօտեցում, ուր ճատրակի խաղին ընթացքին զինուոր մը զոհելու գաղափարն իսկ կրնայ դիտուիլ որպէս դաւաճանութիւն հայկական քաղաքական գետնի վրայ:
Այս վերջին 44 օրեայ պատերազմին ընթացքին, միայն Ռուսաստանը և Ֆրանսան այս կամ այն ձևով թիկունք կանգնեցան Հայաստանի և Արցախի: Երկուքն ալ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբին անդամներ: Երրորդ անդամը՝ ԱՄՆը իր նախագահական ընտրութիւններով զբաղած, գլուխ քերելու անգամ ժամանակ չուներ:
Ուզենք կամ չուզենք, պէտք է ընդունինք որ միայն Ռուսաստանն է որ իր բանակը ղրկեց դէպի Արցախ իբրև խաղաղապահ ուժեր՝ վերջ դնելու թուրք-ատրպէյճանական առաջխաղացքին՝ գոնէ հինգ տարուայ համար: Ռուսաստանն է որ իր Krasukha-4 էլէկտրոնային համակարգերը գործածեց, Հայաստանի սահմաններուն մօտեցող թրքական անօդաչու սարքերը չէզոքացնելու համար: Ռուսաստանն է որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի ականազերծման աշխատանքները կատարեց: Ռուսաստանն է որ կը ծրագրէ Ստեփանակերտի օդակայանի վերաբացումը: Ռուսաստանն է որ կը ծրագրէ նաև երկաթուղային կապ մը Հայաստանի և Արցախի միջև:
Միւս կողմէ Ֆրանսան է որ առաջինը եղաւ սուրիացի վարձկաններուն Արցախ տեղափոխման թրքական ստորին ծրագիրները յայտնաբերելու: Ֆրանսան է որ Արցախի անկախութեան իրականացման ուղղութեամբ հաստատ քայլեր առաւ: Ֆրանսան է որ Հայաստանի ու Արցախի իրերայաջորդ մարդասիրական օգնութիւններ ուղարկեց մասնաւոր վարձակալուած օդանաւերով:
Սակայն, առ ի հետևանք Ֆրանսայի այս կեցուածքին, Էրտողան ամենայն յանդգնութեամբ եկաւ յայտարարելու թէ Ֆրանսա այլևս իր չէզոք դիրքը կորսնցուցած է և հետևաբար ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին անդամ ըլլալէ պէտք է դադրի: Անոր փոխարէն, Թուրքիա պէտք է մասնակցի խաղաղապահ ուժերուն՝ ռուսերու կողքին: Եւ ինչու չէ, Թուրքիա պէտք է նստի նաև բանակցութիւններու սեղանին, իբրև ԵԱՀԿ Մինսկի խմբին լիազօր անդամ, հակառակ որ ձեռքով ոտքով կը մասնակցէր Արցախի դէմ վերջին պատերազմին, ուր մինչև իսկ իր «պաշտպանութեան» նախարարը անձամբ կը գտնուէր Պաքու, մօտէն հետևելու և հրահանգներ տալու, Արցախահայութիւնը միանգամընդմիշտ վերացնելու իրենց պապենական հողերէն:
Մինչև Սեպտեմբերի 27-ը Արցախը իբրև անկախ հանրապետութիւն կը գործէր: Հոն միայն Հայաստանի տարածքէն կարելի էր մուտք գործել: Բացի Հայաստանէն, աշխարհի որևէ երկրի քաղաքացի հարկ էր որ անցագրի թղթիկ մը ունենար որ կարենար սահմանէն անցնիլ: Մէյ մը որ անցնէիր սահմանը, տարբեր բջջային հեռաձայնի համացանց կը գործէր: Որևէ երկրի նման, Արցախ ինքնիշխան պետութիւն հիմնած էր, իր բոլոր ենթակայ կառոյցներով: Հոն տեղի կ’ունենային ընտրութիւններ, մշակութային ձեռնարկներ, շինարարական աշխատանքներ:
Սակայն հակառակ այս բոլորին, Արցախի գոյավիճակը կը մնար անորոշ: Եւ այս անորոշութիւնը ձգձգուելով մօտ երեսուն տարի, ի վերջոյ աղէտալի արդիւնքներ ունեցաւ հայ ժողովուրդին համար:
Նոյն անորոշութիւնը կը տիրէ նաև Հայաստան-Թուրքիա սահմանին կապակցութեամբ: Ինչպէս նախապէս յիշած էի թէ Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը իրաւացիօրէն չէ վաւերացուցած Կարսի դաշնագիրը, որուն յօդուածներուն համաձայն հաստատուած են Հայաստանի և Թուրքիոյ միջև ներկայ սահմանները, ինչպէս նաև Նախիջևանի կարգավիճակը: Միւս կողմէ, Թուրքիա շրջափակումի ենթարկելով Հայաստանը, արդէն ոտնահարած է այս խնդրայարոյց դաշնագիրը: Սակայն փոխարէնը, Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը երկու երկրներու միջև սահմանները կանոնաւորելու ուղղութեամբ որևէ առաջարկներ չէ նախաձեռնած:
Ահաւասիկ միջազգային քաղաքական գետնի վրայ իրաւական ուրիշ հրատապ հարց մը, որ նոյնպէս ձգձգուած է Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան կողմէ՝ անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին:
Այսօր, ամէն ոք Հայաստանի կամ սփիւռքի մէջ իրարու դէմ մեղադրանքներ արձակելով և դաւաճաններու մակդիրներ «շնորհելով» զբաղած է: Յառաջիկայ տարի Կարսի դաշնագրի 100-ամեակին առթիւ, Արցախի կարգավիճակի կապակցութեամբ հակամարտութեան վերջին դէպքերը կրնան կրկնուիլ, այս անգամ Հայաստան-Թուրքիա սահմանագիծը խնդրոյ առարկայ դարձնելով:
Եւ այն ատեն, դարձեալ Էրտողանի նախաձեռնութեամբ, ամբողջ 102 տարուայ Հայաստանի պետականութեան գոյատևումը կրնայ Արցախի հանրապետութեան ճակատագրին յանգիլ: