Ազգային ցաւոտ հարցի մը ու անոր լուծման մասին

Credit: Philip Game / Alamy Stock Photo

Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 6 մարտ 2023

 Ռուս-ուքրաինական պատերազմի բռնկումէն, մասնաւորաբար Ռուսիոյ մէջ 300 հազար հոգիի զօրահաւաքի յայտարարութենէն ետք, Ռուսիոյ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ եւ ոչ-քաղաքացիներ դուրս եկան այդ երկրի սահմաններէն՝ առաւելաբար ուղղուելով Ղազախստան, Վրաստան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Ըստ ոչ-պաշտօնական տուեալներու, ՀՀ ժամանածներուն քանակը շուրջ 80 հազար հոգի եղած է անցեալ տարի: Թէեւ անոնցմէ շատեր հետագայ ամիսներուն վերադարձան ու կը շարունակեն վերադառնալ իրենց երկիրը կամ այլապէս դուրս եկան ՀՀ-ի սահմաններէն, քանի մը տասնեակ հազար ռուսեր մնացին ՀՀ-ի մէջ, հայոց հայրենիքի այդ վերջին պատառին մէջ հիմնաւորուեցան կամ հիմնաւորումի աշխատանքներու մէջ են:

Ռուսիոյ հետ ՀՀ-ի յարաբերութիւնները վատացնելու ամբաստանութեամբ մեղադրուող ՀՀ-ի իշխանութիւնները տեղի ու անտեղի կը շեփորեն մարդկային այս ներհոսքին միայն դրական հետեւանքները, յատկապէս հարիւրաւոր միլիոն օտար դրամանիշերու մուտքը ՀՀ-ի ֆինանսական համակարգ ու անոնց շրջանառութիւնը երկրին մէջ: Պետական մտածողութեան տեսակէտէ, հաւկուրութիւն եւ թեթեւսոլիկ վերաբերմունք է ամէն ինչ նիւթական չափորոշիչներով գնահատելու ՀՀ-ի իշխանաւորներուն եւ անոնց համակիր շրջանակներուն վարմունքը: Տասնեակ հազարաւոր ռուսերու մուտքը եւ հաստատումը երկրի անվտանգութեան համար ունի նաեւ սպառնալիքներ, որոնց գիտակցումը չենք նկատեր իշխանութեանց քով: Օրինակ՝ հայոց լեզուի՝ արդէն թոյլ դիրքերուն աւելի տկարացումը՝ պետական սանձող-պատժող քայլերու բացարձակ չգոյութեամբ:

Այս գրութեամբ կ’ուզեմ անդրադառնալ այս ներհոսքին՝ միջինարեւելեան երկիրներէն վերջին տարիներուն հայրենադարձած հայոց վրայ ունեցած յոյժ բացասական ազդեցութեան:

Բոլորս գիտենք, որ ռուս-ուքրաինական պատերազմն ու Ռուսիոյ նկատմամբ արեւմտեան պատժամիջոցները սղութեան հսկայական ալիք յառաջացուցին աշխարհի գրեթէ բոլոր, ներառեալ պատժամիջոցները սահմանած երկիրներուն մէջ: Բնականաբար, երեւան եկան դժգոհութեան եւ ընդվզումի զգացումներ մանր ու միջին քաղքենիութեան, առաւել եւս՝ օրը օրին ապրող խաւերուն մէջ: Նոյնը կատարուեցաւ ՀՀ-ի մէջ: Սղութեան յորձանքը իր համայնակուլ երախին մէջ առաւ նաեւ բնակարաններու վարձքերը, որոնք ՀՀ-ի մէջ «թռան» տիեզերական արագութեամբ՝ 25-էն մինչեւ 100 եւ աւելի տոկոս:

Տասնամեակներ առաջ Երեւան հաստատուածիս տարիներու դիտարկումներով, Միջին Արեւելքի հայրենադարձ ընտանիքներուն մեծամասնութիւնը – 75 տոկոսէ աւելին – կ’ապրի վարձու բնակարաններու մէջ, իսկ վարձքերը, մինչեւ ռուսական վերջին «ներխուժումը», կը կազմէին ընտանիքի անդամներու գումարային եկամուտին գրեթէ կէսը՝ միջինը շուրջ 300 տոլար կամ անոր համարժէք ՀՀ-ի դրամ: Նուազագոյնը 100 տոլարի չափ գումար ալ կը ծախսուի զանազան կենցաղային ծառայութիւններու դիմաց՝ կազ, էլեկտրականութիւն, հեռաձայն, համացանց եւ այլն (ձմռան ամիսներուն այս գումարը կ’աճի): Հայրենադարձ ընտանիքներուն մեծագոյն մասը մուտք կ’ունենայ 700-800 տոլար, հետեւաբար սնունդի եւ այլ ծախսերու համար կը մնար շուրջ 400 տոլար, որով հազիւ «կը տապկուէին»: Անշուշտ, պէտք է աղօթէին որ յանկարծ չհիւանդանան, առաւել եւս՝ հիւանդանոց չհասնին, այլապէս օրերու ընթացքին կը հալի անոնց՝ տասնամեակներու ընթացքին կուտակած գումարը (եթէ այդպիսիք ունին…):

Վերջին ամիսներուն բնակարաններու վարձքերու աներեւակայելի բարձրացման զուգահեռ, միջինարեւելեան երկիրներէն հայրենադարձած հարիւրաւոր ընտանիքներ բռնած են վերադարձի կամ Արեւմուտք տեղափոխուելու ուղղութիւնը՝ այլ ելք չունենալով շարունակելու իրենց կեցութիւնը Հայրենիքին մէջ: Մեծագոյն մասը այդ կը կատարէ ԽՈՐ ՑԱՒՈՎ, պարզապէս անճրկած ըլլալով ելք գտնել վարձքերու խօլ աճին դիմաց: Անցեալ տարուան հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ ընկերներու եւ բարեկամներու «Զուարթնոց» օդանաւակայան ուղեկցած եմ եւ նկատած, որ օդանաւերը Պէյրութ կը վերադառնան 100 տոկոս լեցուած: Վերադարձողներու հետ զրոյցներս յայտնաբերեցին, որ զանոնք այս քայլին մղող հիմնական պատճառը վարձքերու բարձրացումն է: Պատահած են դէպքեր, երբ սեփականատիրոջ ու վարձակալին միջեւ առկայ օրինաւոր պայմանագրի գոյութեամբ իսկ, սեփականատէրը դիմած է հոգեբանական ճնշումներու՝ պարտադրելու իր կամքը՝ 50-100 տոկոսով բարձրացնել վարձքը կամ ազատել բնակարանը անյապաղ: Չիմացողներուն համար յայտնեմ, որ ՀՀ-ի մէջ, ի տարբերութիւն միջինարեւելեան շատ երկիրներու, գոյութիւն չունի վարձքերու օրէնք, որով վարձակալը ինքզինք քիչ-շատ պաշտպանուած կը զգայ պետութեան կողմէ: Պետական մարմիններուն համար վաւերական են միայն օրինական կարգով կնքուած սեփականատէր-վարձակալ պայմանագիրները: Սակայն ՀՀ-ի մէջ վարձակալման օրինական պայմանագիրները, ըստ փաստաբաններու, կը կազմեն ընդհանուրի հազիւ 10 տոկոսը՝ պետական բարձր տուրքերէ խուսափելու նպատակով:

Ազգային տեսակէտէ այս բացասական փաստին դիմաց՝ պետական եւ հասարակական, այդ թուին համահայկական կառոյցները որդեգրած են կապիկի երեք դիրքերը՝ չեմ տեսներ, չեմ լսեր, չեմ խօսիր: Այս ընթացքին՝ ազգային արիւնահոսումը՝ հայրենադարձներու հայրենալքումը կը շարունակուի: Նոյնիսկ արձանագրուած են պարագաներ, երբ Հայրենիքը լքելով Հալէպ վերադարձած ընտանիքներ այս անգամ հարուածուած են երկրաշարժի վերջին ալիքներէն… Ի՞նչ ըսենք՝ հայու դժխեմ ճակատագի՞ր… Աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր մենք մեզ այպանել՝ ազգային անծրագիր ու ապիկար գոյութեան շարունակման համար:

Մեր համոզումով, այս վիճակէն լաւագոյն ելքն է համահայկական ֆինանսական մեծ կառոյցի մը շատ արագ ստեղծումը՝ քանի մը հարիւր միլիոն տոլար դրամագլուխով, ուր իրենց աւանդը ներդնէին բոլոր կամեցողները՝ հայ թէ օտար, անհատներ թէ կազմակերպութիւններ, եւ այդ կառոյցը տրամաբանական տոկոսներով բնակարանային վարկեր (հիփոթեք) տրամադրէր Միջին Արեւելքի երկիրներէն Հայրենիք հաստատուածներուն: Վերջիններս ոչ այնքան տհաճութեամբ կը վճարէին իրենց տրամադրուած պարտքերը՝ տարիներ, գուցէ 2-3 տասնամեակ ետք իրենց զբաղցուցած բնակարանին՝ սեփականատիրոջ իրաւունքով վկայական ստանալու հաճելի հեռանկարին դիմաց:

Ամիսներ առաջ կարդացինք, որ զուիցերիահայ գործարար Վ. Ս.ը պատրաստ է 100 միլիոն տոլար տրամադրելու հայրենադարձութեան ծրագիրներու:

Ով որ քաջ է, ի՞նչ կը սպասէ…

 

1 comment
Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like