Սրտի խօսք ընկերոջս՝ Մեծն Սամուէլ Կարապետեանի մարմնական մահուան առթիւ

Գէորգ Եազըճեան, Երեւան 27 փետրուարի 2020 թ.

27 Փետրուարի կէսին, անողոք հիւանդութեան դէմ ամիսներու պայքարէ ետք այս աշխարհին հրաժեշտ տուաւ յուշարձանագէտ, անզուգական ընկեր, գլխագիրով Հայ եւ Մարդ Սամուէլ Կարապետեանը: Միայն անոր մահէն ետք տեղեկացայ, որ ընդամէնը 24 օր փոքր էր ինձմէ տարիքով: Սակայն, կը խոստովանիմ, որ ան ոչ միայն ինձմէ, այլեւ շատ ու շատ տիտղոսակիր եւ պաշտօնաւոր պատմաբաններէ մեծ էր եւ է՛ իր վաստակով եւ իր ձգած ժառանգութեամբ:

Սամուէլը գիտական ոչ մէկ աստիճան ունէր, սակայն դոկտոր-փրոֆեսոր-ակադեմիկոսներու հոյլեր կրնար իր մէկ գրպանին անկիւնը դնել: Իբրեւ համեստագոյն անձնաւորութիւն, ան այդպէս չըրաւ, որովհետեւ թէ՛ այդպէս ընել իր միտքին ծայրէն իսկ չէր անցըներ, թէ՛ ալ այդպիսի փուճ բաներով մտածելու ԺԱՄԱՆԱԿ չունէր: Անոր տարերքը, ուշքն ու միտքը, կրնամ ըսել՝ թթուածի՛նը հայկական ճարտարապետութիւնն էր: 1978-էն սկսեալ, 40 տարիէ աւելի, ան գրեթէ բառացիօրէն քար առ քար շրջեցաւ մեր հայրենիքի բոլոր տարածքները, եւ ուր աչքին ինկաւ փշուր մը մեր հարուստ ճարտարապետութենէն՝ նկարեց, նկարագրեց, չափագրեց, տեսագրեց, մէկ խօսքով՝ փրկեց պատմութեան համար: Շնորհիւ Սամուէլի այդ նուիրեալ աշխատանքին, այսօր հայկական բազմաթիւ յուշարձաններ, որոնք գետնին հաւասարեցուած են Ատրպէյճանի, Հայաստանի գրաւեալ արեւմտեան հատուածի ու այսօրուան Վրաստանի տարածքներուն մէջ, իրենց կենսագրութիւնը կը շարունակեն՝ թէկուզ նկարներու, ֆիլմերու կամ թուղթի վրայ նկարագրութիւններու ու չափագրումներու տեսքով:

Մէկ անձ, որ կը կատարէր ակադեմական ամբողջ հիմնարկի մը աշխատանքը եւ դեռ աւելին… Հայկական ճարտարապետութեան աւելի նուիրեալ «խենթ» մը ես չեմ գիտեր մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին:

Սամուէլ Կարապետեանը կը գլխաւորէր Հայկական Ճարտարապետութիւնը Ուսումնասիրող Կազմակերպութիւնը: Ան իր ետին կը ձգէ իր նման նուիրեալներու խումբ մը, որ վստահաբար պիտի շարունակէ իր ՄԵԾ ՈՒՍՈՒՑԻՉ-ին գործը: ՀՃՈՒԿ-ի շրջանակին մէջ Սամուէլը իր աշխատակիցներուն հետ պատրաստեց եւ գիտական հրատարակութեամբ լոյս ընծայեց շուրջ 25 հատորներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պարծանք կարելի է համարել անվարան: Ան նաեւ եղաւ հիմնադիրը, խմբագիրն ու հրատարակիչը «Վարձք» հանդէսին, որ նոյնպէս նուիրուած էր հայկական ճարտարապետութեան, մեծ մասամբ՝ հարեւան երկիրներու մէջ հայոց կոթողներու վերացման բացայայտումներուն՝ անհերքելի ապացոյցներով:

Սամուէլ Կարապետեանը նաեւ մշակութաբան էր, հայոց լեզուի աննկուն պաշտպան: Ուր հայոց լեզուի նկատմամբ ոտնձգութիւն կար՝ հոն էր Սամուէլը՝ մինչեւ վերջ պայքարելու իր անյողդողդ կամքով: Իր համար, հայոց լեզուն ու հայոց հայրենիքը հոմանիշներ էին:

Սամուէլը անդադար կը կրկնէր հայ նոր սերունդը ազնուացնելու եւ զայն Հայրենիքին կապելու իր ուղեցոյցը. «Եթէ հայրենիքդ ճանաչես՝ նրան անպայման կը սիրես, իսկ եթէ սիրես՝ նրան տիրութի՛ւն կ’անես»: Ան կ’առաջարկէր, որ դպրոցներու պատասխանատուները աշակերտները պարբերաբար տանին Հայրենիքի այս կամ այն անկիւնը, ուր երեխաներն ու պատանիները տեսնելով բնութեան գեղեցկութիւնը եւ իրենց նախնիներուն կերտած հրաշք կոթողները, կը սիրեն զանոնք, եւ հետագային անպայման կը գուրգուրան անոնց վրայ: «Ճանաչել, սիրել, տիրել». ա՛յս էր հայրենասիրութեան ու հայրենատիրութեան սամուէլեան խտացուած բանաձեւը:

Սամուէլը եղաւ նաեւ 2018-ի վերջին նախաձեռնուած «Համահայկական Ազգային Համաձայնութիւն» (Հ.Ա.Հ.) հասարակական-քաղաքական շարժումի համահիմնադիրներէն: Շուրջ երկվեցեակ մը չվարկաբեկուած մտաւորականներու հետ միասին կ’աշխատէինք իրականացնել Հ. Ա. Հ.-ի հիմնական նպատակը՝ «Ազգային պետութիւն՝ ազգային գաղափարաբանութեամբ»: Ցաւօք, հիւանդութեան պատճառով, ան վերջին ամիսներուն չէր կրնար աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալ Հ. Ա. Հ.ի բազմաբնոյթ գործունէութեան, սակայն հոգիով-սիրտով մեզի հետ էր:

Սամուէլ Կարապետեանի մահը այն կորուստներէն է, որու համար համոզուած կ’ըսենք՝ անփոխարինելի կորուստ:

Այսօր Սամուէլ Կարապետեանը մեզմէ կը հեռանայ, սակայն մարմնապէս միայն: Սամուէլին նմանները յաւերժի ճամբորդ են՝ զիրենք ծնած հայ ազգին նման:

Հայրենի հողը թեթեւ գայ վրա՛դ, սիրելի՛ ընկեր: Քեզ շա՜տ պիտի կարօտնանք…

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like