Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան), Երեւան, 1 Յունիս 2023
Կայ հայութեան բարդութաւորուած հսկայ զանգուած մը, որու համար կան քննարկումն արգիլուած նիւթեր: Անոնց շարքին է Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ «ներքին խոհանոց»ը: Մանաւանդ, ըստ անոնց, խստագոյնս արգիլուած են այս կամ այն սքեմակիրի հասցէին քննադատութիւնները: Տգէտ զանգուածին վրայ շատ ազդեցիկ է հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Դէ՞մ ես այսինչ եկեղեցականին, ուրեմն Հայ Եկեղեցւոյ դէմ ես» (Արցախէն փախած Պարգեւ (չ)արք. Մարտիրոսեան): Այսպիսիներուն ունինք յստակ պատասխան. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոս իր «Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ» հատորին մէջ ծանրածանր քննադատութեան ենթարկած է իր անմիջական նախորդներէն Մկրտիչ Ա. Քեֆսիզեանը՝ անոր վերագրելով սիմոնականութիւն, ագահութիւն, վաշխառութիւն, մասունքներու վաճառք եւ ուրիշ ծանր յանցանքներ: Ուրեմն ի՞նչ, Բաբգէն կաթողիկոս, ինք ըլլալով Հայ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ծառայ, դէ՞մ ելած կ’ըլլայ Հայ Եկեղեցւոյ: Բնականաբար՝ ո՛չ:
Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս Աթոռներուն ներկայի վիճակը ծայր աստիճան մտահոգիչ է: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, մասնաւորապէս անոր գահակալի օրինազանցութիւններուն թիւ ու համրանք չկայ արդէն, Երուսաղէմի պատրիարքը այսօր բացայայտ հակադրուած է Յորդանանի ու Պաղեստինի իշխանութիւններուն՝ «Կովերուն պարտէզը» կալուածը օտարելու դաւադիր գործարքին պատճառով, Կիլիկիոյ Աթոռը կը դիմագրաւէ մարդոյժի հսկայական պակաս, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան մէջ ամբողջովին չեն վերացած Արամ (չ)արք. Աթէշեանի պատճառած վնասները…
Մեր ուշադրութիւնը սեւեռենք կաթողիկոսական երկու Աթոռներու այն հարցերուն վրայ, որոնց մասին քիչ կը խօսուի կամ … չի խօսուիր:
Կիլիկիոյ Աթոռին հեռանկարը շատ տխուր է. ապագայ հոգեւորականներ հայթայթող անոր երկու թեմերը՝ Լիբանանն ու Բերիա/Հալէպը կը դիմագրաւեն հսկայական դժուարութիւններ՝ պատերազմ, տնտեսական ահաւոր անկում, մեծաթիւ արտագաղթ… Այս եւ այլ պատճառներով, Աթոռի դպրեվանքի սաներուն թիւը վերջին տարիներուն կրկնակի նուազած է համեմատած 2000-ականներու վերջի հետ: Երկրորդ հարցը մեծաթիւ կարգաթողութիւնն ու կարգալուծութիւնն է. Կիլիկիոյ Աթոռի՝ միայն ՀՀ-ի մէջ հաստատուած նախկին միաբաններուն թիւը 14 հոգի է: Կան ուրիշներ Ա. Մ. Ն.ի, Եւրոպայի մէջ եւ այլուր: Երրորդ խնդիրն է Հ. Յ. Դ.ի շարունակուող տիրապետութիւնը Աթոռին վրայ: Թէեւ զօրաւոր անհատականութեան տէր Արամ Ա. կաթողիկոս կը փորձէ իր հեղինակութիւնը պարտադրել Աթոռի բոլոր գործերուն մէջ, սակայն կաթողիկոսութեան տարբեր մարմիններուն մէջ կարեւորագոյն պաշտօնները գրաւած դաշնակցականներու քմահաճոյքները չի կրնար անտեսել: Այդ յատկապէս աւելի ցայտուն դարձաւ վերջին տարիներուն, երբ Հ. Յ. Դ.ի պարտադրանքին տակ, Արամ Ա. ստիպուած կ’ըլլայ պարբերաբար հակադրուիլ Հ. Հ.ի իշխանութիւններուն (իրաւացի կամ ոչ՝ ուրիշ խնդիր է):
Շատ աւելի ծանր է Մայր Աթոռին վիճակը: Հոս անկանոնութիւններն ու քմահաճոյքները գործած են այնպիսի աւերներ, որոնք վերականգնելը, ամենալաւ ցանկութեան պարագային իսկ, շատ դժուար պիտի ըլլայ եթէ ոչ անհնար: Թուենք ապօրինութիւններու եւ քանդիչ քայլերու քանի մը օրինակ միայն.
– Մայր Տաճարը շուրջ տասը տարիէ ի վեր գոց է հաւատացեալներուն առջեւ: 4-րդ դարու սկիզբին իր կառուցումէն ի վեր Տաճարը երբեք այսքան ժամանակ գոց չէ եղած, նոյնիսկ սելճուքներու, մոնկոլներու, լենկթիմուրներու եւ ուրիշ բարբարոսներու տիրակալութեան շրջաններուն:
– Վեհարան կոչուող շէնքի կառուցման համար ծախսուեցաւ 27 միլիոն ամերիկեան տոլար, մինչդեռ, նոյնիսկ պաշտօնական տուեալներով, Հ. Հ.ի բնակչութեան շուրջ մէկ երրորդը աղքատ է, տասնեակ հազարաւոր անօթեւաններ եւ ուրիշ հազարումէկ կարիքներ կան:
– 250-է աւելի կարգալուծութիւնները, այսինքն՝ տարեկան 10 հոգիէ աւելի: Ասոր հետեւանքով սարսափի մթնոլորտ կը տիրէ Մայր Աթոռի միջավայրին մէջ: Բարձրաստիճան թէ ցածրաստիճան, հոգեւորականներ կը վախնան հակադրուիլ Գարեգինն Բ.ի ապօրինութիւններուն՝ ակնթարթի մը մէջ լաթի կտորի նման մէկդի շպրտուելէ խուսափելու համար: Բռնատիրութիւն է Մայր Աթոռին մէջ: Բոլորին պարտադրուած են կապիկի երեք դիրքերը:
– Ամուսնացեալ քահանայ Ասողիկ Կարապետեանին վեղարի տուչութիւնը՝ Գարեգին Բ.ին հաւատարմօրէն ծառայելու «հիմնաւորումով»: Ճիշդ է, եղած են եւ կան քահանաներ, որոնք ամուսնացեալ եղած են ու յետոյ վեղար ստացած (շուշտակ վարդապետներ): Սակայն պարտադիր էր այրիանալէ ե՛տք միայն անոնց անցնիլը կուսակրօնութեան: Այդպիսին էր, օրինակ, Խրիմեան Հայրիկը, որ 1892-1907-ին նստաւ Լուսաւորչի գահին: Սակայն երբեք չէ պատահած, որ Ասողիկի նման ամուսնացեալ, կինն ու երեխաները լքած քահանայի մը վեղար տրուէր:
– Իր ապօրինի ընտրութենէն ի վեր, արդէն 23,5 տարի Գարեգին Բ. չէ գումարած Մայր Աթոռի գերագոյն իշխանութիւնն եղող Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը: Նպատակը յստակ է՝ անկաշկանդ իրականացնել իր քմահաճոյքները:
– ԱԵԺ-ներու միջեւ իշխանական/վերահսկիչ մարմինն եղող Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներու կամայական նշանակումներ, մինչդեռ, ըստ Մայր Աթոռի կանոնադրութեան, այդ անդամները պէտք է ընտրուին ԱԵԺ-ին կողմէ:
– ԽԾԲ-ականութիւն. Այսօր Մայր Աթոռի միաբաններուն մեծագոյն մասը Հ. Հ.ի ծնունդ է: Մայր Աթոռին մէջ աւելի կը խրախուսուին Արարատեան դաշտի ծնունդները, իսկ Գարեգին Բ.ի ծննդավայր Ոսկեհատ գիւղի պարագան արժանի է արձանագրուելու Կինեսի գիրքին մէջ. այս գիւղի ծնունդ են մէկ եպիսկոպոսապետ, երկու (չ)արք. եւ մէկ եպիսկոպոս (չհաշուած Գարեգին Բ.ի քրոջ որդին), շուրջ 20 վարդապետ, աբեղայ եւ քահանայ: Այս սքեմակիրները նշանակուած են բաւական բարձր կամ իւղոտ պաշտօններու՝ դիւանապետ, թեմակալ առաջնորդ, զանազան մարմիններու պետ կամ եկամտաբեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ եւ այլն: Սփիւռքի թեմեր կը ղրկուին իւրայիններ, փոխանակ աշխատելու, որ անոնց մէջ ծառայեն սփիւռքահայ հոգեւորականներ: Այսպէս, արեւելեան Ա. Մ. Ն.ի, Գանատայի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի, Ֆրանսայի եւ դրամաբեր ուրիշ թեմերու առաջնորդները Գարեգին Բ.ի սիրասուններ են՝ հլու-հնազանդ կամակատարները:
– Մայր Աթոռի գահակալի, անոր դիւանապետի, հայաստանեան թեմակալ երկու առաջնորդներու եւ այլ եկեղեցականներու ուղղակի մասնակցութիւնը Հ. Հ.ի ներքաղաքական հարցերուն՝ իբր թէ «ազգային մտահոգութիւններու» քօղին տակ: Իրականութեան մէջ, այդ հակադրութեան հիմքը ֆինանսական է. արդարեւ, Մայր Աթոռը բարեգործութիւն անուան տակ կը ներածէ մոմի արտադրութեան մէջ օգտագործուող փարաֆին, նաեւ ուրիշ ապրանքներ, որոնք կը վաճառուին: Հ. Հ.ի օրէնսդրութեամբ, ամէն ծախուող ապրանքի համար պէտք է հարկ վճարուի, իսկ ներածման պարագային՝ նաեւ մաքսատուրք: Հ. Հ.ի իշխանութիւնները Մայր Աթոռին տուած են հնարաւորութիւն ընտրելու հետեւեալներէն մէկնումէկը՝ փարաֆինը զերծ պահել մաքսատուրքէ, մոմի վաճառքն ալ՝ հարկերէ, եթէ մոմերը չվաճառուին եկեղեցիներուն մէջ (հարց չկայ եթէ մոմերու սեղաններուն քով դրուին նուիրատուութեան արկղներ, ինչպէս է պարագան Կիւմրիի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Աբովեան քաղաքի Ս. Յովհաննէս հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ [սակաւապետ Գագիկ Ծառուկեանի անձնական եկեղեցին]), կամ, մոմերը ծախելու պարագային, վճարել փարաֆինի ներածման մաքսատուրք եւ մոմի վաճառքի եկամտահարկ: Մայր Աթոռը անընդհատ կը ձգձգէ իր ընտրութիւնը՝ առաւելագոյնս օգտուելու համար մոմերու պիզնըսէն:
Կայ ուշագրաւ, միաժամանակ մտահոգիչ փաստ մըն ալ, որու վրայ ընդնահրապէս ուշադրութիւն չի դարձուիր. Մայր Աթոռի ու Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Աթոռի միաբաններուն մէջ հայրենահայ/սփիւռքահայ տոկոսային յարաբերութիւնը անընդհատ կը փոխուի սփիւռքահայ միաբաններու թիւին նուազումով: Եթէ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. կաթողիկոսի վերջին տարիներուն Մայր Աթոռի միաբաններուն մէջ հայաստանցի/սփիւռքահայ յարաբերակցութիւնը շուրջ 80/20 տոկոս էր, ներկայիս պատկերը շրջուած է՝ 20/80 տոկոս: Ու եթէ նկատի ունենանք, որ սփիւռքահայ միաբաններու կէսէն աւելին 70 տարեկանէ վեր են, այդ յարաբերակցութիւնը ա՛լ աւելի պիտի խախտի գալիք տարիներուն:
Եւս մէկ հարց, որու արծարծումէն կը խուսափին կաթողիկոսական երկու Աթոռները հաւասարապէս: Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցի վաղորդայնին եղան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց լիագումար երկու հաւաքներ: Եթէ առաջինը փոխծանօթացման ծառայեց, երկրորդը որոշ յոյսեր ներշնչեց Եկեղեցւոյ պառակտման վերջ տալու եւ Եկեղեցին բարեկարգելու ուղղութեամբ: Երկրորդ ժողովին որոշումով, կազմուեցան նուիրապետական չորս Աթոռներու եպիսկոպոսներէ կազմուած 7-8 յանձնաժողովներ, որոնք ամենատարբեր հարցեր պիտի քննարկէին եւ լուծումներ առաջարկէին: Անցած է 8 տարիէ աւելի եւ այդ յանձնախումբերէն ՈՉ ՄԷԿԸ ՄԷԿ ՆԻՍՏ ԳՈՒՄԱՐԱԾ Է: Իրաւունք չունի՞նք հարց տալու. ինչո՞ւ, ի՞նչը կը խանգարէ իրարու քով գալուն: Եթէ «Եկեղեցւոյ իշխան» եպիսկոպոսները իրարու նկատմամբ սէր չեն տածեր, ինչպէ՞ս ակնկալենք որ հասարակ ժողովուրդը հեռու չմնայ իր Եկեղեցիէն ու չյայտնուի աղանդներու ճանկերուն մէջ:
Հասանք ամէնէն տխուր կէտին:
Այսօր Հայ Առաքելական Եկեղեցիի ծոցէն ծնած քանի մը առանձին հատուածներ կան, որոնք վարչականօրէն չեն ենթարկուիր Աթոռներուն, սակայն կը գործեն տարբեր վայրերու մէջ, պատարագներ եւ Եկեղեցւոյ այլ խորհուրդներ կը մատուցեն, նոյնիսկ ձեռնադրութիւններ կը կատարեն: Մեր իմացածով, անոնք հետեւեալներն են.
