Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 20 Ապրիլ 2020
Այս խորագիրով, նշանաւոր գրող, փիլիսոփայ ու հասարակական գործիչ Միքայէլ Նալպանտեանը 1862-ին լոյս ընծայեց գրքոյկ մը, որու մէջ ան կոչ կ’ուղղէր իր ազգակիցներուն՝ չլքել հայրենի հողը, այլ՝ նուիրուիլ անոր մշակութեան, եւ ցոյց կու տար երկրագործութեամբ զբաղելու առաւելութիւնները՝ բարիքներու ստեղծում, հոգիի ազնուացում, ընտանեկան եկամուտի աւելացում, ինքնաբաւութեան մակարդակի բարձրացում եւ ուրիշներէ կախման նուազեցում եւ այլն:
Փոխ առնելով մեծանուն հայի գիրքին վերնագիրը, ամբողջովին չյաւակնելով անոր մեծութիւնն ունենալ, հայ հասարակութեան, յատկապէս անոր հայրենաբնակ զանգուածին կ’առաջարկեմ իրականացնել հետեւեալ ծրագիրը, հաշուի առնելով, մասնաւորաբար, պսակաձեւ ժահրի պատճառով յառաջացած իրողութիւններն ու սպասուող զարգացումները Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այս ծրագիրը երէկ ինծի յուշեց Հայկական Հանրագիտարանի պատասխանատու քարտուղար, լրագրող եւ մտաւորական Յասմիկ Գուլակեանը՝ մեր հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին: Ան յայտնեց, որ այս ծրագիրը ինք յստակացուցած է բազմաթիւ բանիմաց ու սրտցաւ մարդոց հետ խորհրդակցելու շնորհիւ:
Տակաւին ոչ ոք կրնայ վստահաբար ըսել, թէ ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ աշխարհաւեր պսակաձեւ ժահրին տարածումը: Տարբեր բացասական հետեւանքներու շարքին, սպառնալիք կրնայ յառաջանալ Հ. Հ.ի նաեւ պարէնային անվտանգութեան համար: Շատ բնական ու տրամաբանական է, որ ամէն պետութիւն այսօր առաջինը կը մտածէ Ի՛Ր քաղաքացիներուն մասին. շատ պետութիւններ արդէն արգելք դրած են որոշ ապրանքներու, այդ թուին՝ սնունդի տեսակներու արտածման վրայ: Իսկ Հ. Հ.ի բնակչութեան սնունդի կարիքներուն հազիւ 30 տոկոսն է, որ կ’ապահովէ Հ. Հ.ի գիւղատնտեսութիւնը:
Հաշուի առնելով այս փաստը, նաեւ հետեւեալ իրողութիւնները.
– Ամէն տարուան այս շաբաթներուն Հ. Հ.ի եւ Ճաւախքի ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ քաղաքացիներ, այսպէս կոչուած խոպանչիներ, կը վերադառնային Ռուսաստան՝ հոն աշխատելու եւ վաստակած գումարին մեծ մասը իրենց ընտանիքներուն ղրկելու համար,
– Որ այդ հսկայական զանգուածը այսօր զրկուած է այդ հնարաւորութենէն, որու պատճառով անոնց ընտանիքներուն եկամուտները կա՛մ պիտի ցամքին, կա՛մ էականօրէն պակսին,
– Որ այդ զանգուածը մեծ մասամբ գիւղաբնակ է, այսինքն՝ շատ աւելի բանիմաց հողային աշխատանքներուն մէջ,
– Որ մեր սակաւահող հանրապետութեան՝ գիւղատնտեսութեան համար պիտանի հարիւր հազարաւոր հեկտար տարածքներ անմշակ ձգուած են, իսկ շատ տեղեր նոյնիսկ անապատի վերածուած,
– Որ Հ. Հ.ը հարուստ է ջրային պաշարներով՝ հոսող գետեր, լիճեր, Արարատեան դաշտի արթէզեան ջուրեր,
Հարկաւոր է օգտուիլ այս բոլոր հնարաւորութիւններէն եւ ՇԱՏ ՀՐԱՏԱՊ ԿԵՐՊՈՎ գործողութեան դնել այդ հողերը մշակելու, անոնցմով բարիք ստեղծելու, Հ. Հ.ի պարէնային անվտանգութիւնը ամրապնդելու, հարիւր հազար քաղաքացիներ երկրին մէջ աշխատանքի լծելով Հ. Հ.ի ժողովրդագրական ԱՂԷՏԱԼԻ վիճակը բարեփոխելու ծրագիր մը՝ այդ նպատակին ծառայեցնելով պետական գանձարանի, մասնաւոր ընկերութիւններու եւ անհատներու ֆինանսական հնարաւորութիւնները:
Նոյնը կարելի է իրականացնել նաեւ Արցախի հարաւային, յոյժ բերրի հողատարածքներուն մէջ՝ զանոնք հայօրէն վերստին իւրացնելով ու այդպիսով մէկանգամընդմիշտ վերջ դնելով զանոնք վերադարձնելու մասին պարտուողական-դաւաճանական խօսակցութիւններուն ու ծրագիրներուն:
Կարելի է մինչեւ իսկ մտածել այս ծրագիրին մէջ սփիւռքահայ տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներ ընդգրկելու մասին՝ զանոնք այս կամ այն միջոցով Հայրենիք տեղափոխելով նոյնիսկ համաշխարհային քարանթինի այս պայմաններուն մէջ:
Անգլիական ասացուածքը կ’ըսէ՝ When there is a will, there is a way, որ թարգմանի՝ եթէ կա՛յ կամքը, միշտ ալ կը գտնուի հնարը:
Օ՛ն, գործելո՛ւ ժամանակն է:
1 comment
Շատ տպաւորիչ յօդուած գրած է՝ Գէորք Եազըճեանը Միքայէլ Նալպանտեանի մասին, որուն մասին եւ իր գրքին մասին կարգ մը տեղեկութիւններ կուզեմ աւելցնել։
Ան յաճախած է հայրենի քաղաքին Գաբրիել Պատկանեանի դպրոցը։
Նալպանտեանը հայերէն լեզու դասաւանդած է Մոսկվայի Լազարեան ճեմարան՝ միաժամանակ սորվելով Մոսկվայի համալսարանի բժշկական բաժին որպէս ազատ ունկնդիր։
Նալպանտեանը նշմարելի էր՝ իր յառաջադիմական գաղափարներով, որոնց պատճառով իշխանութիւնները կը հետապնդէին իրեն։
Կարճ ժամանակ չանցած իրեն վտարեցին ուսուցչի պաշտոնէն.
Միքայել Նալպանտեանը եղած է ինքնուս յեղափոխականի տիպար, իր ազգային գործունէութեան և բանաստեղծութեան մէջ։
Անոր անունը կապուած է տասնեակ յեղափոխական երգերու հետ ինչպէս «Ազատութիւն», «Մանկութեան օրեր», «Մեր Հայրենիք» և այլն, որոնց մէջ բուռն շեշտով ցոյց կուտայ ազատութեան հանդէպ իր ունեցած սէրը։
«Երկրագործութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ»
Իր գրքին մէջ «Երկրագործութիւնը որպէս ուղիղ ճանապարհ», Նալպանտեան կը քննադատէ Ռուս կայսրութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը, եւ կը պաշտպանէ ազգային տնտեսութեան զարգացումը՝ հիմուած գյիւղացիութեան ազատագրման և երկրագործութեան զարգացման վրայ՝ որպէս ազգի բարօրութեան և առաջընթացի ուղի, յատկապես 19-րդ դարու 60-ական թուականներու ընկերվարական-տնտեսական պայմաններուն Ռուսահայաստանի համար։
Ըստ Նալպանտեանի, գիւղատնտեսութիւնը պէտք է դառնայ ազգային բարգաւաճման հիմքը, որ հնարաւորութիւն կուտայ ժողովրդը ազատել փռնապետական կախվածութիւնէն և ապահովել ինքնաբաւութիւն։
Աշխատութիւնը կոչ կընէր ազգին ինքնորոյն լուծումներ գտնելու՝ հիմնուելով իր սեփական ոյժերուն վրայ, ոչ թէ ակնկալելու օգնութիւն արտաքին ուժերէ։.
Այս աշխատութիւնը դարձած է Հայ ազգային-ազատագրական շարժման կարևոր տեսական հիմքերէն մէկը 19-րդ դարու երկրորդ կէսին.
Այս երկու հայ լուսաւորականները տխուր ողոերգական վերջ մը ունեցան իրենց վաղ տարիքին, 1848 Ապրիլ 2-ին, Աբովեանը դուրս ելաւ ու այլևս չվերադարձաւ, իսկ 1862 ին Նալպանտեան արտասահմանէն վերադառնալու ատեն Նոր Նախիջևան ձերբակալուեցաւ ցարական ոստիկանութեան գործակալներուն կողմէ ու վախճանեցաւ թոքախտէն աքսորի մէջ 1866 ին։
Մինջեւ այսօր, Աբովեանի ու Նալպանտեանի գաղափարները ու գրութիւնները կը շարունակեն հայ սերունդներուն հայրենասիրութիւն ու յառաջդիմութիւն ներշնչել ամէն անգամ որ իրենց գործերը կարրանք։
«Մեր Հայրենիք, ազատ անկախ,
Որ ապրել է դարեդար,
Յուր որդիքը արդ կանչում են
Ազատ, անկախ Հայաստան։
Ահա եղբայր քեզ մի դրոշ,
Որ իմ ձեռքով գործեցի
Գիշերները ես քուն չեղա,
Արտասուքով լվացի։
Նայիր նրան երեք գույնով,
Նվիրական մեկ նշան
Թող փողփողի թշնամու դեմ,
Թող միշտ պանծա Հայաստան։
Ամենայն տեղ մահը մի է
Մարդ մի անգամ պիտ մեռնի,
Բայց երանի՝ որ յուր ազգի
Ազատության կզոհվի։»