ԼԻՊԻՈՅ ԹՐՔԱԿԱՆ ԳԱՂՈՒԹԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

People wave flags of Libya (R) and Turkey (L) during a demonstration in the Martyrs’ Square in the centre of the Libyan capital Tripoli, currently held by the UN-recognised Government of National Accord (GNA), on June 21, 2020. – The GNA on June 21 denounced Egypt’s warning of military intervention in Libya, labelling it a “declaration of war”, after the Egyptian President warned that if pro-GNA forces advanced on the strategic city of Sirte — some 450 kilometres (280 miles) east of Tripoli — it could provoke a “direct” intervention by Cairo. (Photo by Mahmud TURKIA / AFP) (Photo by MAHMUD TURKIA/AFP via Getty Images)

Լուսարձակի տակ

Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 4 Յուլիս 2020          

Օսմանեան նոր կայսրութեան ցնորամտութեամբ տարուած Ռեճէփ Թայյիփ Էրտողանը այս տարուան գարնանը զինուորապէս ուղղակի միջամտեց Լիպիոյ քաղաքացիական պատերազմին: Հոն ղրկուեցան Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ պարտութիւն կրած իսլամ ծայրայեղական հազարաւոր ահաբեկիչներ, նաեւ բուն թրքական բանակի միաւորներ՝ ներառեալ ռազմանաւեր ու ռազմական օդանաւեր: ՄԱԿ-ի ճանչցած, Լիպիոյ մէջ «Իսլամ Եղբայրներ» կազմակերպութեան փաստական ղեկավար Ֆայեզ ալ-Սարրաժի կառավարութեան թոյլտուութեամբ, մայրաքաղաք Թրիփոլիի մօտակայքը սկսաւ կառուցուիլ թրքական ռազմակայան՝ չորրորդ «օրինաւոր» թրքական ռազմախարիսխը արաբական աշխարհին մէջ՝ Քաթարէն, Սոմալիէն եւ Սուտանէն ետք:

Սակայն միայն վերոյիշեալները չեն էրտողանեան Թուրքիոյ յենարանները Լիպիոյ մէջ: Կը պարզուի, որ Լիպիոյ քաղաքացիներուն մէջ թուրքերն ունին աւելի հզօր յենարան մը, որ այսօր կը հաշուէ շուրջ մէկ միլիոն հոգի՝ Լիպիոյ բնակչութեան 1/7-ը: 1969-ին թագաւորութեան տապալումէն ետք Մուամմար Քազզաֆիի համաարաբական քաղաքականութեան ժամանակաշրջանին, այդ հաւաքականութիւնը չէր կրնար ինքզինք դրսեւորել իբրեւ էթնիկ կամ ենթաէթնիկ առանձին հաւաքականութիւն, քանզի պետական քաղաքականութիւնը բոլոր լիպիացիները, անխտիր, արաբ կը ճանչնար, նոյնիսկ բնիկ պէրպէր/ամազէկները եւ երկրի հարաւի թուարէկները:

Քազզաֆիի տապալումէն ետք, մէկ տասնամեակէ պակաս ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը, զանազան խայծերու միջոցով, երկրին մէջ ստեղծեց թրքական գաղութ մը՝ տեղացիներէ կազմուած, այնպէս ինչպէս յաջողեցաւ ստեղծել Իրաքի, Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ՝ յատկապէս շահարկելով այս երեք երկիրներուն մէջ թիւրքմէնական զանգուածներու եւ նախկին Օսմանեան պաշտօնեաներու սերունդներու առկայութեան գործօնը: Լիպիոյ պարագային՝ գաղութին առանցքը ամբողջովին տարբեր զանգուած մըն է ըստ իր ծագման. Լիպիոյ մէջ թուրք պետական պաշտօնեաներ չմնացին թուրք-իտալական 1911-ի պատերազմին հետեւանքով երկրի իտալական գրաւումէն ետք: Իտալացիք բոլոր թուրքերը երկրէն դուրս քշեցին՝ վերջ տալով Լիպիոյ 460 տարի տեւած օսմանեան տիրապետութեան:

Լիպիոյ թրքական գաղութին հիմքը կազմող հաւաքականութիւնը արաբերէնով, յոգնակի, կը կոչուի ալ-քարաղիլէ: Ըստ արաբերէնի քերականութեան, եզակին պէտք է ըլլայ քարղալի: Իրականութեան մէջ, Լիպիոյ հասարակութեան այս մեծ զանգուածին անունը աղաւաղումն է թրքերէնի «քէօլէ օղլի» բառերուն, որ կը նշանակէ «ստրուկի որդի»: Արդարեւ, Օսմանեան կառավարութիւնը Լիպիոյ արաբական ցեղախումբերու առաջնորդներուն կը վաճառէր պատերազմներու ընթացքին նուաճուած երկիրներէն գերեվարուած սպիտակամաշկ ստրուկները: Ստրուկներու ստուար զանգուած մըն ալ կը համալրէր Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Օսմանեան բանակի ենիչերիական զօրքերուն շարքերը: Ըստ ընկալեալ սովորութեան, զինուորական ծառայութենէն ետք, ենիչերին տեղւոյն կառավարիչէն՝ վալիէն կը ստանար հողակտոր մը՝ սեփականութեան իրաւունքով, կամ առեւտուրի կրպակ մը՝ քաղաքի մը շուկային մէջ: Լիպիոյ մէջ, քաղաքաբնակ նախկին ենիչերիներու սերունդները դարերու ընթացքին կեդրոնացան Թրիփոլիի շուկային, ալ-Զաուիյէ փոքր քաղաքին, եւ, մասնաւորաբար, Միսրաթա քաղաքին մէջ, որ այսօր կը համարուի երկրի թրքական գաղութին միջնաբերդը, այն աստիճանի թրքացուած, որ Էրտողան վերջերս իր մէկ ելոյթին ընթացքին կը յոխորտար, թէ Թուրքիոյ տարածքը չի սահմանափակուիր միայն Թուրքիայով: Ան, այդ տարածքէն դուրս Թուրքիոյ տարածք կը յայտարարէր, այլոց շարքին, նաեւ Միսրաթան: Դարերու ընթացքին, քարաղիլէները կազմեցին աւատատէրերու եւ քաղքենիութեան խաւ մը, որ մեծ ազդեցութիւն ունէր յատկապէս Լիպիոյ Թագաւորութեան օրերուն (1952-1969): Միապետութիւնը տապալելէ ետք, Քազզաֆի մեծ հարուած հասցուց այս խաւին: Ուստի տրամաբանական է, որ քարաղիլէները մեծ ոգեւորութեամբ պիտի մասնակցէին զիրենք ճնշած Քազզաֆիի տապալման պայքարին՝ չխորշելով գործակցելէ նոյնիսկ ամերիկացիներուն հետ:

2011-ին սկսած լիպիական քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ոչ առանց Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեանց օժանդակութեան, քարաղիլէները կազմաւորեցին իրենց յատուկ զօրաջոկատները, որոնք ալ-Սարրաժի գլխաւորած կառավարական բանակի հիմնական ոյժերէն մէկը կը նկատուին՝ մարաջախտ Խալիֆա Հաֆթարի զօրամիաւորումներուն դէմ: Կառավարական բանակին կ’աջակցին նաեւ ամազէկներու եւ թուարէկներու զինեալ խմբաւորումները, իսկ Հաֆթարին՝ Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եգիպտոսը, Ֆրանսան եւ Ռուսիան: Սակայն վերջիններս բաւարարուած են Հաֆթարին զինական կազմածներ, քաղաքական, դիւանագիտական, նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրելով, մինչդեռ Էրտողանը, ինչպէս նշեցինք, արդէն զօրք ղրկած է, որու հետ կողք-կողքի կը կռուին քարաղիլէներու զօրամիաւորումները՝ այդպիսով աւելի՛ խրուելով իրենց ազգային ինքնութեան յստակացման, այսինքն՝ թրքացման հոլովոյթին մէջ: Շատ քարաղիլէներ իրենք զիրենք արդէն թուրք կը նկատեն միայն… Այդուհանդերձ, անոնցմէ շատ չնչին տոկոսի երակներուն մէջ կը հոսի թրքական արիւնը: Անոնք սերպ, պուլկար, ռումանացի, հունգար, վրացի, հայ եւ այլ ազգերէ բռնախլուած ու գերավարուած արուներու եւ էգերու սերնդագործութենէն յառաջացած զանգուածներ են, որոնց մէջ թրքական քարոզչութիւնը յաջողեցաւ արթնցնել թուրք ազգի պատկանելութեան զգացումներ (ի դէպ, բուն այսօրուան Թուրքիոյ տարածքի բնակչութեան զգալի տոկոսին մէջ ալ կը բացակայի օղուզ-թրքական արիւնը կամ ան չնչին տոկոս կը կազմէ):

Այս առթիւ՝ քանի մը խօսք Լիպիոյ մէջ հայկական ներկայութեան մասին:

Պատմական աղբիւրները կը վկայեն, որ հայ զօրավարներ ու հայկական զօրամիաւորումներ գործած են հռոմէական ու բիւզանդական բանակներուն մէջ՝ այժմու Լիպիոյ արեւմուտքը եղող Քիրենաիքայի շրջանին մէջ: Հայկական ներկայութեան յաջորդ վկայութեան կը հանդիպինք 19-րդ դարու վերջին: Լիպիոյ Թրիփոլին սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ի սիրած աքսորավայրերէն էր: Սասունի 1894-ի ապստամբութենէն ետք հոն աքսորուեցաւ մեծանուն հնչակեան գործիչ Համբարձում Պօյաճեանը (Մեծն Մուրատը): Հայ աքսորականներէն ոմանք 1908-ի երիտթրքական յեղաշրջումին շնորհիւ ազատ արձակուելէ ետք, մնացին Թրիփոլիի եւ շրջակայքին մէջ՝ ամուսնանալով հոն հաստատուած եւրոպացի օրիորդներու հետ՝ կազմելով ընտանիքներ, որոնք ժամանակի ընթացքին կորսնցուցին ամէն հայկական բան՝ բացի ոմանց «եան» մականունէն: Այսպէս, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի հաւաստի աղբիւր մը 1980-ականներուն կը վկայէր, թէ Քազզաֆիի շրջապատին մէջ կար անունը արաբական, բայց մականունը հայկական մնացած … զօրավար մը, որ հայութեան հետ ուրիշ ոչ մէկ կապ ունէր: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին, Լիպիոյ անապատներուն, յատկապէս Թոպրուքի մէջ, Սուրիայէն ու Լիբանանէն հայ կամաւոր տղաք կը կռուէին ֆրանսական Օտար Լեգէոնի (Լեժիոն էթրանժէ) շարքերուն մէջ՝ Ռոմմէլի նացիական բանակներուն դէմ: Անոնցմէ ոմանք իրենց յաւիտենական հանգիստը գտան այդ աւազներուն մէջ՝ անյայտ ու անգերեզման… Այդ լեգէոնականներէն՝ 1922-ին Հալէպ ծնած Ասատուր Քեահքեճեանը 1943-ի իր օրերու յուշերուն մէջ կը վկայէ. «Ամէն շաբաթավերջ Թրիփոլիէն կ’իջնէինք: Հոն ծանօթացանք հայերու, որոնք 1905-էն ի վեր բնակութիւն հաստատած էին Լիպիոյ մէջ: Անոնք սուլթան [Ապտուլ – Գ. Ե.] Համիտի հրամանագրով, որպէս քաղաքական դատապարտեալներ, աքսորուած էին հեռաւոր Թրիփոլիթէն» (վերոյիշեալ հայազգի զօրավարը անոնց սերունդներէն ըլլալու է): Քեահքէճեան կը շարունակէ. «Եկեղեցի չունէին, իրենց զաւակները հայերէն գրել-կարդալ չէին գիտեր: Մեծերը թէեւ խօսիլը չէին մոռցած, սակայն սրտցաւօրէն կը յայտնէին, թէ այս ընտանիքները կ’երթան դէպի ուծացում» (Ասատուր Քեահքէճեան, «Կամաւորի Մը Յուշերէն. 1942-1945», խմբագիր՝ Թորոս Թորանեան, հրատարակիչ՝ Կարպիս Վարդանեան, Հալէպ, 2010, էջ 58-59): Այս ընտանիքներէն շատեր Իտալիա հաստատուեցան 1947-ին իտալական գաղութարարութենէն Լիպիոյ ազատագրութենէն ետք:

Սուրիայէն ու Լիբանանէն արհեստաւոր հայեր 1960-1970-ականներուն յայտնուեցան Լիպիոյ մէջ՝ գումար վաստակելու համար: Անոնք գրեթէ ամբողջովին դուրս եկան 1990-ականներուն, երբ Քազզաֆիի վարչակարգին նկատմամբ արեւմտեան երկիրներն սկսան պատժամիջոցներ կիրառել:

Ոչ ոք կրնայ յստակ պատասխանել այս հարցումին՝ հայոց սերունդներ այսօր դեռ կա՞ն Լիպիոյ մէջ:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like