– Կիլիկիոյ Աթոռի նախկին միաբան Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի «Հաւատք, Յոյս, Սէր» կրօնական կազմակերպութիւնը Գալիֆորնիոյ մէջ:
– Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ նախկին առաջնորդ Տիրան արք. Կիւրեղեանը Ռուսիոյ, Եւրոպայի ու Ա. Մ. Ն.ի մէջ:
– Ֆրանսայի Նիս քաղաքի հայ առաքելական եկեղեցին:
– Գարեգին Բ.ին հակադրուած Տէր Սահակ քահանան Ֆրանսայի եւ Յունաստանի մէջ:
– Տէր Պետրոս քահանայ Բաղրամեանի եկեղեցին Գալիֆորնիոյ մէջ, որ անցնող 21 մայիսին ունեցաւ երկրորդ քահանայ մը:
– Կորիւն վրդ. Առաքելեանի առաջնորդած «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումը Հ. Հ.ի մէջ:
Նշեալները դաւանաբանական ոչ մէկ շեղում ունին Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութենէն. անոնք պարզապէս չեն ընդունիր իրենց նախկին վերադասներուն ապօրինութիւններն ու կամայականութիւնները, կը պայքարին անոնց կողմէ Հայ Եկեղեցւոյ կանոններու կոպտագոյն խախտումներուն դէմ:
Այս յօդուածին մէջ ներկայացուած հարցերը պէտք է քննարկուին Ազգային-Եկեղեցական Ժողովին մէջ: ԱԵԺ-ը պէտք է ստանձնէ պատմական պատասխանատուութիւն վերջ տալու այս անբնական վիճակին՝ ի հարկին Եկեղեցւոյ նուիրապետութենէն դուրս շպրտելով հոգեւորի հետ առնչութիւն չունեցող սքեմակիրները՝ անոնք ըլլան կաթողիկոս թէ այլ բան:
2 comments
Marvelous treatise. Excellent forensic work. Cannot add a word to it.
I sure hope Pashinian serves justice to the criminal Satan in Armenia (who killed a dear friend of ours: Archbishop Bozabalian).
I also admire your Armenian diction. You used no foreign words (like most writings from Armenia) except for “finansagan”, justifying the preservation of Western Armenian.
Roupen Dekmezian
Houston, TX
This is a much-needed expose which the Armenian media and organizations are loathe.to discuss. I lay part of the blame for the low-quality of our clergy on the Armenian nation. Joining the clergy is the last thing Armenian parents encourage their offspring to do. Becoming a priest is considered a failure. Thus, young men who for whatever reason can’t make it in the world, join the Church not as an avocation, a spiritual or patriotic decision but as a means for secure livelihood. Desperate for candidates, the Church turns them into priests. I know two priests–one of them a bishop–whose sole qualification for being accepted into the clergy were their good voice. I know priests who demand thousands of dollars in cash to perform baptism, wedding, and funeral…in addition to the menu of payments one has to make to the church. The perfunctory manner by which so many of our clergy do BWF (baptism, weddings, funerals) is another scandal. But what can we expect from the junior clergy when one considers the quality of the Church leaders–Catholicos Karekin II, Patriarch Nourhan of Jerusalem, the Joker Patriarchs of Istanbul, and echo-chamber Catholicos Aram I, Yes, we do have dedicated and qualified priests: they must feel lonely surrounded by too many colleagues who are pretend clergymen. Lastly, ask yourself when was the last time a clergyman wrote a book on Christianity, our Church, spirituality, and how to live a Christian life?