Գէորգ Նաթալի, Երևան, 3 Նոյեմբեր 2022
Վերջերս, հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեանց ծիրին մէջ, մասնաւորաբար այսպէս կոչուող «Զանգեզուրի միջանցք»ին առնչուած, սկսած է աւելի խօսուիլ Նախիջեւանի ու անոր իրաւական կարգավիճակի մասին: Հետեւաբար կ’արժէ տեղեկանալ կարգ մը փաստերու որոնք քիչ յայտնի են նոյնիսկ փորձագիտական ու քաղաքական շրջանակներու մեծագոյն մասին:
– Մոսկուայի 16 Մարտ 1921-ի ռուս-թրքական (պոլշեւիկեան-քեմալական)՝ միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն ամբողջովին ապօրինի համաձայնագիրով, Նախիջեւանը ոչ թէ մաս կազմեց Սովետական Ատրպէյճանին, այլ դրուեցաւ անոր ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ տակ (ինչպէս, օրինակ, Փորթօ Ռիքօն մաս չի կազմեր Ա. Մ. Ն.ին, բայց դրուած է անոր խնամակալութեան տակ, ինչպէս 1920-40-ականներուն Լիբանանն ու Սուրիան յանձնուած էին Ֆրանսայի խնամակալութեան, բայց մաս չէին կազմեր Ֆրանսային): Այս կարգավիճակը վերահաստատուեցաւ 13 Հոկտեմբեր 1921-ին Կարսի մէջ կնքուած թուրք-ատրպէյճանական (քեմալական Թուրքիա-Սովետական Ատրպէյճան) համաձայնագիրով: Երկու համաձայնագիրներուն մէջ կար պայման՝ Ատրպէյճանը իրաւունք չունէր այդ խնամակալութիւնը զիջելու ուրիշ պետութեան: Յստակ է, որ ստորագրող կողմերը նկատի ունէին Սովետական Հայաստանը:
– Մոսկուայի եւ Կարսի համաձայնագիրներուն մէջ տարածքային մէկ, հայոց ի նպաստ յոյժ կարեւոր փոփոխութիւն մը եղաւ. Արազդայան (հետագային եւ այսօր՝ Երասխ) գիւղը Նախիջեւանէն հանուելով տրուեցաւ Սովետական Հայաստանին:
– Նշուած երկու համաձայնագիրներուն հիման վրայ 1924-ին ստեղծուեցաւ Նախիջեւանի Սովետական Սոցիալիստական ԻՆՔՆԱՎԱՐ Հանրապետութիւնը Սովետական Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Իբրեւ այդպիսին՝ այս անհեթեթ «հանրապետութիւն»ը ունեցաւ ու այսօր եւս ունի իր առանձին խորհրդարանը, կառավարութիւնը, Պաքուէն առանձին պետական զանազան մարմինները եւ այլն: Այդուհանդերձ, այս տարուայ Հոկտեմբերի վերջին օրերուն, Պաքուն լուծարեց Նախիջեւանի անվտանգութեան կառոյցը՝ զայն փոխարինելով իր Ազգային Անվտանգութեան Նախարարութեան (Milli Təhlukəsizlik Nazirliyi) մէկ բաժինն եղող նոր վարչութեամբ, ինչը կը նշանակէ Նախիջեւանի ինքնավար կարգավիճակի բացայայտ խախտում: Հաւանաբար սա սկիզբն է ամբողջովին վերացնելու այդ ինքնավար կարգավիճակը՝ օգտուելով համաձայնագիրներու երկու երաշխաւորներէն Ռուսիոյ (միւսը Թուրքիան է) այս տարի անընդհատ թուլացումէն եւ Ուքրաինայի պատերազմով զբաղուածութենէն:
– Նախիջեւանի անվտանգութեան կառոյցը Պաքուի ուղղակի ենթակայութեան բերելը անմիջապէս յաջորդեց այն լուրերու հրապարակումին, որ Նախիջեւանի մէջ սկսած է շրջանը Իրանին վերադարձնելու շարժում (մինչեւ 1828-ի ռուս-պարսկական Թիւրքմենչայի պայմանագիրը՝ Նախիջեւանի խանութիւնը կը գտնուէր Պարսկական Կայսրութեան կազմին մէջ):
– Տարօրինակ է, բայց փաստ՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ին հարցով թէ՛ Իրանը եւ թէ՛ ԱՄՆ-ը Հ.Հ.ի մերժողական դիրքը կը պաշտպանեն: Զայն ունենալու համար Փութինը Էրտողանի ու Ալիեւի միջոցով երբեմն զինուորապէս ալ կը ճնշէ Հ. Հ.ի վրայ. ասոր վառ ապացոյցը այս տարուան 13 Սեպտեմբերի յարձակումն է: Յիշեցնենք՝ այդ յարձակումը խիստ զգուշացումով կեցնել տուաւ Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը, իսկ իրանցիք շաբաթ չ’անցնիր որ պետական-քաղաքական ու զինուորական ամենաբարձր մակարդակներով չզգուշացնեն Հ.Հ.ի հետ Իրանի ցամաքային կապը կտրելու անթոյլատրելիութեան մասին:
– Կարգ մը քաղաքագէտներ ու պատմաբաններ, այդ թիւին՝ ես, ԱՅՆ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆ ՈՒՆԻՆ, որ Նախիջեւանի ԻՍԿԱԿԱՆ կարգավիճակին վերաբերեալ կամ անոր առնչուած գոյութիւն ունեցած է – եւ դեռ ունի – 16 Մարտ 1921-ի ռուս-թրքական համաձայնագիրի գաղտնի յաւելուած (Ռիպենթրոփ-Մոլոթով համաձայնագիրի՝ Պալթեան երեք երկիրներուն վերաբերող գաղտնի յաւելուածին նման): Գրեթէ երկու տասնամեակէ ի վեր կը փնտռեմ այդ փաստաթուղթին հետքերը, բայց չեմ գտներ: Վստահաբար անոր բնօրինակները կը գտնուին Մոսկուայի եւ Անգարայի մէջ: Կը կասկածիմ, թէ սովետական իշխանութեան տարիներուն, անկէ օրինակ մը ունեցած ըլլան նոյնիսկ Պաքուի մէջ:
– Նոյնիսկ փորձագէտներու եւ պատմաբաններու շրջանակներուն մէջ կայ շփոթ, թէ ե՞րբ յառաջացած է Նախիջեւան-Թուրքիա մօտ 10 քիլոմեթրնոց սահմանը: Ոմանք զայն կը վերագրեն 1931-ի թուրք-պարսկական տարածքային փոխանակութեան համաձայնագրին (անոր հայերէն շարադրանքը, անգլերէնէ թարգմանուած, մօտ 20 տարի առաջ տպած եմ Երեւանի թերթերէն կամ փաստաթուղթերու ժողովածուներէն մէկուն մէջ, որու տուեալները չեմ յիշեր): Այդ համաձայնութեամբ, նշուած սահմանին քովի «լեզուակ»ը (աւելի ստոյգ՝ հայերուս համար այդ անիծեալ սեպը) քիչ մը ընդլայնուեցաւ ի հաշիւ Փոքր Մասիսը Պարսկաստանէն Թուրքիոյ տրուելուն: Այդ համաձայնութեամբ, Թուրքիան չորս վայրերու մէջ տարածք տուաւ Պարսկաստանին՝ փոխարէնը տարածքներ ստանալով երեք վայրերու մէջ: Բրիտանական հետախուզութիւնը – որ ձեռք ձգած էր այս գաղտնի համաձայնագրին մէկ պատճէնը – տարածքներու փոխանակումը գնահատած է, թէ Թուրքիա թէեւ չորս տեղ եւ աւելի մեծ տարածք տուաւ Պարսկաստանին, սակայն ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ ԱՒԵԼԻ ՇԱՀԱՒԷՏ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ:
Թուրքիա-Նախիջեւան սահմանը յառաջացաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք: Պատերազմի ընթացքին, օգտուելով Պարսկաստանի թուլութենէն, օսմանեան բանակը մտաւ Պարսկաստանի կազմին մէջ եղող Սուրմալու, Իգդիր եւ Ատրպատական ու գրաւեց նոյնիսկ Թաւրիզը՝ առիթէն օգտուելով կոտորելով հայերն ու ասորիները: Պատերազմին պարտութենէն ետք, թրքական զօրքերը քաշուեցան միայն Ատրպատականէն, բայց ոչ Սուրմալու-Իգդիրէն, իսկ թոյլ Պարսկաստանը հնարաւորութիւն չունէր այդ տարածքներուն ուժով վերատիրանալու: Հետեւանքը եղաւ տասը քիլոմեթր սահմանին յառաջացումը:
– Շատ տարօրինակ փաստ մը. 2002-ին Հայաստանի ազգային Արխիւը Ղազախստանի գլխաւոր դատախազութենէն նամակ ստացած էր՝ խնդրելով իրեն տրամադրել 1937-ին Նախիջեւանէն Ղազախստան աքսորուած ատրպէյճանցիներու մասին փաստաթուղթեր: Սա կը նշանակէ, թէ արդէն անկախ Ղազախստանի մէջ Նախիջեւանը Հ. Հ.ի կազմին մէջ կը ճանչնային (այս մասին հրապարակած եմ «Նամակ Ղազախստանից – Նախիջեւանը Հ.Հ.ի տարածքո՞ւմ» յօդուածը. «Ազգ» օրաթերթ, Երեւան, 24 ապրիլ 2002, էջ 3):
– 1970-ականներու սկիզբին Սովետական Միութիւնն ու Թուրքիան իրենց միջեւ սահմանի ճշգրտման բանակցութիւններ վարած են ու համապատասխան արձանագրութիւնները ստորագրած: Սովետական Հայաստանի ներկայացուցիչ գնդապետը ՄԵՐԺԱԾ Է ՍՏՈՐԱԳՐԵԼ Թուրքիոյ եւ ՀԽՍՀ-ի միջեւ սահմանի վերագծման փաստաթուղթը՝ ինծի համար անյայտ պատճառներով: Ա՛լ աւելի տարօրինակ է միւս փաստը. այս բանակցութեանց մասնակցած են Թուրքիոյ, Սովետական Միութեան (Մոսկուայի), Սովետական Հայաստանի եւ Սովետական Վրաստանի ներկայացուցիչները: Սովետական Ատրպէյճանէն կամ Նախիջեւանի Ինքնավար ՍՍՀ-էն ներկայացուցիչ ՉԷ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ այդ բանակցութեանց: Ինչո՞ւ՝ հանելուկ է ինծի համար: Սա կը խօսի ի նպաստ այն համոզման, որ Նախիջեւանի մասով գաղտնի համաձայնագիր մը գոյութիւն ունեցած է (եւ այսօր ալ գոյութիւն ունի): Բայց չէ՞ որ այդ ժամանակ ալ Նախիջեւանի ու Թուրքիոյ միջեւ կար այդ տասը քիլոմեթրնոց սահմանը, որ ճշգրտման կարիք ունէր վստահաբար, մանաւանդ որ այդ սահմանին մեծ մասը Արաքս թափուող Գարասու գետակն է, իսկ գիտենք որ գետակներն ու գետերը յաճախ իրենց հունի փոփոխութիւններ կ’ունենան, ուստի հարկաւոր է ժամանակէ ժամանակ վերաճշգրտել սահմանները գետահուներու շրջանին մէջ:
– 1990-ականներու սկիզբը հայկական ոյժերը շատ հանգիստ կրնային գրաւել Նախիջեւանը, որու 180 հազար բնակիչներուն կէսը արդէն փախած էր տարածքէն: Սակայն Հ.Հ.ի օրուան նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը ԿՏՐԱԿԱՆԱՊԷՍ արգիլեց յարձակիլ Նախիջեւանի ուղղութեամբ: Ինչո՞ւ՝ պատասխանը վստահաբար ունին Լ. Տէր Պետրոսեանը, անոր անվտանգութեան գծով խորհրդական Աշոտ Մանուչարեանը եւ հաւանաբար ուրիշ քանի մը հոգի միայն:
Վերոյիշեալ թուրք-պարսկական 1931-ի գաղտնի համաձայնագիրը տպուած է հետեւեալ ժողովածուին մէջ՝ Armenia: Political and Ethnic Boundaries 1878-1948, 2nd edition, in 2 volumes, Archive editions, Cambridge University Press, December 2019, 1000 pages. հատորին գինն է 808 բրիտանական փաունտ սթերլինկ … միայն [930 ամերիկեան տոլար]: Ժողովածուն Հայաստանի Ազգային Գրադարանին օրինակ մը ատենին նուիրեց Սերժիկ Սարգսեանը երբ Հ.Հ.ի պաշտպանութեան նախարար էր: Ցաւօք, Հ. Հ.ի մէջ շատ քիչեր ուսումնասիրած են այս հատորը, որ հսկայական նիւթ կը պարունակէ մեր անցեալի, ներկայի ու ապագայի մասին:
Փաստաթուղթերու այս թանկարժէք ժողովածուին մէջ տպուած քանի մը փաստաթուղթերը կ’ապացուցեն, որ բրիտանացիք սկիզբէն իսկ ՇԱՏ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ԵՂԱԾ ԵՆ Նախիջեւանով: Իսկ ուր անգլիացիք են՝ հոն փնտռեցէք խարդաւանքներ եւ տասնամեակներ ետք պայթող «ական»ներու տեղադրում (Քաշմիր, Աֆղանիստան, Կիպրոս, Պաղեստին, Պալքաններ, Արցախ…):
Յետգրութիւն.
Երբ այս գրութիւնը կը պատրաստուէր հրապարակման, Իլհամ Ալիեւի ամբողջական տիրապետութեան տակ գտնուող “Ենի Ազերպայճան” (Նոր Ատրպէյճան) կուսակցութենէն Ատրպէյճանի “Միլլի Մեճլիս”ի (խորհրդարանի) երեսփոխաններէն մէկը առաջարկեց ընդհանրապէս վերացնել Նախիջեւանի ինքնավարութիւնը եւ զայն ուղղակի կցել Ատրպէյճանին: Վստահաբար, այս առաջարկը կատարուած է Իլհամի գիտութեամբ, շատ հաւանաբար նոյնիսկ անոր թելադրանքով: Սա եւս կը խօսի համասեռ ՆՈՐ Ատրպէյճան ստեղծելու ալիեւեան ծրագիրին մասին՝ օգտուելով Նախիջեւանի ինքնավարութիւնը երաշխաւորած Ռուսիոյ դիրքերու անընդհատ թուլացումէն՝ միաժամանակ ամրացնելով այսպէս կոչուած “Զանգեզուրի միջանցք”ի, իրականութեան մէջ՝ ամբողջ Սիւնիքը զաւթելու թուրք-ատրպէյճանական ծրագիրին իրաւական ու տրամաբանական “հիմք”երը: