Արեգ Եափուճեան, Սիտնի, 17 օգոստոս 2025
Վերջերս մեծ ուրախութեամբ ստացայ հրապարակախօս, ազգային եւ հասարարական գործիչ, Հ․Բ․Ը․Մ․ի պատուոյ անդամ պր. Պերճ Թերզեանի հրատարակած «Կարելի՞ է արեւմտահայերէնը փրկել այսօրուան ցաւալի վիճակէն» գրքոյկը։
Պր. Պերճ Թերզեանին մօտէն ծանօթացած եմ երբ Գահիրէի տարիներուն կը յաճախէի Հայ Տանիք, ուր ան կը հաւաքէր մեզ՝ պատանիներս եւ կը զրուցէր հայկական մշակութային, պատմական եւ քաղաքական զանազան հարցերու մասին: 1987-ին երբ հաստատուեցայ Սիտնի, մեր մտերիմ կապերը շարունակուեցան էլ. նամակներու եւ հեռախօսազրոյցներու միջոցով:
Վերջին անգամ ան ինծի հարց տուաւ՝ «ինչո՞ւ շատոնց դադրած է «մտորումներ»ու շարքդ»։ Պատասխանեցի․ «Ինչ որ կ’ուզէի ըսել՝ ըսի արդէն, եւ այլեւս նոր ըսելիք չունիմ»:
Սակայն երբ ստացայ իր գրքոյկը, մէջս վերստին արթնցաւ հետաքրքրութիւնը արեւմտահայերէնի մասին, որուն համար կ’արժէր բանալ «մտորումներ»ու նոր էջ մը:
Իմ մանուկ ու պատանի հասակիս, հայրս ինծի արգիլած էր Հայաստանէն եկած աբեղեանական ուղղագրութիւնով գիրքեր կարդալ, որպէսզի իմ իմացած ուղղագրութիւնը անաղարտ պահպանուի: Սակայն չկային արեւմտահայերէնով մատչելի գիրքեր: Կար միայն «Արեւ» օրաթերթը, որուն օրինակները հայրս ամէն օր իրեն հետ կը բերէր խմբագրատունէն:
Ի միջի այլոց, հարկ կը զգամ այստեղ յայտնելու, որ երբ հայրս այդ օրաթերթի խմբագիրն էր, բոլոր գրաշարները արաբ էին։ Հայրս անոնց սորվեցուցած էր կարդալ հայերէն տառերը։ Անոնք նոյնիսկ գիտէին այդ օրերուն Հայաստանէն հասած աբեղեանական ուղղագրութեամբ գրութիւնները դասական ուղղագրութեան վերածել:
Մտորումներուս անցնելէ առաջ կ’ուզեմ կտրուկ պատասխան մը տալ պր. Թերզեանի գրքոյկի խորագրի հարցադրումին։
Արեւմտահայերէնը ընդհանուր առմամբ զարգացած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող պոլսահայ մտաւորականութեան շրջանակին մէջ։ Ցեղասպանութիւնը պատճառեց ոչ միայն մարդկային հսկայական կորուստ, այլեւ՝ ծանր հարուած հասցուց արեւմտահայերէնի բնական զարգացումին՝ արմատախիլ ընելով հարիւրաւոր համայնքներ եւ կրթական հաստատութիւններ, ուր արեւմտահայերէնը կը գործածուէր իբրեւ հաղորդակցութեան կենսունակ միջոց։
Ցեղասպանութենէն վերապրածները սփռուեցան աշխարհի չորս կողմերը։ Նոր բնակավայրերուն մէջ, ճնշումներու եւ ձուլման վտանգին տակ, լեզուին պահպանումը դարձաւ աւելի դժուար։
Ըստ UNESCO-ի 2010-ի դասակարգման, արեւմտահայերէնը կը նկատուի «լուրջ վտանգի տակ գտնուող լեզու»։ Այս իրավիճակը կը պարտադրէ քննութեան առնել թէ՛ արեւմտահայերէնի անկման պատճառները եւ թէ՛ անոր վերածաղկման հնարաւոր ուղիները։
Ատենին Գահիրէի Հայ Տանիքին վրայ տեղի կ’ունենային վիճաբանական երեկոներ, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն կ’առաջացնէին եգիպտահայ գաղութին մէջ: Ի շարս այլոց, վիճաբանութիւններ կ’ըլլային երկու հակասական կարծիքներու շուրջ. առաջինը կը հաւատար, թէ առանց մայրենի լեզուի իմացութեան, կարելի չէ հայկական ամբողջական ինքնութիւն ունենալ: Երկրորդը կը պնդէր, որ մայրենիին չտիրապետելով հանդերձ, անձ մը կրնայ ինքզինք հայ զգալ: Որքան կը յիշեմ, 40 տարի առաջ յաղթեցին երկրորդ գաղափարին ջատագովները…
Արեւմտահայերէնի պահպանման աշխատանքին մէջ ծնողներն ունին կարեւորագոյն դերակատարութիւնը։ Երբ լեզու մը ծնողքէն զաւակին այլեւս չի փոխանցուիր, կը դատապարտուի անկումի։ Այսօր, աւստրալահայ բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ արեւմտահայերէնը տեղ չունի իրենց առօրեային մէջ։ Շատ ծնողներ կը նախընտրեն զաւակները մեծցնել անգլերէնով՝ նկատի առնելով գործնական, կրթական կամ ընկերային կարիքները։ Եթէ մայրենին տան մէջ չի խօսուիր, դպրոցը, միութիւնները եւ այլք չեն կրնար լիովին կատարել մայրենիի փոխանցման դերը։
Ինչպէս պր. Թերզեան կը գրէ եգիպտահայ նոր սերունդին մասին, նոյնը կարելի է ըսել Աւստրալիոյ համար, ուր ճնշող մեծամասնութեան խօսակցական լեզուն եթէ անգլերէնը չէ, ապա, առնուազն, անգլերէնախառն հայերէն մըն է, ուր լեզուամտածողութիւնը անգլիական է: Բացառութիւն են, թերեւս, վերջին տասը տարիներու ընթացքին Միջին Արեւելքէն ժամանող ընտանիքներու զաւակները, սակայն անոնք ալ հետզհետէ կը միանան ներկայիս տիրող հոսանքին…
Լեզուի հարցին մէջ կարեւոր դեր ունին նաեւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւնները՝ իբրեւ հիմնական պաշտպաններ եւ վերակենդանացնողներ մեր արեւմտահայ լեզուական ինքնութեան։
Սփիւռքի մէջ գործող մշակութային, կրթական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները այս ուղղութեամբ կ’աշխատին զանազան միջոցներով։ Անշուշտ շատ ցաւալի է, որ 2005-ին փակուեցաւ Մելգոնեան կրթական հիմնարկութիւնը՝ մեծ հարուած պատճառելով արեւմտահայերէնի ուսուցման։ Բազմաթիւ սերունդներ աւարտած էին այդ դպրոցը՝ կատարելապէս տիրապետելով արեւմտահայերէնին: Մ.Կ.Հ.ի փոխարէն Հ.Բ.Ը.Մ.ը ստեղծեց Հայկական համացանցային համալսարանը (Armenian Virtual College), որպէս կրթական ոլորտի արդի հաստատութիւն, ուր տրամադրելի դարձաւ հայագիտական համապարփակ – ներառեալ արեւմտահայերէնի – կրթութիւնը: Անձի մը տարիքէն, բնակութեան վայրէն կամ գիտելիքներու մակարդակէն անկախ, ոեւէ անհատ կրնայ առցանց, իրեն յարմար ատենին կատարելագործել իր արեւմտահայերէնը։
Վերջին տարիներուն մեծ թափով յառաջ կ’ընթանայ արհեստական բանականութեամբ (Artificial Intelligence) Chat GPT լեզուային հարթակը, ուր ոեւէ անհատ կրնայ շարադրել գրութիւններ որեւէ լեզուով, ներառեալ արեւմտահայերէնը: Սա շատ խրախուսիչ միջոց մըն է յաւերժացնելու արեւմտահայերէնը, պայմանով, անշուշտ, որ անոր գործածութիւնը միշտ պահանջարկ ունենայ:
Ի վերջոյ պէտք է շեշտել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դերը արեւմտահայերէնի պահպանութեան մէջ: Իբրեւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր յենարանը, ան միշտ եղած է լեզուի ու մշակոյթի պահապան։ Եկեղեցական արարողութիւնները, քարոզները, մաղթանքներն ու աղօթքները արտերկրի մէջ դարեր շարունակ կատարուած են հայերէնով, հիմնականին մէջ՝ արեւմտահայերէնով՝ պահպանելով լեզուի գրաբարեան արմատներն ու կենդանի խօսակցական տարբերակը։ Լեզուն մնացած է կիրարկուող ոչ միայն պաշտամունքի, այլ նաեւ գաղութի կեանքին մէջ։
Աւստրալիոյ հայկական եկեղեցիները, ինչպէս այլուր, այսօր կ’օգտագործեն համացանցի հնարաւորութիւնները, որոնք կը նպաստեն գաղութին մէջ արեւմտահայերէնի տարածման։ Շատ գնահատելի է որ թեմական «Փարոս» ամսաթերթի խմբագիրը Մայր Աթոռէն հասած բոլոր գրութիւնները արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի «կը թարգմանէ» ամենայն բծախնդրութեամբ: Վերջին տարիներուն սակայն, Աւստրալիա ժամանած կղերականներուն մէկ մասը Հայաստանէն ըլլալով, արեւմտահայերէնը կարծէք նահանջի մէջ է, եւ զանազան առիթներու ատեն գործածուած լեզուն հայ առաքելական համայնք մուտք կը գործէ տառասխալներով, աղաւաղուած ուղղագրութիւնով եւ քերականական սխալներով:
Վերջապէս, Հայաստան-Սփիւռք կապերը պէտք է խորանան նա՛եւ այս մարզին մէջ։ Հ.Հ.ի իշխանութիւնները կրնան լուրջ դեր խաղալ արեւմտահայերէնի պահպանման գործին մէջ՝ մանաւանդ, երբ այսօր սփիւռքահայ նոր սերունդին մէկ մասը Հայրենիք կը հաստատուի։
Իսկապէս գնահատելի է որ Հ.Հ.ի Սփիւռքի հարցերով գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի մամլոյ հաղորդագրութիւնները ատենը մէյ մը կը հրապարակուին նաեւ արեւմտահայերէնով։ Փափաքելի է, որ մի՛շտ այդպէս կատարուի: Սակայն գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կայքին մէջ Սփիւռքի վերաբերեալ բոլոր նիւթերը միայն արեւելահայերէնով են։ Ըստ երեւոյթին անոնք կը միտին հոգալու միայն Հայաստանէն արտագաղթողներու կարիքները:
Արեւմտահայերէնը կենսական մասն է հայկական ինքնութեան։ Անոր նահանջը լեզուական կորուստ չէ միայն, այլ նաեւ սպառնալիք է մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներու ամբողջ համակարգին։ Ժամանակն է, որ բոլորս գործենք գիտակցաբար եւ համատեղ ջանքերով՝ արեւմտահայերէնը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու համար։
Վերադառնալով պր. Թերզեանի «Կարելի՞ է արեւմտահայերէնը փրկել այսօրուան ցաւալի վիճակէն» հարցադրումին, մեր համեստ կարծիքով՝ շատ դժուար է, բայց կարելի՛ է: Կախում ունի … մեր բոլորէն…