Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 24 Սեպտեմբեր 2021, յատուկ ԳԵՂԱՐԴ կայքին
Այսօր, սեպտեմբերի 24-ին, լրացաւ Հայաստանի Ազատագրութեան հայ Գաղտնի Բանակի (ՀԱՀԳԲ, ASALA) «ՎԱՆ» գործողութեան 40-ամեակը: 1981-ի այդ օրը, ՀԱՀԳԲ-ի «Եղիա Քէշիշեան անձնասպանական քոմանտո»յի չորս մարտիկներ՝ գործողութեան հրամանատար Վազգէն Սիսլեանը, փոխհրամանատար Գէորգ Կիւզէլեանը, Արամ Պասմաճեանը եւ Յակոբ Ջուլֆայեանը գրաւեցին Փարիզի Հոսման պողոտայ 170 հասցէով Թուրքիոյ հիւպատոսարանը՝ շուրջ 60 հոգի պատանդ վերցնելով: Անոնք յառաջ քաշեցին քաղաքական պահանջներ: Հիւպատոսարանի գրաւումը տեւեց 16 ժամ, որմէ ետք չորս հերոսները յանձնուեցան ֆրանսական ոստիկանութեան: Գործողութեան սկիզբին սատկեցաւ թուրք պահակներէն մէկը, վիրաւորուեցան փոխհիւպատոսը, Վազգէն Սիսլեանն ու Յակոբ Ջուլֆայեանը:
1984-ի յունուարի վերջին կայացած դատավարութեամբ, չորս մարտիկները դատապարտուեցան 7 տարուայ ազատազրկման: Անոնցմէ երեքը Լիբանան վերադարձան ժամկէտէն շուտ՝ 1986-ի օգոստոսին, իսկ ֆրանսական կեղծ արդարադատութեան հոգեբանական ճնշումներուն չդիմանալով, Արամ Պասմաճեանը ինքնասպանութիւն գործեց կամ զայն կախեցին բանտին մէջ (հերոսին մարմինը կը հանգչի Փարիզի Փեր Լաշէզի գերեզմանատան մէջ): Միւս երեք հայդուկները շարունակեցին ազատագրական պայքարը ՀԱՀԳԲ-ի շարքերուն մէջ, այնուհետեւ արցախեան ճակատներուն վրայ:
«ՎԱՆ» գործողութեան մարտիկներու դատավարութեան հիման վրայ, արժանայիշատակ գրող եւ թատերագիր Պերճ Զէյթունցեանը հեղինակեց «Փարիզեան դատավարութիւն» թատրերգութիւնը, որ արդէն ճիշդ վեց տարի կը ներկայացուի Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան Դրամատիկական Թատրոնի բեմին վրայ: Այսօր եւս բացառութիւն չէր, եւ ներկայացումը բեմ հանուեցաւ 70-րդ անգամն ըլլալով եւ արժանացաւ բերնէ բերան լեցուն սրահի խելայեղ ծափահարութիւններուն: Աւարտէն ետք ներկաներուն իր խօսքն ուղղելով, թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Խանդիկեանը կատարեց «ՎԱՆ» գործողութեան պատմականը, ապա բեմ հրաւիրեց արդէն տասնամեակներ առաջ Հայրենիքի մէջ հաստատուած Վազգէն Սիսլեանն ու Յակոբ Ճուլֆայեանը, որոնք դիմաւորուեցան որոտընդոստ ծափահարութիւններով: Երկու մարտիկները, դերասաններէն ու ներկաներէն շատեր անգամ մը եւս մատներով կազմեցին յաղթանակի V նշանը իբրեւ գրաւականը մեր ազգային ազատագրական պայքարի շարունակականութեան ու ապագայ յաղթանակներուն:

Պերճ Զէյթունեանը այս թատրերգութեան մէջ, Արամ Պասմաճեանի կերպարի շուրթերով կը յայտարարէ, թէ մեր ՀՀ-ի արեւելեան ու արեւմտեան թշնամի հարեւաններէն վրէժ լուծելու լաւագոյն ձեւը ԱՄՈՒՐ եւ ԱՐԴԱՐ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ հաստատումն է, որմէ ոչ մէկ հայ ուզէ արտագաղթել: Կ՛աւելցնէի՝ պետութիւն մը, ուր իւրաքանչիւր սփիւռքահայ ուզէ հայրենադարձուիլ եւ արարել ու սերնդագործել հայրենի հողին վրայ: