«Ազգային Լէգէոն»ի գործնական հայրենասիրական տիպար նախաձեռնութիւնը

Հանրութեան կը ներկայացնենք յոյժ կարեւոր, իրատեսական եւ գործնական հայրենասիրութեան տիպար նախաձեռնութիւն մը։ Ծանօթացէք հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրուած «Ազգային Լէգէոն»ին։ Մեր հարցազրոյցին կը պատասխանէ խմբագրութեանս Հայաստանեան կազմի անդամ, պատմաբան Գէորգ Եազըճեան։ «Գեղարդ»

Ա.- Որո՞նք են գլխաւոր դրդապատճառները «Ազգային Լէգէոն»ի նախաձեռնութեան։

Ազգային Լեգէոնը (այսուհետ՝ Լեգէոն) ծնաւ, աւելի ճիշդ՝ վերածնաւ անհրաժեշտութենէն մղուած: Լեգէոնը 1990-ականներու սկիզբին եղած է այն կամաւորական խումբերէն, որոնք մարտնչեցան Արցախեան ճակատներուն վրայ ու կերտեցին մեր յաղթանակը: Հրադադարէն ետք, անոր մարտիկներէն ոմանք ընդգրկուեցան ՀՀ-ի բանակին մէջ, ուրիշներ անցան ուրիշ կենսագործունէութեան: Երբ 2020-ի Սեպտեմբերի վերջին վերստին բռնկեցաւ հայ-թրքական պատերազմը, Լեգէոնի նախկին մարտիկներէն քանի մը հոգի, իրենց շուրջ հաւաքելով 18-25 տարեկան երիտասարդներ, հիմնականին մէջ երեւանամերձ Մասիս քաղաքէն, հրամանատար, ՀՀ-ի բանակի պահեստի փոխգնդապետ Լեւոն Գէորգեանի գլխաւորութեամբ, կազմակերպեցին կամաւորականներու նոր խումբ, որ տեղակայուեցաւ Քարվաճառի ճակատին վրայ: Խումբին կը մասնակցէին նաեւ երկու սփիւռքահայեր, թէեւ մօտ 60 տարեկան, մէկը՝ շատոնց հայրենադարձած, միւսը՝ Գանատայէն եկած:

Պատերազմի անյաջող ելքի համազգային ցնցահարուածը համակեց նաեւ Լեգէոնի մարտիկները: 2020-ի Դեկտեմբերին, հոգեցնցումը յաղթահարելով, Քարվաճառի կամաւորականներուն մեծ մասը ճիշդ գտաւ աջ ու ձախ մեղաւորներ գտնելու եւ դատարկաբանութեամբ զբաղելու փոխարէն՝ զբաղիլ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄՈՎ, քանզի համոզուած էին, որ հայ-թրքական պատերազմի յաջորդ փուլերը անխուսափելի են: Հետեւաբար, անհրաժեշտ էր, առանց ժամանակ վատնելու, կազմակերպուիլ ու պատրաստ ըլլալ ինքնապաշտպանական ու ազատագրական այդ փուլերուն: Ահա այս անհրաժեշտութեան գիտակցումէ՛ն վերածնաւ Ազգային Լեգէոնը:

Բ.- Որո՞նք են մասնակիցները։

Ազգային Լեգէոնի մասնակիցները կարելի է դասակարգել

– ըստ բնակութեան վայրի՝ հայաստանաբնակներ եւ սփիւռքահայեր,
– ըստ մասնակցութեան «սթաժ»ի՝ Արցախեան առաջին պատերազմի մասնակիցներ,  Արցախեան երկրորդ պատերազմի մասնակիցներ, նոր անդամներ
– ըստ տարիքի՝ պատանիներ եւ պարմանուհիներ՝ 14-18 տարեկան, երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ՝ 18-40 տարեկան, տարիքաւորներ՝ 40-62 տարեկան:

Այսօրուայ դրութեամբ, Լեգէոնի գործունէութեան գրեթէ մշտապէս մասնակցողներուն թիւը մօտեցած է 250 հոգիի, որոնց շուրջ 50 տոկոսը առաջին խումբին, 40 տոկոսը երկրորդ խումբին եւ միայն 10 տոկոսը երրորդ խումբին կը պատկանին:

Լեգէոնի անդամները զանազան զբաղումներու տէր են՝ աշակերտ-աշակերտուհիներ, համալսարանական ուսանող-ուսանողուհիներ, բանուորներ, արհեստաւորներ, գիւղատնտեսութեամբ զբաղողներ, գրասենեակային աշխատողներ, մշակոյթի եւ գիտութեան գործիչներ, մանր գործարարներ, տանտիկիններ…

Գ.- Իգական սեռի մասնակիցներ ալ կա՞ն, իսկ եթէ չկան՝ ապագայի համար նկատի առնուա՞ծ է հայ կանանց մասնակցութիւնը։

Իգական սեռը Ազգային Լեգէոնի կազմին գրեթէ մէկ երրորդը կը կազմէ: Ունինք բազմափորձ դիպուկահար հրահանգիչ կին, նաեւ երիտասարդուհիներ ու դպրոցական աղջիկներ, որոնք մեծ խանդավառութեամբ կը մասնակցին Լեգէոնի զանազան աշխատանքներուն: Իգական սեռի մասնակցութեան ոչ մէկ սահմանափակում կամ խտրականութիւն կայ: Ընդհակառակը, Լեգէոնի պատասխանատուները միշտ կը քաջալերեն, որ հայ իգական սեռը յաւելեալ մասնակցութիւն ունենայ աշխատանքներուն, նկատի ունենալով, որ փոքրաքանակ ժողովուրդ ըլլալով, մեր իգական սեռը եւս պէտք է ունենայ ռազմական նուազագոյն գիտելիքներ՝ Հայրենիքը ինք եւս ի հարկին պաշտպանելու համար: Բացի այդ, իգական սեռին ներկայութիւնը արու մասնակիցներուն քով կը մեծցնէ պատասխանատուութեան եւ արժանապատուութեան գիտակցումը, հետեւաբար նաեւ՝ մարզումներուն արդիւնաւէտութիւնը:

Դ.- Ի՞նչ գլխաւոր կամ կեդրոնական նպատակներ կը հետապնդէ ԱԼը։

Ազգային Լեգէոնի հիմնական նպատակը ՀԱՅՐԵՆԱՏԷՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ պատրաստումն է: Այդ նպատակին հասնելու համար՝ մասնակիցներուն կը տրուի համակողմանի դաստիարակութիւն՝ զինուորական տարաբնոյթ հմտութիւններ, բժշկական տարրական գիտելիքներ, գաղափարական եւ հոգեբանական պատրաստութիւն: Զուտ ռազմական տեսակէտէ, նպատակն է այնքան վարժ տիրապետել ռազմական գործին, որպէսզի 120 կրակոցէ առնուազն 100-ը հասնի թիրախներուն:

Ե.- Ինչպիսի՞ համագործակցութիւն կայ ԱԼի եւ Ազգային բանակի միջեւ։

Ներկայ պահի դրութեամբ, առանձնակի համագործակցութիւն չկայ Ազգային Լեգէոնին եւ ՀՀ-ի բանակին ու ՀՀ-ի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ: Այդուհանդերձ, կան կապեր Լեգէոնին եւ պետական այս եւ ուրիշ կառոյցներու միջեւ, որոնց մասին նախընտրելի է ներկայիս աւելի չմանրամասնել: Շատ ջերմ, գործակցային յարաբերութիւններ հաստատուած են դպրոցներու տնօրէնութիւններու եւ տեղական ինքնակառավարման քանի մը կառոյցներու հետ (գիւղապետարաններ, քաղաքապետարաններ եւ մարզպետարաններ):

Զ.- 44-օրեայ պատերազմի փորձը բացայայտեց «գաղտնի սպասարկողներու» բազմաթիւ դէպքեր, եւ յայտնաբերեց սպայական ու հրամանատարական կազմի մէջ ապիկար, անպատրաստ եւ ՌԴ բանակի հետ վնասակար գործարքներու մէջ մտած զինուորականներ։ Ինչպէ՞ս ապահովուած է ԱԼը այս ուղղութեամբ։

Ազգային Լեգէոնը քաղաքական-կուսակցական որեւէ երանգաւորում չունի. աւելին՝ անոր շարքերուն մէջ բացարձակապէս արգիլուած են կուսակցական համակրանքները կամ հակակրանքները Ազգային Լեգէոնի գործունէութեան մէջ խցկելու փորձերը: Լեգէոնին մաս կը կազմեն տարբեր, նոյնիսկ իրարու հակադրուած կուսակցութիւններու անդամներ ու համակիրներ, որոնց կը միաւորեն միացեալ եւ բոլորի համար ընդհանրական Հայրենիքի ու անկախ պետականութեան գաղափարները: Ով կը փորձէ որեւէ շեղում մտցնել այդ վեհ գաղափարներուն մէջ կամ կը փորձէ ձաղկել զանոնք, տեղնուտեղը տուն կը ճամբուի անվերադարձ: Նոյնը կը կատարուի եթէ երիտասարդներ շիլ հաշիւներով մօտենան կամ վերաբերին Լեգէոնի անդամ աղջիկներուն եւ կիներուն: Իւրաքանչիւր անդամ նախքան մարզումներուն մասնակցիլը կը տեղեկացուի այս երկու անթոյլատրելի վարքերուն մասին: Զգուշացումը պարբերաբար կը կրկնուի քանի մը շաբաթը մէկ, որպէսզի ան ականջի օղ դառնայ բոլորին համար: Բարեբախտաբար, առ այսօր լուրջ շեղումներ եւ արտաքսումներ չեն պատահած:

Ազգային Լեգէոնի ղեկավարութիւնը օտար որեւէ պետութեան շահերու պաշտպանութեան ամէն ձգտում կամ քարոզչութիւն կը նկատէ անարգանք հայկական անկախ պետականութեան նկատմամբ, եւ աչալրջօրէն կը հսկէ, որ այդպիսի տարրեր չներթափանցեն Լեգէոնի շարքերը: Նկատուած է, որ օտարներու շահերուն ծառայողներ փորձած են զանազան տեսակի օգնութիւն տրամադրելու քողի տակ ազդեցութիւն ձեռք բերել Լեգէոնին մէջ: Այդպիսի փորձերը կանխուած են՝ մերժելով այդպիսի օգնութիւնները:

Լեգէոնին անդամակցիլ ուզող չափահասներու պարագային, ղեկավարութիւնը տարբեր խողովակներով ձեռք կը ձգէ տեղեկութիւններ թեկնածուի վարքի, բարքի եւ հնարաւոր կասկածելի կապերուն մասին: Պատահած է, որ երբ թեկնածուին այս որակները չեն համապատասխանած Լեգէոնի անդամակցութեան նուազագոյն չափորոշիչներուն, նրբանկատօրէն մերժուած է թեկնածուն: Վերջինիս խորհուրդ տրուած է ռազմական մարզումներ ստանալ ուրիշ կազմակերպութիւններու մէջ:

Է.- Ի՞նչ էլեկտրոնային օդային «զէնքերու» պէտք ունիք։ Կը հաւատա՞ք թէ ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները, յատկապէս Ռազմական եւ Ազգային Ապահովութեան նախարարութիւնները մրցակից մը չեն տեսնելու ԱԼի մէջ։

Լեգէոնին անդամները կը ստանան անօդաչու թռչող սարքեր ղեկավարելու տարրական գիտելիքներ: Ունինք ուսումնական նպատակներու ծառայող ԱԹՍ մը՝ նուէր ստացուած Լեգէոնի համահիմնադիր, քանատահայ Վիգէն Տարագճեանէն: Նպատակը անդամները վարժեցնելն է ԱԹՍ-ի գաղտնիքներուն, մանաւանդ զգուշանալը ԱԹՍ-ի հարուածներէն:

Չենք կարծեր, թէ ՀՀ-ի պետական կառոյցները մրցակից կը նկատեն կամ կրնան նկատել Ազգային Լեգէոնը: Նման բանի որեւէ հիմք չկայ: Ազգային Լեգէոնը կամաւորներու աշխարհազօր է եւ իրեն կը համարէ ԼՐԱՑՆՈՂ մը, ՕԳՆԱԿԱՆ մը մեր պետական բանակին՝ պատրաստ անվերապահօրէն ենթարկուելու ՀՀ-ի զինուած ոյժերու հրամանատարութեան՝ ի պաշտպանութիւն հայրենեաց: 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, Ազգային Լեգէոնը իր հրամանները կը ստանար ՀՀ-ի բանակի Քարվաճառի զօրամասի հրամանատարութենէն: Ի դէպ, արտասահմանէն ստացուած կարգ մը զինական կազմածներ, այդ թիւին՝ ԱԹՍ մը, Ազգային Լեգէոնը պատերազմի օրերուն նուիրեց այդ զօրամասին:

Ը.- Ինչպէ՞ս կը վերաբերի հանրութիւնը ԱԼի հանդէպ։

Հանրութեան վերաբերմունքը Ազգային Լեգէոնի գործունէութեան նկատմամբ յոյժ դրական է: Անդամ երեխաներու ծնողներ երբեմն ներկայ կ’ըլլան տարաբնոյթ մարզումներուն եւ անձամբ կը համոզուին Լեգէոնի գործունէութեան օգտակար բնոյթին՝ իրենց երեխաներու մարմնական, մտային, հոգեկան եւ գաղափարական կազմաւորման մէջ: Անոնք եւ ուրիշներ իրենց բարեացակամ վերաբերմունքը կ’արտայայտեն զանազան ձեւերով՝ գումարներ, կազմածներ եւ այլ իրեղէն նուիրելով, իրենց շրջանակներուն մէջ հանգանակութիւններ կազմակերպելով, ուրիշ ծնողներ համոզելով իրենց պատանի զաւակները յանձնել լեգէոնական դաստիարակութեան եւ այլն: Կ’արժէ այս առթիւ յայտնել, թէ Լեգէոնին կ’անդամակցին Հայաստանի ազգային հերոս Մովսէս Գորգիսեանի պարման թոռնուհին ու Երեւանի նախկին քաղաքապետ, դերասան Հայկ Մարութեանի պատանի որդին: Գորգիսեանի դուստրը, ներկայ գտնուելով մարզումներէն մէկուն, առաջարկեց, որ Լեգէոնը մարզումներ կատարէ իր տնօրինած դպրոցի բարձր կարգերու աշակերտ-աշակերտուհիներուն համար: Անշուշտ, առաջարկը սիրով ընդունուեցաւ. մարզումներու ամբողջական ծրագիր մը կազմուած է եւ գործնական աշխատանքներու սկիզբը օրերու հարց է:

Լեգէոնի հրահանգիչները կ’ընդառաջեն ազգօգուտ ուրիշ խնդրանքներու եւս: Օրինակ, վերջերս, գործակցաբար Արենի խոշորացուած համայնքի համայնքապետարանին, սկսան շրջանի երիտասարդութեան ռազմական պատրաստութեան դասընթացները: Համայնքի գիւղերը գտնուելով անմիջապէս Նախիջեւանի հետ սահմանին, կարիքն ունին ժողովրդայի՛ն պաշտպանութեան՝ նենգ թշնամիի յարձակումներու պարագային բանակայիններուն կողքին դիմակայելու համար թշնամիին: Եւ ահա՛ այդ գործը եւս իր վրայ վերցուց Ազգային Լեգէոնը: Եթէ 6 մարտ 2022-ի մարզումներուն ներկայացած էր 32 հոգի, մէկ շաբաթ ետք այդ թիւը բարձրացաւ 162-ի: 2021-ի գարունէն մարզումներ կը կատարուին նաեւ Մասիս քաղաքի եւ կից շրջանի Սօս գիւղի դպրոցներուն մէջ: 2022-ի տարեսկիզբէն կ’ընթանան Լեգէոնի կազմակերպած ռազմահայրենասիրական դասերը Երեւանի երկու դպրոցներու մէջ՝ 14-17 տարեկան պատանի-պարմանիներու հետ: Կազմուած են աշխարհազօրայիններու խումբեր Կիւմրիի, Նոյեմբերեանի, Աբովեանի, Սիսիանի եւ Մեղրիի մէջ, որոնց մարզումներու ծրագիրները թէեւ պատրաստ են, սակայն Լեգէոնի հրահանգիչներու քանակն ու ռազմական անհրաժեշտ հանդերձանքը ներկայիս անբաւարար են բոլորին կարիքներուն հասնելու համար. այս ուղղութեամբ եւս քայլեր կ’առնուին:

Թ.- Մօտիկ ապագայի համար ծրագիր կա՞յ թուրքերէնի ուսուցման։

Ազգային Լեգէոնի ծրագիրը ներկայիս չի ներառեր լեզուներու ուսուցումը: Սա չի նշանակեր, թէ հետագային նման դասընթացներ կրնան չընդգրկուիլ: Լեգէոնին ղեկավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ անդամներուն տալու անհրաժեշտ գիտելիքներ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի, մասնաւորաբար անոնց բանակներու զանազան երեսակներուն մասին, ներկայացնելու անոնց թոյլ եւ ուժեղ կողմերը: Լեգէոնը կ’ուսուցանէ երբեք չթերագնահատել թշնամիներուն կարողութիւնները, ո՛չ ալ զանոնք գերագնահատել, այլ միշտ իրապաշտութեամբ վերաբերիլ թէ՛ բարեկամներու, թէ՛ թշնամիներու հնարաւորութիւններուն եւ կարողութիւններուն: Կասկած չկայ, թէ թշնամիներու լեզուներուն իմացութիւնը, առաւել եւս՝ անոնց տիրապետումը, կարեւոր ու յաւելեալ տարր մըն է Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ:

*****

ՍՐՏԱԳԻՆ ԿՈՉ ԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔ ՓՐԿԵՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆԸ
1 comment
  1. Long live our Armenian soldiers defending Armenia and Artsakh! Mer Hayasdan, Mer Artsakh, azad linee mer teshnameenerits .

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like